ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - «ՍԱՐԷՆ, ՁՈՐԷՆ». ԲԺԻՇԿ ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

«Սարէն, ձորէն» խորագիրն է բժիշկ Օհան Թապաքեանի նորատիպ հատորին. հետաքրքրական վերտառութիւն մը, որ սակայն լրիւ կը համապատասխանէ բովանդակուած նիւթերու այլազանութեան. ասիկա հեղինակին 3-րդ հրատարակութիւնն է, նախկինները՝ «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» (2018) եւ «Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր» (2019), որու մէջ մէկտեղուած է մամուլի մէջ տպուած եւ անտիպ գրութիւնները: Ան հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է.

«Սոյն հատորին գրութիւններէն մէկ քանին լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթին կամ «Հորիզոն-գրական»ի սիւնակներուն մէջ: Այլազան նիւթերու շուրջ ինքնատիպ գրութիւններով, որոնց մեծամասնութիւնը կը կրէ երեւակայութեանս դրոշմը, փորձած եմ ճոխացնել հատորին բովանդակութիւնը:

«Անդրադառնալով կարճ պատմուածքներուն, անոնցմէ մէկ քանին կը պատկանին միջազգային գրականութեան, որոնցմէ քանի մը հատը, քիչ թէ շատ չափով, փոփոխութեան ենթարկուած են, մէկ մասն ալ բացարձակ արգասիքն են երեւակայութեանս»:

«Սարէն, ձորէն» հատորին պարփակած 73 գրութիւնները կարելի է բաժնել երեք գլուխներու.

Առաջինին մէջ, բժիշկ Թապաքեան կը խօսի Աստուծոյ գոյութեան վերացական հարցի մասին եւ կարգ մը իմաստասէրներու մտածումներու ու տեսութեանց քննարկումով կ՚եզրակացնէ.

«Արդարեւ Աստուծոյ գոյութիւնը կարելի չէ բացատրել թուաբանական ճշգրտութեամբ, սակայն կը հաւատանք, որ Աստուած գոյութիւն ունի, ու մեզմէ իւրաքանչիւրը, անգիտակցաբար կեանքի դժուար պահերուն ընթացքին հանդիպած է Աստուծոյ, ու շատ մը պատահարներ կը կրեն Աստուծոյ հարազատ կնիքը» (էջ 12):

Իսկ, Արդարութիւն հասկացողութեան եւ իմաստին մասին կը բնորոշէ, թէ՝

«Գեղեցկութեան ու իրականութեան պէս, արդարութիւնը կը մնայ երազ, խաբկանք ու պատրանք...: Սակայն հրաժարիլ արդարութենէն անկարողութեան պատճառով՝ կը նշանակէ ճամբայ հարթել  յուսահատութեան ու վայրագութեան: Հարկ է չյուսահատիլ, հաւատալ ու տեւաբար ձգտիլ արդարութեան: Իւրաքանչիւր անհատ սկզբունքով հաւատք մը ունի, նոյնիսկ անհաւատը, որուն հաւատքը անհաւատ ըլլալն է» (էջ 15):

Ապա, կը յուշագրէ առօրեայ կեանքի ընթացքին անձնական ներապրումի յարաբերութեանց ու պատահած դէպքերու նկարագրութիւններ:

Երկրորդ գլուխը կ՚ընդգրկէ շարան մը կարճ պատմուածքներ, զորս վարպետութեամբ եւ հիւմուրով պատկերած է իր ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալուն համար։

Ան գրական նրբութեամբ ու հմտութեամբ վերլուծած ու պատկերած է Պետրոս Դուրեանի արտակարգ ու բնածին տղանդը, Ճպրան Խալիլ Ճպրանի արաբ բազմատաղանդ գրագէտն ու գծագրիչը, Թիւրքմենչայի դաշնագրին պատմական կարեւորութիւնը հայութեան համար, Հայաստանի Արաբական տիրապետութեան տակ ապրած մօտ 150 տարիները (643-853),  նաեւ «Հայկական» ածականներ կրող տարրեր գիտութեան, բոյսերու, աշխարհագրական ու այլ ճիւղերու մէջ:

Հակառակ քովիտ 19-ի ապրելակերպի անբնական վիճակին ու յարուցած դժուարութեանց, շնորհապարտ ենք բժիշկ Օհան Թապաքեանին իր այս ինքնահնար ու կորովամիտ աշխատասիրութեան համար: Ան, «Սարէն, ձորէն» հատորը ձօնած է՝

Հայրենիքի պաշտպան հայոց քաջարի բանակին

Ու Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն ու

Կամաւորներուն անթառամ յիշատակին:

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021