ԷԱԿԱՆԸ

Կա­րե­ւոր է եւ շատ կա­րե­ւոր՝ զա­նա­զա­նել էա­կա­նը թէա­կա­նէն: Վեր­ջերս Դի­մա­տետ­րէն եր­կու ան­ձեր մա­կա­նու­նիս մա­սին ակ­նար­կու­թիւն ը­րին եւ նոյ­նիսկ... ա­ռա­ջար­կե­ցին, որ փո­խեմ, ի հար­կէ հա­յե­ցիու­թե­նէ բխած հո­գիով: Ին­ծի հա­մար եր­բեք նո­րու­թիւն չե­ղաւ, ոչ ալ ա­նա-կն­կալ, քա­նի որ դպրո­ցա­կան օ­րե­րէն մենք վարժ էինք զի­րար ա­ծա­կա­նով բնո­րո­շե­լու, ընդհան­րա­պէս հիմ ու­նե­նա­լով կամ ա­նու­նը, կամ ալ ազ­գա­նու­նը: Այս­պէս Ար­մու­տեա­նը կ՚ըլ­լար Տանձ, Սա­լի­պեա­նին եա­նը կը թռէր... իսկ իմս ալ կ՚ըլ­լար Փոշ կամ ընդ­հան­րա­պէս Պոշ (թրքե­րէ­նով պա­րապ). չէ՞ որ տե­սան­կիւ­նը կա­րե­ւոր է... ո՞վ ը­սաւ, որ պա­րա­պը իր տե­ղին՝ լե­ցու­նին չափ ար­ժէք կրնայ չու­նե­նալ: Լաօ Ցէ կ՚ը­սէ. «Սե­նեակ մը կը գոր­ծա­ծուի իր պա­տու­հա­նին եւ դրան պատ­ճա­ռաւ»... այ­լա­պէս սե­նեակ ըլ­լա­լէ կը դադ­րի: Ար­դէն ես ա­ւե­լի կը զուար­ճա­նա­յի «նոր» կնուն­քովս. դար­ձեալ տե­սան­կիւ­նի հարց: Օ­րի­նակ՝ երբ տա­րի­նե­րը գլո­րե­ցան եւ Տան­ձը հա­մալ­սա­րա­նա­կան դար­ձաւ, ա­ռի­թով մը երբ ի­րա­րու հան­դի­պե­ցանք, հին յու­շե­րու իր ա­ծա­կա­նով զինք բնո­րո­շե­ցի, «ին­ծի այ­լեւս տանձ մի՛ ը­սեր» ը­սաւ, եւ ան­կէ ետք ար­դէն ա­ռիթ ալ չու­նե­ցանք զի­րար հան­դի­պե­լու... ի՜նչ բախ­տա­ւո­րութիւն: Իսկ Սա­լիպն ալ, որ հա­մալ­սա­րա­նի ար­ժա­նա­ցած էր, մնաց ինչ­պէս որ էր մին­չեւ վերջ, ինչ­պէս նաեւ այլ դա­սըն­կեր­ներ, նե­րա­ռեալ ես:

Ան­ցան տաս­նեակ տա­րի­ներ ու ոմն մի, ա­ռի­թով մը մա­կա­նունս ը­րած էր մա­տի փաթ­թոց՝ հրա­պա­րա­կաւ. այ­սինքն՝ թեր­թով, բայց այս պա­րա­գա­յին՝ ա­ռա­ջին վան­կը ի մտի ու­նէր ու զիս «փո­շի»ա­ցու­ցած էր վառօ­դով... ինչ եւ է: Շատ լսեր եմ նման փոխյա­րա­բե­րու­թիւն­ներ «Մեծ» կո­չուած մի­ջազ­գա­յին եւ... ազ­գա­յին ան­ձե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան մէջ: Վեր­ջա­պէս մար­դը մարդ է իր վե­րի­վայ­րում­նե­րով ալ:

Յա­ռա­ջա­նա­լով դառ­նանք Դի­մա­տետ­րին...։ Մի ոմն Ֆեր­տի­նանտ խոր­հուրդ կու­ տայ ին­ծի փո­խել մա­կա­նունս, քա­նի որ... թրքե­րէն է: Իսկ ու­րիշ մը՝ Ագ­տեմ ա­նու­նով, մա­կա­նունս կտրա­տե­լով խծբծան­քի նիւթ ը­րեր էր, եւ ոչ հա­յա­տառ գի­րե­րով: Ու­րեմն ան­պա­տաս­խան չձգե­լու հա­մար եւ քիչ մըն ալ լու­սա­բա­նե­լու (որ հար­կա­ւոր էր ի­րենց հա­մար, որ­պէս­զի ի­րենք ը­նէին, ե­թէ լուրջ էին...) ը­սի, հայրս որ­դեգ­րուած է, ու այդ մա­կա­նու­նով ալ ապ­րած. իսկ ես ժա­ռան­գորդն եմ եւ իբ­րեւ պարտք չեմ կրնար զայն փո­խել, ան­կախ ան­կէ, որ Լի­բա­նա­նի մէջ տառ մը իսկ փո­խե­լը եր­կար-բա­րակ դա­տա­վա­րու­թեան կը կա­րօ­տի: Ես հօրս չեմ դա­ւեր... եւ որ­պէս սփո­փանք, ը­սի. «կ՚ար­տօ­նե՞ս, որ երբ ներ­գաղ­թեմ Ֆեր­տի­նան­տեան ըլ­լամ... իսկ երկ­րոր­դին՝ Ագ­տե­մին (որ իր մա­կա­նու­նէն հրա­ժա­րած է սո­վե­տա­բոյր ըլ­լա­լուն) ը­սի, երբ Հա­յաստան գամ, մա­կա­նունս պի­տի ու­զեմ, որ Բագ­րա­մեան ըլ­լայ. այս ալ հօրս հետ ջերմ առըն­չու­թիւն ու­նի»:

Կա­րե­ւոր է զա­տո­րո­շել...։ Ե­թէ մէ­կը Իշ­խա­նեան է, կը նշա­նա­կէ՞ թէ իշ­խա­նա­կան ըն­տա­նի­քէ է... յի­շենք Շի­րա­զը. «Ինքն է թա­ղել իշ­խա­նը ու խա­նը, բայց գրւում է դեռ՝ իշ­խա­նեան»...։

­Կա­րե­ւո­րը զա­տո­րո­շել է էա­կա­նը թէա­կա­նէն:

Ոմն մի Ֆեր­տի­նանտ եւ ոմն մի Ագ­տեմ, մա­կա­նու­նովս հե­տաքրք­րուած են եւ կ՚ու­զեն զայն ուղ­ղել, ի՜նչ հա­յա­սի­րու­թիւն. մի­թէ՞ անձս իմ մա­կա­նունս է...:

Սա­կայն վեր­ջերս հա­կա­ռու­սու­թեան հետ ցե­ղակ­րօ­նու­թիւն մը թափ ա­ռած է եւ եր­կա­թա­քայլ (Աս­տուած վեր­ջը բա­րին ը­նէ) այս է­լեկտ­րո­նիկ դա­րուն մէջ, երբ ցեղ բառն իսկ դա­րե­րու ծան­րու­թե­նէն կը հե­ւայ... եւ աշ­խարհ այլ է, ու­նի ՄԱԿ-ը, ու­նի ԵՄ­-ը եւ աշ­խարհ պէտք ու­նի լայ­նա­խո­հու­թեան, ի­րա­տե­սու­թեան, փո­խա­դարձ յար­գան­քի, երբ մա­նա­ւանդ ու­նինք Ա­րա­րա­տի նման ծանր հար­ցեր, կը զբա­ղինք բա­ռե­րով, տա­ռե­րով, ո­րոնք ան­պայ­ման ցու­ցա­նիշ չեն մեր ինք­նու­թեան: Դառ­նա­լով դար­ձեալ Շի­րա­զին, ը­սենք. «Եւ թող այն­տեղ Ճեմ­ման Ճեմ­մա, Աստ­ղիկն այս­տեղ Աստ­ղիկ մնայ», որ փայ­լի մեր վրայ ու հա­մայն հա­յու­թեան աշ­խար­հի:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2016