«ՎՈ՞ՎԱ»
Համշէնցիներու հետ առաջին շփումս վերացական էր՝ «Վովա» ձայնասկաւառակի միջոցով։ «Վովա»ն 2005 թուականին թողարկուած երաժշտական ալպոմ մըն է, որ կը պարունակէ տասներեք երգեր ու երկու պարային մեղեդիներ, բոլորն ալ համշէնական։ Ազգագրական երաժշտութեան լաւ օրինակ մըն է ան. թէ՛ լեզուն (մեծ մասամբ), թէ՛ քերթուածները, թէ՛ երաժշտութիւնը եւ թէ խումբին հիմնական երաժիշտները Համշէնէն սերած են։ Ձեռքս անցած էր 2006 թուականին, շնորհիւ դասընկերոջս, երբ դեռ Պէյրութի մէջ դպրոցական էի։ Ինքն ալ իր կարգին ստացած էր Երեւանի մէջ բնակող իր քեռիէն, որ հրաւիրած էր նոյն «Վովա» խումբը այնտեղ՝ համերգ ունենալու։ Համշէնի շուրջ հետաքրքրութեան զարգացման առաջին տարիներն էին։
«Ասոնք հին իսլամացած հայեր են, որ դեռ արեւմտահայաստան կ՚ապրին, բայց իրենց գիւղերը, երգերը եւ մշակոյթը ունին։ Լեզունին ալ հայերէնի հին բարբառ մըն է« Առ մտիկ ըրէ՛, շատ աղուոր է», ըսաւ ընկերս եւ երկարեց սկաւառակը. վրան կարդացի «Vo-va», եւ խիստ հետաքրքրուած՝ մտածեցի, թէ ովքե՞ր են այդ համշէնցիները։ «Վովա»ն ալ «Ո՞վ է»ն է, բացատրեց ընկերս։ «Ով է»-«Ով ա»-«Վովա»։
Հարցումը մնաց մտքիս մէջ մի քանի տարի, որոնց ընթացքին շարունակեցի լսել Համշէնի երաժշտութիւնը, կարդացի յօդուածներ կամ հարցազրոյցներ, եւ, ամենէն աւելի, երազեցի Համշէն երթալու մասին։
Վերջապէս, 2013 թուականի ամրան, երկու ընկերներու հետ մեր շրջագայութեան ընթացքին, պատմական Կարինէն (Էրզրում) հանրակառքով ճամբայ ելանք դէպի մշտադալար Համշէն։
Չոր լեռնային աշխարհագրութիւնը հետզհետէ կը զիջէր խոնաւութեան ու կանաչին։ Անտառներ, անտառներ, անտառներ...։ Նախորդ ժամերու շիջող արեւուն փոխարէն հիմա կար զով ու մաքուր օդ մը, որ կը հպէր պատուհանէն կախուած իմ գլխուն. լեռնանցքներու կանաչ պատերը շուքի տակ կ՚առնէին զայն։
Ի տարբերութիւն հայաթափ Կարինին, Համշէնը, ուր կ՚ուղուէի այդ պահուն, երեւակայութեանս մէջ աւելի հայկական էր ու, թէկուզ մասամբ խափուսիկօրէն, աւելի հայաբնակ։ Ուստի օտարացած-կորստեալ միջավայրէ դէպի կարծես հարազատ ու ջերմ միջավայր անցում մըն ալ էր միջլեռնային այդ ուղեւորութիւնը ինծի համար։ Հետեւաբար ոչ միայն մարմինս, այլ նաեւ այդ ժամանակ դեռ ռոմանթիք սիրտս ալ կը հովանար համշէնեան լեռներ բարձրանալով։
Քիչ-քիչ հասանք գիւղեր, որոնք պարզապէս բնակավայր կոչելը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար։ Ո՛չ խանութներ, ո՛չ հրապարակ, ոչ փողոց, այլ սոսկ փայտաշէն տուներ՝ կառուցուած լերան զառիթափին, մէկը միւսէն 50-100 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Մօտեցանք մէկուն, որ ծանօթ էր մեզի ուղեկցողին։ Ներկայացանք որպէս հայեր եւ արժանացանք ջերմագոյն ընդունելութեան. տեղական թէյ, զովացուցիչ, պտուղ ու խմորեղէն...։ Շնորհիւ բազմիցս Հայաստան գացած ըլլալուն, տանտէրը արեւելահայերէն կը խառնէր իր Համշէնի բարբառին, այդպէսով մեզի համար աւելի հասկնալի դարձնելով զայն։ «Հայիք, հայիք» («Հայ ենք, հայ ենք»), հաճոյանալու միտումով կ՚ըսէր ան, եւ աւելի՛ն. «այս բարձունքին վրայ բոլորը մեր ցեղախումբէն են, բոլորն ալ հայ են», կ՚աւելցնէր բրդոտ թեւի շարժումով մը այդ «Հայաստան»ը գծելով։
Երկօրեայ այդ այցիս ընթացքին յարաբերուեցայ այդ ընտանիքին, մէկ այլ համագիւղացի ընտանիքի, եւ յետոյ Հոփայի մէջ մէկ մարդու հետ միայն։ Բոլորին հետ ալ կարճ ու մակերեսային հանդիպումներ էին։ Բոլորն ալ որպէս հայեր կը ներկայանային, առաւել կամ պակաս ինքնավստահութեամբ։ Եթէ հիմնուէինք այս հանդիպումներուն վրայ, «Վո՞վա» հարցումը հաւանաբար «Հայն ա» պատասխանը կը ստանար։
Բայց այդ սահմանափակ մօտեցում պիտի ըլլար հարցին։ Ոչ միայն թրքերէն չէի գիտեր ու ժամանակս շատ կարճ էր, այլ նաեւ մեզի ուղորդող մեր ծանօթը յատուկ կը տանէր այն մարդոց մօտ, որոնք իրենք զիրենք կը համարէին հայեր։
Ուստի «Վո՞վա» հարցումը կը մնար հարցում…
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ