ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԵՐՐՈՐԴ ԿԱՄ ՉՈՐՐՈԴ

Ո՞վ կը յիշեցնէ մեզի Պաղեստինի կորուստէն մինչ օրս հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւն մը, որեւէ մէկ քայլի, կամ ժողովի, կամ երկխօսութեան աւարտին, ոեւէ մէկ արաբ պաշտօնեայի կամ կողմի եւ ոեւէ մէկ օտար պաշտօնեայի կամ կողմի միջեւ, քաղաքականութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, մարզանքի մասին, ուր անպայման երկու կողմերը հաստատած չըլլան, թէ՝ «երկխօսութիւնը շինիչ ու արդիւնաբեր էր, կողմերուն տեսակէտները իրարու համակարծիք էին: Տակաւին, գրեթէ բոլոր խնդիրներու պարագային իրերհասկացողութիւնը կատարեալ էր»:

Թէեւ արաբական աշխարհը աւերուեցաւ եւ անոր մէջ քար քարի վրայ չմնաց, բացի բանտերէն, գաղթակայաններէն եւ իրենց ժողովուրդներէն շա՜տ սիրուած ղեկավարներէն:

Թէեւ արաբական գաղտնի սպասարկութիւնները իրարու համապատասխանող ծնօտներ չեն ձգած իւրաքանչիւր արաբ քաղաքացիի՝ ով քաղաքականութեամբ կը զբաղի: Տակաւին, թէեւ ո՛չ մէկ արաբական երկիր մնացած է, որ հասկնայ [հաշտ ըլլայ] ուրիշ երկիր մը, կամ կուսակցութիւն մը՝ հասկնայ իր դրացի կուսակցութիւնը: Նոյնիսկ Ֆէյրուզն ու Րահպանի եղբայրները իրարու հետ չհամաձայնեցան: Այս բոլորով հանդերձ, արաբական միացեալ յայտարութիւնները նոյն ձեւաչափով եւ նոյն բառերով կը հրապարակուին, ինչպէս նաեւ նոյն ողջոյնով՝ նահատակներուն, իսկ ողջերուն՝ ապուշի տեղ դնելով:

Ձախողեցանք Պաղեստինի, Եմէնի, Եթովպիոյ, Ուկանտայի, Արեւմտեան Անապատին, Լիբանանի, Պարսկաստանի եւ Աֆղանիստանի մէջ:

Ձախողեցանք Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի մէջ:

Ձախողեցան արաբ-եւրոպական երկխօսութեան եւ չէզոք երկիրներուն մէջ:

Ձախողեցանք թագաւորական եւ հանրապետական միութեան մէջ:

Ձախողեցան յունիսի պարտութեան եւ հոկտեմբեր յաղթանակին մէջ:

Ձախողեցանք նաւթի, ֆոսֆաթի եւ բնական կազի մէջ:

Ձախողեցանք համերաշխութեան եւ դիմադրողութեան մէջ: Ինչպէս նաեւ նպատակի եւ ճակատագրի մէկութեան մէջ:

Ձախողոցանք Խարթումի, Րապաթի եւ Ժընեւի համագումարներուն մէջ:

Ապա ձախողեցանք նախաձեռնութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ինքնիշխանութեան երկխօսութիւններուն մէջ:

Ձախողեցանք նոյնիսկ դաւաճանութեան մէջ:

Այս բոլորով հանդերձ, արաբական միացեալ յայտարարութիւնները տակաւին կը հրապարակուին եւ անոնց առաջին խրատը այս ձեռքբերումներուն մասին է, աշխատիլ անոնց վրայ ու պաշտպանել զանոնք, սպառնալ բռնապետութեան եւ կայսերապաշտութեան, որ յանկարծ չդպնան այս բոլորին, ինչպէս նաեւ խոստանալ արաբ ժողովուրդին, որ բազմաթիւ նման ձեռքբերումներ պիտի կատարուին:

Եւ որովհետեւ արաբական ստախօսութիւնը սահման չունի,

Ինչպէս նաեւ արաբական ահաբեկչութիւնը սահման չունի,

Արաբական ներողամտութիւնը սահման չունի,

Արաբական ծայրայեղութիւնը սահման չունի,

Արաբական խելամտութիւնը սահման չունի,

Արաբական աշխարհն ալ առանց սահմանի եղաւ:

Ինչո՞ւ կը ձախողինք՝ յառջդիմականներ թէ պահպանողականներ, ծայրայեղականներ թէ չափաւորականներ, յաղթողներ թէ պարտուողներ:

Առաջին. որովհետեւ օտար բանագնացը կու գայ երկխօսութիւններուն եւ ան ինչ բանի համար որ եկած ըլլայ՝ լաւապէս ըմբռնած ու հասկցած է զայն, մինչ արաբ բանագնացը կու գայ եւ բացի իր ամսականէն եւ ճամբորդութեան ծախսերէն ուրիշ ոչինչ առած կ՚ըլլայ:

Երկրորդ. օտար բանագնացը կը ճամբորդէ երկխօսութիւն կատարելու եւ իր երկրի դեսպանատան պաշտօնեաները, անոր մամուլի թեւը, գաղտնի սպասարկութիւնը կը հետեւին, կը խնամեն, կը պահպանեն եւ անոր ամէն տեսակի օգնութիւն կու տան, որպէսզի յաջողի իր պարտականութեան մէջ: Մինչ, արաբ բանագնացը, կը ճամբորդէ երկխօսութիւն կատարելու եւ իր երկրի դեսպանատան պաշտօնեաները, անոր մամուլի թեւը, գաղտնի սպասարկութիւնը կը հետեւին անոր ամէն մէկ քայլին, անոր առած շունչը կը հաշուեն՝ նոյնիսկ եթէ պէտքարան մտնէ, որպէսզի գիտնան, թէ ի՛նչ խօսք արտաբերեց, որ չի՛ քաջալերեր իր երկրին մէջ գործող իշխանութիւնը՝ առիթով կամ առանց առիթի:

Երրորդ, եւ ամենէն կարեւորը. օտար բանագնացը երկխօսութեան սեղանին կը նստի, մանաւանդ եթէ ան առնչուած է Պաղեստինի խնդիրին եւ ան քաջատեղեակ է ու մարսած է անոր երկար պատմութիւնը, անոր արաբական, հռոմէական եւ յունական մշակոյթին ծանօթ է, ինչպէս նաեւ ծանօթ է անոր քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ մտային գրեթէ բոլոր կողմերուն՝ տարածաշրջանէն եւ ամբողջ աշխարհէն ներս: Մինչ արաբ բանագնացը երկխօսութեան սեղանին կը նստի, մարսած ըլլալով հազար քիլօ ֆուլ, հազար հատ ոչխար՝ անոնց վրայ ըլլալով իր ժողովուրդին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 46

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024