ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

Ո՜Վ ՄԱՌԱԽՈՒՂԻ ՓՈՂՈՑ

Ամէն անգամ երբ դժբախտութիւն մը պատահի արաբական աշխարհին, կամ դժբախտութեան մը յիշատակը անցնի իր վրայէն, կամ կարդամ, լսեմ ու դիտեմ այս առիթով կատարուած ցոյց մը կամ քայլարշաւ մը, որ պաշտպանուած է գրեթէ բոլոր կողմերուն կողմէ, քանի որ սրտանց է, կը ղեկավարեն զինք շարք մը այս հարցի նշանաւոր մարդոցմէ: Կը քալեն ուս ուսի, մէջք մէջքի, ծունկ ծունկի, պարախումբի մը նման, իրենց խոժոռ դէմքերով արտայայտելով ազգային ամօթանքի յիշողութիւնը, կամ համաշխարհային սուգի օրը, անոնցմէ եւ ո՛չ մէկուն աչքէն կաթիլ մը արցունք իսկ իջնելու: Ես անմիջապէս կը շօշափեմ [գլխուս վրայ] մնացած մազերը ու կը մտածեմ, արդեօք իրապէս կապ կա՞յ սոսկումին, սարսափներուն, անակնկալներուն, եւ մազի աճումին միջեւ: Որովհետեւ, եթէ իրապէս նման կապ մը կայ, այդ կը նշանակէ, թէ ութսունականներու առաջին տարին չանցած, ես ճիշդ ու ճիշդ Փոլ Պրայնըրի1 նման պիտի ըլլամ: Եւ մինչ անձրեւի տակ որեւէ մէկ վարձակառքի (taxi) ձեռքով նշան կ՚ընէի, որպէսզի զիս որեւէ մէկ տեղ տանի այս մութ գիշերին, ահաւասիկ դէմս ելաւ յառաջադէմ բանաստեղծ մը, որ մշուշին մէջէն իր ձեռքը կը պարզէր ինծի ու անհամբերութեամբ կը մօտենար ինծի.

-Ո՞ւր ես, դուն, ո՜վ մարդ: Տունէս ներս ծանօթացումի փոքր խրախճանք մը ունիմ, եւ ուրա՜խ կ՚ըլլամ, եթէ հրաւէրս ընդունիս:

Կասկածամտութեամբ ըսաւ անոր. որո՞նք են ներկաները:

Ըսաւ. Ժողովրդավար երկիրներէն մէկէն բարեկամական պատուիրակութիւն մը: Ուրախ կ՚ըլլամ, որ ծանօթանաս անոնց:
Ըսի. Ներողութիւն:

Ըսաւ. Սակայն, այնտեղ ահագին օղի (vodka) կայ: Ընթրիքն ալ ֆիլէ է՝ եղնիկի ազդրէն: Զայն յատուկ կերպով Ռուսաստանի ձորերու խորերէն բերած եմ:
Ըսի. Այսինքն յառաջադէմ եղնի՞կ է:

Խնդալով ըսաւ. Գրեթէ:
Ըսի. Լա՛ւ, պիտի չգամ, նոյնիսկ եթէ ընթրիքը Պրէժնեւի ազդրէն պատրաստուած ֆիլէ ըլլայ:

Ըսաւ. Կեցուա՞ծք է:
Ըսի. Երբե՛ք. պարզապէս նախապէս նմանատիպ հրաւէրի մը ընդառաջեցի եւ երդում ըրի, որ անգամն ալ չկրկնեմ զայն: Որովհետեւ մինչեւ որ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի յառաջադէմ բոլոր կուսակցութիւններուն, ուժերուն եւ հոսանքներուն կենացը խմեցինք, հացն ու դգալները բերուեցան: Իսկ մինչեւ որ Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ բոլոր յեղափոխութիւններուն կենացը խմեցինք, աղցանը բերին: Ասիկա երկու տարի առաջ էր: Ի՜նչ կը կարծես հիմա, երբ աշխարհը յեղափոխութիւններ կ՚ածէ:

Ըսաւ. Ո՛չ, ո՜չ: Դուն ուրիշ բանի մը պատճառով բարկացած ես: Իսրայէլի դրօշակին բարձրացումը Եգիպտոսի երկինքին վրայ: Մի՛ նեղուիր, ընկերս եւ մի՛ յուսահատիր: Քամբ Տէյվիտի համաձայանգիրը, ալ-Սատաթի վարչակարգն ու կայսերական դաշինքը, այս բոլորը պիտի իյնան:
Անհամբեր ըսի. Ինչպէ՞ս:

Ըսաւ. Ժողովուրդներու կամեցողութեամբ եւ անոր յառաջադէմ ուժերով: Ինչպէս նաեւ Պաղեստինը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ:
Ըսի. Ասիկա մեր թուականէն առաջ՝ 1948-ին հրապարակուած կարգախօսը չէ՞ր:

Ըսաւ. Այո՛:
Ըսի. Այս պարագային, կը խնդրեմ որ բանաստեղծ ընկերոջս՝ Եուսէֆ ալ-Խաթիպին2 տեղեկացնես, որ ինծի հրաւէր չղրկէ Եաֆայի կամ Հայֆայի մէջ ճաշելու, ինչպէս ըրաւ Յունիսեան (կամ վեցօրեայ) պատերազմի3 առաւօտուն:

Ըսաւ. Ո՛չ, պիտի գաս, եւ հրաւիրեալներուն գլուխը պիտի ըլլաս:
Ըսի. Երեւնալ չե՛մ սիրեր: Իսկ եթէ այլ տարբերակ չկայ, ապա սեղանին մէկ անկիւնը պիտի նստիմ:

Ան բացատրելով, ըսաւ. Հիմա մեզի կը մնայ աջակցիլ Սովետական միջամտութեան Աֆղանիստանի խնդիրներուն, համաձայն իրենց կառավարութեան խնդրանքին: Որովհետեւ, արաբական հարցը անմիջականօրէն կապուած է այն բոլոր խնդիրներուն, որոնք Աֆղանիստանի մէջ կը կատարուին: Եւ ահաւասիկ մէջբերում մը անգլիացի յառաջադէմ գրողէ մը, որպէս փաստ իմ ըսածիս:

Մէջբերումը առանց կարդալու մէկ կողմ դնելէս ետք, դարձեալ մշուշին մէջէն յառաջապահ մը մօտեցաւ ինծի ու յանդիմանելով զիս, ըսաւ.

-Տեսայ, որ Մոսկոյի մարդոցմէ մէկու մը հետ կը խօսէիր: Անոնք կասկածելի են եւ որեւէ մէկ վարչակարգի կը կապուին, իսկ մարքսիզմ-լենինիզմը անպարտ են անոնցմէ: Կայսերականութեան դէմ դնելու համար, անոնք միլիոնաւոր գիւղացիներ մահապատիժի ենթարկեցին, վերջաւորութեան որպէսզի կայսերականութեան արտերէն յոյսով եւ մուրալով իրենց հացը ուտէին: Ահաւասիկ Րէճիս Տեպրյիէի4 գիրքը, որ իր առաջին տողէն կը հաստատէ այս ասացուածքը:

Եւ մինչ գիրքն ալ մէջբերումին ճակատագիրին արժանացուցի, եւ ահա մշուշին մէջ ծայրայեղ քննադատող մը երեւցաւ ինծի ու ըսաւ.

-Տեսայ որ «Մաու»ի5 խմբաւորումէն մէկու մը հետ կը խօսէիր: Ատոնք լենինեան-մարքսեան սկզբունքներէն շեղած են ու կեղծ են: Ատոնք իրենց երկրին մէջ թռչունները բնաջնջեցին, որպէսզի իրենք թռչուններու վերածուին կայսերականութեան ճիւղերուն վրայ: Այն ինչ կ՚ընեն հիմա, ընկերվարութեան մասին ճռուողիւն է միայն: Ահաւասիկ Ռոտնսոնի6 հետ հանդիպում մը, որ կը մերկացնէ իրենց սուտերը եւ լրտեսութիւնը:

Տակաւին չէր հեռացած, երբ դէմ յանդիման ելայ չափազանց ձախակողմեան շարժապատկեր պատրաստող տնօրէնի մը հետ, որ շռայլութեամբ սկսաւ խօսիլ.

-Տեսայ որ Թրոթսքիի մարդոցմէ մէկուն հետ կը խօսէիր: Ատոնք անհետացած խմբաւորումն են եւ հին ժամանակներէն կասկածելի են: Պէտք է սպասես անոնց բոլորի վախճանին:

Ըսի. Ես այլեւս ի վիճակի չեմ հանրակառք սպասելու:
Ըսաւ. Ներկայիս աշխարհը նոր ձախակողմի մը կարիքն ունի, որ ոչնչացնէ կանաչն ու չորը, երբ ինք հիմնադրութեան ընթացքի մէջ է: Ամբողջ արաբական հրապարակը ձախակողմ է:

Ըսի. Այո՛: Հրապարակը ձախակողմեան է, մինչ խնդիրը՝ աջակողմեան:
Ըսաւ. Դուն խառնակիչ ես եւ խեղճ, որ կարիք ունի առաջնորդի մը ու պահապանի մը: Կը միանա՞ս մեզի:

Ըսի. Զիս քաղաքականութենէն հեռու պահէ՛:
Ըսաւ. Բարի, մտաւորականներու յանձնախումբ մը կայ, որ քաղաքական չէ: Այս յանձնախումբին պարտականութիւնը արաբ գրողին ազատութիւնը պաշտպանել է, ի՛նք եւս ձախակողմեան է: Ի՞նչ է կարծիքդ:

Ըսի. Ձախակողմեան յանձնախումբ մը այսպէս յանկարծ կը ծագի արաբ գրողը, արաբ պարտիզպանն ու արաբ կօշկակարը պաշտպանելու համար: Պիտի չանդամակցիմ անոր, նախքան իմանամ ճիշդ քանի՞ հոգի են անոր անդամները եւ քանի՞ տոլար է անոր դրամագլուխը:
Սրտնեղած գոռաց. Ամերիկա, Ամերիկա, անէ՛ծք Ամերիկային: Պատրանք մըն է: Տե՛ս ի՜նչ կատարուեցաւ եւ ի՛նչ կը կատարուի իր հետ Պարսկաստանի, Աֆղանիստանի, Սելֆատորի եւ Պոկոտայի մէջ, այդ երկիրներու ժողովուրդներուն կողմէ: Մենք եւս այս պայթող աշխարհի մէկ մասնիկն ենք, եւ դուն՝ ուզես կամ չուզես, պէտք է սպասես արաբական ընդհանուր յեղափոխութեան:

Սարսափած ըսի. Ըսել կ՚ուզես, թէ յեղափոխութիւնները որոնք ապրեցանք մինչեւ հիմա, անիմա՞ստ էին ու նախաբա՞նն էին, եւ թէ մեծ հարուածը տակաւին չէ՞ եկած:
Ըսաւ. Անշուշտ, մարքսիզմ-լենինիզմը պիտի յաղթանակէ, ծրագրաւորուած բարեկեցութիւն պիտի իրականացնէ, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռութիւն եկամուտի եւ ծախսի միջեւ, ինչպէս նաեւ ծախսի եւ արտադրութեան միջեւ, որովհետեւ դրամագլուխը…

Աղաչելով ընդհատեցի զինք՝ պատրաստուելով հեռանալու. Եղբայր, ինծի ամէն օրուան հացս ու ծխախոտս ապահովեցէք, ինչպէս նաեւ երկու տարին անգամ մը երկու կօշիկ՝ տղուս համար, եւ ես անչա՜փ գոհ կը մնամ Մարքսի, Լենինի, Ինկլիզի եւ Ասպարթաքոսի պեխերէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 16

Վաղարշապատ


1 (11 յուլիս 1920-10 հոկտեմբեր 1985): Ծագումով ռուս: Թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան:

2 Պաղեստինցի բանաստեղծ եւ փաստաբան (1931-2011): Մի քանի թերթերու աշխատակցած է: 1968-էն սկսեալ անդամակցած է Պաղեստինի Ազգային խորհուրդին: Հեղինակ է շուրջ մէկ տասնեակ բանաստեղծական հատորներու:

3 Արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, որ տեղի ունեցած է 1967 յունիսին։ Տեւած է վեց օր, 5 յունիսէն մինչեւ 10 յունիս: Պատերազմը աւարտած է իսրայէլեան կողմի յաղթանակով: Սուրիան կորսնցուցած է Կոլանի բարձունքները, Եգիպտոսը՝ Սինայի թերա-կըղզին եւ Կազզէի հատուածը, իսկ Յորդանանը՝ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափը:

4 Ֆրանսացի փիլիսփայ, լրագրող եւ կառավարական գործիչ (2 սեպտեմբեր 1940): Յայտնի է իր ունեցած կապերով Չէ Կեվարայի հետ, 1967-ին:

5 Քենեայի մէջ յեղափոխականներու խումբ:

6 Մաքսիմ Ռոտնսոն (26 յունուար 1915-23 մայիս 2004): Ֆրանսացի պատմաբան, ընկերաբան եւ արեւելագէտ: Անդամակցած է Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան: Հեղինակ է մի քանի գիրքերու, որոնք առաւելաբար առընչուած են իսլամութեան: Մէկ գիրքն ալ կը կոչուի «Մուհամմէտ», որ մարգարէի կենսագրութիւնը կը ներկայացնէ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024