ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԻՔ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ…

ՈՃ­ՐԱ­ԳՈՐ­ԾՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՏԱ­ՐԻՔ ՉԻ ՃԱՆՉ­ՆԱՐ…

Ոճրագործութիւնը ոչ միայն տարիք չի ճանչնար, այլեւ խտրականութիւն չի դներ զոհին ինքնութեան։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Վատահամբաւ այս դէպքը կը պատահի Գալիֆորնիոյ մերձակայ Արիզոնա նահանգի Ֆաունթին Հիլլզ քաղաքին մէջ, ուր 92 տարեկան Աննա Մէյ Պլէսինկ (տես՝ նկարը) կը սպաննէ իր 72 տարեկան տղան։

Ինչո՞ւ: Որովետեւ տղան կ՚ուզէր զինք ծերանոց (assisted living facility) փոխադրել… Աննա Մէյ Պլէսինկ այսքանով չի բաւարարուիր եւ կ՚ուզէ սպաննել նաեւ տունը բնակող տղուն 57 տարեկան ընկերուհին (girlfriend), սակայն վերջինը կը դիմադրէ եւ ստոյգ մահէ կ՚ազատի։

Երբ ոստիկանները կը հասնին ոճիրի վայրը, Աննան կը գտնեն դրան առջեւ՝ աթոռի մը վրայ նստած։ Ոստիկանատուն երթալու ճամբուն վրայ, Աննա կը յայտարարէ, որ  ինք կ՚ուզէր իր կեանքին ալ վերջ տալ, սակայն ատրճանակը իրմէ խլած էր տղուն ընկերուհին։

Աննա երկու ատրճանակ ունէր, որոնք գնած էր եօթանասունական թուականներուն։ Ան հիմա ամբաստանուած է ոճրագործութեամբ եւ ոճրագործութիւն փորձած ըլլալու յանցանքներով։ Իսկ մինչեւ դատավարութեան օրը ան ազատ արձակուած է 50 հազար տոլարի երաշխաւորագինով (bond)։

Է՜հ, ի՞նչ օրերու  մնացինք, երբ մարդասպանութիւնը կը խուժէ ընտանեկան յարկէն ներս եւ աներեւակայելի աւեր կը գործէ, յանուն վրէժխնդրութեան… Հեգնական չէ՞, որ տղուն ծնունդ տուող մայրը վերջ տայ նաեւ անոր կենաքին:

Հաւանաբար նմանօրինակ դէպքեր կը պատահին նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ, սակայն հոն չեն տարածուիր անոնք եւ դժուար թէ հանրութեան սեփականութիւնը դառնան։ Այդ պարագային, սապէս կը բացատրէ  ամերիկեան ասացուածքը՝ «Ignorance is Bliss»: Այսինքն՝ բանի մը տեղեակ չըլլալը օրհնութիւն է։

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԸ…

Ճասթըն Ռոզիէր 9 ամսու երեխայ էր, երբ հայրը՝ բանակային սպայ Ճանըթըն Ռոզիէր, թշնամիի գնդակին զոհ կ՚երթար Իրաքի մէջ, 19 յուլիս 2003-ին։

Ճանըթըն ունէր ինքնաշարժ մը՝ 1999 Toyota Celica convertible, որ իր մահէն ետք, իր կինը ծախած էր… Այժմ Ճասթըն 15 տարեկան է, եւ մայրը մտահոգ է, թէ ի՛նչ նուէր կրնայ տալ իր տղուն, երբ ան շուտով թեւակոխէ 16 (sweet sixteen) տարիքը։

Մայրը՝ Ճեսիքան, կ՚ուզէ իր հօրմէն յատուկ յիշատակ մը նուիրել անոր եւ ահա պայծառ գաղափար մը կը յղանայ ու անմիջապէս գործի կ՚անցնի։ Իսկ ի՞նչ է այդ չնաշխարհիկ գաղափարը, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Արդարեւ, դիմատետրի (Facebook) միջոցաւ փըն-տըռտուքի կը սկսի գիտնալու համար, թէ ո՛վ է ամուսինին 1999 Toyota Celica convertible ինքնաշարժին այժմու տէրը։ Եւ, ի՜նչ մեծ զարմանք, շուտով ի յայտ կու գայ, որ խնդրոյ առարկայ ինքնաշարժը կը գտնուի մղոններ հեռու, Եութահ նահանգին մէջ։

Ան անմիջապէս կապ կը հաստատէ ինքնաշարժի տիրոջ դստեր հետ, որ կը խոստանայ համոզել հայրը։ Սակայն ապարդիւն, հայրը չ՚ուզեր բաժնուիլ իքնաշարժէն… Բայց հօրը հեռաձայնի թիւը կու տայ Ճեսիքային, որ ինքը անձամբ հետը խօսի։

Ինքնաշարժին տէրը, երբ իրազեկ կը դառնայ եղելութեան, անմիջապէս կը համոզուի եւ զօրակոչի կ՚ենթարկէ իր բարեկամներն ու դրացիները, որպէսզի ոչ միայն ինքնաշարժը առաքեն Թեքսաս, այլեւ նորոգեն եւ այդպէս ղրկեն…

Գրեթէ քսան տարուան ինքնաշարժի նորոգութիւնը կը տեւէ երկու ամիս, որմէ ետք կը սկսի ճամբորդութիւնը դէպի Թեքսաս եւ կը հասնի (տես՝ նկարը) Ճասթընի տարեդարձին օրը։ Ի՜նչ մեծ ուրախութեամբ Ճասթըն կը դիմաւորէ հօրը ինքնաշարժը եւ անմիջապէս կ՚անցնի ղեկի ետին՝ կազմ ու պատրաստ վարելու հօրը երբեմնի ինքնաշարժը:

Կ՚արժէ խորհրդածել վերոյիշեալ երկու յօդուածներու բացայայտած՝ «չար»ի եւ «բարի»ի հակասական դէպքերուն մասին, որոնք կրնայ պատահիլ քիչ մը ամէնուրեք…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018