Պետրոս Դուրեան. Կեանքի Ու Սիրոյ Պաշտամունքով Հրկիզուող Բանաստեղծին Հանճարեղ Բոցավառումը
Յունուար 21-ի օրը, 145 տարի առաջ, 21 տարիքը նոր թեւակոխած, բայց արդէն թոքախտէ հիւծած՝ երկրային այս կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ վաղամեռիկ բանաստեղծի իր հանճարեղ բոցավառումով անմահացած Պետրոս Դուրեան (1851-1872), որ իր երգերով գրաւեց սիրտը մեր ժողովուրդին եւ արժանաւորապէս բազմեցաւ հայ գրականութեան մեծերուն վերապահուած իր գահին։
Ծնած էր 1851-ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, երկաթագործ Զմպայեանի աղքատ յարկին տակ եւ հօրենական ազգանունին հայացումով էր, որ Պետրոս Դուրեան գրչանունով ստորագրեց հազիւ 13 տարեկանին իր գրած առաջին բանաստեղծութիւնը։
Կեանքը դաժան գտնուեցաւ բնատուր տաղանդով օժտուած այս պատանիին նկատմամբ։ Աղքատութեան մէջ մեծնալով՝ չկրցաւ ուսման իր ծարաւը յագեցնել եւ պատանի տարիքէն աշխատանքի ասպարէզ նետուեցաւ՝ ընտանիքին կարիքները հոգալու պարտաւորութեամբ։
Գրականութեան հանդէպ սէրը եւ բանաստեղծական երկունքի ներքին հուրը այնքան բուռն ու կրակոտ էին Դուրեանի սրտին եւ մտքին մէջ, որ իբրեւ ապրուստի միջոց ան ընտրեց ժամանակի հայկական մամուլին աշխատակցութիւնը, յատկապէս թատրերագրական գործերով, որովհետեւ այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր թատրոնը։ Պատանի Դուրեան նաեւ դերասանութեամբ իր ապրուստը ապահովելու հարկին տակ գտնուեցաւ։
Մանաւա՛նդ առողջական առումով կեանքը դաժան եղաւ հայ գրականութեան հանճարեղ այս պատանիին նկատմամբ, որովհետեւ կանուխէն իր մէջ յայտնուած թոքախտը ուղղակի քայքայեց մարմինը կեանքին ու սիրոյ այնքան ամրօրէն փարած Պետրոս Դուրեանի։
Բայց գեղեցիկի պաշտամունքին անմար կրակը ունեցող մահամերձ բանաստեղծը անտրտունջ չհեռացաւ մեր աշխարհէն։ Ընդհակառակն՝ 1871-ին, մահուան իր սնարին գամուած, յաւերժութեան յանձնեց «Տրտունջք» խորագրուած իր անմահ բանաստեղծութիւնը՝ ճակատագրի եւ մահուան դէմ ընդվզումի ու ըմբոստացման հանճարեղ երգը երկնելով.-
Է՜, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ,
Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ…
Աստղ մ՚ալ ես կ՚երթամ յաւելուլ
երկինք,
Աստղերն ի՜նչ են որ եթէ ոչ անբիծ
եւ թշուառ հոգւոց անէ՜ծք ողբագին,
Որք թըռին այրել ճակատն երկնքին.
Այլ այն Աստուծոյն՝ շանթերո՜ւ արմատ՝
Յաւելուն զէնքերն ու զարդերն հըրատ…
Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կ՚ըսեմ… շանթահարէ՛ զիս,
Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս՝
Որ ժպրհի ձգտիլ, սուզիլ խորն երկնի,
Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի…։
Հիւանդոտ կեանքը եւ անոր յառաջացուցած յուսահատութիւնն ու յոռետեսութիւնը ծանր անդրադարձ ունեցան սիրոյ խոր զգացումներով եւ ալեկոծումներով համակուած այս բանաստեղծին յուզաշխարհին վրայ։
Կրկնակիօրէն դաժան, հիւանդի ու չքաւորի այսօրինակ տառապալից կեանք մը ապրելով՝ Պետրոս Դուրեան բանաստեղծութեան մէջ որոնեց եւ գտաւ ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման իր կենսունակ աշխարհը։ Թէեւ ժամանակը չունեցաւ բեղուն ստեղծագործութեան, բայց հազիւ քառասունի հասնող իր բանաստեղծութիւնները ինքնին բաւարար եղան, որպէսզի Պետրոս Դուրեան հորիզոն բանայ հայ քնարերգութեան առջեւ ու թռիչք տայ սիրոյ եւ տառապանքի մարդկային ամենէն վաւերական, յորդ ու անկեղծ զգացումները գեղարուեստականօրէն բանաձեւելու եւ յաւերժութեան յանձնելու երկունքին։
Ճակատագրի հանդէպ դառնութեան խորագոյն զգացողութիւնը եւս Դուրեան բանաստեղծականօրէն յաւերժացուց՝ հայ գրականութեան կտակելով իր անկրկնելի «Լճակ»ը.-
Շատերը զիս մերժեցին,
«Քընար մ՚ունի սոսկ» - ըսին.
Մին՝ «դողդոջ է, գոյն չունի» -
Միւսն ալ ըսաւ.- «կը մեռնի»։
Ոչ ոք ըսաւ,- «Հէ՛ք տըղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի»։
Ոչ ոք ըսաւ՝ - «Սա տըղին
Պատռե՛նք սիրտը տըրտմագին,
Նայինք ինչե՜ր գրուած կան…»
- Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան։
Իր օրին արդէն Պետրոս Դուրեան շատ արագ սիրուած եւ փնտռուած բանաստեղծը դարձաւ հայ երիտասարդութեան։ Իր «Ինչո՞ւ ապշած ես լճակ»ը, «Տրտունջք»ը, «Հեծեծմունք»ը, «Ինչ կ՚ըսեն»ը, «Թրքուհին» ու «Իմ մահը» բանաստեղծութիւնները դարձան երիտասարդ սրտերու եւ հոգիներու հարազատ թարգմանը, անոնց շրթներուն շարունակ հնչող երգերը…
Դուրեանի մեծութիւնը չսահմանափակուեցաւ իր ցաւին ու տառապանքին ահագնութեամբ։ Նորարարութիւնը տիրական գիծը դարձաւ Դուրեանի գրականութեան։
Թատրոնի մէջ, ժամանակի ընդհանուր հունով պատմական թատերախաղեր գրելով հանդերձ, Դուրեան թագաւորներու եւ իշխաններու կողքին բեմ բարձրացուց նաեւ պարզ ժողովուրդը՝ ազգային եւ ընկերային մեր հիմնական հարցերը արծարծելով։ Մանաւանդ որ Ազգային Զարթօնքի շարժումին եւ աշխարհաբարի տարածման դրօշակիրներէն էր Դուրեան, որ այս առումով եւս պայքարի դիրքերը ակամայ լքելու ճակատագրին դէմ ընդվզեցաւ՝ «Իմ Ցաւը» բանաստեղծութեան մէջ աւաղելով.-
Հէք մարդկութեան մէկ ոստը գօս՝
Հայրենիք մը ունիմ թշուառ,
Չօգնած անոր մեռնի՜լ աննշան,
Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցաւ ինձ համար։
Նաեւ ընկերային ազատամտութեան դրօշակիր եղաւ Դուրեան, որ չվարանեցաւ պահպանողական կաշկանդումները մերժելու եւ կեղծ բարոյապաշտութեան պատուարներ քանդելու. «Թրքուհին» խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը վկայութիւնն է սիրոյ եւ գեղեցիկի անհուն պաշտամունքին եւ սանձազերծ թռիչքին.-
Լանջն է յուզեալ Ովկէանի մը նման,
Կ՚ուզէ սիրել… համբոյրի մ՚ հետ նուաղիլ,
Նէ շողերու, բոյրերու է թագուհի,
Խոնջ թիթեռնիկ մ՚որ կը խնդրէ ծաղկէ թառ.
Եթէ շիկնի,
Կ՚ըսես.- «Հի՜մա կը բռնկի»։
Այդ էր պատճառը, որ իր թաղումը ազգային մեծ շուքով ու չորս հազարէ աւելի երիտասարդներու մասնակցութեամբ տպաւորիչ թափօրով կատարուեցաւ։ Մանրավէպի նշանակութիւն ունի, բայց կ’արժէ հոս մէջբերել Մուշեղ Իշխանի այն վկայութիւնը, որ երիտասարդութիւնը փափաքած է Դուրեանի թաղումը նուագախումբի ընկերակցութեամբ կատարել, հակառակ անոր որ մեր եկեղեցին այդ ժամանակ կ’արգիլէր նման բան։ Այդ խնդրանքով ալ երիտասարդներ դիմած են օրուան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Խրիմեան Հայրիկին, որուն պատասխանը՝ «Հրաման չեմ տար, բայց կը ներեմ»ը շատ բան կ’ըսէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ Պետրոս Դուրեանի գրաւած տեղին եւ հանճարեղ բանաստեղծի անոր արժանաւորութեան մասին։
«Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին տունով՝ Պետրոս Դուրեան արտայայտած է մահուան սնարին գտնուող ամէն մարդու խորագոյն ցաւն ու վախը, գրելով որ՝
Իսկ աննշան եթէ մնայ
երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
եւ յիշատակս ալ թառամի,
ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»…
Բայց մահէն աւելի զօրաւոր եղաւ Դուրեանի բանաստեղծութիւնը։
Ոչ միայն չթառամեցաւ Դուրեանի յիշատակը, այլեւ՝ իր երգերով Դուրեան մնայուն ընկերակիցը դարձաւ հայոց սերունդներուն։
Անմահութիւնը նուաճեց։
Թէեւ կեանքը անողոք գտնուեցաւ հայ գրականութեան Հանճարեղ Պատանիին նկատմամբ, բայց ինչպէս Դուրեան ինք՝ իր բանաստեղծութեամբ, նոյնպէս եւ մեր ժողովուրդը՝ իր սերունդներու հոգիին մէջ վառ պահելով Դուրեանի ժառանգութիւնը, յաղթեցին մահուան եւ անմահութեան արժանացուցին վաղամեռիկ բանաստեղծի հանճարեղ բոցավառումը շնչաւորած անզուգական երգիչին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ