ՊԱՊԱՅԻՍ ՓՈՂԿԱՊՆԵՐԸ (Բ.)

Ընտրեցի պապայիս փողկապներէն, որոնց պատկառելի մասը նորաձեւ էր, թէեւ յարատեւ փողկապ կապող մը չեմ, սակայն անոնցմէ  մի քանին հետս Հայաստան բերի:

Միշտ կը մտածէի, որ կեանքի մէջ կերպար ստեղծելը ամենադժուար ու տանջալի առաքելութիւններէն կրնայ համարուիլ․ ի՛նչ ըլլալը, ի՛նչ տեսք ունենալը, ինչպէ՛ս ապրիլը շատ երկար ու յարափոփոխ վիճաբանութիւններ են եւ անոնք տեղի, մշակոյթի, ընկերութեան ու տնտեսական խնդիրներէն կախեալ են, իսկ ժամանակային առումով՝ աննուաճ: Այդպէս էր իմ փողկապի գործածութեան ձգտումներուս խորացումները կա՛մ շատ ներկայանելի ու հմայիչ տեսք ունենալու համար փողկապներու աշխարհէն բերուած աշխուժութիւնը: Պապայիս փողկապները, բոլոր միւսներուն նման, ունէին հմայնք, ունէին հոտ ու տեղաբանութիւններ, ունէին կարօտներ, իսկ պապայէս բերածներս, իրենց ժամանակային կայացմամբ՝ կարծես ինձմէ ալ մաս մը ունէին։

Երբ անչափահաս էի, յաճախ կը վրդովէի հօրս արեւմտականացումներով, քանի ինքը Տիգրանակերտի բարբառով ալ կը խօսէր եւ հայկականութիւնը, արհաւիրքները եւ շատ մը ազգային գիծեր շեշտակի կը փոխանցէր մեզի: Բայց Շուէտի հետ իր կապն ու գործի բերումով անդադար այցելութիւնները՝ կախարդական Արեւմուտքի պատկերաւորումներ կու տային իրեն: Միաժամանակ հայ ըլլալը իմ մէջ դեռ նոր հունտեր կու տար, բայց Եւրոպան ու արեւմուտքը ինչքան ալ մրցէին ու վանումներ խաղային, չէին կրնար ատելի դառնալ, այլ կը մնային ձգտելի: Ես արեւմուտքով ալ կայի, ինչպէս պապայիս եւրոպականով, իսկ իմ հետ էր նաեւ արեւմուտքը՝ ապագայիս պատկերացումներով եւ ինքնութեան անվերջանալի կերտումով: Այո՛, երկար հանգրուաններէ վերջ կը յայտնաբերես մարդկային ինքնութիւնը, որ բացի խոր ու բազմերանգ ըլլալէ, ձեռքբերումային է ու անվերջ վերակառուցուող։ Եւ եթէ փորձենք սահմանել մարդկային ինքնութիւնը նոյնիսկ ազգային կամ կրօնական դրուածքով, հաւանաբար, կրնանք հետեւցնել, որ այն համեմատական երեսակով քաղաքակրթական ու ձեւով մը հաստատուն նուաճումներու հասնիլն է. այդ նուաճումները կամ մարմնաւորուները ապրիլն է ու համամարդկայնացման յարատեւ կերտումը:

Առաջին անգամ երբ փողկապ կապեցի, պապաս օգնեց ինծի, սորվեցնելով մի քանի տեսակ կապելու ձեւեր, որոնցմէ ընտրեցի ու մինչեւ հիմա կը գործադրեմ այսպէս կոչուած՝ ամերիկեան կապը: Փողկապ կապելը իր մէջ ունի կարօտ մը, դէմքի ընդհանուր վեհացման ակօս մը, որ տեսքին զուգահեռ՝ կ՚ուզէ հոգին բերել, հիւսել, բանիլ, ըլլալ: Փողկապ կապելու իմ յուշերուն մէջ մնաց ժառանգականութեան դաս մը, իբրեւ տիտղոս փոխանցուածը կատարելագործելու, կենցաղայինի ամենամեծ ու կլանող հոսքին հետ կամ ի հեճուկս անոր: Յանձնառութիւնը բացի ներշնչանք ու խթան ըլլալէ, իր մէջ ունի ոճային բան մը, իսկ հայր-տղայ մրցակցութեան, յաղթահարումներու, միաճակատութեան, տարբերութիւններու կողքին, երբ կը զգաս, թէ մէջդ կայ աւանդ մը, որ կ՚եռայ, կը փայլատակէ ու միանձնեայ կ՚ուրախացնէ, արդէն կեանքը ապրելու տարերքը ձեւ ու հոգի կը ստանայ:

Ես դեռ կը զգամ, որ ձեւով մը մրցումի մէջ եմ հօրս հետ, լաւ փողկապ կապելէ ու ներկայանալի հագուելէ վերջ, իսկ արդէն բացակայ ներկայութեամբ այդ մրցակցութիւնը այնքան քաղցր ու իրաւացի կը թուի, որ հակադարձաբար գոհունակութիւն կու տայ, թէ հայրս ո՛ւր որ է զիս տեսնելով պիտի ուրախանայ՝ իր ոճով, իր ներկայանալիութեամբ ու գրաւչութեամբ: Ի վերջոյ, մարդ ներկայացուցչականութեան խտացումներով ալ կը զուարճանայ, ինքզինք կ՚իմաստաւորէ ու կը զգայ, որ կայ եւ մասամբ մը հոն է մեծ մշակոյթի արմատը։ Եթէ չինացի ես եւ արդէն մէկուկէս միլիառի ներկայացուցիչ՝ ձեւով մը ուրիշ զգացում ու առաքելութիւն կ՚ապրիս:

 Պապաս միշտ կ՚ըսէր.

 -Լաւ հագուէ՛, ներկայանալի եղի՛ր:

 Ան ինծի կու տար նորաձեւութեան աշխարհի համադրումներէն ճաշակներ, ես նոյնիսկ բանաստեղծութիւններ գրած եմ այդ պատգամին մասին։

 Այո՛, հագուկապը իր շռայլ երեսակով կամ գործածութեամբ ուրիշին անարգանքի աղբիւր կրնայ համարուիլ՝ մա՛նաւանդ համայնավարական պրիսմակով, բայց մարդ արարածը փորձած է այդ մէկուն ալ փիլիսոփայական հազարումէկ վերծանումներ տալ: Ներկայ ժամանակները գրեթէ ամենահամայնավարն են՝ բոլորի կրած հագուկապով, նաեւ զարմանալիօրէն ներկայի կնքահայրը դրամատիրական Ամերիկան է: Երբ կը քալես եւ մեծ ներշնչանք մը կը զգաս, ակամայ կ՚ուզես, որ դուրսդ ալ յորդի, հագուստիդ ու շարժիդ ամէն ինչը բանաստեղծութեան կը վերածուի, միաժամանակ կը կարծես, որ այդ երկվայրկեանի փշաքաղումը կայացումդ կ՚ըլլայ ու արդէն հմայիչ կը դառնաս՝ հեռու ինքնասիրահարութենէ։ Այդ մէկը ձեւով մը կեանքի անուշահամ հրամցումներէն մին է:

Մի քանի անգամ, առանց վարանման, պապայիս փողկապներէն գործածեցի, սակայն ջանացի ագահութեան կամ անձնասիրութեան պիտակներու զոհ չդառնալ, զգացի, որ անոնք հիանալի էին եւ նորաձեւ, նաեւ ամենակարեւորը ուրախ էի ու լիացած:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024