ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Սիրելի ընթերցող,

Ի հեճուկս համաճարակին՝ կեանքը կը շարունակուի…: Ու պիտի շարունակուի մինչեւ որ մարի, այնպէս, ինչպէս պատմութեան անցած բազում ու բազմատեսակ համաճարակներ: Սակայն, գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ անոր հետեւանքները (անգործութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն) խոհեմաբար ու ճիշդ կերպով դիմագրաւելու եւ անկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու խնդիրը:

Փորձագէտներէն շատեր համոզուած են, որ անսպասելիօրէն ի յայտ եկած այս տնտեսական տագնապը հնարաւոր է, որ աւեր գործէ ամենէն յառաջադէմ եւ բարգաւաճ  երկիրներու մէջ իսկ: Եւ ըստ իրենց, եթէ այսպէս շարունակուի, կը նախատեսուի,  որ ասկէ ետք երկրագունդի տարածքին սովամահութենէն աւելի մարդ կրնայ մեռնիլ քան՝ քորոնաժահրէն: Նկատի առէք, որ ըստ «worldinfo» կայքին, իւրաքանչիւր 24 ժամուան ընթացքին, այսինքն ամէն օր, աշխարհի տարածքին միայն անօթութենէ կը մեռնին առաւել քան երեսուն հազար անձեր, որոնց մահացութեան դրդապատճառը պայման չէ որ քորոնաժահրը ըլլայ: Այո՛, օրապահիկով ապրող ժողովուրդի գոյատեւումը վտանգուած կը թուի ըլլալ ու ապագան՝ մռայլ: Անհաւանական չէ որ անկանխատեսելի տագնապներ եւս ստեղծուին տնտեսական, ընկերային, կենցաղային եւ նոյնի՛սկ առողջապահական ոլորտներէ ներս, որոնց հետեւանքով մարդկային փոխյարաբերութիւններու չափանիշները վերատեսութեան ենթարկուին ու մարդոց կեանքին մէջ (դրական թէ ժխտական) անսպասելի փոփոխութիւններ տեղի ունենան: Երեւոյթը մասնակի բնոյթ չունի, այլ առանց խտրականութեան կը շարունակէ տարածուիլ միջազգային ամենէն վստահելի կարծուած հարթակներու վրայ իսկ: Դժուար թէ մօտիկ ապագային (թէկուզ նոր արժեչափերով) կեանքը հունաւորուի ու ամէն ինչ հեզասահ ընթանայ, առաջուան նման: Այնուամենայնիւ, սակայն, հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է, որ ժամանակը իր անվերադարձ բնոյթով կեանքը կ՚ուղղորդէ ու կը ներդաշնակէ, համաձայն բնութեան տարերային  օրինաչափութիւններուն: Իսկ բնութեան քմայքին ենթակայ Մարդը  միշտ չէ, որ  հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ապրելու եւ գոյատեւելու իր Եսի ներքին թելադրանքին համապատասխան: Ահաւասիկ հո՛ս է, որ Ժամանակն ու Տարածութիւնը կը շեղին իրենց ծիրէն ու Մարդ Արարածը կ՚անճրկի, ահազանգի կը մատնուի ու անդոհանքը կը շարունակուի ու կը տարածուի… Թէեւ ոչ անվերադարձ:

Բայց, այդ նոյն հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է նաեւ, որ այդ միեւնոյն անճրկած ու ահազանգի մատնուած Մարդ Արարածը շրջանցելէ ետք բոլոր տեսակի փորձութիւնները, կրցած է գոյատեւել ու շարունակել կեանքը, յենուելով՝ մարդկային նոր ու տարբեր արժէքներու ու չափանիշներու վրայ, որոնք իրենց բարոյականութեան բնոյթով նախ Բանական Մարդը  կը զանազանեն Անբան Արարածներէն ու կեանքը կ՚իմաստաւորեն, այս անգամ յենուելով ոգեղէն համապատասխան սկզբունքներու ու արժէքներու վրայ:

Խօսքը՝ Ոգեղէն եւ Նիւթեղէն արժէքներու միջեւ ընթացող յաւիտենական մրցակցութեան մասին է անկասկած:

Իմ արուեստասէր ու լայնամիտ ընթերցող՝ գուցէ կարիք չկար այսքան խորանալու հարցին մէջ ու մտնելու մարդկային խոր ու առեղծուածային ծալքերէն ներս: Սակայն եթէ վերջին տասնամեակներուն, քիչ թէ շատ հետեւած ես միջազգայնօրէն ընդունուած ու գնահատուած տարբեր տեսակի (մասնաւորապէս յանձնառու) արուեստներու խթանման ու տարածման գործընթացին, նշմարած պէտք է ըլլաս որ ուղղակի՝ կամ անուղղակիօրէն մէկ կողմէն առաջ կը մղուի մարդ անհատը առանձնացնելու, աւելի անձնասէր (էկոյիստ) ու հաճոյամոլ դարձնելու ձգտումը, եւ միւս կողմէ աշխատանք կը տարուի Մարդը մարդկայնացնելու, ազնուացնելու ու կեանքը գեղեցկացնելու գեղագիտական գործօնը: Նիւթապաշտութեան ու ոգեղէն արժէքներու գնահատման միջեւ շղթայազերծուած պայքարը ստեղծուած է, նախամարդու մարդկայնացման ընթացքին ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Այս նիւթաբարոյական յաւիտենական «մրցակցութեան» մէջ, ուժային կշիռը գրեթէ միշտ թեքուած է նիւթապաշտութեան կողմը ու մարդը մղած՝ դէպի անասնական բնազդներու բացայայտման ու զարգացման, որոնք մէկ կողմէ մարդկային էութիւնը ապականելու եւ ոգեղէն արժէքները նսեմացնելու հակագեղագիտական գործընթացին կը ծառայեն եւ միւս կողմէ ոչ միայն վայրագութիւն կը խթանեն, այլեւ կ՚աւերեն նոյնինքն մարդու կողմէ եւ յանուն մարդու բարօրութեան համար ստեղծուած ողջ մշակոյթը: Այս յոռի երեւոյթին հակազդելու  համար, այդ նոյն մարդու բանականութիւնը հազարամեակներու ընթացքին ստեղծեց բազում ու բազմատեսակ գաղափարախօսութիւններ, վարդապետութիւններ ու համապատասխան կրօնքներ եւ օրէնքներ, որոնք սակայն իրենց մարդասիրական առաքելութեան մէջ մասամբ միայն յաջողած կը թուին ըլլալ: Այս ճգնաժամային օրերուն, թէեւ մարդկային վերաբերմունքները, ըլլան անոնք նիւթական օգնութեամբ, բարոյական աջակցութեամբ, անձնազոհութեամբ ու մասամբ նորին, թէեւ ի զօրու են ու կը  գործեն իրողապէս, այնուամենայնիւ նիթապաշտութենէն ծնած ընչաքաղցութիւնն ու աթոռամոլութիւնը կը շարունակեն իրենց աւերները գործել: Մեծապետական ամբաստանութիւնները եւ զրպարտութիւնները նոր թափ կը ստանան, պատերազմները կը շարունակուին, համաճարակային շահագործումներու տեսակները կը բազմանան ու կը բազմապատկուին, եւ մարդ անհատը կ՚ենթարկուի  ակամայ ստեղծուած «չարագործութեան» քմայքներուն:

Հարցը պարզացնելու համար նշենք, որ համաճարակը, ոչ միայն անկոչ ու տհաճ հիւրի նման եկած ու մտած է մեր տուներէն ու առհասարակ կեանքէն ներս, ոչ միայն ինքզինք կը պարտադրէ, այլեւ նոյնի՛սկ կը սպառնայ մեր կեանքին ու անուղղակիօրէն  ի նպաստ նիւթապաշտութեան կը բանի: Մինչ ոգեղէն արժէքներու հաւատացողները  կը փորձեն վանել անասնականը իրենց մէջէն, ընչաքաղցներն ու աթոռամոլները առիթը կ՚օգտագործեն, պարզապէս իրենց դիրքերը ամրապնդելու ու յագուրդ տալու իրենց վայրագ  բնազդներուն: Եւ այսպէս, պայքարը կը շարունակուի ու ապագան յղի կը մնայ (դրական թէ ժխտական) նորութիւններով ու անակնկալներով:

Իմ լաւատես ընթերցող, այո՛, հարկաւոր է հարցը դիտել նաեւ հակառակ կողմէն եւ նկատի առնել, որ բնական աղէտները, երբեմն դրական արդիւնքներ ալ տուած են: Օրինակի համար՝ հին ատեն, Եգիպտական Փարաւոնական ժամանակներուն, Նեղոս գետը ամէն տարի գարնան կը յորդէր, զայն կը համարէին ԱՂԷՏ ու դժբախտ պատահար, որովհետեւ ամէն ինչ կ՚աւերէր: (Ի դէպ Հին եգիպտացիները Նեղոս գետի յորդումը կ՚անուանէին ու կը հնչէին «աշէտ» կամ ԱՂԷՏ, ճիշդ այնպէս ինչպէս հայերէնի մէջ: Աղէտ բառը միակ «պատահականութիւնը» չէ, կան բազմաթիւ լեզուական, պատմական թէ հոգեւոր ուղղակի առընչութիւններ հայկական ու փարաւոնական մշակոյթներուն մէջ, որոնք առանձին ուսումնասիրութեան կը կարօտին): Եգիպտոսի Աղէտը յետոյ վերածուեցաւ ու համարուցաւ «Աստուծոյ պարգեւ», որովհետեւ առանց Նեղոսի յորդառատ ու արգասաբեր ամէնամեայ ողողումներուն, ո՛չ հազարամեայ Փարաւոնական այդ հսկայ մշակոյթը պիտի ստեղծուէր եւ ոչ ալ Եգիպտոսը պիտի կարողանար մինչեւ այսօր գոյատեւել: Նոյնն է նաեւ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու պարագան, Շումեր-Աքքատական մշակոյթներուն համար եւ Հինտուս ու Գանկէս գետերը՝ հնդիկ ժողովուրդին համար: Այլ տեսակի օրինակներ եւս կան, ինչպէս. Հռոմէական ժամանակաշրջանին Ներոն կայսեր կողմէ Հռոմի հրդեհումը եւ կամ Վեզիւվի հրաբուխի ժայթքումը, որ հակառակ անոր որ երկու մշակութապէս ու տնտեսապէս զարգացած հռոմէական քաղաքներ ամբողջութեամբ հրաշէկ լաւայի տակ ծածկեց, այսօր հնագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ կը համարուի օրհնութիւն մը, հնագիտութեան համար:

Անշուշտ յիշեալ այս աղէտները թէեւ ուղղակիօրէն համեմատելի չեն քորոնաժահրի գործած աւերին հետ, սակայն պատմութեան ընթացքին ի յայտ եկած համաճարակներէն, երբեմն մարդ արարածը քաղած է թէ՛ գիտական եւ թէ բարոյական դասեր ու ստացած՝ դրական արդիւնքներ եւս: Օրինակի համար, մեր օրերուն, աշխարհի կրթական համակարգը սկսած է վերատեսութեան ենթարկուիլ ու արդէն իսկ համալսարաններէն ու դպրոցներէն շատեր, ուսուցումը կը կատարեն հեռակայ կարգով՝ համացանցի միջոցով: Նոյն սկզբունքներէն մեկնելով, շատեր սկսած են տունէն աշխատիլ, իսկ ուրիշներ՝ նոյնիսկ միջազգային ժողովներ սկսած են համացանցի միջոցով կազմակերպել: Եթէ ուսուցման, աշխատանքի  եւ խորհրդակցութեան այս կերպերը պաշտօնապէս որդեգրուին ու համատարած դառնան, պատկերացուցէք ինչքան տարածք, ժամանակ, ուժանիւթ եւ կամ մթնոլորտի ապականում պիտի խնայուի մարդկութեան:

Իսկ մեզի համար կայ աւելին: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, քորոնաժահրի հետեւանքով, մարտ 1-էն մինչեւ հիմա, այսինքն երկու ամսուան ընթացքին հայրենիք վերադարձած են աւելի քան 63 հազար քաղաքացիներ: Եւ եթէ առնուազն քանի մը ամիս եւս հայրենադարձութիւնը շարունակուի նոյն թափով, պատկերացուցէք ազգային գետնի վրայ ինչքան մեծ շահ ապահոված պիտի ըլլանք:

Այնպէս որ մեզի կը մնայ այս համամարդկային աղէտը ընդունիլ նաեւ իբրեւ փորձառութիւն, տալով անոր նոր իմաստաւորում ու նոր գնահատում եւ փորձել դրական արդիւնքներ ու դասեր քաղել անկէ:

Իմ իրատես ընթերցող, եթէ կ՚ակնկալես որ այս ընդհանուր ֆոնին վրայ գործող մարդկային փոխյարաբերութիւնները եւ արժեչափերու խախտումները (ըլլան անոնք ժխտական թէ դրական) վերատեսութեան ենթարկելու, վերլուծելու եւ համապատասխան կառուցողական լուծումներու առաջարկներ ներկայացնեմ. կրնամ յուսախաբ ընել քեզ, որովհետեւ այդ բոլորը  իմ համեստ ուժերէն վեր են: Այս մէկը  տարբեր տեսակի մասնագէտներու համադրուած ու բծախնդիր աշխատանք կ՚ենթադրէ:

Իմ բանիմաց ընթերցող, ես իմ համեստ մտածումներս շարադրեցի, եզրակացութիւնը կը վստահիմ քու առողջ դատողութեան: Այո՛, այս դժուարին օրերուն մենք բոլորս  անհրաժեշտօրէն պէտք ունինք ոչ միայն իրար օգնութեան՝ այլեւ կարծիքներու անկեղծ ու անշահախնդիր փոխանակման…: Կարեւորը մարդկութեան ակամայ պարտադրուած այս  տարօրինակ  ու տհաճ կացութիւնը խելամտօրէն դիմակայելն է ու համբերութեամբ խուսանաւելը…:

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020