ԿՈՐԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ՝ «ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԸ

Իւրաքանչիւր հայերէն լեզուով (որակաւոր) գիրք՝ նոր կանթեղ մըն է հայ գրականութեան տաճարին մէջ եւ զայն կ՚ըմբոշնենք եկեղեցիէն ներս մխացող խունկին նման...

Կ՚ըսեն, թէ որակը քանակին մէջ պէտք է փնտռել, ճիշդ է, բայց ոչ Երուսաղէմի պարագային, որովհետեւ քաղաքական խնդիրներ թէ երկրէն հեռացողներ, ժողովուրդի նօսրացում, բոլորը չեն ազդեր, որ Երուսաղէմը տայ կարեւոր եւ որակաւոր գործեր շատ ոլորտներու մէջ...

Սակայն ՀԱՅ ԳԻՐՔ-ն ուրիշ է... Շատ բան ժամանակին հետ կրնայ անցնիլ, գիրքն է, որ կը մնայ, գիրը կը մնայ յիշատակող, վկայ մեր դարերով պահուած ձեռագիրները։

Իսկ Հայ Երուսաղէմը ամբողջովին առեղծուած մըն է... Այո առեղծուած, տարիներ այստեղ ապրելով դեռ անտեղեակ կը մնանք պատմութիւն կերտող շատ կարեւոր իրականութիւններու, ամէն քայլափոխ այստեղ էջ մըն է այդ պատմութենէն։

Ներշնչող է Հայ Երուսաղէմը, ինքնին պատարագ…

Այստեղ մեծնալով ես ապրած եմ Սրբոց Յակոբեանց պատրիարքութեան երեք գահակալներու ժամանակաշրջաններուն եւ երեքն ալ հայ գրականութեան նուիրեալներ, Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան, Թորգոմ Արք. Մանուկեան, Նուրհան Արք. Մանուկեան։

Չնայած վերոյիշեալ պատրիարքներու նախորդներն ալ եղած են հայ գիրի մշակներ, ձգած են մեծ աւանդ։ Պէտք չէ մոռնալ Նորայր Արք. Պողարեան մեծ բանասէրը եւ մեծ ուսուցիչը։

Այսօր հայ պատրիարքութեան զինուորեալ միաբանութեան մէջ ի յարգանս բոլորին իրենց վարած պաշտօններուն եւ գործերուն մէջ, կը փայլին քանի մը երիտասարդ մտաւորական հոգեւորականներ, որոնք իրենց դրոշմը պիտի ձգեն ոչ միայն Երուսաղէմի պատմութեան՝ այլեւ գրականութեան մէջ իրենց գործերով, յօդուածներով եւ գրական աշխատանքներով։ Եւ այդ դիւրին չէ, որովհետև սաղիմահայ հոգեւորականը ամէն բանէ առաջ զինուոր է, բազմազբաղ է եւ ծանրաբեռնուած զանազան պաշտօններով։

Այդ հոգեւորականներն են՝ Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեան իր արդէն տասի հասնող գիրքերով։ Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան, որուն նոր լոյս տեսած գիրքին նուիրուած է յօդուածս եւ Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան, որ խմբագիրն է պատրիարքութեան պաշտօնական «Սիոն» ամսագիրին։

Եւ ինչի մասին է Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի դեռ ամիս մը առաջ միայն լոյս տեսած գիրքը, որուն ընտրուած անունը անգամ «Երուսաղէմի հայկական թաղամասի գաղտնիքները» հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ... Այդ ինչ գաղտնիքներ ունի Երուսաղէմը, որ հեղինակը կ՚ուզէ բացայայտել բոլորիս...

Պէտք է կարդալ ու հասկնալ, թէ որքա՜ն շատ են անոնք։ Սակայն գաղտնիք բառը այստեղ գործածուած է աւելի անտեղեակ մնալնուս մասին։

Իսկական խօսող թանգարան մըն է Սրբոց Յակոբեանց վանքը, որուն մէջ տարիներ ապրելով, ինչպէս ըսի, անտեղեակ մնացած ենք անոր հարստութիւններուն։

Հեղինակին բառերով «Այստեղ ներկայացրել եմ Երուսաղէմի հայոց վանքին վերաբերող երկու տասնեակ հետաքրքիր պատմութիւններ, որոնք ընթերցողին ոչ միայն արժէքաւոր տեղեկութիւններ են հաղորդում Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան եւ Սուրբ Երկրում նրա առաքելութեան մասին, այլեւ սրբագրում են մի շարք տարածուած սխալ տեղեկութիւններ ու պատասխանում վանքին առընչուող մի շարք կարեւոր հարցերի»։

Այստեղ նկարագրուած են առաջին տպարանի, աղջկանց վարժարանի, Եսայի Պատրիարքի, Խրիմեան Հայրիկի, Հրեշտակապետաց ու Փրկիչ վանքերու, վանքի պատերուն արձանագրութիւններուն հետ կապուած եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին։

Գիրքը ընդամէնը հարիւր էջ է, սակայն այս հարիւր էջին համար կատարուած է հսկայական ուսումնասիրութիւն եւ գնահատելի աշխատանք։

Լեզուն շատ սահուն եւ հասկնալի է եւ թէեւ վէպ չէ կամ հեքիաթ, բայց այնքան հետաքրքրական եւ ուսուցանող, որ մէկ շունչով կարելի է կարդալ եւ անգամ մը եւս վերադառնալ կարճ ժամանակ ետք։

Մանաւանդ սաղիմահայերը պէտք է կարդան այս գիրքը, որպէսզի Երուսաղէմը չմնայ միայն մանկական յիշողութիւն եւ պատանեկան ապրումներ, այլ ապրիլ հպարտ երուսաղէմցի, որ մեծցած է հնադարեան այս վանքի կամարներուն ներքոյ եւ հասկնանք, թէ ինչու է այդքան ցանկալի բոլորին Սիոնի բարձունքին բազմած մեր վանքը՝ Հայոց վանքը... Երբեմն օտարներ աւելին գիտեն քան մենք եւ այս գիրքին արժէքներէն մէկն այն է նաեւ, որ անդրադառնանք, թէ ինչ հարըս-տութեան տէր ենք։

Սոյն գիրքը կարելի է կոչել Սրբոց Յակոբեանց վանքի հանրագիտարանի մէկ մասը դեռ, որովհետեւ գիրքին վրայ նշուած է Մաս Ա., ուրեմն դեռ շատ բացայայտուելիք գաղտնիքներ կան։

Մուտքդ բարի Վարդապետ, այս ծանր աշխատանքին մէջ։

ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019