«ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄՈՎ…» ԱՄՆ «ՎՃՌԱԾ Է» ՊԱՏԺԵԼ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ը

Միացեալ Նահանգներու ելմտական պետական քարտուղար Սթիվըն Մանուչինի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւնը նոր էջ կը բանար Լիբանանի դէմ ընթացք առած արշաւի մը, որուն իսկական նպատակն էր ամէն գնով «նեղը դնել» «Հիզպուլլահ» կուսակցութիւնը։

Հաղորդագրութիւնը, որ կը սահմանէր նոր պատժամիջոցներ, «կ՚ողջունուէր» արաբական աշխարհի «սիւննի պլոք»ի ազդեցիկ տէրութեանց կողմէ։

Պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ կը ներգրաւուէին շիի կազմակերպութեան ղեկավար դէմքերը, որոնց առաջինը կը հանդիսանայ կազմակերպութեան առաջին քարտուղար՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլան։

Ի դէպ նախքան այս պատժամիջոցներուն յայտարարուիլը՝ ամերիկեան CIA-ը յատուկ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով պատժամիջոցներու ենթարկած էր «Հիզպուլլահ»ի մօտիկ համար-ւող անձնաւորութիւններ, որոնք կը գտնը-ւէին ու կը գործէին Լիբանանէն դուրս։

Եթէ արագ հայեացք մը նետենք Միացեալ Նահանգներու եւ «Հիզպուլլահ»ի միջեւ «յարաբերութեանց» պատմութեան վրայ, ապա պիտի նկատենք, որ մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահութեան վերջին օրերուն ամերիկեան վարչակազմը հասած էր այն եզրակացութեան, թէ «Հիզպուլլահ»ը «ցաւցնել»ու հիմնական բանալին անոր ունեցած նիւթական «աղբիւրներ»ը չորցնելն է։

Այդ եզրակացութիւնը «կը հասուննար» յատկապէս Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմէն (Յունիս 2006) ետք, երբ Իսրայէլի կառավարութիւնը հակառակ օգտագործուած ամենէն արդիական զէնքերուն, կը ձախողէր մահացու հարուած մը տալ «Հիզպուլլահ»ին, որ երեսուներեք օր դիմադրելէ ետք «կը գրաւէր» շրջանային խաղացող մը ըլլալու դիրքը։

Երբ Օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ մը կայացնելով կ՚որդեգրէր թիւ 1701 որոշումը, Թել Աւիւի կառավարութեան ռազմական մեծաւորները մէկ խնդիր առաջ կը քաշէին, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի չէզոքացնենք «Հիզպուլլահ»ը։

Այդ հարցադրումները մնացին Թել Աւիւի կառավարութեան սեղանին վրայ եւ Լիբանանի պատերազմէն 12 տարի անց՝ այսօր ստեղծուած է բոլորովին նոր իրավիճակ մը։

Կարեւոր փաստ է նաեւ, որ իսրայէլացի մէկէ աւելի վերլուծաբաններ տար-բեր առիթներով խօսելով իսրայէլեան բանակի ռազմունակութեան մասին, կը շեշտադրեն, թէ հակառակ անոր որ Իսրայէլի բանակը ունի ռազմական հզօր կարելիութիւններ, բայց եւ այնպէս, բանակի մարդկային ներուժը առաջուան պէս չէ։

Բաւականին փակ թեմա է Իսրայէլի բանակին «ներքին կարգավիճակ»ը։ Նիւթ մը, որուն մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ կան, սակայն գոյութիւն ունին տարբեր ակնյայտ փաստեր, որոնց հիման վրայ կարելի է եզրակացնել, թէ իսրայէլեան բանակը պատրաստ չէ նոր պատերազմի մը սկսիլ «Հիզպուլլահ»ին դէմ կամ վերաշխուժացնել իր հիւսիսային սահմաններու ճակատը։

ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլա ելոյթ մը ունենալով անդրադարձաւ շրջանային իրավիճակին՝ դիտել տալով, որ այս փուլին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ուղղութեամբ ռազմական որեւէ քայլ մեծ պայթումի պիտի վերածուի եւ իրենք պիտի թելադրեն խաղի «նոր կանոններ»։ Իրականութեան մէջ Նասրալլա «նոր կանոններ»ու մասին խօսելով՝ նկատի ունէր այս անգամ ռազմական գործողութիւնները դէպի Իսրայէլի խորքը փոխադրելու մասին։

Լիբանանի շիի առաջնորդը, որ տարբեր առիթներով խօսած էր կանոններ փոխելու մասին, այս անգամ որպէս յենարան կ՚ընդունէր սուրիական կողմէն դէպի Իսրայէլի Կոլան բարձունք հրթիռարձակումներու դէպքը, որ սուրիական այդ մասի գրաւումէն ի վեր կը կատարուէր առաջին անգամ ըլլալով։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս յիշեցնեմ, թէ անցեալ 10 Մայիսին սուրիական հողերէն հրթիռներ արձակուեցան Կոլանի ուղղութեամբ։ Հակառակ անոր, որ գրոհէն անմիջապէս ետք Իրան տարբեր բանբերներու բերնով հերքեց իր դէմ եղած մեղադրանքը, սակայն շրջանային մէկէ աւելի ականաւոր վերլուծաբաններ եւ զինուորական լրագրողներ «հաւաստիացուցին», որ հրթիռարձակումները կատարուած են Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իրանեան խարիսխներէ։ Բնականաբար այս զարգացումը կը խօսէր «խաղի կանոններ»ու փոխուելուն մասին ու շատ հաւանական է, որ Նասրալլա նաեւ այդ մէկը նկատի ունէր։

«ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄՈՎ…»

Այս տուեալները հաշուի առնելէ ետք յստակ կը դառնայ, որ մասնաւորապէս այս հանգրուանին իսրայէլեան կողմին համար ոչ մէկ ձեւով ձեռնտու է նոր պատերազմ մը հրահրելը։ Միջին Արեւելքի հարցերով «շահագրգռուած» կողմեր տարբեր առիթներով համոզում յայտնած են, որ շրջանին մէջ իրավիճակը արդէն իսկ քաոսային ըլլալու սահմանին է ու այդ պատճառով ալ նոր պատերազմ մը հրահրելը ամէն կերպով մերժելի է։

Կան ի վերջոյ խաղի կանոններ եւ Իսրայէլ առանձինն չի կրնար այդ կանոններէն դուրս գալով իր խաղը պարտադրել։ Ու այս վիճակներուն առջեւ Թել Աւիւի համար կը մնայ երկու ճանապարհ.

Առաջին՝ պատերազմ հրահրել Իրանի դէմ,

Երկրորդ՝ բոլոր տեսակի ճնշումներ բանեցնել Իրանի համար կարեւորագոյն լծակ հանդիսացող «Հիզպուլլահ»ին դէմ։

Ու եթէ Իրանի դէմ պատերազմ մը սկսելու մօտեցումը կը բախի միջազգային ներուժ ունեցող արգելքներու, այլ խօսքով այդ պատերազմին սկսելու համար հիմնարար դրոյթներ չկան։ Սա կը նշանակէ, որ միակ «աշխատող» դրոյթը «Հիզպուլլահ»ը թիրախ դարձնելն է ու այդ մէկը կարելի է ընել ոչ թէ ռազմական ճանապարհով, այլ՝ տնտեսական-ելմտական միջոցներով։

Եւ այս հեռապատկերին վրայ է նաեւ, որ աւելի յստակ կը դառնայ «Հիզպուլլահ»ի վերնախաւի գլխաւոր դէմքերը յստակօրէն թիրախ դարձուցած թրամփեան վարչամեքենային ժամկէտը։

«Հիզպուլլահ»ը «ծունկի պիտի գա՞յ» այս փուլին. դժուարին հարց է, մանաւանդ որ կուսակցութեան մօտիկ հանդիսացող մէկէ աւելի լրատուական պարբերականները յայտարարած են, որ Իրանի անմիջական նեցուկով գոյացած կազմակերպութիւնը լաւապէս պատրաստուած է դիմադրելու նման պատժամիջոցներու։

ԻՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ… ՊԱՏՈՒՀԱՆ

Պէտք է հաշուի առնել, որ վերջին շաբաթներուն լիբանանեան լրահոսին հիմնական առանցքը յատկացուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հրապարակուելիք պատժամիջոցներու խնդրին:

Հիմա հարց պիտի տանք. ի՞նչ կապ ունի Լիբանանը Միացեալ Նահանգներ-Իրան նոր լարումին մէջ, որ այս օրերուն սկսած է դառնալ Միջին Արեւելքի աւազանը յուզող թիւ մէկ հիմնահարց:

Ի դէպ, երբ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ կնքեց «5+1» անունով յայտնի «կորիզային համաձայնագիր»ը (2015), Լիբանանի շիի շրջանակներ ու յատկապէս անոնք, որ դէմ են «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան, որոշ «հանգստութիւն» մը ապրեցան մտածելով, թէ այդ համաձայնութեան ծիրին մէջ կան որոշ գործարքներ, որոնց հիմամբ Թեհրան պիտի առկախէր իր նիւթական աջակցութիւնը տարածքաշրջանին մէջ կարեւոր դեր ստանձնած «Հիզպուլլահ»ին: Կարգ մը վերլուծաբաններ ալ կը հաւատային, որ այդ համաձայնութեան շրջանակներուն մէջ Իրան ճնշումներ պիտի բանեցնէ «Հիզպուլլահ»ին դէմ, որպէսզի վերջինս իր ուժերը դուրս բերէ Սուրիայէն:

Եղան այս տիպի վերլուծումներ, սակայն էականն այն էր, որ Սուրիոյ ու յատկապէս Լիբանանի զարգացումներուն հետեւողները բաց կը թողէին կարեւորագոյն հանգամանք մը, ըստ որուն Թեհրան շատ աւելի «խորքային» խաղացող մըն է, քան ինչ որ շրջանառութեան մէջ դրուած էր այդ ժամանակ: Նախքան Ամերիկայի Իրանի դէմ դրուելիք պատժամիջոցները, Լիբանանի մէջ տեղի կ՚ունենային խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ինն տարուան դադարէ ետք տեղի ունեցած ընտրութիւնները կ՚աւարտէին բաւական անսպասելի արդիւնքներով:

Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս խորհրդարանին մէջ ստեղծուած պատկերին, ուր մասնաւորապէս նահանջ կ՚արձանագրէր երկրի թիւ մէկ ուժ համարուող սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը եւ անոր դիմաց կարեւոր աճ կ՚արձանագրէր Իրանի անմիջական նեցուկով «աճած» շիի «Հիզպուլլահ»ը:

Անսպասելի էին արձանագրուած արդիւնքները յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, ուր վարչապետ Սաատ Հարիրին կը կորսնցնէր իր պլոքի աթոռներէն կարեւոր տոկոս մը, իսկ շիի համայնքը իր շուրջ «կը հաւաքէր» այն սիւննի գործիչները, որոնք դէմ էին վարչապետ Հարիրիին:

Այս մթնոլորտին մէջ ալ բացայայտ կը դառնար, որ Լիբանանի նոր խորհրդարանին մէջ ազդեցիկ ներկայութիւն կը դառնան շիիները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը յաջողէին «գողնալ» եւ իրենց շարքերուն մէջ ներգրաւել Հարիրիի քաղաքական գիծէն դժգոհողները:

Տակաւին կար կարծիք, թէ Լիբանանի ընտրութեանց արդիւնքները ձեւով մը հետեւանքն էին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական զարգացումներուն, որոնց ընթացքին Սուրիոյ կառավարական ուժերը նեցուկը ունենալով ռուսաստանեան եւ յատկապէս իրանամէտ «Հիզպուլլահ»ին, կը յաջողէին կարեւոր յառաջխաղաց արձանագրել:

Ու այս բոլորին զուգահեռ բացայայտ կը դառնար, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած քաղաքական նոր իրավիճակը պիտի ամրապնդէր Իրանի ներկայութիւնը շրջանին մէջ:

Այս առումով աւելի դիպուկ ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ խօսքը ոչ միայն ամրապնդելու մասին է, այլ մանաւանդ Թեհրանի «քաղաքական կուրս»ը օրինական հիմքերու վրայ դնելու մասին:

Ու չէ բացառուած, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան նոր լարուածութեան լոյսին տակ սկիզբ առնէ քաղաքական պայքարի նոր փուլ մը, որուն ամենէն «տաք» գօտին կրնայ ըլլալ Պէյրութը, կամ այլ խօսքով ըսուած՝ Միջին Արեւելքի աւազանին վրայ բացուած իրանեան «նոր պատուհան»ը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 2, 2018