ԱԿՆԱՐԿ - 39 - 116 ՏԱՐԻՆԵՐ… ՆԱՒԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ մը եւս շնորհուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ղեկավար անձնակազմին, աշխատակազմին եւ ընթերցողներուն, ականատեսն ու մասնակիցը դառնալու թերթիս 116-րդ տարեդարձին:

Ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որ ծնունդ են լուռ չարչարանքի, տառապանքի, մաքառումի եւ հոսանքն ի վեր թիավարելուն:

Ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որ արդիւնքն են յամառ դիմադրութեան, տքնաջան ջանքերու, անքուն գիշերներու եւ աշխատանքային երկար ու ծանր օրերու:

Ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որ պայմանաւորուած են ո՛չ թէ նիւթական կամ ենթակայական ակնկալիքներով, այլ «ճիտի պարտք»ի, առարկայական եւ հոգեբարոյական բաւարարուածութիւն գտնելու համար:

Ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որ տակաւին թերթս կը շարունակէ Հայ մամուլի նահապետի իր ղեկավար եւ պատասխանատու դերը լաւագոյնս կատարել, գրաւիչ օրինակ հանդիսանալով՝ յամառութեան, հաւատարմութեան եւ պատասխանատուութեան Հայ մամուլի միւս թերթերուն…:

Ի վերջոյ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որ գրաւականն են թերթիս հիմնադիրներուն, զայն մինչեւ օրս հասցնող սերունդներուն առջեւ հաւատարմութեան գիտակցութեան եւ անոնց սկսած գործը կիսատ չձգելու պատրաստակամութեան:

Ինչպէս ծովային կամ ովկիանոսային որեւէ մէկ նաւարկութիւն ենթակայ է բազմաթիւ վտանգներու, փոթորիկներու, բարձր եւ զօրաւոր ալիքներու, քամիներու, այդպէս ալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր անցնող 116 տարիներու ընթացքին անմասն չմնաց այդ դժուարութիւններէն եւ փորձութիւններէն: Մանաւանդ վերջին տասնամեակին, պայմանաւորուած տնտեսութեան համաշխարհային գետնի վրայ ունեցած անկայուն վիճակէն ու մնայուն տատանումներէն, հասնելով թագաժահրի պատճառած անկանխատեսելի բարդութիւններուն, թերթիս գոյատեւումը ա՛լ աւելի դժուարացաւ եւ յաւելեալ աշխատանքի, ճիգի, նուիրումի եւ զոհողութեան կարիքի դիմաց կանգնեցաւ:

Պատիւ սակայն թերթիս ղեկավար անձնակազմին, յանձինս խմբագիր՝ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆի, տիկին Նատիայի եւ պրն. Սարգիսի, որոնք հակառակ տարատեսակ դժուարութիւններու եւ արգելնքերու կը շարունակեն իրենց վստահուած նաւարկութիւնը, դէմ տալով կատաղի ալիքներու եւ փոթորիկներու յարձակումներուն:

Ձեր վարձքը կատար եւ ձեր եռանդը անպակաս:

Այս տողերը երբ կ՚արձանագրեմ, կը մտաբերեմ, թէ ի՜նչ կարելի է գրել կամ խօսիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին, որովհետեւ դժուար է 116 տարիներու ճանապարհորդութիւնը մէկ երկու էջերու մէջ ամփոփելը եւ զայն ընթերցողներուն ներկայացնելը: Աւելին, պատասխանատու գործ է եւ համարձակութիւն պահանջող գնահատական խօսք ըսել կամ գրել այս ճանապարհորդութեան մասին:

Այս մտորումներուն մէջ ինկած հետեւեալ գաղափարը ունեցայ, որ կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքին հետ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ՏԻՊԱՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆԿՈՏՐՈՒՄ ԿԱՄՔԻ:

Ով որ կը թերթատէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը վստահաբար պիտի համաձայնի վերը մեր տուած որակումին, որ թերթս հաւատարմութեան եւ անկոտրում կամքի տիպար է: Ներկայ ժամանակներուն մանաւանդ՝

Երբ համացանցը իր բազմատեսակ ոլորտներով սկսած է գերադասել թուղթին,

Երբ ներկայ կեանքին դժուար պայմանները մարդուն հեռացուցած են թուղթէն, թերթէն, գիրքէն,

Երբ մարդ իր ազատ ժամանակը լեցնելու համար բազմաթիւ եւ բազմատեսակ տարբերակներ ունի,

Երբ նիւթը իր համատարած իշխանութիւնը տարածած է գրեթէ բոլոր ոլորտներուն վրայ,

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը սակայն, հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներու տեսիլքին եւ նոյն այդ տեսիլքով գօտեպնդուած կը շարունակէ իր առաքելութիւնը առանց կուսակցական կամ յարանուանական հաշիւներու կամ նկրտումներու, առանց սպիտակ ու սեւի բաժանումներու, առանց նախկինի ու ներկայի կործանարար յորձանքին մէջ ներքաշուելու, ընդհակառակը՝ իր առաքելութեան գիտակից, կը շարունակէ ընթացքը անկոտրում կամքով. կամք՝ որ հակառակ իրմէ հսկայ ու զօրաւոր խոչընդոտներու, կը շարունակէ այդ խոչընդոտները քանդելով յառաջանալ, գոյատեւել եւ իր ձայնը լսելի դարձնել համայն հայութեան:

Երկա՜ր տարիներ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, մաղթելով որ տակաւին բիւր տարիներ նշուի անոր տարեդարձը:

Յ.Գ. Չնայած տեղը չէ, ո՛չ ալ առիթը, բայց պէտք է արձանագրել, որ ցաւալի է, թէ ո՛չ մէկ պաշտօնական կառոյց, թերթ կամ խմբագրութիւն անդրադարձ կատարեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 116-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ: Ճիշդ է, որ մեր մօտ ընդունուած սովորութիւն է կլոր թուականներու առիթով շնորհաւորանքներ յղել, բայց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, Հայ Մամուլի ՆԱՀԱՊԵՏին պարագան այդպիսին պիտի չըլլայ. ընդհակառակը, իւրաքանչիւր հայ պէտք է փայփայէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, անոր մէջ տեսնելով հաւատարմութեան եւ չկտրուելու, դժուարութիւններուն չյանձնուելու եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու համարձակութեան անկոտրում կամք, ինչ բանին այսօր՝ առաւել քան երբեք ազգովին կարիքն ունինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 հոկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2023