ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԵ.

«Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 15.1):

Երբ որթատունկ կը լսես, երեք բան կը յայտնէ. նախ՝ ուռը, երկրորդ՝ պտուղը տերեւով միասին, եւ երրորդ՝ մշակը:

Իսկ թէ ինչո՞ւ համար Ինքզինք որթատունկ կ՚անուանէ, այս է, որովհետեւ որթատունկը չորս յատկութիւն ունի. նախ՝ որովհետեւ կենդանական զօրութիւն ունի, երկրորդ՝ քանի որ աճողութիւն ունի, երրորդ՝ որովհետեւ պտուղ կը բերէ, չորրորդ՝ քանի որ տերեւ կը բերէ, որով պտուղը տօթէն ու ցուրտէն կը պահէ: Այսպէս ալ, Քրիստոս բոլոր կենդանիներուն [ողջերուն] կենդանութիւնն է:

Երկրորդ. որովհետեւ երբ ասոնք սիրով եւ հաւատքով Քրիստոսի միանան, շատերուն կրնան աստուածպաշտութեան դարձնել ու Քրիստոսի փոքրիկ հօտը կ՚աճեցնեն: Երրորդ. որովհետեւ բարեպաշտութեան պտուղը Քրիստոսի միանալով հանդերձեալ կեանքին մէջ կը պտղաբերեն: Չորրորդ. քանի որ Աստուծոյ խնամքը հաւատացեալներուն վրայ ինչպէս տերեւները պտուղներուն վրայ միշտ հովանի է, որով ամէն տեսակի վնասակար չարութեան օդերէն կը պահէ զանոնք:

«Եւ Հայրս մշակն է» (Յհ 15.1):

Մշակ կ՚ըսուի Հօր եւ ամբողջ Երրորդութեան, որովհետեւ շնորհներու եւ ճշմարտութեան լրումը լեցուց ու տնկեց Քրիստոսի մարդկութեան ժամանակ, բայց գիտելի է, որ մշակը չ՚աշխատիր ու չի յօտեր արմատը, այլ՝ ուռը, նոյնպէս ալ Հայրը արմատին համար չ՚աշխատիր եւ չի՛ հոգար, որ է՝ Քրիստոս, այլ՝ կ՚ուզէ ուռը մաքրել ու խնամել, որ են՝ հաւատացեալները:

«Այն ճիւղերը [ուռ] որոնք վրաս են եւ պտուղ չեն տար» (տե՛ս Յհ 15.2):

Այստեղ առաքեալներուն չորս տեսակի մխիթարութիւն կը դնէ. նախ՝ եթէ Իմ վրաս հաստատուն ըլլաք հաւատքով, ապա բազմաթիւ պտուղ պիտի ունենաք: Երկրորդ. որովհետեւ երկիւղն ու խորշումը պահապան կը դնէ անոնց, այսինքն՝ եթէ մէկը Ինձմէ կտրուի՝ ինչպէս ուռը որթատունկէն, այնուհետեւ [չի կրնար] պտղաբերիլ, այլ՝ հրոյ ճարակ կը դառնայ, այս երկիւղով կը զգուշացնէ զանոնք, որպէսզի երբ նեղութիւնը գայ, վաղվաղակի չգայթակղին: Երրորդ. քանի որ ինչ որ Իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի առնէք (տե՛ս Յհ 16.23): Չորրորդ. որովհետեւ պտղաբերած ժամանակ Հայրս ձեր մէջ պիտի փառաւորուի:

«Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք» (Յհ 15.12):

Ինչո՞ւ համար է, որ սիրոյ մասին այսքան խօսքեր կ՚ըսէ, միթէ՞ ուրիշ պատուիրան չունի: Այո՛, սա՛ է միայն պատուիրան, թէեւ բազմաթիւ են, սակայն բոլորն ալ ասոր մէջ կը բովանդակուին, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Օրէնքներուն լրումը սէրն է» (Հռ 13.10):

«Դուք Իմ բարեկամներս էք» (Յհ 15.14):

Ինչո՞ւ բարեկամներ կ՚ըսէ ասոնց, որովհետեւ առաքեալները ամէն տեղ իրենց թուղթերուն մէջ իրենք զիրենք Քրիստոսի ծառաներ կը գրէին, եւ այդ մէկը՝ Քրիստոսի ծառաներ անուանուիլը, մեծ գովութիւն եւ պատիւ կը համարէին: Այս է պատճառը, քանի որ Բանը եկաւ եւ միացաւ մարմինին, այնուհետեւ մեղքերու ծառայութենէն ազատեցանք, եւ այժմ այլեւս ծառաներ չենք կոչուիր, այլ՝ բարեկամներ, ըստ որում Ինք ըսաւ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ 15.13), եւ Ինք՝ Իր անձը մեզի համար դրաւ [զոհեց]:

Բայց թէ առաքեալները ինչո՞ւ համար իրենք զիրենք ծառաներ կ՚անուանէին, երբ մեղքերու ծառայութենէն ազատած ենք. նախ՝ այս պատճառով, քանի որ ծառան հնազանդութեան կարգը [պարտաւորութիւնը] ունի, որով ինչ որ Տէրը կը կամենայ, նոյնը պարտաւորութենէ կ՚ընէ, այդպէս ալ առաքեալները ամէն տեղ հնազանդութեան կերպարանք ունէին, որովհետեւ առանց Քրիստոսի կամքին ո՛չ մէկ տեղ կ՚երթային եւ կամ խօսք մը՝ առանց Անոր կը խօսէին, այլ՝ ամէն ինչ Իր անունին համար կը գործէին եւ կ՚ուսուցանէին: Երկրորդ. քանի որ ինչպէս ծառան գինով գնուած է եւ իրեն վճարուած գինին համար ի հարկէ ծառայ կը կոչուի, այդպէս ալ մենք Քրիստոսի պատուական արեամբ գնուած ենք եւ Անոր ծառաներն ենք, ինչպէս Պետրոս Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ՝ «գինտալով որ կորստական արծաթով կամ ոսկիով չէր որ փրկուեցաք ձեր հայրերէն ժառանգած ունայն կենցաղէն, այլ՝ անբիծ եւ անարատ Գառնուկին՝ Քրիստոսի թանկագին արիւնովը» (Ա. Պտ 1.18-19):

«Որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը» (Յհ 15.15):

Ոչ թէ ծառան չի գիտեր, ինչ որ Տէրը կը գործէ, այլ՝ չի կրնար գործակից ըլլալ, այդ պատճառով Տէրը զանոնք բարեկամներ կ՚անուանէ եւ Իրեն գործակից կը դարձնէ: Եւ ի՞նչ է այդ գործը, այսինքն՝ այն որ Տէրը սքանչելիքներ, նշաններ եւ հրաշքներ գործեց, նոյն կարողութիւնը անոնց եւս շնորհեց, որպէսզի իրենք եւս կատարեն:

«Եթէ աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց» (Յհ 15.18):

Նախապէս զգացնել կու տայ անոնց, թէ իրենց վրայ նեղութիւն պիտի գայ, բայց դուք մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ Իմ պատճառովս ձեզ պիտի ատեն, եւ ասիկա անոնց համար մեծ մխիթարութիւն է՝ Քրիստոսին ատելակից եւ չարչարակից ըլլալ:

«Աշխարհը իրենները կը սիրէ» (հմմտ. Յհ 15.19):

Կ՚ըսէ, թէ դուք անոնց նման չար, մեղսասէր ու յանցաւոր չէք, այլ՝ յանդիմանողներ ու կշտամբողներ էք անոնց, այդ պատճառով կ՚ատեն ձեզ, որովհետեւ եթէ իրենց նման ըլլայիք, երբեք ձեզ չէին ատեր, սակայն ասիկա տարակուսանք է, որ Տէրը աշակերտներուն կ՚ըսէ, թէ այդ պատճառով աշխարհը կ՚ատէ ձեզ, որովհետեւ անոնց նման չէք, այլ՝ սուրբ էք, գերագոյն եւ երկնայիններ, քանի որ չարերը եւս զիրար կ՚ատեն. գողերը՝ գողերուն, ագահները՝ ագահներուն, նաեւ իշխանները զիրենք անիրաւողներուն եւ զրկողներուն, սակայն գողերը եւ աւազակները կը սպաննեն: Եւ ապա ինչ է, որ Տէրը կ՚ըսէ. «Այդ պատճառով աշխարհը ձեզ կ՚ատէ» (Յհ 15.19), որովհետեւ աշխարհէն չէք: Այս է, քանի որ ամէն մարդ թէեւ չար է, սակայն առանց բարութեան ալ չէ, որովհետեւ խիղճը, որ իր մէջ Արարիչէն հաստատուած է, իբրեւ դատաւոր կարգուած է բնութեան, եւ երբ մարդը մեղանչէ, թէեւ կամքով չարին թեքուած է, սակայն բնութիւնը, որ Արարիչէն բարի ստեղծուած է, անոր միջոցով կը գտնէ զայն, եւ ասիկա բարի է, որ մեղաւորներուն ատել կու տայ մեղաւորները, իսկ չարերուն՝ չարերը:

«Յիշեցէ՛ք այն խօսքը որ ըսի ձեզի, թէ “ծառան իր տիրոջմէ աւելի մեծ չէ”» (Յհ 15.20):

Կը մխիթարէ զանոնք, թէ Իմ անունիս համար պիտի տանջուիք եւ ատուիք, որովհետեւ եթէ Քրիստոսի չարչարակից եւ ատելակից ըլլան, մեծ պատիւ է անոնց, բայց թէ ի՞նչ է, որ Տէրը վերը ըսաւ, թէ ձեզ այլեւս ծառաներ չեմ կոչեր, այլ՝ բարեկամներ, իսկ հիմա ծառաներ կը կոչէ, միթէ՞ այսպիսի անվայելուչ բան վայել է Իրեն, որ երբեմն այնպէս կ՚ըսէ եւ երբեմն՝ այսպէս, սակայն այս է միտք բանին, որ ծառայութիւնները կը զանազանէ, այսինքն՝ կայ տեսակ մը, որ երկիւղով ծառայութեան է, եւ կայ՝ որ սիրով եւ հնազանդութեամբ են ծառայութեան: Այն, որ ըսաւ՝ ձեզ այլեւս ծառայ չեմ կոչեր, մեղքերու ծառայութեան մասին կ՚ըսէ, որ երկիւղով է, որովհետեւ ատկէ ազատեց, իսկ հիմա, որ ծառաներ կ՚ըսէ, սիրով եւ հնազանդութեամբ ծառայութեան մասին կ՚ըսէ:

«Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, որ Ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն» (տե՛ս Յհ 15.26):

Այն, որ վերը աղաչել ըսաւ, հիմա ղրկեմ կ՚ըսէ, իսկ Ես ըսելով Իր պատիւը յայնտեց, իսկ Հօրմէն ըսելը կը ցուցնէ, թէ ինչպէս Ես Հօրմէն ծնունդ եմ, այդպէս ալ Ան Հօրմէն բխում է, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ» (տե՛ս Յհ 15.26), չըսաւ, թէ Հօրմէն ելածն է, այլ թէ՝ կ՚ելլէ, որ միշտ ելլելն ու միշտ բխումը [կը ցուցնէ], որ երբեք չի՛ հատնիր Անկէ: Արդ, ո՞ւր է բնութեան առանձնութիւնը, ապա ամօթ ըլլայ Արիոսին, որ ըստ անձերու եւ բնութիւններու զանազան ըսաւ, որովհետեւ Հօր, Որդիին եւ Հոգիին Աստուածութիւնը, էութիւնը, բնութիւնը, կամքը եւ ներգործութիւնը մէկ են: Եւ ինչպէս բնութեամբ, էութեամբ եւ կամքով անբաժանելի են Հայրը, Որդին եւ Հոգին, այդպէս ալ առանձնաւորութեամբ անխառն եւ անշփոթելի են, եւ այս է անբաւութեան եւ անհասութեան պայմանը՝ Երրորդական անձնաւորութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 137

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022