Ս. ԿԻՒՐԵՂ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, մարտի 16-ին, նշեց Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետին, Կիւրեղ Եպիսկոպոսին եւ անոր մօր՝ Աննայի յիշատակը: Այս գրութեամբ հակիրճ կերպով պիտի ներկայացնեմ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետին կենասգրութիւնը եւ ապա անոր գրական ժառանգէն հատուածներ պիտի ներկայացնեմ ընթերցողներուն:

Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետը Հայ Եկեղեցւոյ Երկոտասան վարդապետներէն մին է: Ծնած է 315-ին: Շատ տեղեկութիւններ չկան անոր մասին: Երուսաղէմի եպիսկոպոս ընտրուած է 349-ին: Իր գահակալութեան տարիներուն բռւռն կերպով պայքարած է արիոսականներուն դէմ եւ այդ պատճառով ալ յաճախ աքսորուած է, սակայն կրկին հաստատուած է Եպիսկոպոսական Աթոռին վրայ: 381-ին մասնակցած է Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովին: Իր գահակալութեան տարիներուն է, որ Կենարար Սուրբ Խաչը երեւցած է: Վախճանած է 386-ին:

Անոր գրիչին կը պատկանի «Կոչումն Ընծայութեան» գիրքը, որ մկրտուելու պատրաստուողներուն համար դասընթացքի գիրք է կարելի է ըսել: Նշանաւոր է նաեւ անոր Սուրբ Խաչին երեւման առիթով Կոնստանդիանոս Կայսրին ուղղած նամակը, որ մինչեւ այսօր՝ Սուրբ Խաչի երեւման տօնին, մեր եկեղեցիներէն ներս կ՚ընթերցուի: Երուսաղէմացի Հայրապետը ունի նաեւ բազմաթիւ ճառեր զանազան նիւթերու մասին: Մեզի հասած է նաեւ անոր գրիչին պատկանող Եսայիի մարգարէութեան մեկնութեան հատուած մը:

Հայ Եկեղեցին անոր յիշատակը տարին երկու անգամ կը նշէ: Առաջին, Մեծ պահքի երկրորդ շաբաթ օրը, իսկ երկրորդ, Երկոտասան վարդապետներուն հետ, հոկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթ օրը:

- «Կարելի չէ երկրորդ կամ երրորդ անգամ մկրտուիլ: Որովհետեւ, այդ պարագային կրնային ըսել. “Ձախողեցայ առաջին անգամ, երկրորդ անգամ կը յաջողիմ”: Սակայն, եթէ առաջին անգամ ձախողիս, չես կրնար ուղղել: Որովհետեւ ‘մէ՛կ Տէր կայ, մէ՛կ հաւատք, մէ՛կ մկրտութիւն’ (Եփ 4.5): Հերետիկոսներէն ոմանք միայն կը վերամկրտուին, որովհետեւ առաջինը իրական մկրտութիւն չէ՛ եղած»:

- «Բարեպաշտութիւնը երկու բաներէ բաղկացած է՝ բարեպաշտ դաւանանքէ եւ բարի գործերէ։ Դաւանանքը առանց բարի գործերու ընդունելի չի՛ կրնար ըլլալ Աստուծոյ կողմէ։ Նոյնպէս, Աստուծոյ կողմէ ընդունելի չեն առանց բարեպաշտ դաւանանքի կատարուած գործերը։ Որովհետեւ, ի՞նչ օգուտ, եթէ եկեղեցւոյ դաւանանքը լաւ գիտես, սակայն նուաստագոյն ձեւով պոռնկութիւն կ՚ընես։ Դարձեալ, ի՞նչ օգուտ, եթէ լաւ ու խելացի կեանքով կ՚ապրիս, սակայն անամօթաբար կը հայհոյես»:

- «Անօգուտ բաներով մի՛ զբաղուիր. մի՛ հարցներ թէ ի՞նչ կատարուած է քաղաքին մէջ, ի՞նչ եղած է գիւղին մէջ, ի՞նչ ըրած է թագաւորը, ի՞նչ եպիսկոպոսը, ի՞նչ երեցը: Երկինք նայէ: Հիմա քեզի ատիկա պէտք է. “Դադրեցուցէ՛ք ձեր կռիւները, եւ ճանչցէք թէ Ես եմ Աստուածը” (Սղ 46.11)»:

- «Չի՛ կրնար Երկինքի Արքայութիւն մտնել ան, որ նոյնիսկ եթէ գործերով առաքինի է, սակայն մկրտութեամբ՝ Սուրբ Հոգիին կնիքը չէ ստացած։ Խօսքը համարձակ է, բայց իմս չէ։ Այդ մէկը Յիսուս ըսած է։ Դուն հաւատա՛ խօսքիս ճշմարտութեան՝ Սուրբ Գիրքին մէջ ըսուածին հիման վրայ»:

- «Աստուած մեզմէ ուրիշ բան չ՚ուզեր, բացի բարի ընտրութենէն: Մի՛ ըսեր՝ “ինչպէ՞ս մեղքերս պիտի սրբուին”: Ես կը պատասխանեմ քեզի. կամքով եւ հաւատքով: Ասկէ աւելի արագ ի՞նչ բան: Բայց եթէ շըր-թունքներդ կ՚ըսեն՝ կամենալ, իսկ սիրտդ չի՛ կամենար, վճռողը սիրտին գիտակ է: Այսօրուընէ, հեռո՛ւ մնայ չարիքէն ու մեղքէն: Լեզուդ անազնիւ խօսքեր թող չարտաբերէ: Նայուածքդ մեղսագործ չդառնայ եւ անպիտան պատկերներով չտարուի»:

- «Մեղքը ծանր չարիք է, եւ անօրէնութիւնը՝ հոգիի ծանրագոյն հիւանդութիւն: Այն հոգին կը թուլցնէ եւ յաւիտենական կրակի պատճառ կը դառնայ: Մարդուն ինքնակամ թեքումը դէպի չարը, կը բխի մարդուն ընտրութենէն: Եւ այն, որ մենք ինքնակամ կը մեղանչենք, Մարգարէն կը հաստատէ, ըսելով. “Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի եւ դուն ինչպէ՞ս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար” (Եր 2.20): Տունկը լաւ է, բայց նախընտրութենէն ստացուած պտուղը՝ գէշ: Ատոր համար, տնկողը մեղաւոր չէ. իսկ որթատունկը կրակով կ՚այրի ու մոխիր կը դառնայ, որովհետեւ, թէեւ բարի պտուղ տալու համար տնկուած էր, բայց նախըտրութեամբ չար պտուղ տուաւ: Որովհետեւ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, ինչպէս Ժողովողը ըսած է, եւ մարդը իր մտածմունքը բազմաթիւ ուղղութիւններով տարածեց. ‘Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնն ենք մենք, քանի Յիսուս Քրիստոսի միացած ենք. ստեղծուած՝ կատարելու համար այն բարի գործերը, որոնց համար Աստուած սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը’ (Եփ 2.10): Եւ Արարիչը, բարի ըլլալով, մարդը բարի գործերու համար ստեղծեց, իսկ արարածը իր վատ ընտրութեամբ՝ դէպի չարիքը թեքուեցաւ: Ուրեմն, ինչպէս ըսուեցաւ, մեղքը շատ ծանր չարիք է, բայց ո՛չ՝ անբուժելի: Այն ծանր է մեղքի իշխանութեան տակ գտնուողին համար, բայց բուժելի է անոր համար, որ ապաշխարելով կը ձերբազատուի ատկէ: Ենթադրենք, որ մարդ իր ձեռքին մէջ կրակ պահած է. որովհետեւ դեռ անիկա իր ձեռքին մէջ կը պահէ այրուող ածուխը, ան կ՚այրի: Իսկ եթէ ածուխը մէկ կողմ նետէ, միաժամանակ կրակը եւս նետած կ՚ըլլայ: Եւ եթէ ոեւէ մէկը կայ, որ կը կարծէ, թէ մեղանչելով ինք չ՚այրուիր, այդպիսիին Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. “Հնա՞ր է, որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ ու անոր ոտքերը չայրին” (Առ 6.27): Որովհետեւ մեղքը կ՚այրէ, կը թուլցնէ հոգին, մտային լուրջ խանգարումներ կը յառաջացնէ, սիրտին պայծառութիւնը կը մթագնեցնէ:

«Բայց կրնան հարցնել, թէ ի՞նչ բան է մեղքը. կենդանի՞ է: Հրեշտա՞կ: Դե՞ւ: Այդ ի՞նչ է, որ մարդու ներսիդին կը գործէ: Ո՛վ մարդ. քու դէմդ կռուող թշնամին դուրսէն չէ, այլ՝ քեզմէ ծնած չարիքը, որ քու մէջէդ դուրս կ՚ելլէ, քու վատ նախընտրութեանդ պատճառով: Մաքուր աչքերով նայէ եւ քու մէջդ չար ցանկութիւն չի՛ ծնիր: Մի՛ յափշտակեր ուրիշներուն ունեցուածքը եւ յափշտակելու կիրքը կը մարի մէջդ: Դատաստանին օրը յիշէ՛, եւ քու վրադ չեն կրնար իշխել ո՛չ պոռնկութիւնը, ո՛չ անառակութիւնը, ո՛չ մարդասպանութիւնը, ո՛չ ալ որեւէ մէկ այլ անօրէնութիւն: Սակայն, երբ զԱստուած մոռնաս, այն ատեն կը սկսիս չարիք մտածել եւ անօրէնութիւն գործել»:

- «Աստուած մարդասէր է. նոյնիսկ շա՜տ մարդասէր: Մի՛ ըսեր՝ պոռնկացած եմ, անառակացած եմ, չարիք գործած եմ, նոյնիսկ ո՛չ թէ մէկ անգամ, այլ՝ բազմաթիւ: Աստուած արդեօք կը ներէ՞ ինծի, արդեօք կը մոռնա՞յ մեղքերս: Լսէ՛, թէ Սաղմոսերգուն ի՛նչ կ՚ըսէ. “Տէ՜ր, ինչքան շատ է ողորմութեանդ քաղցրութիւնը” (Սղ 30.20): Բոլոր մեղքերդ միասին Աստուծոյ բարեգթութեան մեծութիւնը չեն գերազանցեր: Վէրքերը չե՛ն յաղթեր Բժշկապետին հմտութեան: Միայն թէ քու անձդ հաւատքով յանձնէ Անոր: Բժիշկին յանձնէ քու հիւանդութիւնդ: Դուն եւս Դաւիթին պէս, ըսէ. ‘Մեղքերս Քեզի ցոյց կու տամ եւ անօրէնութիւնս Քեզմէ չեմ ծածկեր, եւ Դուն թողութիւն կու տաս մեղքերուս ամբողջ ամբարշտութեանը’ (Սղ 31.5)»:

- «Ուրեմն, կը հաւատանք Աստուծոյ Միածին Որդիին, ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Աստուծմէ ծնած: Որովհետեւ, ճշմարիտ Աստուածը չի՛ կրնար սուտ աստուած ծնիլ, ինչպէս ըսած ենք, ո՛չ ալ նախապէս մտածած է ու ապա՝ ծնած: ԶԻնք ծնած է դարերէն իսկ առաջ եւ ժամանակէն դուրս: ԶԻնք ծնած է աւելի արագ, քան մենք մէկ բառ կ՚արտաբերէինք կամ կը մտածէինք: Մենք ժամանակի ընթացքին խօսելով՝ ժամանակ կը վատնենք: Աստուծոյ համար ծնունդը ժամանակ չունի: Եւ ինչպէս յաճախակի ըսած ենք, Որդիին ո՛չ թէ անգոյութենէ գոյութեան բերած է, ո՛չ ալ նախապէս որդի չեղողին որդեգրած է: Սակայն, ինչպէս որ Հայր Աստուածը յաւիտենականութենէն ալ առաջ է, յաւիտենականութենէն առաջ ալ անպատմելի կերպով միայն մէ՛կ Որդի ծնաւ, որ եղբայր չունի: Նաեւ երկու Սկիզբ ալ չկայ: Այլ՝ Հայր Աստուածը Որդիին գլուխն է: Սկիզբը մէկն է: Որովհետեւ Հայրը Որդիին ծնաւ, ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Էմմանուէլ կոչուած: “Էմմանուէլ” մեր լեզուով կը թարգմանուի՝ ‘Աստուած մեզի հետ’»:

- «Մենք կ՚ընդունինք եւ կը սպասենք, թէ Տէրը երկինքէն պիտի գայ՝ ամպերու վրայ: Այն ատեն հրեշտակները շեփորները պիտի հնչեցնեն: Նախ, Քրիստոսի զօրութեամբ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, եւ այդ ժամանակ ապրող հաւատացեալները ամպերու վրայ պիտի տարուին եւ իրենց ջանքերուն համար որպէս մրցանակ գերմարդկային պատիւ պիտի ստանան, որովհետեւ անոնց պայքարը գերմարդկային եղած է: Ինչպէս Պօղոս առաքեալը գրած է. “Որովհետեւ երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան: Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան՝ անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին պիտի ըլլանք յաւիտեան” (Ա.Թս 4.16-17)»:

- «Ուրեմն, բոլորս յարութիւն կ՚առնենք եւ յաւիտենական մարմիններ կ՚ունենանք: Բայց բոլորիս մարմինները նոյնը չեն ըլլար: Եթէ մէկը արդար է, ապա երկնային մարմին կը ստանայ, որպէսզի հրեշտակներուն հետ կարողանայ արժանաւորապէս հաղորդակցիլ: Իսկ եթէ մէկը մեղաւոր է, իր մեղքերուն համար յաւերժօրէն պատժուող մարմին կը ստանայ, որ յաւիտենական կրակին մէջ կ՚այրուի, սակայն երբեք չի՛ սպառիր: Եւ Աստուած այս երկու մասերուն հատուցումը արդար կերպով կը սահմանէ: Որովհետեւ առանց մարմինի մասնակցութեան ոչինչ կը կատարուի: Բերանով կը հայհոյենք, բերանով կ՚աղօթենք, մարմինով կը պոռնկինք, մարմինով կը սրբանանք, ձեռքերով կը յափշտակենք, ձեռքերով ողորմութիւն կու տանք, եւ նման ամէն ինչ: Հետեւաբար, որովհետեւ մարմինը մեր բոլոր արարքներուն կը մասնակցի, ապա՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ ի՛նք եւս պէտք է հատուցումի իր բաժինը ստանայ»:

- «Եկեղեցին Ընդհանրական կը կոչուի, որովհետեւ ամբողջ աշխարհին մէջ կը տարածուի՝ ծայրէ ծայր: Նաեւ այն պատճառով, որ քրիստոնէական ամբողջ ճշմարտութիւնը կը քարոզէ, առանց անտեսելու հաւատքի ճշմարտութենէն նոյնիսկ ամենէն փոքրը, ինչ որ անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի՝ իմանալու երկնային եւ երկրատեսանելի եւ աներեւոյթ բաներուն համար: Ընդհանրական կը կոչուի նաեւ, որովհետեւ մարդկային ամբողջ ցեղը բարեպաշտութեան կը մղէ, իշխանաւորներուն եւ հպատակներուն, գրագէտներուն եւ անգրագէտներուն, նաեւ այն պատճառով, որ կը բուժէ եւ կը վերացնէ հոգիին ու մարմինին գործած բոլոր տեսակի մեղքերը: Եւ ի վերջոյ այն պատճառով, որ ունի այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնք գործերով, խօսքերով եւ ամէն տեսակի հոգեկան շնորհներով կ՚արտայայտուին»:

- «Օտար եւ տարօրինակ բան: Իրականին մէջ չմեռանք, իրականին մէջ չթաղուեցանք, ոչ ալ իրականին մէջ խաչուելով՝ յարութիւն առինք: Բայց նմանակումը պատկերումն է, իսկ ճշմարիտը՝ փրկութիւնն է: Ըստ էութեան, Քրիստոս իրականին մէջ աչուեցաւ, իրականին մէջ թաղուեցաւ եւ իրականին մէջ յարութիւն առաւ: Եւ այս բոլորը մեզի շնորհեց, որպէսզի իր տառապանքներուն նմանակումով հաղորդակից դառնանք այդ տառապանքներուն, ճշմարիտ փրկութիւն շահինք: Օ՜, գերազանց մարդասիրութիւն: Քրիստոս Իր մաքրամաքուր ձեռքերուն վրայ գամեր ընդունեցաւ եւ ցաւեր ճաշակեց: Իսկ ինծի, առանց ցաւերու ու տառապանքի, միայն հաղորդակից դարձնելով՝ փրկութիւն կը շնորհէ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 մարտ 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019