ԵՐԿՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ոչ, Պոլսոյ նշանաւոր Շիշլիի ու Սկիւտարի գերեզմանատուներուն մասին չէ գրելիքս, այլ շատ աւելի աննշաններու։ Պոլիսը պիտի թողենք այս շաբաթուայ սիւնակով ու երթանք արեւելք, պատմական հայկական բնակավայրեր՝ Տերսիմ ու Մալաթիա։

Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատունը, վերանորոգուած քանի մը տարի առաջ, քաղաքին մէջ մնացած փոքրաթիւ հայութեան միակ հաւաքատեղին է։ Քանի որ հայկական հին եկեղեցին տակաւին անգործածելի վիճակի մէջ էր, գոնէ երկու տարի առաջ երբ այցելած էի, Մալաթիոյ հայերը իրենց կրօնական հաւաքները գերեզմանատան մատուռին մէջ կ՚անցընէին։ Մատուռ մը, որ ո՛չ խաչ ունի, ոչ ալ մատուռի կառուցուածք։ Քառապատ սրահ մը միայն։ Դեռ քանի մը տարի առաջ մատուռը կը կառուցուէր հայկական եկեղեցւոյ տեսքով։ Սակայն թաղեցի մահմետականներու բողոքը այն մասին, թէ «կեաւուրները նորէն կու գան»՝ «ստիպած» էր քաղաքապետարանին ընդհատել շինարարութիւնը, քանդել մատուռը, ու փոխարինել զայն ներկայի կառոյցով։

2016-ի ամառն էր, երբ այցելած էի։ Գերեզմանատան մէջ քիչ մը ճեմելէ ետք, թթենիի շուքին կեցած կը համտեսէինք պտուղները, երբ քանի մը քայլ անդին տեսայ երկու գերեզմանաքարեր՝ կողք-կողքի. Մէկը՝ ոմն Մեհմէտ Թ.-ի, միւսը՝ Օսման Թ.-ի։ Մեհմէտ եւ Օսման՝ հայկական գերեզմանատան մէջ. այս երեւոյթը կարելի՞ է գտնել ուրիշ տեղ։ Երկու եղբայրները, ինչպէս բացատրեցին տեղացի առաջնորդներս, ձեւականօրէն իսլամը ընդունած ու այդ անունները առած էին։ Հակառակ անոր՝ թաղուած էին հայկական գերեզմանատան մէջ. տակաւին, երկուքէն մէկուն թաղման ընթացքին, ինչպէս պատմեցին, զաւակը ընդմիջած էր տէր հօր աղօթքը՝ խնդրելով, որ իսկական անունով յիշուի հայրը։ Մահն ու թաղումը լիովին ու բացօրէն հայկական պիտի ըլլային այդպիսով։ Բայց մահմետական անունը պիտի փորուէր քարին, եւ այնտեղ ամրագրէր Մալաթիոյ ու շրջակայքի մէջ երբեմն յայտնուող երկակի ինքնութեան այդ երեւոյթը։

Եթէ պաշտօնական ցանկի մը մէջ փնտռես, հաւանաբար գտնես Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան անունը։ Բայց վստահ եղիր, որ Տերսիմի մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մը անունին պիտի չհանդիպիս։ Եթէ տերսիմցի բարեկամուհիիս գիւղը երթաս, ու իրենց ընտանեկան գերեզմանատան քովէն անցնիս՝ հայկական ոչինչ պիտի տեսնես։ Բայց, ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ «մեր գերեզմանատունը հայկական է, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ»։ Քրիստոնէական չէ. ո՛չ խաչեր ունի, ոչ մատուռ, ոչ խունկ, ոչ մոմեր։ Բայց հայկական է, քանի որ, ինչպէս բարեկամուհիս կ՚ըսէ, հոն պառկողները հայեր են։ Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հատ հայկական գերեզմանատուն կայ։ Թերեւս երբեք չիմանանք։

Օսմանն ու Մեհմէտը՝ հայ քրիստոնեայ, ոչ-քրիստոնեայ գերեզմանն ալ՝ հայկական կրնան ըլլալ Թուրքիոյ մէջ։ Այնտեղ հայ ինքնութիւնը փորձառական է ու նորարար։ Յաճախ ստիպուած կը շեղի, կը թեքի ու կը հեռանայ աւանդականէն, կամ՝ անհետ կորչելու, կամ՝ նորովի ստեղծուելու համար։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019