ՀԱՅ ՏՊԱԳԻՐ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՏԱԳՆԱՊԸ
Տպագիր հայ մամուլը կ՚ապրի տագնապ մը, եւ այդ տագնապին մէկ կարեւոր պատճառը թերեւս նոյնինքն արդիականութեան եւ անցեալէն ժառանգուած իտէալականութեան բախումն է, յաճախ մէկը միւսին զոհելու մօտեցումին կամ անդիմագիծ ներդաշնակումի փորձերուն հետեւանքով։
Նախ պէտք է նշել, որ տպագիր մամուլի տագնապը համաշխարհային տագնապ է յատկապէս համացանցի զարգացումէն ետք մամուլի թուայնացումին եւ բոլորին մատչելի դարձած լրատու կայքէջերուն (որակաւոր, անորակ եւ երբեմն զուտ բամբասանքային տարբերակներով) անհամեմատ տարածումին պատճառով:
Ինչպէս աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, մեր ժողովուրդն ալ կը գտնուի արդիականութեան եւ թուայնացումի մթնոլորտի մէջ՝ բջիջային հեռաձայն, նկարահանման անձնականացում, video-ներու եւ նկարներու անսանձ շրջագայութիւն, Facebook, Twitter, Instagram եւ հազարումէկ միջոցներ՝ մատչելի բոլորին:
Այս պայմաններուն մէջ, տպագիր հայ մամուլին պահպանողական, զգոյշ, անցելապաշտ, տակաւին ոչ արհեստավարժ կամ կէս արհեստավարժ իրավիճակը որոշ հեռաւորութիւն մը ստեղծած է իր եւ հայ ընթերցողին միջեւ։ Անցեալի ժխտումին մասին չէ խօսքը, այլ առանց ներկային շաղախելու եւ պատուաստելու՝ աւանդական միջոցներով աւանդական ոճին կառչած մնալու ուղղութեան մերժումն է։
Տակաւին չենք խօսիր ազատ խօսքի եւ ազատ քննարկումի բացակայութեան կամ կաշկանդումներուն մասին:
Բնական է, երբ մամուլին եւ ընթերցողին միջեւ բաց մը ստեղծուած է, ընթերցողը չի սնանիր մամուլին մէջ տեղ գտած գրութիւններով, եւ, նոյնքան կարեւորութեամբ, մամուլը չի սնանիր ժողովուրդին հակազդեցութեամբ, որովհետեւ ժողովուրդին հակազդեցութիւնը կարեւոր ազդակ է հրապարակագրութեան յառաջդիմութեան համար։
Նշուածին կողքին կա՛յ նաեւ ոճի եւ լեզուի «անհասկացողութիւն» մը գրութիւններուն եւ ընթերցողին միջեւ։
Մամուլը, առաջին հերթին, խօսքի բեմ է, դպրոց մը՝ հայ ժողովուրդի պարագային։ Խօսք, որ պիտի արտայայտէ ժողովուրդին տենչերը, պիտի խօսի անոր սրտին ու մտքին, անոր պիտի փոխանցէ հայօրէն մտածելու եւ հայօրէն ապրելու աւիշ, անոր պիտի ծանօթացնէ ազգային եւ միջազգային կեանքի մանրամասնութիւնները, պիտի ընդգծէ տարբերութիւնները եւ մանաւա՛նդ հայահաւաքման պայքարին պիտի առաջնորդէ իր ընթերցողները։ Անշուշտ այս բոլորին առընթեր, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ՝ ինքնագիտակցութեան եւ ինքնավերլուծումի առաջնորդող խօսքերն ալ մեծ կարեւորութեամբ կը ներկայանան։
Այսօր տպագիր հայ մամուլը որքանո՞վ կը յաջողի այդ յանձնառու խօսքը հասցնել ժողովուրդին եւ որքանո՞վ տեղեակ է անոր հակազդեցութենէն։
Որակի մասին խօսելով՝ կը նկատենք, որ մեր նոր մտաւորականութիւնը, յանձնառու խօսքի մասին խօսելով հանդերձ, չի մտածեր, որ այդ խօսքը արդեօք հասա՞ւ ընթերցողին, արդեօք ի՞նչ հակազդեցութիւն ապրեցաւ ան, ի՞նչ բան փոխուեցաւ անոր մէջ, ի՞նչ բան պէտք է աւելցնել՝ ստեղծուած առողջ մթնոլորտ մը աւելի պայծառացնելու համար։ Այսօր մտաւորական հասկացութիւնը շատ բան կորսնցուցած է իր իմաստէն։ Մտաւորականը ինքզինք վերածած է ժողովուրդէն խզուած մտածող անձի մը, որ իր մտային կարողութիւններով կը տեսնէ ու կը վերլուծէ հարցերը, բայց զանոնք ժողովուրդին կը փոխանցէ այնպիսի՛ ձեւով մը, որ յաճախ կը ստիպուինք մտածելու, որ կա՛մ միայն ինքն իրեն համար կը գրէ կամ ալ սակաւաթիւ անձերու համար. երեւոյթ մը, որ ժխտումն իսկ է յանձնառու խօսքին։ Այս երեւոյթը ընդհանրապէս կը դրսեւորուի կիրարկուած ոճի եւ լեզուի անհասկնալիութեան ընդմէջէն։ Յանձնառու մամուլին խօսքը պէտք է հասկցուի զանգուածին կողմէ։ Այս հաստատումէն մեկնելով՝ յանձնառու խօսքի փոխանցման ժամանակ նկատի պէտք է առնենք ընթերցող զանգուածին մտաւորական պաշարը եւ լեզուական յատկութիւնները։ Ի՞նչ արժէք ունին ամենէն որակաւոր եւ լուրջ յօդուածներն անգամ, երբ անոնք չեն հասկցուիր ժողովուրդին կողմէ։ Անշուշտ ըսել չենք ուզեր, որ հարցերուն պէտք է մօտենալ փողոցի լեզուով եւ չափանիշներով (հակառակ անոր որ յաճախ այս ձեւն ալ օգտակար է), այլ յանձնառու խօսքը պէտք է փոխանցել պարզ լեզուով եւ յստակ ոճով։ Պարզութիւնն ու յստակութիւնը անորակութիւն չեն ենթադրեր, այլ հասկնալիութիւն։ Վերջ ի վերջոյ, նոյն միտքը, նոյն գաղափարը կարելի է յայտնել երկու ձեւով՝ կա՛մ պարզ ու յստակ, կա՛մ ճոռոմաբանութեամբ, դարձդարձիկ ու անյստակ ոճով։ Դժբախտաբար, խորաթափանց քննարկումներն ու վերլուծումները յաճախ կը շփոթուին ուռուցիկութեան եւ պարզ բառերու փոխարէն՝ բառարանային հոմանիշներու գործածութեան հետ։
Այս պայմաններուն մէջ զարմանալի պէտք չէ թուի եւ դատապարտելի պէտք չէ նկատուի մեր ժողովուրդին կողմէ յաճախ կրկնուող «հայերէն գրեցէք, որ հասկնանք» պահանջը։ Այս տեսակէտը անշուշտ չ՚արդարացներ հայ մամուլին մէջ դրսեւորուող միւս ծայրայեղութիւնը, որ անբծախնդիր ու թափթփած ոճով եւ լեզուով կը ներկայացնէ իր խօսքը, յաճախ ա՜յնքան անխնամ, որ կրկին անհասկնալի կը դառնայ, անորոշութեան կը մատնէ մեր ընթերցողները եւ որակին հետ կը զոհէ նաեւ խօսքին իմաստը։
Իսկ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի խառնուրդ լեզուով արտայայտող գրելաձեւը աւերներ կը գործէ… Երեւակայել, որ մէկը կը գրէ անգլերէնի եւ արաբերէնի խառնուրդ լեզուով: Բաղդատութիւնը թերեւս ծայրայեղական է, բայց արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը նոյն ժողովուրդի տարբեր լեզուներն են՝ շարահիւսական ու իմաստային տարբեր համակարգով:
Անհրաժեշտ է մատնանշել նաեւ մեր հաւաքական աղքատութենէն ծնունդ առած հիմնական երեւոյթ մը՝ արեւմտահայերէնին տիրապետած եւ հրապարակագրութեան զանազան սեռերու մէջ մասնագիտացած խմբագիրներու սակաւութիւնը։ Հաւաքական աղքատութեան այս ակնարկումը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով արդարանալի կը դարձնէ ստեղծուած իրավիճակին պահպանումը, որ կը շարունակուի։ Վերջ ի վերջոյ, հայ կեանքին մէջ նաեւ կան ազդու ներկայութիւն ունեցող յանձնառու կազմակերպութիւններ, որոնք հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն հետապնդման առաջադրանքով՝ յանձնառու խօսքի վարպետներու պատրաստութիւնը իրենց առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկը պէտք է նկատեն։ Ժամանակի հոլովոյթը եւ արդիականութեան հրամայականը մեզ պէտք է բերած ըլլան ա՛յն եզրակացութեան, որ սիրողական աշխատանքով (կամ անոնց զոհողութեամբ միայն) կարելի չէ հաւաքական կառոյցները պահպանել եւ ազդու նուաճումներ իրագործել։ Եւ այս կառոյցներուն շարքին հիմնական տեղ կը գրաւէ հայ տպագիր մամուլը։
Իր ծայրայեղական նկարագրով մեր ժողովուրդը, երբ կ’որոշէ նորութիւն մը որդեգրել, ամէն գնով կը փարի անոր։ Մեր ժողովուրդին կարեւոր համեմատութիւնը կը ստորագնահատէ հայ թերթը, որովհետեւ իր գնահատումով հայ տպագիր թերթը հնութիւն կը բուրէ, «ծերերու» թերթ դարձած է միայն կ’ըսէ, եւ զայն կը փոխարինէ թուայնացուած մամուլով կամ օտարալեզու թերթով։
Հայ տպագիր մամուլի պարզած վիճակին մասին եղած այս մատնանշումներով համապարփակ վերլուծում մը կատարած ըլլալու եւ բոլոր թերութիւնները, դժուարութիւնները եւ լուծման առաջադրանքները սպառած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք, այլ իբրեւ փորձ՝ մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելու առաջարկ մը կ’ընենք հայ տպագիր մամուլի տագնապով մտահոգ շրջանակներուն։
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ