«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՍԱՏԱՆԱՆ ԵՐԲԵՔ ԲԱՐԻ ԳՈՐԾ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԸՆԵԼ

-Ո՜վ Ռոնտա. կախարդը կրնա՞յ հիւանդ մարդ մը բժշկել:

-Կախա՞րդ, եւ հիւնադ բժշկէ: Եթէ հիւանդը սատանայէ կը տառապի, ապա կախարդը կրնայ ընել իր սատանային հետ ունեցած գործակցութեան շնորհիւ, որով այդ սատանան կրնայ ուրիշի մը մօտ ղրկել, որ այդ հիւանդին ազգականներէն կամ ծանօթներէն մէկը կրնայ ըլլալ: Իսկ ան որ սատանայէն բնակեցուած էր, կ՚առողջանայ, եւ իր առողջացումին պատճառը կը վերագրէ կախարդին, որով անոր վարկը կը բարձրանայ:

Տեղեկացուցին ինծի, թէ կար կին մը, որ զանզան սուրբ բաներով հիւանդներ կը բժշկէ: Երբ իմացայ, թէ ան ի՛նչպէս կը վարուի անոնց հետ, զարմացայ սատանային ճարպիկութենէն: Խաչ մը կրէր եւ որոշ հոգեւոր երգեր կ՚երգէր: Օրինակ, կ՚երգէր. «Ուրախացիր, ո՜վ Աստուածամայր», եւ երբ հասնէր՝ «օրհնեալ է որովայնիդ պտուղը» արտայայտւթեան, կը թքնէր խաչին մօտ ու կը հայհոյէր Յիսուսին, իսկ սատանան կը շտապէր օգնելու անոր: Այսպիսով, յուսահատութենէ տառապող հիւանդները, սատանայական ազդեցութեամբ, կը բժշկուէին անոր միջոցով, այն բանէն ետք երբ բժիշկները անկարող դարձած ըլլային բուժելու զանոնք. իսկ անոր ըրածը այլ բան չէր, եթէ ոչ սատանան վռնտել ուիրշի մը մօտ երթալու, որով տուեալ անձէն յուսահատութիւնն ու նեղուածութիւնը կ՚անցնէին: Շատեր զինք սրբուհի մը կը կարծէին, անկէ խորհուրդ կը հարցնէին, իսկ ան այդպիսով կը տիրապետէր անոնց, կը վնասէր ու կը կործանէր զանոնք:

Պէտք է զգուշանալ եւ հեռու մնալ այդ կախարդներէն, ինչպէս որ մարդ օձերէն կը հեռանայ: Իրար անցնելու հարց չկայ այստեղ: Սատանան չի՛ կրնար բարիք գործել: Միայն այն հիւանդները, որոնց հիւանդութեան պատճառը ինք եղած է, կրնայ բժշկել զանոնք:

Հետեւեալ դէպքին մասին լսեցի. երիտասարդ մը կախարդի մը հետ կապի մէջ եղած եւ տարուած անոր կախարդական գործերով: Վնասուած է, հիւանդացած եւ ի վերջոյ հիւանդանոց տարած են զինք: Անոր հիւանդութեան պատճառը յայտնի չէ եղած. անոր հայրը ամիսներով մեծ գումարներ ծախսած է, սակայն ապարդիւն, այնքան որ բժիշկները իրենց ձեռքերը քաշած են անկէ: Այն ատեն սատանան միջամտած է ու հիւանդին երեւցած է գիւղի բարեխօս՝ Յովհաննէս Մկրտիչին տեսքով ու ըսած է անոր.

-Պիտի ազատագրեմ քեզ, պայմանով որ հայրդ եկեղեցի մը կառուցէ իմ անունովս:

Երիտասարդը հօր պատմած է պատահածի մասին. վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է իր ամէն ունեցածը տալու՝ իր որդիին առողջութեան փոխարէն, եւ ուխտած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին անունով եկեղեցի մը կառուցել: Երիտասարդը առողջացած է, որվհետեւ սատանան հեռացած է իրմէ, եւ հրաշքը կատարուած է… Այն ատեն հայրը իր ուխտը կատարելուն պարտաւորութեան դիմաց կանգնած է, որով իր ունեցած հողերը ծախած է ու սկսած է եկեղեցին կառուցել, այնքան որ ո՛չ մէկ ունեցուածք մնացած է իրեն: Անոնց վիճակը վատացած է, որով իր զաւակները տրտնջացած են ու սկսած են մեղադրել ուղղափառութեան եւ սկսած են հետեւիլ Եհովայի վկաներուն: Տեսա՞ր թէ սատանան ինչ կ՚ընէ: Եհովայի վկաներուն համար ոտքի տեղ ըրաւ այս տարածքաշրջանին մէջ:

ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ Ե՞ՐԲ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՈՒՆԵՆԱԼ

-Ո՜վ Ռոնտա. կախարդական գործերը մնայուն ազդեցութիւն կ՚ունեան:

-Որպէսզի կախարդական գործերը ազդեցութիւն ունենան, մարդ սատանային պէտք է իրաւունքներ տայ. այսինքն՝ պէտք է կարեւոր պատճառ մը տայ, որ կարելի չէ շտկել զայն զղջումով եւ խոստովանութեամբ:

Խոստովանող մարդուն համար, կախարդական գործերը ինչքան ալ շատնան, ապա անոնք պիտի չազդեն իր վրայ, որովհետեւ ան իր խոստովանութեամբ ու սիրտի մաքրութեամբ, կախարդներուն առիթ չի տար, որպէսզի վնասեն իրեն, նոյնիսկ եթէ սատանային հետ ալ գործակցին:

Օր մը երիտասարդութեան շեմին հասած պատանի մը եկաւ մօտս: Երբ հեռուէն տեսայ զինք, հասկցայ, որ սատանայական ազդեցութեան տակ ինկած է: Ըսաւ ինծի.

-Եկած եմ՝ օգնութեան խնդրանքով: Աղօթէ ինծի համար, քանի որ մօտ մէկ տարի է, որ սուր գլխացաւէ կը տառապիմ, եւ բժիշկներուն բուժումները ոչինչով օգտեցին:

Պատասխանեցի.

-Սատանայ մը ունիս, որովհետեւ անոր իրաւունքներ տուած ես:

Պատասխանեց.

-Այդպիսի բան չեմ ըրած:

Ըսի անոր.

-Աղջնակ մը չե՞ս խաբած, որ գացած ու կախարդութիւն ըրած է վրադ: Գնա՛ եւ ներողութիւն խնդրէ անկէ, ու ապա գնա՛ խոստովանէ, ու խնդրէ սատանաները վռնտելու աղօթքները, որպէսզի առողջանաս: Եթէ չխոստովանիս յանցանքդ ու զղջումդ չյայտարարես, ապա ի զուր կը փորձես սատանան հանել ու հեռացնել զայն, նոյնիսկ եթէ բոլոր սուրբ հայրերը հաւաքուին եւ աղօթեն քեզի համար:

Այդպիսիներուն հետ պէտք է անկեղծութեամբ խօսիլ ու ցնցել զանոնք, նպատակ ունենալով զանոնք իրենց գիտակցութեան բերելու:

Ուրիշ մարդ մը կը պնդէր, թէ իր կինը սատանայէն բնակեցուած է, որովհետեւ ան մնայուն կերպով իրարանցում կը ստեղծէր տան մէջ ու գիշերները կը պոռար: Հարցուցի անոր.

-Խոստովանութեան խորհուրդը կը կատարէ՞:

Պատասխանեց.

-Ո՛չ:

Այն ատեն հասկցուցի անոր, թէ նման բաները մէկ անգամէն չեն պատահիր, պէտք է այդ մարդը [այս պարագային իր կինը] սատանային իրաւունքներ տուած ըլլայ: Փնտռելէ եւ հետաքրքրուելէ ետք, իմացանք, որ անոր կինը իսլամ շէյխի մը մօտ գացած է եւ վերջինս անոր բան մը տուած է, որպէսզի կարէ եւ տան մէջ դնէ՝ որ բախտ բերող ըլլայ. այդ մարդը ուշադրութիւն չէ դարձուցած այդ բանին: Ահա ատկէ սատանան մուտք գործած էր այդ մարդոց տուն:

ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԼՈՒԾՈՒԻ [ԿԸ ՔԱՆԴՈՒԻ]

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կը լուծուի կախարդական գործերուն կապանքը:

-Զղջումով եւ խոստովանութեամբ: Մարդ պէտք է փնտռէ պատճառը, որ կարելիութիւն տուած է կախարդին, որպէսզի ազդէ իր վրայ, ապա պէտք է հասկնայ իր յանցանքները, զղջայ ու խոստովանի: Բազմաթիւ տանջուածներ կան, որոնք խուցս կու գան՝ օգնութիւն խնդրելու -աղօթքի միջոցով-, ազատագրուելու համար սատանայական ազդեցութեան տանջանքէն: Օգնութիւն կը խնդրեն, առանց փնտռելու իրենց ներսիդին եղող չարիքին արմատները: Այդ պատճառով, պէտք է իմանան կախարդութեան ազդեցութեան տակ իյնալու պատճառը եւ ի՞նչ յացնանք գործած են, ապա զղջումն ու խոստովանութիւնը, որպէսզի իրենց տանջնանքերը դադրին:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ երբ անկարող կը դառնայ ինքն իրեն օգնելու եւ ազատուելու կախարդական ազդեցութիւններէն, կրնա՞յ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրել:

-Ուրիշները կրնան օգնել՝ քահանայ մը հրաւիրելով, որպէսզի վերջինիս տունը այցելէ եւ ջուր օրհնելու աղօթքը ըսէ: Երբ խնդրեն այդ տանջուած մարդէն, որպէսզի քիչ մը ջուր խմէ այդ օրհնուած ջուրէն, ապա չարը պիտի մեկուսանայ եւ Յիսուս պիտի մտնէ իր մէջ: Մայր մը այսպէս վարուած է իր զաւակին օգնելու համար: Ըսաւ ինծի, թէ իր զաւակը շատ կը չարչարուի կախարդական ազդեցութիւններէն: Խրատեցի անոր, որպէսզի համոզէ իր զաւակը՝ խոստովանութեան խորհուրդը կատարելու: Հարցուց, թէ ան այս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս կրնայ երթալ ու խոստովանիլ: Առաջարկեցի անոր, որպէսզի խնդրէ հոգեւոր հօրմէն, որ տուն գայ եւ ջուրը օրհնելու աղօթքը ըսէ ու իր զաւակին քիչ մը տայ անկէ, որպէսզի խմէ: Կինը ըրած էր այն ինչ որ ըսած էի անոր, որով որոշ ժամանակ մը ետք անոր զաւակը առողջացաւ, քանի որ կրցաւ խոստովանիլ, ու իր խոստովանութեամբ սատանան հեռու վռնտեց:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 31

4 ապրիլ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021