ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿԸ

Մանուկ էի: Կը նստէի մեծ մօրս ծունկերուն քով, երբ ան Աստուածաշունչը կը թերթէր: Դէմքին ծալքերուն շարժումը կը տեսնէի, երբեմն՝ ժպիտը աչքերուն մէջ, երբեմն՝ խոր մտածկոտութիւն մը կը համակէր զայն:

Այդպէս անշարժ, նոյնիսկ անթարթ կը դիտէի զայն: Շշունջը կը լսէի: Շշունջին մէջ հաղորդակցութիւն մը կը նկատուէր, երկիւղածութիւն նաեւ...

Երբեմն ան կը բացատրէր այդ պահերուն ընկալածը, կը փոխանցէր իսկոյն իր ստացածը, կը փոխանցէր Զօրութեան մասին հասկցածը:

Երբեմն նաեւ իր կեանքէն դրուագ մը կ՚առընչէր, որպէսզի հասկնալի ըլլայ պատմածը:

Ան կը խօսէր, կը պատմէր, կը հաղորդէր առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, որ երեք տառերէ բաղկացած բառին սերմը կը ցանէր իմ մէջ. երեք տառեր, որոնց ամբողջութեան մէջ կը կայանայ Զօրութիւնը՝ ՍԷՐ:

Որքա՜ն հաճելի էին այդ պահերը, այդ անբացատրելի հաղորդակցութեան աչքն ու ունկը ըլլալ ի՜նչ անուշ էր:

Ընդօրինակելու մղում մը ստեղծած էին մէջս այդ պահերը: Երբ մենանայի, կը փորձէի նոյնը ընել եւ հսկայ Աստուածաշունչին ծանրութիւնը կրելով ծունկերուս վրայ՝ բարակ էջերը զգուշութեամբ կը թերթատէի, մանր բառերը կը դիտէի, տառերուն խաղին կը հետեւէի, թիւերուն յաջորդականութիւնը կը նշմարէի, կը շշնջայի մեծ մօրս պէս, կը ժպտէի, կը խոկայի, առանց բառ մ՚իսկ հասկնալու, ըմբռնելու...

Զգոյշ էի նաեւ մեծ մօրս խաչաձեւ, ասեղնագործ էջադիրին նկատմամբ, որ յանկարծ չիյնայ, չսողոսկի էջերուն արանքէն: Մեծ մօրս խոկումներուն, աղօթքներուն շարունակականութեան ընդհատումին պատճառ ըլլալ չէի ուզեր:

Ես ալ այդ էջերուն մէջ պահուած տեղ մը ունէի, փայտեայ էջադիրով մը նշուած. այդ էջին վրայ կը գտնուէր 23-րդ սաղմոսը, որ մեծ մայրս, ամէն անգամ, տող մը աւելի կ՚ընթերցէր՝ «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ...»: Երգի պէս կը սորվէի բառերը, կ՚արտասանէի, առանց հասկնալու:

Երգը հետս օրէ օր, տարուէ տարի մեծցաւ: Անհասկնալի բառերը ժամանակի ընթացքին իմաստ հագան, պարոյկները մի առ մի ցնդեցան, Կիրակնօրեայ կեդրոններու հոգեւոր դասերը ամրապնդեցին մէջս երգին իմաստն ու Աստուածաշնչեան պատումներուն պատգամները:

Երգը կը շարունակէ մնալ առ այսօր եւ այցելել հնչիւններս մա՛նաւանդ ցաւերու, կորուստներու, փոթորկոտ պահերու ընթացքին՝ կարծես որպէս ապաւէն Զօրութենէ մը, իր ոչխարները, գառները մոլորութենէ փրկել ջանացող Հովիւէ մը, անբացատրելի եւ աներկբայ գոյութենէ մը, բան մը, որ ապահովութիւն կը ներշնչէ աղէտներով լի այս օրերուն:

Հիմա կը նայիմ ձեռքս անցած այս հիասքանչ հրատարակութեան՝ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»ին, կ՚ուզեմ անգամ մը եւս մանկանալ եւ ե՛ս կարդալ լուսահոգի մեծ մօրս, հասկնալով կարդալ եւ հրճուանք պատճառել անոր երկիւղած էութեան: Կարդալ հոն տեղ գտած սաղմոսները, Աստուածաշնչային պատումները..., հարցումներ ուղղել իրեն կամ պատասխաններ տալ եւ խաղերը մեկնաբանել միասին:

Երանի՜ կու տամ այսօրուան մանուկներուն, քանի անոնք ունին իրենց յարմար ոճով, պարզութեամբ ու դիւրին ընկալելի լեզուով Աստուածաշունչի պատգամները բացատրող հրատարակութիւն մը:

Գիրք մը իր բոյրով, պատկերներով, խորհուրդներով ու հաճելի խաղերով, հարցերով եւ պատասխաններով, ուր բացատրուած է գերագոյն իմաստը կեանքին՝ աշխարհի արարչագործութենէն, մարդուն ծնունդէն մինչեւ պատերազմները:

Գիրք մը, որուն էջերուն մէջ մանուկը, պատանին դիւրութեամբ կը քալեն, կը հասկնան իրենց ամբողջին՝ բնութեան, կենդանիներուն, տիեզերքին, մասնիկը ըլլալը, մասնիկ մը, որ ունի իրե՛ն յատուկ կարեւորութիւնը. կը հասկնան սիրոյ, իսկական ընկերութեան անշահախնդիր իմաստը, որ չի ճանչնար քէն, ատելութիւն, նախանձ, գոռոզութիւն, ագահութիւն, առանց որոնց անձը, անկախ տարիքէն, մանուկի պէս մաքուր կ՚ըլլայ, որուն Տէրը գրկբաց կ՚ընդունի, ինչպէս պատկերով նկարագրուած է գիրքին կողքին վրայ:

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք աշխատանք ունին սոյն գիրքին լոյս ընծայման մէջ, յատկապէս՝ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, գրող եւ հրապարակախօս՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021