ՆԿԱՐԸ, ՀԱԼԷՊՆ ՈՒ ՊԱԼՈՒՆ

Ամէն առաւօտ, իր ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, կը նստիմ համակարգչիս դիմաց, ու կը սկսիմ համացանցին վրայ տեղադրուած հայ մամուլի կայքերը կարգով աչքէ անցընել: Զանազան լուրեր, յօդուածներ, կիզակէտեր, մտորումներ, տեսակէտներ, նկարներ եւ անպայման՝ մահազդներ: Բարի սովորութիւն:

Ու չեմ գիտեր, եւ ինչպէ՞ս, այդ օր առաջին իսկ հերթին, սկսած էի «Ազդակ»ի 95-ամեակին նուիրուած բացառիկով: Այսպէս, էջ առ էջ եւ տող առ տող, գիրերու վրայէն անցնող եւ յաճախ ալ ցատկռտող աչքերով, երբ անկեղծ պարզութեամբ, սկսած էի ընթերցել, յանկարծ աչքս «զարկաւ» սառած ու պարզ նկար մը, առնուած՝ «Ազդակ»ի տպարանէն ներս: Մարդկային խճողում: Յիշեցի: Չէ՞ որ ես ալ օր մը եւ համեստօրէն անդամ եղած էի «Ազդակ»ի մեծ ընտանիքին: Յիշեցի, այնքա՜ն կարօտով: Նկարը ցոյց կու տար օրաթերթի ութը էջի վերածուած առաջին թիւի հրատարակման առթիւ, ուրախ եւ խանդավառ ու հպարտանքով քաղաքի մեծերով խճողուած հաւաքը:

Անկեղծօրէն, ես զիս փնտռեցի: Քաջ գիտէի, որ ե՛ս այդ օր, հոն էի: Չգտայ: Հոգ չէր: Բայց հետաքրքրական անակնկալը այն էր, երբ նկարին աջ կողմի անկիւնէն յանկարծ տեսայ Հալէպի մեր Պալուն, որ այդ օրերուն ինքն ալ «Ազդակ»էն ներս, իրբեւ պաշտօնեայ կը գործէր:

Հալէպ ու մեր Պալուն:

Ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ յանկարծ, ծննդավայր Հալէպիս յատուկ «երգած» ու միաժամանակ կրկնած խօսքերս յիշեցի, տեսակ մը երկար կարօտով:

Է՜հ, Հալէպ.- հո՛ն պատմութիւնը ուրախ էր: Հաճելի եւ կենդանի: Հաստատօրէն մտքիս մէջ դարձեալ անհանգիստ ջիղ մը կար, որ կը տրոփէր, որովհետեւ հո՛ն պահուած կար Հալէպը, որ ինծի կրկին «ապրելու» ցանկութիւն կու տար: Կարծես անձս նորոգուած էր:

Գլուխս կը շարժեմ յուզումով: Ու կարօտը, որ հոս սենեակիս մէջն էր, ծփացող խոհերու նման վերապրումներու երկար յիշողութիւն մը իր հետ կը բերէր: Կը զգայի, որ Հալէպի հողին ջերմութիւնը մէջս տակաւին մնացած էր: Ու այս մէկը պարզ եւ աժան հայրենասիրական թելադրանք մը չէր, այլ՝ միւսներէն տարբեր սէր մը, որուն շնորհիւ Հալէպի հոգիի գիրքը սահուն կերպով կրնան կարդալ բոլոր հալէպցիները, որոնք այդ սէրով մեծցած էին, անով ալ սիրեցին հայն ու արաբ դրացին ե՛ւ Հայաստանը ե՛ւ հայ մշակոյթը: Նաեւ, անով տոկացին: Ու օր մըն ալ, ճակատագրի բերումով, շատեր ձգեցին իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, եւ հեռացան  ու տարածուեցան հատիկներու նման:

Անկուշտ, կը շարունակեմ նկարին նայիլ: Լռութեամբ կը յիշէի այս բոլորը ու մտովի կը փորձէի Հալէպի հողին վրայէն «քալել»: Կանաչ օրերս կարծես ինծի «կ՚այցելէին»: Կը զգայի, որ դարձեալ ինքնածին հրաւէր մըն էր այս մէկը:

Հո՛ն, կ՚իշխէր աւանդութիւնը, կը շարունակէր միտքս: Հո՛ն, կը կառավարէր հայ կեանքը: Ու մեր կեանքը հնազանդ, կը հետեւէր մեծերու հետքերուն: Հո՛ն, կեանքը իրապէս նախանձելի տաքութիւն մը ունէր, որ միայն իր գրկին մէջ ապրողը կրնար զգալ:

Հո՛ն, նաեւ ամէն օր, սրբազան լեռ՝ Արարատը կը յիշէինք: Նոյն այդ Արարատը, մեզմէ շատ հեռու, հո՛ն էր, մեր քիթին տակ, մեր տուներէն ներս, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, իր վեհութեամբ եւ սեփականութեան հրճուանքով: Ու նաեւ անկախ Հայաստան կ՚երազէինք: Հայրենիք ու հայութիւն կ՚երգէինք: Կը խմէինք: Կր պարէինք: Կը խաղայինք: Կը վիճէինք: Կը կռուէինք: Սակայն, ապահով եւ ուրախ էինք:

Այսպէսով էր, որ մենք տարբեր գոյն եւ դիմագիծ ունեցող մեր այդ քաղաքը, մեր կեանքին նման, հայացուցած էինք: Այս բոլորը եւ հաճելիօրէն, հին անուններ, դէմքեր եւ դէպքեր, յիշատակներու տարածուն ալիքներ ստեղծած էին մտքիս մէջ: Այլ խօսքով՝ յուշերու անհատնում եւ գեղեցիկ կարաւան մը: Տակաւին մտքիս մէջ են մեր չոր քաղաքի շէնքերը, փողոցներն ու թաղերը, կողք-կողքի, հարազատութեամբ շարուած:

Անոր համար, երբեմն մտատանջ ու երկար մտածած եմ, թէ ուրկէ՞ եկած էինք, ի՜նչ ճամբաներէ անցած եւ այս ձեւով, ո՞ւր կ՚երթայինք:

Յուշերս նաեւ ունէին իրենց հարազատ աշխարհագրութիւնը: Մեր տունն ու թաղը, Սալիպէն, ՀՄԸՄ-ի ակումբը, անոր դաշտն ու պարտէզը, Նոր գիւղը, Հոգետունը, մեր Ճեմարանը, Քառասուն Մանկանց մեր եկեղեցին...: Ո՞ր մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը շարեմ, կամ յիշեմ: Ու ինքնաբերաբար դարձեալ կ՚անցնիմ նախկին նոյն փողոցներէն, ուր միայն ճերմակ յիշատակներս տակաւին կ՚ապրէին, իրենց քաղցրութեամբ: Յուշեր, որոնք կը յայտնուէին սովորական աղօթքի նման: Յուշեր, որոնք կարելի չէր մոռնալ եւ կամ հին գուրջի նման նետել եւ կամ անպէտք թուղթի մը նման այրել:

Անոր համար, կը կրկնեմ, Հալէպ, դո՛ւն Սփիւռքի օրինակելի եւ պարզ «Մայր» գաղութ, երախտապարտ եմ քեզի, ծնողքիս չափ:

*

Կ՚անդրադառնամ: Միտքերս կը հաւաքեմ ու կրկին կը վերադառնամ նկարին:

Կը զգամ, որ սառած ու պարզ նկարը, թէեւ ինծի հետ էր, ինծի հետ կը խօսէր, բայց զիս տարած էր ծանօթ հեռուները: Հաստատապէս, նկարը վերանորոգած էր ապրումներս: Կորսուած աշխարհ մը գտնողի նման կրկին ու կրկին անգամ նկարին վրայէն կուշտ գոհունակութեամբ կ՚անցնիմ: Իր կարգին, նկարն ալ հետզհետէ հին յիշատակներով սկսած էր իր ներկայութիւնը զգացնել: Ու ահա՛, մեր Պալուն:

Միջակահասակ հայ մը: Բուն անունով՝ Յովհաննէս Պալեան: Բայց, ո՛չ ոք զինք այս անունով կը ճանչնար: Ինք ՀՄԸՄ-ի քաղաքի գայլիկներու բաժնին տարիներու «պալու»ն էր: Մակդիր մը, որուն ամբողջ քաղաքը ծանօթ էր: Փոքր տարիքիս, երբ գայլիկներու շարքերուն մաս կը կազմէի, մեր խմբավար-պատասխանատուն եղած էր: Մարդասէր եւ նոյնքան ալ կատակասէր: Ուղղակի՝ կատակերգու դերասան: Ապա անկէ ետք, երկրորդականիս օրերուն զիս, մեր մեծերը, իրեն օգնական նշանակած էին: Արհեստով «Արեւելք» օրաթերթի վարպետ եւ փորձառու գրաշարներէն մէկն էր: Տպարանէն ներս ամենէն բծախնդիր պաշտօնեան: Թէեւ բոլորին հետ երկար կը վիճէր, սակայն հոգի կը դնէր թերթի տողերուն եւ ժամերուն ու շունչ կու տար անոր էջերուն:

Որովհետեւ իր մօտ, մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ էր հայ գիրն ու գիրքը: Լայն ուշադրութեամբ եւ անհանգիստ սրտով կը կարդար ամէն գիրք: Բոլորը կրնան վկայել: Անկեղծ եւ մտերիմ հայ մը: Չէր ամուսնացած եւ այդպէս ալ մնաց: Կեանքի ասպարէզը զինք կանուխէն գործի նետած էր ու ինքնաշխատութեամբ, յամառ ընթերցողի տիպարով, հայ գիրքի եւ գիրի սիրահար, ինքզինք առաքելութեան յատուկ ղեկավարի պաշտօնին հասցուցած էր: Իբրեւ պատուախնդիր եւ ծառայասէր հայ, մտերմիկ բարեկամութիւն հաստատած էր բոլոր իր խօսակիցներուն հետ: Յստակ եւ իւրայատուկ մեծ սէր ունէր միութեան եւ մանաւանդ իրեն յանձնուած պաշտօնին: Իր մասին խօսելիք եւ գրելիք շատ բաներ կան: Մեծին հետ մեծ էր, պզտիկին հետ՝ պզտիկ: Արտաքինէն կը պարզուէր իր գթասիրտ անկեղծութիւնը: Միշտ սխալներու նկատմամբ լուռ չէր մնար: Կը բողոքէր՝ քաղաքավար, ցած, համոզիչ ու արդարութիւն մատնանշող եւ պահանջող ձայնով:

Ու տարիներ ետք, երբ «Արեւելք»ը կը դադրէր լոյս տեսնելէ, Հալէպի, Հոգետան դէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցին տանող խաչմերուկին, տախտակէ փեղկերով հանրայայտ կազմարար «ամմօ» Թադէոսի խանութի մուտքին, պզտիկ ապակիէ ցուցափեղկի մէջ շարած եւ տեղաւորած կարկանդակ, ծամօն, շոքոլա-շաքար սկսած էր ծախել: Լինելութեան կամք եւ համեստութիւն: Պիտի ապրէր...:

Ո՛չ հանգամանք, ո՛չ փառք եւ ո՛չ ալ դրամ փնտռած էր: Շատերու համար «տեսակ» մը մարդ մըն էր: Բայց հակառակ ասոր, միշտ ոգի եւ ապրելու կամք փոխանցած էր իր խօսակիցին, դառնալով անոր անկեղծ սրտակիցն ու խորհրդակիցը: Գաղտնապահ էր: Իրեն կարելի էր եւ ապահովաբար վստահիլ մտքերու բոլոր «բանալիները»: Իրեն հետ հանդիպումը, միշտ մտերմութիւն կը յուշէր: Ակումբէն ներս տարիներով միասին աշխատած էինք: Միասին թատրերգութիւններով բեմ բարձրացած եւ տասնամեակներ ետք, օր մըն ալ իրար հանդիպած «Ազդակ»էն ներս: Շատ-շատերու նման, ինք ալ հեռացած էր մեր սիրելի Հալէպէն: Ճակատագիր:

Իսկ հիմա, չեմ գիտեր ինք ո՞ւր է: Ու այսքան ժամանակ ետք, այժմ տեսակ մը վախով, կասկածանքով եւ մտահոգութեամբ զինք կը փնտռեմ: Եւ ահա իր նկարը...:

Ուրախ էի: Գրեթէ երջանիկ: Որովհետեւ, նկարէն ծնունդ առած ներքին, երախտապարտ եւ հարազատ ձայն մըն էր, որ այս տողերը առաջնորդած էր:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2022