ԱՌԱՋԻՆ ԺԱՄԵՐ՝ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ
Առաջին անգամ Գնալը կղզի ոտք դրի 2014-ի յուլիսին։
Երեկոյ մըն էր, ժամը 7-ի կողմերը, երբ շոգենաւէն իջայ. հովը կ՚ողջունէր մեզ, ճամբորդներս, աւետելով քաղաքի խեղդող տաքէն մեր համեմատական ազատման մասին։
Տիկին Գոհարը, որուն հետ նախապէս կապ հաստատած էի պէյրութցի համածանօթի մը միջոցով, խոստացած էր զիս դիմաւորել. «Նաւէն իջի՛ր, շիտակ քալէ՛, աջին ծառ մը կայ. անոր քով պիտի սպասեմ քեզի», ըսած էր կարճ հեռախօսազրոյցի ընթացքին։
Բարեւեցինք. «Քեզ աւելի մեծ կը սպասէի», ըսաւ եւ առաջարկեց, որ միասին սպասենք ամուսնոյն, Բեգլարին, որ քաղաքի գրախանութը փակելէ ետք կղզի կու գար ամէն ամառնային երեկոյ։ ԹԷեւ զիս տեսնելով անակնկալի եկաւ, այնուամենայնիւ պարոնը առաջարկեց միասնաբար ընթրիքի երթալ։
Քառորդ ժամ ետք, նստած կղզիի մի քանի մէյհանէներէն մէկուն սեղանին, կը զրուցէինք։ Հաճելի էր լսել պարոնին մաքուր ու հարուստ հայերէնը, ինչ որ հազուադէպ երեւոյթ է ժամանակակից Պոլսոյ մէջ։ Չդիմանալով հարցուցի. «Ամօթ չըլլայ հարցնելը, ձեր հայերէնը ինչի՞ շնորհիւ այսքան հարուստ է ու տարբեր՝ մինչեւ հիմա լսածներէս»։ «Մելգոնեա՜ն», պատասխանեց պարոն Բեգլարը եւ աչքերը վայրկեան մը սեւեռուեցան օղիի բաժակին. կարծեմ մտքով գնաց Կիպրոս։
Զգալով, թէ ամուսինը անջատուած էր մեզմէ, Տիկին Գոհար ստանձնեց լուսաբանման պարտականութիւնը եւ պատմեց, որ որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, վաթսունական-եօթանասունականներուն, քիչ-քիչ շատցած էր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարան որպէս գիշերօթիկ գացող պոլսեցի սաներու թիւը։ Յետոյ, դժբախտաբար խզուած էր Պոլիս-Կիպրոս (ու Պոլիս-սփիւռք) այդ կապը, երբ պետական ներկայացուցիչներ սկսած էին մտահոգութիւն յայտնել (դուք հասկցէք՝ ճնշում գործադրել) ծնողներուն այն մասին, թէ իրենց զաւակները կրնային «հայկական սփիւռքի քաղաքական ու ահաբեկչական ազդեցութիւններու տակ իյնալ…»։
Սփիւռքի մէջ ինչքան անծանօթ ենք պոլսահայոց պատմութեան, մտածեցի արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով։ Կը կարդանք, կը լսենք, կը խօսինք սփիւռքեան տարբեր գաղութներու քաղաքական կեանքի մասին, յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, յաճախ ամբողջովին անտեսելով այն փաստը, որ նոյն այդ ժամանակներուն, նոյն այդ սրացող պայքարի տարիներուն, Պոլսոյ ու Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ ապրած են հայեր։ Ի՞նչ ազդեցութիւններ ունեցած են հայ-թրքական ուղղակի թէ քարոզչական-դիւանագիտական փախումները Թուրքիոյ հայ համայնքի, անոր կառոյցներու ու հաստատութիւններու վրայ։ Հարցում մըն է, որուն խոր ու համապարփակ պատասխան դեռ պատմագրութիւնը չէ տուած կարծեմ։
Այս մտածումներուս վրայ կարծես աղ ու պղպեղ եղան զոյգին անսպասելի յայտարարութիւնները։ «Ես Դաշնակցական եմ», ըսաւ Տիկին Գոհար։ «Իսկ ես՝ աւելի Ռամկավար», ներկայացաւ Պարոն Բեգլարը։
Զրուցակիցներէս ոչ մէկը, անշուշտ, կուսակցական որեւէ պատկանելիութիւն ունէր, ինչպէս բոլոր պոլսահայերը։ (Օր մը նոյն կղզիի նաւամատոյցին վրայ տիկին մը ինծի պիտի ըսէր. «Մենք ձեր ատ դաշնակը հնչակը չունինք… ատանկ աւելորդ բաներ չենք սիրեր»։) Այդ պիտակները ի՞նչ ոլորապտոյտ ճամբաներով անցեր, ի՞նչ իմաստներ հաւաքեր էին իրենց շուրջ ու հասեր Պոլիս, կը դժուարանամ յստակ պատասխան տալու։ Բայց «Դաշնակցականը»՝ «տաք-գլուխ» ու «ծայրայեղ ազգասէր»ն էր, իսկ «Ռամկավար»ը աւելի մեղմը, «հաւասարակշռուած»ը, «եոլա գացող»ը… յառաջիկայ օրերուն զոյգը աւելի մօտէն ճանչնալս օգտակար պիտի ըլլար այս մեկնաբանութեանս համար։
Բայց վերադառնանք հայերէն լեզուին ու պոլսահայոց… յաջորդ յօդուածով։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ