«ԴԱՒԱԴՐԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ԼԱՐՈՒԱԾ ՇՐՋԱՆԻՆ ԽԻՍՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա, յետոյ ալ Ատըեաման տուած այցելութեան մասին քննարկումները կը շարունակուին։ Մեծ հաշուով, մինչեւ այս պահը հնչած քննադատութիւնները լուրջ ազդեցութիւն մը ունենալու իրական ներուժը չունին։ Անշուշտ, կայ նաեւ վարկած մը, ըստ որու Հայաստանի ընդդիմութիւնը ձեռքերը վաղուց լուացած է այս իշխանութիւններէն, հետեւաբար անոր քայլերը նոյնիսկ արժանի չի համարեր որեւէ տեսակի քննարկման։ Այս բոլորէն անդին բացակայողը շինիչ քննդատութիւն ունենալու դրոյթն է՝ պարագայի մը մէջ, երբ շեշտուած են ո՛չ միայն ընդդիմութեան սխալները, այլեւ յատկապէս իշխանութեան մեծամտութիւնը։ Կայ նաեւ ուրիշ վարկած մը, ըստ որու Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ համար առնուած այս մարդասիրական քայլը պիտի չկարողանայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղեալ ամբողջ գործընթացը։ Եւ այս դրուածքին յենլով՝ ընդդիմադիր շրջանակներ հարց կու տան, որ եթէ Հայաստանի մարդասիրական քայլերը որեւէ դրական վիճակ պիտի չստեղծեն, ապա կ՚արժէ՞ր ի վերջոյ այդքան մեծ զիջումներու երթալ ու «պատմական թշնամի»ի օգնութեան հասնիլ։

Այս բոլորը վարկածներ են, սակայն քաղաքական ընկալումներ չեն այնպիսի պահու մը մէջ, երբ Հայաստան ամենէն շատ կարիքն ունի սառն դատումներու, որպէսզի կարողանայ ճիշդ գնահատել իր շուրջ ստեղծուած վիճակները եւ ըստ այդմ որոշակի քայլեր առնել։

Հայաստան խնդիր ունի Ատրպէյճանի հետ, կայ Արցախի մեծ հարցը ու ասոր կողքին կայ Թուրքիոյ նոր դերը, որ կայմուած է Թուրքիոյ ներկայ իշխանութեանց ամուր քաղաքականութիւններուն, նաեւ համակարգային ուժին վրայ։ Միւս կողմէ, արտաքին բոլոր խաղացողները Հայաստանին կը թելադրեն, որ երթայ ու լեզու գտնէ Թուրքիոյ հետ։ Բնականաբար, այս մօտեցումները ունին քաղաքական, բայց մանաւանդ՝ անվտանգութեան հիմունքներ։

Այս բոլորը լաւ սերտելով, նաեւ Արցախի պատերազմի խայտառակ պարտութիւնը աչքի առջեւ ունենալով՝ Երեւանի իշխանութիւնները հաւասարակշռուած ու խելացի քայլով մը կը դիմեն Անգարային։

Բան մը պիտի ստանա՞յ Հայաստան այս բոլորէն, կամ հայ-թրքական գիծին վրայ բեկումնային զարգացումներ պիտի ըլլա՞ն ի վերջոյ։ Կան այս հարցումները, անշուշտ, բայց անոնցմէ անդին կայ դիւանագիտական բարձր որակի լեզու մը, որուն դիմաց Անգարա չի կրնար անտարբեր մնալ։ Ի՞նչ որակով, ի՞նչ մակարդակի պատասխան մը պիտի լսենք Անգարայէն։ Սա ցարդ յայտնի չէ, սակայն աւելի քան յայտնի է, որ երեսուն տարուան անցեալէ վերջ այսօր Թուրքիա-Հայաստան ճանապարհը շատ աւելի մօտ է՝ քան ինչ որ էր անցեալ երեսուն տարիներուն։

Յայտնի է նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութեան համար երեւելի դարձած որեւէ դրական քայլ կրնայ դարձեալ թիրախ դարձնել զանոնք։ Անոնց համար կրնայ ըսուիլ «թրքամէտ», սակայն այդ բոլորը էական չեն։ Պարզ է, թէ ինչո՛ւ էական չեն։ Արդարեւ, քննադատութիւններէ եւ առարկումներէ անդին՝ Հայաստան երկիրը այսօր կարիքն ունի անվտանգութեան եւ ապահովութեան ու այդ առումով Թուրքիա ունի շատ մեծ ներուժ մը՝ առնուազն զսպելու համար Ատրպէյճանի նկրտումներն ու ախորժակները։ Ու այս պրիսմակէն դիտելով՝ հարկ է այսօրուան պատկերին նայիլ միայն ու միայն սառն հայեացքներով, նաեւ մէկդի դնելով ամէն մակարդակի զգացական զեղումներ ու մօտեցումներ։

Միրզոյեանի Անգարա այցելութեան ու զուգահեռաբար ստեղծուած վիճակներուն մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է հասարակական գործիչ Գայիանէ Աբրահամեան. «Այս օրերուն մեծ թիւով լրագրողներ հարց կու տան, թէ արդեօք ճի՞շդ է Արարատ Միրզոյեանի այցը Թուրքիա։ Անոնց շատերուն հարցերը յաճախ համեմուած են դաւադրապաշտական տեսութիւններով կամ «դաւաճան-թրքամոլ» բնորոշումներով եւ քանի որ ժամանակ չունիմ բոլորին արձագանգելու՝ կարճ այստեղ գրեմ։ Նախարարին Թուրքիա մեկնիլը դիւանագիտական կարեւոր եւ ճի՛շդ քայլ էր։ Անոր նախորդած էին մարդասիրական օգնութիւնն ու փրկարարներու ուղարկումը, ինչ որ քանի մը կողմերով դարձեալ ճիշդ էր»։

Մեկնաբանութեան մէջ յիշեցուած է, որ օրեր առաջ Թուրքիա այցելած էր նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ այն պարագային, երբ ընդամէնը երկու ամիս առաջ Անգարա սպառնացած էր Աթէնքին։ Այս այցը բոլորովին բացառիկ կամ աննախադէպ չէ ու սա դիւանագիտական նոր մօտեցում մը չէ։ Աղէտներու ժամանակ բազմաթիւ հակամարտ երկիրներ իրարու ձեռք կրնան մեկնել, ինչ որ կրնայ ապահովել յարաբերութիւններու որոշակի բարելաւում կամ առնուազն՝ լարուածութեան նուազում։ Այսինքն՝ ո՛չ բարեկամութիւն, ո՛չ կարգաւորում, այլ գոնէ երկխօսութեան հնարաւորութիւն։

Նման աղէտներու դիւանագիտութեան օրինակներէն է Հնդկաստան-Փաքիստան գործակցութիւնը 2001 թուականին։ 26 յունուար 2021-ին տեղի ունեցած Հնդկաստանի աւերիչ երկրաշարժը խլեց 25 հազար մարդու կեանք։ Երկրաշարժէն չորս օր անց Փաքիստան, որու հետ բուռն հակամարտութեան մէջ էր Հնդկաստան, առաջարկած էր աջակցութիւն։ Աւելի ուշ, փետրուարի 2-ին, տեղի ունեցած էր երկու երկիրներու ղեկավարներու առաջին հեռախօսազրոյցը եւ նոյն տարուան ամրան անոնք կազմակերպած էին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ժողով մը։ Յաջորդ տարիներուն, ի հարկէ, լարուածութեան աճ, ահաբեկչական գործողութիւններ եղած էին, սակայն, աղէտի դիւանագիտութեան շնորհիւ հնարաւոր եղած էր կանխել լայնածաւալ պատերազմ մը։

Հայաստան նախկին տարիներուն եւս կիրառած է աղէտի դիւանագիտութեան մեթոտը ու սա բոլորովին առաջին դէպքը չէ, որ Հայաստան ձեռք կը մեկնէ կամ երկրի պաշտօնեաները կ՚այցելեն Թուրքիա։ Մեկնաբանութեան մէջ յիշեցուած է, որ հայ փրկարարները 1999 թուականի օգոստոսին մեկնած էին աջակցելու Իզմիթի երկրաշարժէն տուժածներուն։ Նոյն տարուան փետրուարին անոնք Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան ղեկավարութեան գլխաւորութեամբ կրկին Թուրքիա էին։ Այդ օրերուն Թուրքիա մեկնեցաւ նաեւ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ մասնակցելու ԵԱՀԿ-ի գագաթնաժողովին։

1999-ի հոկտեմբերին, խորհրդարանին մէջ պատահած ահաբեկչութենէն յետոյ, Երեւան ժամանած էր Թուրքիոյ պետական նախարարը՝ մասնակցելու սպաննուած պաշտօնեաներուն սգոյ արարողութեան:

Հայ փրկարարները Թուրքիա մեկնած էին նաեւ 2011 թուականի հոկտեմբերին՝ Վանի աւերիչ երկրաշարժի օրերուն։

Ընդհանուր առմամբ, Իսթանպուլ կամ Անգարա այցելած են Հայաստանի բոլոր արտաքին գործոց նախարարները՝ բացառութեամբ Զօհրապ Մնացականեանի։ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, Վահան Փափազեան, Ալեքսանդր Արզումանեան, Վարդան Օսկանեան, Եդուարդ Նալպանտեան… Թուրքիա այցելած են նաեւ Հայաստանի նախկին բոլոր նախագահները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։

Խորհրդածութիւն-գրառումը եզրափակուած է հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Դիւանագիտութիւնը միագիծ ու միաշերտ գործընթաց մը չէ եւ դաւադրապաշտական տեսութիւններու քարոզչութիւնը այս չափազանց լարուած շրջանին խիստ վտանգաւոր է»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2023