ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊԻ «ԵՐԱԶ»Ը ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ»

Երկար տարիներ Հալէպի մէջ բնակած հայրենի նկարիչ Հրազդան Թոքմաճեան պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։

*

-Պրն. Թոքմաճեան, երկար տարիներ Հալէպի մէջ գործելէ ետք, դուք վերադարձած է հայրենիք։ Այսօր, ի՞նչ յիշողութիւններ ձեզ կը կապեն Հալէպին:

-Արդէն չորս տարիէ ի վեր Երեւան եմ եւ վերարժեւորելով Հալէպի մէջ ապրած տարիներս կրնամ ըսել, որ կեանքիս ծանրակշիռ մասը ապրած եմ այնտեղ։ Թէեւ 23 տարի աշխատած եմ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Սարեան ակադեմիա»ին մէջ, սակայն չեմ գիտեր, թէ այդ աշխատանքի նշանակութիւնը կամ արդիւնաւէտութիւնը որքան էր: Յաջողեցա՞յ բան մը փոխել այդ ոլորտին մէջ՝ չեմ գիտեր:

Մեծագոյն ուրախութիւնս կապուած է բազմաթիւ հայրենակիցներուս հետ ապրելու հնարաւորութեան հետ: Հալէպի մէջ ապրող մարաշցիներու, այնթապցիներու, ուրֆացիներու եւ այլոց սերունդները «ներսէն» ճանչնալը մեծ ուրախութիւն է եւ թանկագին փորձառութիւն մըն էր: Այդ տարիներուն ես իմ ժողովուրդը աւելի լաւ ճանչցայ: Անցած հարիւրամեակին թէ՛ խորհրդային կարգերը, թէ՛ արեւմտեան բարքերը փոխած են տարագիր հայութեան ընդհանուր դիմագիծը: Մինչդեռ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հինէն եկող բազմաթիւ արժէքներ պահպանուած են:

-Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին շատ խօսուեցաւ Հալէպը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին: Այդ մէկը որքանո՞վ իրատեսական կը համարէք:

-Կը կարծեմ, որ Սուրիան իր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու խնդրի առջեւ կանգնած է: Ցնցումը, որ ապրեցաւ այդ երկիրը եւ իր բնակչութիւնը՝ անհամեմատելի է: Առաջին աշխարհամարտի տարիները այսօր սարսափով կը յիշենք: Սակայն 1918 թուականին Սուրիան հիմնայատակ չաւերուեցաւ: Օսմանեան զօրքերը ետեւ-ետեւի յանձնելով Դամասկոսը, Հոմսը, Հալէպը, Այնթապը, Մարաշը՝ կը նահանջէին: Ի միջի այլոց, յիշենք, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ եկեղեցին այդ տարիներուն շարունակած է գործել առանց խոչընդոտներու: Իսկ վերջին տարիներուն ո՛չ միայն վտանգուած էր, ռմբակոծուած, այլեւ՝ փակուած:

Երկիրը այսպէս թէ այնպէս պիտի վերականգնուի: Այն, որ քաղաքները, գիւղերը եւ ճանապարհները կը վերաշինուին՝ ակնյայտ է: Նոր Սուրիոյ մը հասարակութեան մօտ, ի՛նչ գաղափարներն կան, որո՛նք տիրական պիտի ըլլան, դժուար է գուշակել:

Սուրիական հասարակութեան մէջ սերունդէ սերունդ փոխանցուած հանդուրժողականութիւն կար: Արաբներու մօտ հինն ու նորը կը քալեն կողք կողքի: Հայերն ալ այդ միջավայրի մէջ էին եւ իրենց ներդրումը ունէին այնտեղ:

Կը կարծեմ նոր Սուրիան իր նախորդ ժամանակներուն յատուկ հմայքին մէկ մասը կը կորսնցնէ: Չէ՞ որ երկրէն հեռացան ո՛չ միայն հայեր, այլեւ՝ բազմաթիւ ազնուասիրտ արաբներ:

-Եթէ հաշուի առնենք շրջանային ընդհանուր կացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, արդեօք հալէպահայութիւնը իր անցեալի դերը պիտի կարողանա՞յ գտնել: Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով:

-Վերջերս հանդիպեցայ Հալէպի ազգային կեանքի կարեւոր դէմքերէն մէկուն, որ վստահ էր, թէ սակաւաթիւ հայութիւնը իր որակական տուեալներով պիտի շարունակէ մնալ Սուրիոյ հասարակութեան «զարդ»ը: Ես այդ լաւատեսութիւնը չեմ կիսեր:

Նախեւառաջ պէտք է տարբերել հալէպահայութեան դերակատարութեան երկու տարբեր կողմերը: Առաջինը՝ սուրիական հանրութեան մէջ անոր մասնակցութեան չափն ու կշիռն է: Փաստ է, որ հայութիւնը տեղւոյն միւս էթնիք խումբերուն կողմէ մշտապէս եւ բոլոր առումներով ընկալուած է որպէս դրական տարր: Տասնամեակներ շարունակ իրենց յատուկ բնագաւառներուն մէջ հայերը ձեւաւորած են մեծ հեղինակութիւն:

Սակայն, թող ինծի ներուի ըսել, որ պատերազմէն առաջ իսկ հայերը շարք մը ոլորտներու մէջ ետ մնացած էին:

Չեմ գիտեր որքա՞ն կարելի էր հին դափնիներու վրայ դոփել...։ Տեղացիները տնտեսութեան, բժշկութեան, կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ առաջնթաց արձանագրեցին: Շատերը Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի մէջ ուսանեցան եւ վերադարձան հայրենիք: Ի յայտ եկան անուանի ոչ-հայ բժիշկներ, արհեստաւորներ, երկրաչափներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւ այլն: Այլ խօսքով, հայութեան դերը սուրիական հասարակութեան մէջ մեծապէս նուազեցաւ:

Հալէպահայութեան միւս՝ բնորոշ դերակատարութիւնը ինծի համար աւելի էական է: Այն համահայկական իմաստով ունեցած դերակատարութիւնն է: Հալէպահայութիւնը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն ոչնչացուած ժողովուրդի փրկուած այն բեկորն է, որ զարմանալի կենսունակութիւն դրսեւորեց: Կարողացաւ ըլլալ ինքնաբաւ. այսինքն՝ ինքնին փոքրիկ Հայաստան մը:

Այսօր, որքան որ ալ շեշտը դրուի փոքրաթիւ, սակայն որակեալ հաւաքականութեան վրայ, միեւնոյնն է, ինքնաբաւութեան խնդիրը առկայ է: Ի վերջոյ քանակը ինքնաբերաբար բազմաթիւ հարցերու պատասխան կու տայ:

Օրինակ մը նշեմ. կարդացած եմ 1914 թուականէն առաջ գրուած նամակ մը, որուն մէջ Հալէպի Ներսիսեան վարժարանը կ՚ակնալէ, որ Այնթապ ապրող հայ ուսուցիչը Հալէպ գայ եւ իրենց մօտ պաշտօնավարէ։ Մինչդեռ յետեղեռնեան ողջ ընթացքին, ընդհուպ մեզի ծանօթ ժամանակներուն Հալէպը ուսուցիչներ, դասագիրքեր մատակարարած է հեռու եւ մօտիկ գաղթօճախներուն:

Քանի մը դպրոցի փոխարէն տասնեակ դպրոցներու գոյութիւնը միայն բազմաթիւ աշակետներով չ՚իմաստաւորուիր: Հարիւրաւոր ուսուցիչներու գոյութիւնը քաղաքին որակ կու տար: Ի վերջոյ, շարք մը միութիւններու ու կազմակերպութիւններու շուրջ ձեւաւորուած էր մտաւորական կարեւոր ներուժ։ Գրողներ, երաժիշտներ, նկարիչներ, դերասաններ ձեւաւորած էին գիտակ եւ հետաքրքութիւններ ունեցող մարդոց խաւ մը: Առաջնորդարանի «Գանձասար» պաշտօնաթերթէն բացի կը հրապարակուէին տարեգիրքեր, հայրենակցական, կրթա-մշակութային ամսագրեր, դասգիրքեր եւ այլն: Տիրող թէժ, ներքին մրցակցութիւնը կը նպաստէր քանակի մէջ որակի բարձրացման:

Կը կարծեմ բազմակի անգամ նօսրացած հալէպահայութենէն ակնկալել նոյնպիսի դերակատարում, չափազանցութիւն է:

Այլ խօսք, որ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պէտք է յորդորել, պայմաններ ստեղծել, որպէսզի պատերազմի դաժանագոյն օրերը յաղթահարած մարդիկ չհեռանան Հալէպէն: Խորապէս համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր հեռացող հայ, իր կենսական հարցերը լուծելուն զուգընթաց, կը թուլացնէ Հալէպի հայկական նշանակութիւնը: Վերջին հաշուով, որքան շատ հայ մնայ Հալէպի մէջ, այնքան կը շահի մեր ժողովուրդը:

-Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել այն հալէպահայերուն, որոնք պայմաններու բերումով հեռացան դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Եւրոպա եւ զանազան ափեր:

-Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Աւստրալիա հաստատուած ունիմ բազմաթիւ բարեկամներ, որոնց հետ կապի մէջ եմ: Հալէպահայերը ընդհանրապէս գործի մարդիկ են եւ շատ չեն սիրեր վերացական գաղափարները։ Դառն փորձառութիւնը սորվեցուցած է մշտապէս գոյատեւման ուղիներ փնտռել: Իրենք հարցերը շօշափելիօրէն լուծելու կողմնակից մարդիկ են: Այնուամենայնիւ ես համոզուած եմ, որ անոնց մեծ մասը կը տանջուի իր նոր բնակավայրին մէջ:

Ես լիովին համոզուած եմ, որ Հալէպը տեսած, Հալէպին սովոր մարդը ոչ մէկ երկրի մէջ հարազատ կը զգայ: Կ՚ափսոսամ անոնց համար: Առաւել եւս կ՚ափսոսամ իրենց զաւակներուն համար, որոնցմէ շատերը նոր երկիրներու մէջ պիտի յաջողին, պիտի բացուին դէպի նոր հորիզոններ, որոնք, աւա՜ղ, հայէն ու հայութենէն շատ հեռու պիտի ըլլան: Իսկ միթէ՞ մեր թշնամիի ուզածը սա չէր: Ի՞նչ տարբերութիւն հարիւր տարի առաջ թէ՝ հիմա: Գնայ եւ դարձի՛ր Գանատայի, Աւստրալիոյ, Շուէտի լաւագոյն (ծագումով հայ) երգիչը, ճարտարապետը, քանդակագործը. կարեւորը այն է, որ հայրենիք չունենաս եւ քու երկիրդ չկառուցես, քու երգդ չերգես:

-Ձեր վերջին խօսքը, ի՞նչ կ՚ըսէք այն հալէպահայերուն, որոնք հակառակ պատերազմի դառն օրերուն, մերժեցին իրենց ծննդավայրէն հեռանալ եւ այսօր ալ կը շարունակեն իրենց կեանքը Հալպէի մէջ:

-Որոշ տարիքի հասած մարդիկ կեանքին յետադարձ հայեացքով նայելու սովորութիւն ունին: Յատկապէս յիշելու, այն արժէքաւոր մարդիկն ու երեւոյթները, որոնք երբեք չեն արժեզրկուիր: Ահա այդպիսի արժէքաւոր, սիրելի երեւոյթ էր այն փոքրիկ Հայաստանը, որ կը բաբախէր Հալէպի մէջ: Այն սահմաններ չունեցող, քարտէսի վրայ չնշուած «երկիր» մըն էր: Չարենցի «ցնորք»ի «Երկիր Նայիրի»ի մէկ բեկորը: Երազ մը, որուն մէջ բախտ ունեցայ ըլլալու, մասնակցելու, համտեսելու, «երազի մէջ երազելու» ու անցնելու:

Շատ կը փափաքէի, որ շարունակուէր այդ երազը: Անոնք, որոնք կրնան մնալ Հալէպի մէջ, չհեռանալ՝ թող մնան: Սա դեռ վերջը չէ:

Դժուարութիւնները կ՚անցնին, լաւ օրեր կու գան եւ, վստահ եմ, որ Հալէպի մէջ նորէն կը գտնուին քանի մը հայրենակից՝ ուրֆացի, մարաշցի կամ այնթապցի, որոնք գլուխ-գլխի տուած, սարոյեանական ոգիով կը հեգնեն աշխարհի մեծերը, կը ծաղրեն անոնց սին գաղափարները ու կը խօսին Երկրի մասին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019