ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Ազգային մեր իրականութեան մէջ մինչեւ կուսակցութիւններու կազմաւորուիլը, ի հարկէ ունէինք դպրոցներ, թերթեր, հրատարակութիւններ, որոցմով ազգը կ՚ուղղուէր: Այդ էր նպատակը. արթնցնել ժողովուրդը իր թմբիրէն՝ կարելիութեան չափով ի հարկէ, մանաւանդ այդ դարաշրջանին գրել գիտնալն իսկ մտաւորական ըլլալ կը նշանակէր: Այդ ժամանակի իրողութիւնն էր այդ: Ապա կուսակցութիւններ, միութիւններ, շարժումներ կազմաւորուելու առընթեր մակարդակն ալ վերելք ապրեցաւ, թէեւ միայն գրական դաշտը օգտուեցաւ: Մնաց կարծրատիպը, գրողն ու մտաւորականը շփոթեցան: Այսինքն՝ գրողը արդէն մտաւորական էր: Բայց ո՞վ է մտաւորականը արդեօք: Ի՞նչ են անոր յատկանիշները մանաւանդ այս օրերուն, ինչպէս կ՚ըսեն լիբանանցիները, երբ «ամէն մարդ խանութ մը բացեր է» ու իր ապրանքին հետամուտ է:

Խորհրդային Միութեան օրերուն գրական կամ քաղաքական որեւէ թերթի առաջին մի քանի պարբերութիւնները չէի կարդար: Դասական դարձած արտայայտութիւններու տուրքին տուրք տալու ո՛չ սիրտ, ո՛չ ալ ժամանակ ունէի տրամադրելու: Սակայն այդ միայն Խորհրդային Միութեան ախտը չէր, այլ համատարած, թէեւ ոչ այդքան փքուն: Հուսկ՝ մեր մէջ եւս: Վերջապէս մարդ ի՛րը պիտի ցուցադրէ, գովերգէ՝ նոյնիսկ թերագնահատելով ու անտեսելով ուրիշները: Ուրեմն պէտք պիտի ըլլային դպրոցներ, ակումբներ, որոնք ամրոցներ պիտի ըլլային, ուրկէ նուիրեալներ իրենց պարտքը պիտի կատարէին եւ նոյն պատկան դպրոցի շրջանակին մէջ ծառայէին: Ձեւով մը մտագրաւուած անձեր, որոնք պիտի ունենային իրենց ապրուստի աղբիւրը եւս՝ ծառայելով պատկան մարմիններու, որոնք արդէն մարդ-մեքենաներու վերածուած կ՚ըլլան, ուր անձնական կարծիքը կը խեղդուի (եթէ ունի) ընդհանուրին մէջ: Ու երբ ալիք մը կամ նոր իրականութեան մը առջեւ գտնուի, ընթացիկ իրականութիւնը ազգին, ու հարկ զգացուի նոր խօսքի, եւ ո՛չ ձայն, ո՛չ իսկ շշուկ մը բարձրաձայնուի, տեղէ մը կամ կարգ մը կողմերէ կը լսուի հարցումը. «Ո՞ւր են մտաւորականները»:

Մտաւորականը պէտք է լայն գիտելիքներ ունենայ, ըլլայ հմուտ համաշխարհային չափանիշով, ընկալէ երեւոյթները՝ պարպուելով իր անձէն ու նայի երեւոյթներու առարկայականօրէն եւ մանաւանդ ունենայ քաջութիւնը յայտնելու, արտայայտելու, բարձրաձայնելու՝ առանց տուրք տալու զինք դիեցնող շարժումին, անցեալ թէ ներկայ (քանի որ մարախի նման անձեր ալ կան, որոնք քիչ մը հոս են, քիչ մը՝ հոն): Կարճ՝ ըլլայ լրիւ անկախ: Բանաստեղծ մը, գրականագէտ մը, բանահաւաք մը, որ իր ծիրին մէջ կը շրջի միայն, արդեօք մտաւորական կարելի՞ է կոչել: Մտաւորականը կը պատրաստեն, կը պատրաստուի: Հաւաքականը կայ. պետութիւն, միութիւն, կուսակցութիւն: Պէտք է ամբողջանայ անհատին անձնական պատրաստուածութեամբ ալ, որպէսզի դառնայ ԱՆ-ՀԱՏ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019