ԻՆՆՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱԶԱՅԻՆ ՊԱՇԱՐՆԵՐԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ (բ)

Երէկուան յօդուածով ներկայացու­ցինք այն ներ­քին հան­գա­մանք­նե­րը, ո­րոնց հար­թու­մով էր միայն, որ 63 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար պարտք ու­նե­ցող Լի­բա­նա­նը պի­տի կա­րո­ղա­նար Եւ­րո­պա­յին կազ վա­ճա­ռել ու տնտե­սա­կան իր հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րել: Ա­հա այս մթնո­լոր­տին մէջ էր, որ ա­մե­րի­կա­ցիք շատ փրակ­մա­թիք քայ­լով մը լի­բա­նան­ցի­նե­րուն կ՚ա­ռա­ջար­կէին հա­մա­ձայ­նիլ Թել Ա­ւի­ւին հետ: Մէկ խօս­քով՝ ա­նոնք կու գա­յին ը­սել «մէկ­դի դրէք ա­մէն բան եւ յա­նուն կա­զի  լե­զու գտէք, ձեր ո­խե­րիմ թշնա­միին հե­տ»:

Ո­ւա­շինկ­թըն կը մոռ­նար, որ լի­բա­նան­ցի­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս գետ­նի վրայ բո­լոր ի­մաստ­նե­րով մեծ նե­րուժ եւ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող շիի­նե­րուն հա­մար նման ա­ռա­ջարկ մը ա­նըն­դու­նե­լի էր: Տա­կա­ւին Թեհ­րա­նի ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կով հզօր ուժ դար­ձած «Հիզ­պուլ­լա­հ», այ­սօ­րուան դրու­թեամբ դար­ձած է Իս­րա­յէ­լի դէմ պայ­քար տա­նող հիմ­նա­կան ուժ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մը, երբ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի շարք մը մայ­րա­քա­ղաք­ներ «ներ­քին կար­գո­վ» սկսած են յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ըն­թա­ցա­կարգ մը մշա­կել Իս­րա­յէ­լին հետ:

Մինչ սիւն­նի ա­րաբ­նե­րուն հա­մար Պաղես­տի­նի հար­ցը եւ Իս­րա­յէ­լի դէմ պայ­քա­րը ա­ռա­ջուան նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ ի­մաս­տը չու­նին, ան­դին Պէյ­րու­թի կեդ­րո­նէն տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով Իս­րա­յէ­լին «պատ­գամ­նե­ր» յղող Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա դար­ձած է ա­րա­բա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ «Դի­մադ­րու­թեան  ճա­կա­տ» ա­նու­նով հան­դէս ե­կող թե­ւին հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նոր­դը եւ հա­կաիս­րա­յէ­լեան պայ­քա­րի ներշն­չա­րան մը:

Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ, որ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու ընդ­հա­նուր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ մշա­կուո­ղայս տնտե­սա-քա­ղա­քա­կան մեծ ծրա­գի­րը յա­ռաջ կը տարուէր բա­ցա­ռա­պէս լի­բա­նա­նեան եր­կու քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Այս բո­լո­րին մէջ եւս յստակ պատ­գամ­ներ եւ օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­ներ կան:

Նախ պէտք է յի­շեց­նել, որ նաւ­թա­հան­ման ծրագ­րին ա­ռըն­թեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Պէյ­րութ ե­կած պաշ­տօ­նա­տար­ներ հանդի­պում­ներ կ՚ու­նե­նան երկ­րի եր­կու հիմ­նա­կան թե­ւե­րը ներ­կա­յաց­նող կող­մե­րուն հետ. այ­սինքն, մէկ կող­մէ շիի «Ա­մա­լ» շար­ժու­մի ա­ռաջ­նորդ Նե­պիհ Պըր­րիին (որ, միա­ժա­մա­նակ երկ­րի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահն է) եւ միւս կող­մէ բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի հիմ­նադ­րած «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սան­ք­»ի ներ­կա­յ նա­խա­գահ  Ժըպ­րան Պա­սի­լիին հետ (որ, նոյն­պէս կը վա­րէ երկ­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը): Այս եր­կու կող­մե­րէն՝ Նե­պիհ Պըր­րի կը հա­մա­րուի կրո­ղը Թեհ­րա­նի շրջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Բայց յստակ է, որ այս ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ  Ի­րա­նին, ինչ­պէս նաեւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ կա­րե­ւոր դե­րեր չեն տրուած: Ու­րեմն ծրագ­րի հիմ­նա­կան հո­վա­նա­ւո­րը Ո­ւա­շինկ­թընն է ու շատ բա­ցա­յայտ է, որ Մոս­կուա նաեւ ռու­սա­կան նաւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ յա­տուկ դեր մը պի­տի ստանձ­նէ այս ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցին մէջ:

 Հոս տու­ժո­ղը Լի­բա­նա­նի սիւն­նի հա­մայնքն է, ո­րուն կար­ծիք­նե­րը մին­չեւ այս պա­հը կ՚ան­տե­սուին, ու ա­նոր հա­մար է նաեւ, որ երկ­րի վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լամ  բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ՚ըն­դդի­մա­նայ  Լի­բա­նա­նի հա­մար յոյժ կա­րե­ւոր այս ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման: Չենք կրնար ը­սել, որ սիւն­նի­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ դէմ են նման ծրագ­րի մը ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նա­լուն, բայց եւ այն­պէս շատ յստակ է, որ ա­նոնք եւս ի­րենց շա­հե­րը եւ «պա­նի­րի բա­ժի­ն­»ը կ՚ու­զեն այս բո­լո­րէն:

Նաեւ պէտք է հա­շուի առ­նել Ո­ւա­շինկ­թը­նի աու­նա­կան շար­ժու­մին ու ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեան հան­դէպ  առ­կայ վստա­հու­թիւ­նը։ Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը նման վստա­հու­թեամբ կը մօ­տե­նան  քրիս­տո­նեայ ու­ժե­րուն մէջ  կա­րե­ւո­րա­գոյն տեղ զբա­ղե­ցու­ցած Աու­նին, ո­րուն հան­դէպ Սպի­տակ տու­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բա­ցա­յայտ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նէր:

Այս բո­լո­րը կը մատ­նեն ա­մե­րի­կեան հեր­թա­կան փրակ­մա­թիզ­մին  շեշ­տա­ւո­րում­նե­րը եւ այս ա­ռա­ջարկ-ծրա­գիր­նե­րուն հրա­տա­պու­թիւ­նը պէտք է կա­պել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Թել Ա­ւի­ւի նիւ­թա­կան հիմ­նա­կան «կա­րիք­նե­րու­ն» հաս­նե­լու ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Կամ ա­ւե­լի յստակ ը­սե­լով, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այս բո­լո­րը կ՚ու­զէ ի­րա­կա­նաց­նել ա­զա­տագ­րուե­լու հա­մար Իս­րա­յէ­լին մե­ծա­գու­մար յատ­կա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու իր հին ու նոր «բե­ռ­»էն:

Նո­րու­թիւն ը­սած չենք ըլ­լար, ե­թէ նշմա­րած ըլ­լանք, որ Սպի­տակ տան եւ Թել Ա­ւի­ւի մի­ջեւ կան բա­ւա­կան  սուր տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ եւ այդ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը կա­պուած են մաս­նա­ւո­րա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Իս­րա­յէլ Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ին յատ­կա­ցուե­լիք գու­մար­նե­րուն հետ: Իս­րա­յէլ մե­ծա­պէս դժգոհ է այդ յատ­կա­ցում­նե­րու  քա­նա­կէն եւ տրուե­լիք գու­մար­նե­րու սա­կա­ւու­թե­նէն։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ վեր­ջերս Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թեան հիմ­քով յա­ռա­ջի­կայ տա­սը տա­րի­նե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Իս­րա­յէ­լին պի­տի տրա­մադ­րէ 37 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի պատ­կա­ռե­լի գու­մար մը:

Ա­մե­րի­կա­յի իր իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րը հա­շուող նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հա­մար Իս­րա­յէլ դար­ձած է «իս­կա­կան բե­ռ» մը: Եւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ սուր ըն­թացք ա­ռած տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը, առ­նուազն ե­րե­ւու­թա­պէս, ու­նի բա­ցա­ռա­պէս տնտե­սա­կան հիմ­քեր: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար Իս­րա­յէլ ա­ռա­ջուան նման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը չէ շրջա­նին մէջ, այլ խօսք, ե­թէ նոյն իս­րա­յէ­լեան լո­պին  մեծ ճնշում­ներ կա­տա­րե­լով իր նոր նա­խա­պայ­ման­նե­րը դնէ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին Սպի­տակ տուն հաս­նող  Ա­մե­րի­կա­յի 45-րդ նա­խա­գա­հի ու­սե­րուն վրայ:

Վե­րա­դառ­նա­լով բուն նիւ­թին, պէտք է ան­պայ­ման ըն­դու­նիլ, որ 2010 թուա­կա­նէն սկսեալ լի­բա­նա­նեան ջու­րե­րուն մէջ ե­ղած պե­ղում­նե­րը եր­կի­րը տա­րած են նոր հար­թու­թեան մը: Նոր հար­թու­թիւն ը­սե­լով պէտք է ըմբռ­նել եր­կու կէտ: Ա­ռա­ջին, որ այդ պե­ղում­նե­րուն շնոր­հիւ Լի­բա­նան այ­սօր ու­նի իր ու­րոյն եւ կա­րե­ւոր տե­ղը նաւ­թի հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­նե­րու քար­տէ­սին վրայ, իսկ երկ­րորդ, որ այդ   «նաւ­թա­յին կէ­տ» դառ­նա­լուն շնոր­հիւ շրջա­նա­յին ու­ժեր  հա­մա­ձայ­նած են ա­մէն գնով պահ­պա­նել Լի­բա­նա­նի մէջ տի­րող ա­պա­հո­վա­կան ան­դոր­րը:

Եւ այս բո­լո­րը հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Լի­բա­նա­նի մէջ կ՚ապ­րին շուրջ մէ­կու­կէս մի­լիոն սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­ներ, ու երկ­րին Սու­րիոյ հետ ու­նե­ցած սահ­ման­նե­րը դար­ձած են  հոն կռուող զի­նեալ­նե­րու անց­ման կամ ե­լու­մու­տի ե­րե­ւե­լի կէտ: Այս բո­լո­րէն զատ կայ նաեւ հար­ցը ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր հա­զար պա­ղես­տին­ցի փախս­տա­կան­նե­րուն, ո­րոնց մեծ տո­կո­սը ան­դա­մակ­ցած են զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րու: Երկ­րի մը մէջ, ուր սիւն­նի-շիի լա­րուա­ծու­թիւ­նը գլած-ան­ցած է բո­լոր ըն­դու­նուած չա­փա­նիշ­ներն ու ընդգ­ծուած «կար­միր գի­ծե­ր­»ը, նաւ­թի հսկա­յա­ծա­ւալ պա­շար­նե­րու յայտ­նա­բե­րու­մը դար­ձած է ոչ միայն տնտե­սա­կան հիմ­նա­րար գոր­ծօն, այլ Լի­բա­նա­նի ա­պա­հո­վու­թեան ամ­բող­ջա­կան ե­րաշ­խիք:

Կը մնայ յու­սալ, որ ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի ընդ­հա­նուր դա­սա­ւոր­ման հիմ­քով Լի­բա­նան կը յա­ջո­ղի դրա­կան քայլ մը կա­տա­րե­լով  հան­դի­սա­նալ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի նաւ­թա­յին ու յատ­կա­պէս կա­զա­յին շու­կա­յի ար­տած­ման հիմ­նա­կան շու­կա­նե­րէն մին:

Ու այս բո­լո­րով հան­դերձ յա­ջողց­նէ ստեղ­ծել տնտե­սա­կան այն­պի­սի գօ­տի մը, ո­րուն  մէջ կ՚ընդգր­կուին Կիպ­րո­սը, Յու­նաս­տա­նը եւ Գա­հի­րէն:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Իս­րա­յէ­լի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը գա­ղա­փա­րին՝ յստակ է, որ այդ­պի­սի օ­րի­նա­չա­փու­թիւն մը ներ­կայ պայ­ման­նե­րով ի­րա­կա­նա­նա­լի չէ այն­քան ա­տեն, երբ Թել Ա­ւիւ չէ վճռած ճի­գեր գոր­ծադ­րել եւ սա­տա­րել եր­կու տէ­րու­թիւն­նե­րու լուծ­ման՝ Two State Solution (Իս­րա­յէլ-Պա­ղես­տին) ծրագ­րի յա­ջո­ղու­թեան, ո­րուն մի­ջո­ցաւ խա­ղա­ղու­թեան ընդ­հա­նուր տե­սա­դաշտ մը պի­տի բա­ցուի ամ­բողջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին հա­մար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2016