Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Զ.)
- Ի՞նչ կը նշանակէ «Ալէլուիա»։
- Ալէլուիա կը նշանակէ՝ զԱստուած օրհնեցէք, Տէրը բարեբանեցէք։
- Աւետարանի ընթերցման ատեն սարկաւագին աջ եւ ձախ կողմերը կեցող երկու մոմակիր դպիրները ի՞նչ բանի նշանակ են։
- Մոմակիր դպիրները կը խորհրդանշեն Քրիստոսի փառք ու պատիւ մատուցանող եւ սպասաւորող հրեշտակները, իսկ անոնց բռնած մոմերու բոցավառումը կը խորհրդանշէ Ս. Աւետարանի լոյսին ճառագայթումը (Հմմտ. Սղ 119.130)։
- Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Երեքսրբեան «Սուրբ Աստուած» աղօթքը որո՞ւ դիմաց կ՚արտասանէ։
- «Սուրբ Աստուած» աղօթքը ուղղուած է Ս. Երրորդութեան երկրորդ Անձին՝ Քրիստոսի։ Իսկ այլ յարանուանութիւններ զայն կ՚արտասանեն Ս. Երրորդութեան դիմաց՝ ջնջելով «որ խաչեցար, որ յարեար» յաւելուած տարբերակներ ունեցող բառերը։
Նշենք, թէ Երեքսրբեան շարականը առաջին անգամ արտասանած է Յովսէփ Արիմաթացին, որ Փրկիչին մահուան խորհուրդէն խորապէս ազդուած օրհնաբանած է զՔրիստոս, երբ զԱյն խաչէն վար կ՚իջեցնէր։
Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորութեան շրջանին «Սուրբ Աստուած» շարականը կ՚երգուէր Ս. Երրորդութեան դիմաց հետեւեալ ձեւով. «Սուրբ Աստուած, Ս. հզօր, Ս. անմահ, ողորմեա մեզ»։ Իսկ 471-ին, Անտիոքի Պետրոս Պատրիարքը «որ խաչեցաւ վասն մեր» բառերը աւելցուց սոյն շարականին վրայ՝ շեշտելով այս ուղղափառ վարդապետութիւնը, թէ Ս. Երրորդութեան երկրորդ Ա՛նձն էր, որ տառապեցաւ ու խաչուեցաւ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար (Հմմտ. Փլպ 2.8)։
- «Ս. Աստուած» աղօթքէն ետք ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։
- «Սուրբ Աստուած»ին կը յաջորդէ «Համամարդկային Քարոզ»ը։ Եկեղեցական հասկացողութեամբ, մենք «քարոզ» կը կոչենք սարկաւագին կողմէ բարձրաձայն եւ եղանակաւոր հրահանգները կամ յորդորները, որ անիկա կ՚ուղղէ ժողովուրդին, թելադրելով այն՝ ինչ որ ժողովուրդը պէտք է ընէ, ինչպէս օրինակ՝ «Օրթի» (ոտքի՛), «Ողջո՛յն տուք միմիեանց ի համբոյր սրբութեան» (Սուրբ համբոյրով ողջունեցէ՛ք զիրար) եւ այլն. կամ ինչ որ ժողովուրդը պէտք է ըսէ, օրինակ՝ «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք» (Դարձեալ խաղաղութիւն աղերսենք Տիրոջմէ), «Ասասցուք ամենեքեան միաբանութեամբ» (Բոլորս միաբերան ըսենք), «Սաղմոս ասացէք Տեառն Աստուծոյ մերում դպի՛րք» (Դպիրներ, սաղմո՛ս երգեցէք մեր Աստուծոյ), եւ այլն։
Արդ, այս հանգրուանին սարկաւագը կը յորդորէ ժողովուրդը, որ Աստուծմէ խնդրէ՝ աշխարհին խաղաղութիւն, Սուրբ Եկեղեցիին անսասանութիւն, աղօթք Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան՝ դպիրներուն, սարկաւագներուն, քահանաներուն, վարդապետներուն, եպիսկոպոսներուն ու հայրապետին, ինչպէս նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն եւ անոնց հոգիի փրկութեան, գերեալներուն, ճամբորդներուն, հիւանդներուն, ուխտաւորներուն եւ հանգուցեալ հոգիներուն համար, մէկ խօսքով՝ զինուորագրեալ եկեղեցւոյ։
- Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուող Ս. Գրային ընթերցումները ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն։
- Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորութեան օրէն իսկ Ս. Գրային ընթերցուածները հենքն ու կորիզը կազմած են բոլոր յարանուանական Եկեղեցիներուն արարողակարգին ու կեանքին մէջ։
Անցեալին, Մովսէսի ձեռքով Օրէնքը եւ մնացեալ ուսուցումները Իր ժողովուրդին տալէ ետք, Աստուած Մովսէսի միջոցաւ հրահանգեց քահանաներուն, որ տարուէ տարի այդ օրէնքներն ու ուսուցումները բարձրաձայն կարդացուին ժողովուրդին ներկայութեան, որպէսզի գիտցողները անոր մէջ արմատանան, իսկ չգիտցողները եւ նոր սերունդը լսեն եւ անով դաստիարակուին (Հմմտ Բ.Օր 31.9-13)։
Յետագային, ինչպէս արդէն յիշատակեցինք, ժողովարաններու մէջ պաշտամունքային կեդրոնը կը կազմէին աստուածաշնչական ընթերցումները, երբեմն անոնց կցուած բացատրութեամբ եւ կամ պատգամով մը: Քրիստոնէական Եկեղեցին հազիւ տաճարէն ու ժողովարաններէն դուրս եկած եւ անկախացած՝ որդեգրեց աստուածային ընթերցումներով ինքզինք դաստիարակելու այս կերպը:
Շատ յաճախ այս բաժինին կարեւորութիւնը անիրաւ կերպով անտեսուած է, որ, սակայն, անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնն է Քրիստոսի զոհագործման խորհուրդին: «Ճաշակեցէք եւ տեսէք զի քաղցր է Տէր» պիտի երգենք Պատարագի աւարտին, Սաղմոսին բառերով: Բայց ճաշակումը երկու տեսակ է. նախ միտքով՝ հոգեւոր ճաշակումը Աստուծոյ խօսքին, եւ ապա շրթներով՝ մարմնաւոր ճաշակումը մեր Տիրոջ Մարմինին եւ Արեան: Խորքին մէջ այս երկուքը նոյնն են. երկու տարբեր կերպերով: Երկուքով ալ Աստուծոյ Խօսքը՝ Բանը կը ճաշակենք. մէկը՝ անմարմին վիճակով, իսկ միւսը՝ մեզի համար մարմնացած վիճակով:
Արդարեւ, աստուածաշնչական ընթերցումները Աստուծոյ ձա՛յնն է որ լսելի կը դարձնեն, Աստուծոյ ինքնութիւնն ու կա՛մքն է, որ կը յայտնեն, եւ մեզ կը պատրաստեն աւելի մեծ յայտնութեան մը՝ Անարատ Գառնուկին զոհագործման Սուրբ Խորհուրդին։
- Ինչո՞ւ համար Ճաշու ընթերցուածները Եկեղեցւոյ ատեանէն կ՚ընթերցուին, մինչ Ս. Աւետարանը Խորանէն։
- Մարգարէական եւ առաքելական գիրքերէն քաղուած ընթերցումը կը կատարուի դասին կեդրոնէն։ Ասիկա իր յատուկ իմաստը ունի։ Մարգարէներն ու առաքեալները աշխարհի մէջ ներկայացուցիչը եւ արձագանգն են աստուածային ձայնին, առաջինները՝ իբրեւ «յառաջագոյն տեսանողները» Աստուծոյ Որդիին աշխարհ գալուստին եւ մեր փրկութեան, իսկ երկրորդները՝ իբրեւ «աւետաւորներն ու սպասաւորները Բանն Աստուծոյ»։ Մինչդեռ Աւետարանը պէտք է անպայմանօրէն Սուրբ խորանէն կարդացուի, որովհետեւ անով՝ մարմնացեալ մեր Աստուածը Ի՛նքն է որ ուղղակիօրէն կը խօսի մեզի։
- Նախանցեալ դարերուն քարոզը ե՞րբ տեղի կ՚ունենար։
- Նախանցեալ դարերուն քարոզը կը տրուէր Ս. Աւետարանի ընթերցումէն ետք։ Սակայն, ներկայիս քարոզախօսութիւնը կը կատարուի «Հայր մեր»էն առաջ, ինչ որ մէկ կողմէ կը խանգարէ Պատարագին կարգը, եւ միւս կողմէ՝ անտեղիօրէն իրարմէ կը հեռացնէ օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու քարոզը, մինչդեռ այս վերջինը՝ բացատրութիւնը պէտք է ըլլայ առաջիններուն, եւ անոնց վրայ հիմնուած օրուան պատգամը։
- Ինչո՞ւ համար հաւատացեալները Աւետարանի ընթերցումէն առաջ եւ վերջ «Փառք Քեզ, Տէ՛ր» կը բացագանչեն։
- Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Աւետարանի ընթերցումէն անմիջապէս ետք ժողովուրդը (դպիրները) կ՚աղաղակէ՝ «Փա՜ռք քեզ. Տէր Աստուած մեր»: Նոյն այս փառաբանութիւնը Աւետարանէն առաջ ալ կար, եւ Պատարագին մէջ թէ այլ արարողութեան մը ընթացքին՝ ամէն անգամ որ Աւետարան կը կարդանք՝ կարդալէ առաջ ու ետք, նոյն փառաբանութիւնն է որ կը կրկնենք, մեր երախտագին շնորհակալութիւնը յայտնելով Աստուծոյ, որ իր խօսքին հաղորդ դարձուց մեզ, եւ արժանի է մշտնջենաւոր փառաբանութեան: Այս հանգրուանին երգուած «Փառք քեզ Տէր»ը աննման է, փառաբանութեան սրտաբուխ եւ անզսպելի պոռթկում մը, որ Աւետարանով բարձրացած հոգիներէն ջրվէժի պէս բարձունքէն վա՛ր կը խուժէ, աստիճանաբար հանդարտելով երթալ թաղուելու համար հաւատքի երկիւղածութեամբ լեցուած հոգիներու խորը»:
- Ի՞նչ է Հաւատամքը։
- Գերշ. Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան գեղեցկահիւս կերպով «Հաւատոյ Հանգանակ»ի՝ «Հաւատամք»ի բացատրութիւնը կու տայ ըսելով. ««Հաւատամք»ը Եկեղեցւոյ միութեան եւ միասնութեան դրսեւորումն է՝ իր հաւատքին մէջ, այնպէս ինչպէս Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը Եկեղեցւոյ միութեան տեսանելի եւ շօշափելի արտայայտութիւնն է՝ նոյն Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան Ճաշակումով»։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մէկ է Մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած։ Մէկ է Տէրը, մէկ՝ հաւատքը» (Եփ 4.4-5)։ Առաքեալին յիշած Մարմինը Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին է, որ մէկ է եւ անբաժանելի, հիմնուած մէկ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ, շնչաւորուած մէկ Հոգիով՝ Սուրբ Հոգիով, եւ որդեգրուած միակ Հօր մը՝ երկնաւոր Հօր, որ «Հայրն է ամէնուն, որ կը տիրէ բոլորին, կը գործէ բոլորին ընդմէջէն, եւ կը մնայ բոլորին մէջ» (Եփ 4.6)։
Արդ, Եկեղեցին ամբողջութիւն մըն է ո՛չ թէ ազգի մը զաւակներուն, ո՛չ թէ նոյնախօս կամ նոյնագոյն մարդոց, այլ ամբողջութիւնն է Քրիստոսի հաւատացողներուն։ Այս հաւատքին շուրջ միութիւնը անհրաժեշտ է Քրիստոսի ճշմարիտ Եկեղեցին կազմելու համար։ Ահա թէ ինչո՛ւ Եկեղեցւոյ եւ անոր անդամներուն հաւատքը պէտք է ըլլայ մէկ եւ նոյն, եւ հարկաւ պէտք է ըլլայ ճշմարիտ, ուղղափառ, որպէսզի իրենց միասնութիւնը ըլլայ կատարեալ միութիւն՝ սիրոյ նոյն համբոյրին մէջ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ