​ՔԱՆԻ ՄԸ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, 18 Սեպտեմբերին, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացք առաւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը:

Հայութեան ամենատարբեր խաւերը ներգրաւող այս համաժողովը, որ 6-րդ է, վերջին անգամ տեղի ունեցած էր 2014 թուականի Սեպտեմբերին: Համաժողովի բացումին ներկայ եղան եւ հանդիսաւոր խօսք արտասանեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, իշխանութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ աւելի քան 1500 մասնակից 70 երկրէ:

Համաժողովի մեկնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրանոյշ Յակոբեան։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց․«Սիրով եւ ջերմութեամբ կ՚ողջունեմ Ձեզ մայր հայրենիքի մէջ եւ կ՚ըսեմ` բարով եկած էք ազատ ու անկախ Հայաստան՝ ձեր հայրենիք»։ Նախարարուհին յայտնեց, որ այս համաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 1800 ներկայացուցիչներ 71 երկրէ. անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն մտաւորականներ, գործարարներ, համայնքներու ղեկավարներ, ատենապետներ, հոգեւորական եւ աշխարահական դասու ներկայացուցիչներ: Յակոբեան ըսաւ. «Մեծ պատուիրակութիւններ ժամանած են Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն եւ Արցախէն: Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, տարբեր երկիրներու պատգամաւորներ, նախարարներ, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: Համոզուած եմ` ձեր գործնական դիրքորոշումներով, իրատեսական հարցադրումներով պիտի հարստացնենք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ պիտի նպաստենք անոր զարգացման»։

Այնուհետեւ համայն հայութեան օրհնութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ «Մեր պետութիւնը` թէեւ բազում դժուարութիւններու առջեւ, համայն հայութեան պատուարն է եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման  երաշխաւորը: Այսօր ժամանակն է, որ դառն փորձութիւններու ծանրութիւնը կրած մեր երկիրն ու ժողովուրդը կարենայ ամուր քայլերով ընթանալ վերելքի ուղիով, որ կը պահանջէ ուժերու ու կարողութիւններու ամբողջական կեդրոնացում ու համախմբում: … Հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ՝ հայրենիքի եւ ազգի հանդէպ կը կրենք նոյն պատասխանատուութիւնը: Հայրենիքէն կարելի չէ երես դարձնել ձախողած գործի եւ կամ տեղ գտած անարդարութեան պատճառով: Հայրենիքէն կարելի չէ երես դարձնել, եթէ այն նեղութիւններու, փորձութիւններու ու մարտահրաւէրներու առջեւ է կամ նուազ հարուստ ու յարմարաւէտ է: Զինուորն ու ծառան ենք հայրենիքի: Այս պիտի ըլլայ մեր նշանաբանը: Հայրենիքը մենք պիտի սիրենք այն պարզ պատճառով, որ մերն է, մեր հայրերու արեամբ ու քրտինքով նուիրագործուած եւ մեզի աւանդուած: Հայրենիքով զօրեղ է իւրաքանչիւրը՝ իբրեւ ազգի զաւակ, իբրեւ կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ զօրութիւնը հայրենիքի մեր ժողովուրդն է՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար», ըսաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը:

Իր կարգին, Սերժ Սարգսեան ողջունելէ ետք համաժողովի մասնակիցները, իր ելոյթի ընթացքին առաջարկեց այս համաժողովը օգտագործել որպէս Հայաստան-Սփիւռք ռազմավարական երկխօսութեան հարթակ, ուր միասնականութեան եւ բազմակարծութեան ոգիով տեղի ունեցող քննարկումներու արդիւնքով ծնին ապագային միտուած նոր գործողութիւններու ծրագրեր՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայնքներու զարգացման ու հզօրացման համար: Նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի այժմեան ժողովրդագրական պատկերին եւ արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթին, որոնք հետեւանք են քառորդ դարեայ առարկայական եւ ենթակայական բազմաթիւ գործօններու: «Յառաջիկայ բոլոր տարիներուն մեր քայլերը պիտի ուղղուին Հայաստանի մէջ բնակչութեան բնական աճը աւելցնելու։ Մենք կը յայտարարենք, որ մեր նպատակն է, որպէսզի Հայաստանը 2040 թուականին ունենայ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, որ միայն ծնելիութեան մակարդակի աւելցման, մարդոց կեանքի տեւողութեան երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերը բարելաւող միւս քայլերով մենք այդ նպատակին դժուարութեամբ կը հասնինք՝ թէեւ այդ ուղղութիւններով հաստատակամօրէն յառաջ պիտի երթանք: Հետեւաբար նպատակադրումը կ՚ենթադրէ յառաջիկայ 25 տարիներու ընթացքին դէպի Հայաստան ներգաղթի լուրջ ցուցանիշներու ձեռքբերում», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր ու պահանջուած համարեց բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս համաժողովը թէ՛ Մայր Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Արցախի համար, ընդգծելով, որ խնդիրները, որոնք ընդգրկուած են համաժողովի օրակարգին մէջ, ունին ռազմավարական նշանակութիւն մեր պետականութեան շարունակական զարգացման հեռանը-կարներու նախանշման տեսանկիւնէ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր ողջոյնի խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ։ «Աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին՝ կեանքի պէտք է վերածուի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով։ Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու Սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան։ Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել։ Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները», ըսաւ ան։

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան թեմաթիք նիստեր՝ Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ:

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերով աշխատանքային խումբի խորհրդակցութիւն:

Ակնկալիքներ եւ սպասումներ

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրին մասին շատ խօսուած է: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր նոր «որակ» կամ աւելի ճիշդը հարթութիւն ստացած այդ յարաբերութիւնները այսօր ալ կը շարունակեն Հայաստանի եւ հայութեան համար արիւնատար հիմնական երակ հանդիսացողի դերը վերցնել: Այս առումով ալ կրկնութիւն մը գրած ըլլալով հանդերձ պէտք է անպայման շեշտադրել, որ սփիւռքը իր ամենատարբեր երանգներով, իր «տեսակներ»ով, իր «բաժանում»ներով եւ մանաւանդ ունեցած ներուժով կը շարունակէ հանդիսանալ Հայաստանի ամենավստահելի յենարաններէն մին, եթէ ոչ գլխաւորագոյնը:

Մեր պատմութեան վերջին հարիւր տարիներու ծանր հոլովոյթին ու հետեւանքներուն իբրեւ արդիւնք ծնունդ առած սփիւռքը մեծ երանութեամբ է, որ դիմաւորեց եւ «ձեռքերը պարզեց» անկախ Հայաստանին:

Ճիշդ է, որ խորհրդային իշխանութեան օրերուն ալ այդ կապը կար, կապը չէր խզուած, բայց եւ այնպէս անկախ երկիր մը ունենալու ճշմարտութիւնը փոխեց հայութեան ընդհանուր շեշտադրումները եւ մեզի համար այնքան «երազային» համարուած ազատ եւ անկախ երկիր մը ունենալու փաստը իր հետ բերաւ ակնկալիքներու եւ պարտաւորութիւններու նոր ընթացակարգ մը:

Այսօր այդ նոր շրջանի յարաբերութիւններէն անցած են տարիներ, որոնց ընթացքին տեղի ունեցած են տարբեր մակարդակի բազկակողմանի շփման առիթներ եւ գումարուած են Հայաստան-Սփիւռք «մակնիշ»ը կրող արդէն հինգ համաժողովներ:

Իւրաքանչիւր ժողովի աւարտին հրապարակուած են բանաձեւներ եւ ժողովականները միաձայնութեամբ որոշած են միասնաբար աշխատիլ իրականութիւն դարձնելու համար թուղթին վրայ դրուած կէտերը:

Տարբեր հանգամանքներու բերումով ալ, ու շատ հաւանաբար կողմերէն մէկու թերացումով (շատ յաճախ թերացումները եղած են երկուստեք), ժողովի օրակարգերը շարունակած են մնալ թուղթի բաժին ինկած արձանագրութիւններ:

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ այսօր (մօտիկ անցեալի մասին գնահատականներ չեմ ուզեր տալ) սփիւռքահայութիւնը կը ներկայանայ դիտողի դերով, ուր հայութեան խնդիրներով ապրող հայութեան հիմնական տոկոսը կը նախընտրէ հետեւող-կատարողը ըլլալ Հայաստանին: Այստեղ նախընտրեցի Հայաստան բառը օգտագործել, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մեծ առումով գերիշխող խաւին համար հետաքրքրական ու կարեւոր չեն, թէ ո՛վ է, կամ որո՛նք են Հայաստանի իշխանաւորները: Տակաւին անոնցմէ շատ շատերուն համար կարեւորը Հայաստանին օգնութեան ձեռք երկարելն է ու ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ այդքան ալ հետաքրքրական չէ:

Հայկական օրակարգով ապրող սփիւռքի հայութեան (խօսքը անոնց մասին է, որոնց մէջ հայութեան «կրակ»ը չէ մարած) համար կարեւորաագոյն խնդիրը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի բարգաւաճումը:

Արտագաղթի կասեցում, հզօր պետական համակարգի ստեղծում, սահմանի ապահովում, անվտանգութեան խնդրի լուծում, ինչպէս նաեւ ուժեղ եւ կարող բանակի ամրագրում. ահա՛ այն խնդիրները, որոնք ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակեն մնալ հայութեան օրակարգի հիմնական խնդիրներ: Ու այս առումով տեղի ունեցող բոլոր քայլերը, ըստ երեւոյթին, տակաւին հեռու են իտէալական վիճակներ ստեղծելէ:

Այլ գետնի վրայ եւ հարթելով տարբեր առիթներով ստեղծուած ու նոյնիսկ արտայայտուած անվստահութեան վերաբերեալ արձանագրուած իրողութիւնները (շատ յաճախ չափազանցուած) սփիւռքահայեր բոլորովին անհատական նախաձեռնութեամբ սկսած են տարբեր հեռանկարներ ունեցող ծրագրեր կեանքի կոչել: Այս առումով ակներեւ է նաեւ, որ այս մօտեցումը սկսած է ողջունելի դառնալ նոյնպէս Հայաստանի իշխանութիւններուն համար, որոնք տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ Հայաստանի մէջ ծրագրեր իրականացնելու գետինը եւ միջոցները բաց են բոլորին համար ու այդ ծրագրերու իրականացման համար իշխանութիւնները սփիւռքահայերուն տուած են գործելու եւ արարելու ամբողջական ազատութիւն:

Ուրեմն այս մօտեցմամբ է նաեւ, որ յառաջիկայ տարիներուն ալ բաւական կարեւոր թափով կարելի է լուծելու հնարաւորութիւն տալ «փոխվստահութիւն» անունը կրող հարցին:

Այլ կարեւոր կէտ մըն է սփիւռքի Հայաստանէն ունեցած ակնկալիքները, մանաւանդ համահայկական խնդիրներուն վերաբերեալ ու հոս է նաեւ, որ սփիւռքը պարտաւոր է ի մի գալով մտածել եւ առաջարկել այնպիսի համակարգեր, որոնց շնորհիւ աւելի հեշտ ու նպատակասլաց պիտի ըլլայ այդ հարցերու լուծման գործընթացի կերտումը:

Ուրեմն նախ ծրագիր ու յետոյ այդ ծրագրի հետապնդում: Պայմանաւ, որ սփիւռքի կողմէ հնչած առաջարկները ըլլան իրատեսական ու մանաւանդ հաշուի առնեն Հայաստանի պետութեան ընդհանուր շահերն ու անոր պաշտպանած հայեցակարգերը:

Յիշեցման կարգով նշեմ, որ վերջին թուականի Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին հնչած շատ մը առաջարկներ այսօր կը շարունակեն մնալ սեղանի վրայ: Պարզ այն պատճառով, որ անոնք չէին բխիր հայութեան ընդհանրական շահերէն կամ ալ այն պարզ շեշտադրումով, որ այդ առաջարկներուն տէրերը հետապնդողը եւ տէրը չեղան իրենց առաջարկներուն: Աւարտին՝ տեղին կը համարեմ նշել, որ Հայաստան-Սփիւռք ժողովները կարեւոր են, նաեւ արտաքին ճակատի վրայ: Այդ ժողովներն են նաեւ, որ հայութիւնը մէկ երկինքի տակ կը հաւաքեն եւ առիթ կը դառնան նոր կապերու ու հնարաւոր համագործակցութեան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2017