ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ ՀԱՄԱՐ

Խօսքը ժողովրդային բառին մասին է, որ այս թերթը արդէն հարիւր եւ տասն տարիէ կը պահէ: Պոլսոյ զիկ-զակներէն, անոր նեղ ու աղմկոտ փողոցներէն սլացող, «գաղտնի ճամբայ» մը կը բանար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ինծի համար:

Դպրոցի օրերուն Պոլիսը մեր գիրքի գունաթափուած էջերուն կը նմանէր: Գիտէինք, որ հեռու տեղ մը կայ, հեռու տեղ մըն է այդ քաղաքը ու անհասանելի, անիմանալի պատմութիւն մը:

Կամաց-կամաց կը մեծնար այդ սէրը այդ քաղաքին հանդէպ, որ օր մը պիտի դառնար կեանքի եւ ասպարէզի մը գիծերուն վրայ մնայուն ներկայութիւն եղող գանձարան: Քուրթուլուշի մայթերը, յետոյ անկէ վեր Օսմանպէյի կայարանը, ձկնավաճառները մեթրոյի անցումին մօտ, հանդիպումները արագ եւ անակնկալ եւ բառը արեւմտահայոց ոսկի լեզուին, որ կը սահէր վազող գետի մը պէս, օրն ի բուն իր մէջ թրծելով մեր հին ու նոր որոնումները:

Առաջին բառէն մինչեւ վերջին տող եւ վերջակէտ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ապրումը եւ հոն գրելու երանութիւնը ինքնեկ պատասխանատուութեան մը հրայրքով կը ջանար մեզ ալ «խառնել» այդ թերթի զօրեղ պատմութեան եւ անոր ապրող ու շէնշող անուններու վաւերական անցեալին:

Տեղ մը բառ մը կը տեսնես, տեղ մը թերթի լայն մանշէթին վրայ խմբագրի մը, մամուլի նուիրեալի մը տոմսակը կը թերթես, այլ տեղ մը Պոլսոյ ամենէն խուլ անցեալի «շապիկ»ը կը փնտռես:

Հագուստ կը դառնայ թերթը, իմացական կեցուածք մը, սանկ նստիլ մը՝ Վոսփորի ջուրերուն դիմաց եւ կուշտ սիրտով խօսիլ մը՝ պատմութեան արահետներուն վրայէն:

Ինչքա՜ն դաս կայ, անոր դեղին էջերուն մէջ, ինչքա՜ն մեծութիւն:

Բոլոր մեծ դէպքերուն դասերը, բոլոր անկումներուն մէջէն նորէն ոտքի ելլելու կամքը ու մանաւանդ ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդով ապրեցնելու կամքը:

Այս բոլոր ապրումները միայն տօնական տարեդարձներու, դարադարձի, ծննդեան եւ հիմնումի օրերուն համար մեծցող մտածումներ չեն, այլ անոնք կը հատեն մարդուս իմացական աշխարհին մէջ իրարու վրայ զօդուած ու աւելցած ընկալումներու շղթան:

Շղթայ, որ քեզ կը կապէ «իր ժողովուրդ»ին:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ժողովուրդին, որուն սահմանները միայն Պոլսոյ հայկական աշխարհագրութեան սահմաններուն մէջ չեն ապրիր, այլ կը ճամբորդեն, դէպի հեռո՜ւ, հեռունե՜ր, ուր կ՚ապրին այդ քաղաքի սիրտէն ու երակներէն մաս առ մաս լիացող եւ ապրեցնող աստղեր: Լրագրութեան սահմանումները կը մարին սրտի զարկէն դուրս ելլող բառերուն դիմաց, ուր դուն եւ բառը կը կիսուիք ըլլալու իրական երանութիւնը:

Սիրտը կը շարունակէ դարէ մը աւելի բոցավառիլ: Խօսքը կը դառնայ մտքի արգասիք եւ սլաքը կ՚ուղղուի հոն, ուր պատմութիւնը իր խօսքը կ՚ըսէ:

Մնայունը ի վերջոյ սէրն է եւ ընտանիքը մեծ, որուն շուրջ եւ մէջ կ՚ապրին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իրական նուիրեալները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018