ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ծնած եմ գիրքերու աշխարհին մէջ։ Մեծ մայրս ունէր մեծ գրադարան։ Ան միշտ կը պարծենար, թէ ինք հարուստ է իր գիրքերով։

Վա՜յ անոր, որ կը համարձակէր անփոյթ վարուիլ գիրքի մը դէմ. անմիջապէս կ՚արժանանար մեծ մօրս կշտամբանքին։

Գիրքերը ամէնուր էին մեր տան մէջ։ Անոնք թերեւս մեր տան միակ զարդերն էին, ուրկէ կը ճառագայթէր իմաստութեան լոյսը։

Տարին քանի մը անգամ Իզապելլա մեծ մայրս խնամքով կը շտկէր իր հարիւրաւոր գիրքերը։ Կ՚առնէր անոնց փոշիները, կը թերթէր ու գեղեցկօրէն կը դասաւորէր գրապահարանին մէջ։ Սա հաճելի գործընթացը բաւական ժամանակատար էր՝ իրմէ կը խլէր գրեթէ օր մը։ Առտու կանուխ կը սկսէր ու կէսգիշերին հազիւ կը լմնցնէր։ Ես ալ անոր պզտիկ օգնականն էի, թէ՛ կ՚օգնէի եւ թէ ուշադիր կը զննէի դէմքին արտայայտութիւնը տատիկիս, որ ամէն գիրքի հետ կը փոխէր իր երանգը։

Երբ տակաւին տառաճանաչ չէի, կը սիրէի թերթել պատկերազարդ գիրքեր։ Անպայման տատիկէս կը խնդրէի ընթերցել ինծի համար կամ պատմել պատմութիւն մը։ Ան մեծագոյն սիրով միշտ կ՚ընդառաջէր իմ խնդրանքին։

Մեծ մայրս յաճախ գիշերները ինծի համար հեքիաթ կը պատմէր, երբեմն ալ՝ մեծ հայրս։ Ես մտովի կը խորասուզուէի այդ հեքիաթներուն մէջ։ Ոչ մէկ անգամ որեւէ պատմութիւն մինչեւ վերջ մտիկ ըրած եմ։ Կէսէն անպայման կը քնանայի։

Ժամանակի ընթացքին ես ունեցայ իմ հեքիաթը, որ այստեղ՝ իմ ներքնաշխարհիս մէջ է։ Կուրօրէն կը հաւատամ իմ ստեղծած հեքիաթին։

Դպրոցահասակ դառնալէ վերջ մխրճուեցայ գիրքերու աշխարհին մէջ։ Իմ պատանեկութեան տարիներուն կարդացի տատիկիս գրադարանի գրեթէ բոլոր գիրքերը։ Գիրքը դարձած էր իմ մտերիմ ընկերն ու բարեկամը. անոր հետ կը քնանայի ու կը զարթնէի։ Պահ մը այնքան շատ մտերմացանք, որ սկսայ իրար խառնել երեւակայական ու իրական աշխարհները։ Արդիւնքին գիրքերու աշխարհը զիս հեզասահ փոխադրեց երազներու մոլորակ, ուր մինչեւ հիմա կը գտնուիմ ես. չեմ ալ պատրաստուիր լքել զայն։

Այսօր ալ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ գիրքի հանդէպ սէրը իմ մէջ սերմանած է իմ՝ անգին, թանկագին մեծ մայրը, որու համար ես անյատակ շնորհակալ եմ անոր։

Գիրքն է, որ կը փրկէ մեր աշխարհը, մեր աչքերը բանալով մեզ կը դարձնէ աւելի լաւ ու բարի։ Քանզի Հեռատեսիլով, համացանցով, ձայնասփիւռով, լուրերով այսօր տեղեկատուութեան հեղեղ մը կայ։ Սա ամէնը ունի միայն մէկ նպատակ՝ բթացնել մեր ուղեղը։ Աշխարհի տէրերուն ձեռք չեն տար սուր ուղեղով խորհող մարդիկ։ Անոնց պէտք են զանգուածներ՝ կառավարուող զանգուածներ։

Նորաձեւութեան ճարտարարուեստը, դեղերը, մթերքը, որոնք սնունդ անուանելը վիրաւորական է սնունդ բառին համար… Զուարճանքի կեդրոններուն մէջ առաջարկուող թմրադեղերը, մեծ տեսականի ունեցող ոգելից խմիչքները… Սա բոլորը մեզի կը մատուցուի փայլուն, գեղեցիկ ծրարաւորումներով։ Գեղեցիկ ծուղակ մըն է, որպէսզի մենք խաղանք, զբաղինք, բթանանք։ Ինչո՞ւ, որպէսզի, յանկարծ օր մը չսկսինք խոկալու։ Մենք անպաշտպան ենք անոնց դէմ, ինչպէս՝ նորածին մանուկ մը։ Իսկ ասոր միակ լուծումը գիրքն է, շատ գիրք կարդալը։ Դասական, թէկուզ ըլլան նոր գրողներ։ Լաւ գրողներ կան։ Վստահ եղէք, թէ ուրիշ հնարք մը, լուծում մը չկայ։ Պարզապէս չկայ։ Լաւ թերթը, պակաս օգտակար չէ լաւ գիրքէն։ Զայն նոյնպէս պէտք է կարդալ, ժամանակի սղութեան պարագային՝ գոնէ աչքէ անցընել։ Սակայն այսօր քանի՞ հոգի կը կարդայ թերթ… կը դժուարանամ պատասխանել։

Յիրաւի, մինչեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մեծ ընտանիքի մի փոքրիկ մասնիկ դառնալը, ես նոյնպէս թերթ կարդալու սովորութիւն չունէի, քանզի մեր տան մէջ կը բացակայէին թերթերը։ Թերթի մէջ աշխատելով՝ հասկցայ, որ թերթը ոչ միայն լրատուական, տեղեկատուական, այլեւ կրթութեան ու դաստիարակութեան, բազմակողմանի զարգացման, իրազեկման, եւ ամենակարեւորը՝ հայ մնալու, օտարութեան մէջ հայկական ոգիով սնանելու հսկայական աղբիւր մըն է։

Օր մը իմաստուն մի կին ինծի ըսաւ. «Աղջիկս, ձեր տունը՝ սեղանին կամ աչքառու տեղ մը միշտ ունեցիր հայկական թերթ։ Նոյնիսկ եթէ չես կարդար, քեզ չի հետաքրքրեր, թերթի առկայութիւնը մասնաւորապէս օտարութեան մէջ պարտադիր է։ Քանզի ան գերբնական ուժ մը ունի. ունակ է հայեցի սերունդներ կրթելու եւ դաստիարակելու։

«Եթէ տունդ թերթ ունենաս, օր մը պարզապէս կը թերթես կամ չես թերթեր։ Օր մըն ալ խորագիր մը կը կարդաս։ Կամաց-կամաց կ՚անցնիս նիւթերու ընթերցանութեան։ Այսպէսով, թերթի հանդէպ սէր կը ծնի քու մէջ։ Նախապէս ան կը դառնայ քու պարապ ժամանակի զբաղումը, այնուհետեւ թերթ կարդալը կը վերածուի հաճելի սովորութեան։ Մէկ ալ տեսար այդ թուղթի կտորները դարձան ձեր ընտանիքի անբաժանելի մասնիկը։

«Ամենակարեւորն ալ այն է, որ այս ամէնը տեղի պիտի ունենայ զաւկիդ կամ զաւակներուդ աչքին առջեւ։ Ինքնըստինքեան թերթի հանդէպ սէրը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, ապահովելով վերջիններուս հայ մնալու, հայախօս ըլլալու երաշխիքը»։

Ես ականջիս օղ ըրի սա անգին խորհուրդը ու կը փորձեմ առաջնորդուիլ անով։

Եկէ՛ք, միասնաբար բացայայտենք մենք մեզ, մեր կարողութիւնները՝ գիրքերու, լաւ թերթերու ծովածաւալ աշխարհին մէջ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020