ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՈՒԻ ԱՐ ՏԸ ՈՒՈՐԼՏ - ԵՈՒԷՍԷՅ ՖՈՐ ԱՖՐԻՔԱ (WE ARE THE WORLD - USA FOR AFRICA)

1984 թուականին բրիտանական ամենայայտնի երգիչներէն բաղկացած Band Aid խումբը ձայնագրեց «Do They Know It’s Christmas» անուանումով երգ մը, որուն հասոյթէն կուտակուած գումարը ուղարկուեցաւ Եթովպիոյ կարիքաւորներուն։ Այս նախաձեռնութեան յաջողութենէն ետք ամերիկացի երգիչ եւ հասարակական գործիչ Կարի Պելաֆոնթէն որոշեց Ափրիկէի համար նախաձեռնել նմանատիպ օգնութիւն մը, որ աւելի մեծ չափեր կը կրէր։ Պելաֆոնթէի առաջին միտքն էր կազմակերպել բարեգործական համերգ մը՝ ափրոամերիկացի երգիչներու մասնակցութեամբ։ Կառավարիչ Քեն Քրաճընի հետ այս միտքը քննարկելէ ետք, անոնք հասկցան, որ աւելի հեշտ եւ արագ կ՚ըլլայ երգիչները հաւաքել միացեալ ձայնագրութեան համար։ Ի սկզբանէ նախատեսուած էր, որ երգը պիտի գրեն Մայքըլ Ճեքսընը, Լայնըլ Ռիչին եւ Սթիւի Ուոնտըրը, սական վերջինս այդ ժամանակ Նիւ Եորք գացած էր եւ չկրցաւ մասնակցիլ ստեղծագործական աշխատանքներուն։ Ճեքսընն ու Ռիչին նախապէս արդէն համագործակցած էին։ Անոնք կը գիտակցէին, որ երգը պէտք է ըլլայ հզօր եւ իր մէջ ընդհանրացնող կոչ պարունակէ, անոր համար երկար ժամանակ կը նախապատրաստուէին՝ լսելով Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի ազգային օրհներգերը։ «Այս ամէնը մենք հաւաքեցինք մեր գլխուն մէջ, ամբողջացուցինք եւ գրեցինք ռիթմ մը, որ մարդոց համար ծանօթ կ՚ըլլար եւ կ՚ընկալուէր այնքան հեշտ, որքան ազգային օրհներգները», կը յիշէ Ռիչին։

Միացեալ աշխատանքներու ժամանակ Ճեքսընն ու Ռիչին սեւագրած էին մի քանի հատուած եւ մտածած՝ երաժըշտութեան ընդհանուր կառուցուածքը։ Աւելի ուշ Ճեքսըն, հաւաքելով այս բոլորը, կը փակուի իր տան մէջ գտնուող ձայնագրման արուեստանոցին մէջ եւ մէկ գիշերուայ ընթացքին կ՚աւարտէ երգը, գրելով բոլոր գործիքներու ձայանբաժիններն ու երգի բառերը։

Այնուհետեւ Քեն Քրաճըն կ՚անցնի «աստղեր որսալու» գործին։ Ան, երգին մէջ մասնակցութիւն ունենալու առաջարկով, կը դիմէ բոլոր այն երգիչներուն, որոնք վերջին շրջանին ազգային հիթ-շքերթներուն մէջ զբաղեցուցած էին առաջնակարգ դիրքեր։ Այս ձեւով ան շատ արագ կը հաւաքէ քառասուն երաժիշտ եւ ստիպուած կ՚ըլլայ մերժել եւս յիսուն-վաթսուն երգիչներ, որոնք, լսելով նախաձեռնութեան մասին, ցանկութիւն յայտնած էին միանալ անոնց։ Յաջորդ քայլը, ըստ կազմակերպիչներուն, ամենէն դժուարն էր։ Պէտք էր նշանակել ձայնագրման օր եւ վայր՝ գաղտնի պահելով լրատուամիջոցներէն, որպէսզի կարենային խուսափիլ համակիրներու բանակէն։

Եւ այսպէս, ձայնագրման օրը ընտրուեցաւ «American Music Awards» մրցանակաբշութենէն անմիջապէս ետք։ Աստղերը հաւաքուեցան A&M Recording ձայնագրման արուեստանոցի մէջ, երեկոյեան ժամը 10.00-ին եւ անցան աշխատանքի։ Նախ անոնք ձայնագրեցին երգչախմբային մասը, ապա՝ միայնակ հատուածները։ «Աւելի համախմբուած եւ հարթ աշխատանքներ ես չեմ յիշեր։ Ամբողջ երգը մենք ձայնագրեցինք մէկ գիշերուայ մէջ, ընդամէնը տասն ժամուայ ընթացքին՝ աւելի քան քառասուն արուեստագէտներու հետ միասին։ Շոու-պիզնէսի մէջ անցուցածս երկարամեայ աշխատանքային կեանքիս ընթացքին, այս գիշերը, վստահօրէն կրնամ ըսել՝ լաւագոյններէն էր։ Ձայնագրման աշխատանքներու սկսելէ առաջ ես բոլորին խնդրեցի մէկ կողմ դնել իրենց անձնասիրութիւնը։ Արդիւնքը յստակ է, դուք կը տեսնէք», կը պատմէ երգի արտադրող Քուինսի Ճոնս։ Ամէն բան անցաւ շատ հեշտ եւ նախատեսուածէն աւելի լաւ։ Երգի ձայնագրման համար նոյնիսկ իրաւաբանական համաձայնութեան եկան մի քանի երգիչներու հեղինակային իրաւունքներ ունեցող արուեստանոցներ՝ թոյլ տալով անոնց ձայնագրուիլ մէկ այլ նախագիծի համար։ 

Նախագիծի՝ USA For Africa անուան մէջ USA յապաւումը բոլորովին չի բացուիր իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (United States of America)։ Անիկա կը նշանակէ Արուեստագէտներու Միացեալ Աջակցութիւն Ափրիկէին (United Support of Artists for Africa):

Երգի ձայնագրութեան ժամանակ ձայնագրման արուեստանոցին մէջ կար նաեւ նկարահանող խումբ, որ վաւերացնելով ձայնագրման աշխատանքները, զայն վերածած է տեսահոլովակի։ Ի դէպ, նկարահանման աշխատանքերուն համար պէտք եղած է աւելին, քան 750 հազար տոլարի սարքաւորումներ, իսկ գործարկուներու խումբը, բեմադրիչն ու նկարահանող անձնակազմը միացան նախաձեռնութեան՝ աշխատելով անվճար։

Երգը թողարկուեցաւ 1985 թուականի մարտի 7-ին, իսկ հոլովակի առաջին ցուցադրութիւնը եղաւ մարտի 11-ին, MTV երաժշտական հեռատեսիլի ալիքով։ Երգի հասոյթը կազմեց 91 միլիոն տոլար, որմէ 54 միլիոնը կուտակուեցաւ երգի ձայներիզի վաճառքէն։ Իսկ արդէն յունիսի 10-ին Եթովպիա եւ Սուտան մեկնեցաւ մարդասիրական օգնութեամբ առաջին օդանաւը։

Երգի ձայնագրման մասնակցեցան 45 երգիչ Միացեալ Նահանգներէն, որոնց շարքին էին՝ Մայքըլ Ճեքսըն, Լայնըլ Ռիչի, Թինա Թըրնըր, Պիլլի Ճոէլ, Սթիւի Ուոնտըր, Տայանա Ռոս, Ալ Ճերօ, Պոպ Տիլըն, Ռէյ Չարլզ եւ այլք։

2010 թուականին, քսանհինգ տարի անց, երգը, աստղերու մէկ այլ կազմով, վերաձայնագրուեցաւ Հայիթիին օգնութիւն ուղարկելու համար, որ տուժած էր հզօր երկրաշարժէն։ Նոր կազմի մէջ էին Սելին Տիոն, Ճաստին Պիպըր, Նիքոլ Շերզինկըր, Պարպարա Սթրէյզընտ, Թոնի Պեննըթ, Աշեր եւ աւելի քան եօթանասուն այլ երգիչներ։ Երգը առաջին անգամ հնչեց Վանքուվըրի մէջ՝ Ձմեռնային ողիմպիական խաղերու բացման ժամանակ։ Երգի վերաձայագրութիւնը չունեցաւ բնօրինակի շլացուցիչ յաջողութիւնը։ Երաժշտական քննադատներու կարծիքով՝ անիկա հինցած հնարք է, որ այլեւս արդիական չէ, նաեւ, կը յիշեցնէ բնօրինակի անճաշակ կրկնօրինակումը։

Ինչեւէ, կարծիքներն ու ճաշակները կրնան բազմազան ըլլալ, բայց փաստը, որ երգը դարձած է համամարդկային եւ համընդհանուր աջակցութեան օրհներգ, անհերքելի է։ Անիկա կը հնչէ գրեթէ բոլոր բարեգործական համերգներու եւ նախաձեռնութիւններու ժամանակ եւ կրնայ նոյնքան յուզիչ եւ տրամադրող ըլլալ, ինչպէս տարիներ առաջ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2019