ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Թ.

ՍԵԼՈՎԱՄԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Զարմանալին ալ այդ է» (Յհ 9.30):

Մեկնութիւն. հրաշքները երեք կերպ են. այսինքն՝ խօսքը, գործը եւ իրը: Այն, որ խօսքով է, հրաշք է, իմացումէն գեր ի վեր է: Այն, որ գործով է հրաշքը, սովորութենէն գեր ի վեր է: Այն, որ իրին է հրաշքը, բնութենէն գեր ի վեր է: Բոլոր հրաշքները հաւատքով կը տեսնուին, եւ քանի որ հրեաներուն սովորութիւնն էր հրաշք ուզել, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Հրեաները հրաշք կ՚ուզեն» (Ա. Կր 1.22), նախ՝ այդ իսկ է հրաշք, որ զիս լուսաւորուած կը տեսնէք, բայց չէք հաւատար: Երկրորդ՝ այդ իսկ է հրաշք, որովհետեւ դուք չէք գիտեր, քանի որ եթէ գիտէք, հրաշք չէր ըլլար: Երրորդ՝ այդ իսկ է հրաշք, թէ դուք գիտուններդ Մեծատունին չէք գիտեր, իսկ ես գործով գիտցայ, որ իմ աչքերս բացաւ:

Խօսք. «Գիտենք, որ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ՚ըներ» (Յհ 9.31):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ Աստուած հրաշք չի՛ կատարեր բարութեան մասին վկայելու համար չարերուն վրայ, քանի որ ատոր հետ սուտ վկայ կ՚ըլլար, որ հնարաւոր չէ, այլ՝ երբեմն հրաշք կը գործէ մեղաւորին համար, անոր չարութեան համար չի՛ գործեր, այլ՝ Իր մարդասիրութեան համար, սակայն բարիներուն համար հրաշքներ կը գործէ՝ ճշմարիտ վարդապետութեան եւ անոնց բարութեան մասին վկայելով, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Բայց կը լսէ անոնք՝ որոնք աստուածապաշտ են եւ Իր կամքը կը կատարեն» (Յհ 9.31):

Մեկնութիւն. կրկին մասունք ունի բարութիւնը, այսինքն՝ ներքին եւ արտաքին: Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը աստուածապաշտ է», այսինքն՝ հաւատքով եւ սիրով դէպի հանճարն ու կամքը: Երկրորդին համար կ՚ըսէ. «Իր կամքը կը կատարեն», այսինքն՝ հրամայուածը կատարելով: Եւ Աստուած այդպիսի մարդուն կը լսէ եւ Իր սրբութիւնը կը յայտնէ՝ Եկեղեցւոյ շինութեան համար:

Հարցում. ինչպէ՞ս կ՚ըսէ, թէ Աստուած մեղաւորներուն չի լսեր, քանի որ մաքսաւորին ու անառակին լսեց:

Պատասխան. վարդապետները կ՚ըսեն. նախ՝ որովհետեւ Աստուած մեղաւորներուն չի լսեր, այլ՝ զղջացողը մեղաւոր չէ, իսկ մաքսաւորն ու անառակը զղջացած էին, այսինքն՝ չարութիւններէն հեռացած եւ բարիին մօտեցած: Երկրորդ՝ կ՚ըսեն՝ Աստուած իշխանութիւն չի տար մեղաւորներուն հրաշքներ գործելու իրենց բարութեան համար, այլ՝ Քրիստոսի անունին պատիւին եւ ընտրուածներուն փրկութեան համար, ինչպէս չար քրիստոնեաները եւ հերձուածողները Քրիստոսի խօսքերով եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդներով հրաշքներ կը կատարեն: Եւ դարձեալ կ՚ըսեն, թէ այլ կերպով կախարդները ու այլ կերպով չար քրիստոնեաները հրաշքներ կը գործեն, քանի որ կախարդները հրաշքները ծածկաբար կը գործեն սատանային հետ միութեամբ, թէեւ հրաշքներ չեն, այլ՝ զարմանալի եւ արտասովոր բաներ, իսկ բարի քրիստոնեաները առհաարակ հրաշքներ կը գործեն արդարութեամբ, իսկ չար քրիստոնեաները հրաշքներ կը գործեն արդարութեան նշանով, ինչպէս աշակերտները կ՚ըսէին. «Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք, որ Քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր…, բայց մեր ետեւէն չէր շրջեր» (տե՛ս Մր 9.38)։

ՅԱՒԻՏԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Խօսք. «Աշխարհի սկիզբէն [յաւիտեաններէն] ի վեր լսուած բան չէ» (Յհ 9.32):

Մեկնութիւն. չորս են յաւիտեանները. նախ՝ որ ո՛չ սկիզբ ունի եւ ո՛չ ալ վախճան, ինչպէս տեւողականը: Երկրորդ՝ որ սկիզբ ու վախճան ունի, ինչպէս ժամանակը: Երրորդ՝ որ սկիզբ չունի բայց վախճան ունի, ինչպէս սկզբնականը: Չորրորդ՝ որ սկիզբ ունի բայց վախճան չունի, ինչպէս մշտնջենաւորը:

Արդ, որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած բան չէ», ժամանակականը կ՚ըսէ առաջին դարուն, քանի որ իւրաքանչիւր դար յաւիտեան կը կոչուի:

Խօսք. «Ի ծնէ կոյրի մը» (Յհ 9.32):

Մեկնութիւն. չորս բանով կը զատորոշուի ի ծնէ կոյրը. նախ՝ որ բնական է կոյրը, իսկ միւսները՝ պատահմամբ: Երկրորդ՝ թէ անտես է լոյսին, իսկ միւսները՝ զրկուածներ: Երրորդ՝ քանի որ ամբողջութեամբ սխալած է, իսկ միւսներունը՝ մէկ մասը: Չորրորդ՝ թէ դեղերով չի բուժուիր, այլ՝ նոր ստեղծուելու կը կարտօի:

Եւ Մեկնիչդ [Նանա] չորս բանով կը ցուցնէ, թէ Աստւծոյ Որդի կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եթէ այդ մարդը Աստուծմէ եկած չըլլար» (Յհ 9.33):

Մեկնութիւն. նախ՝ որովհետեւ Աստուծոյ Որդի էր, երկրորդ՝ Աստուծոյ սիրելի, երրորդ՝ Աստուծմէ եկած, չորրորդ՝ քարոզած ժամանակ շատերու կողմէ կը լսուէր:

Խօսք. «Ամբողջութեամբդ մեղքի մէջ ծնած ես» (Յհ 9.34):

Մեկնութիւն. նախ՝ անարգութեամբ կ՚ըսէին: Երկրորդ՝ կը ստեն, քանի որ մանուկները անմեղ կը ծնին եւ յետոյ կը մեղանչեն: Երրորդ՝ սկզբնական մեղքով կ՚ըսեն, եւ ասիկա ընդհանուրին կը վերաբերի: Չորրորդ՝ շնութեան որդիներ, իսկ այս թլփատութիւնը Հինին մէջ է, իսկ մկրտութիւնը Նորին մէջ՝ կը մաքրէ: Հինգերորդ՝ կը կարծէին, թէ մեղքերուն պատճառով կոյր ծնած էր: Վեցերորդ՝ կը կարծեն, ըստ Յոբի բարեկամներուն, թէ իւրաքանչիւր նեղութիւն ու հիւանդութիւն մեղքերուն պատճառով կ՚ըլլան: Եւ Քրիստոս այս բոլորէն անմեղ ցոյց տուաւ՝ ըսելով. «Մեղքը ի՛րը չէ» (տե՛ս Յհ 9.3), եւ այլն: Հետեւաբար, ցասումով եւ անարգութեամբ կ՚ըսեն, եւ ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ՝ գործով, ինչպէս ետքէն կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եւ ժողովարանէն դուրս դրին զայն» (Յհ 9.34):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ բանադրանքով հեռացուցին ժողովուրդէն:

Ասիկա չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ զՔրիստոս քարոզեց: Երկրորդ՝ որովհետեւ ըսաւ, թէ աշխարհի սկիզբէն ի վեր ո՛չ ոք լսեց եւ գործեց այդպիսի հրաշք: Երրորդ՝ քանի որ առաւել զայրացան: Չորրորդ՝ որպէսզի չյանդիմանէ զիրենք:

Իսկ ըսելը.

Խօսք. «Մեր գլխուն ուսուցի՞չ կ՚ուզես ըլլալ» (Յհ 9.34):

Մեկնութիւն. իբրեւ թէ ըսել. «Դուն՝ տգէտդ ու մեղաւորդ, ուսուցի՞չ պիտի ըլլաս մեզի»: Եւ ասիկա սուտ է, քանի որ ճշմատութիւնը ով որ ալ պատմէ, ընդունելի է:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԻՆՔ

Խօսք. «Յիսուս լսեց թէ անոնք դուրս դրեր են մարդը» (Յհ 9.35):

Մեկնութիւն. թէեւ Քրիստոս ամէն ինչ գիտէ նախքան կատարուիլը, սական կամեցաւ զգալի ականջներով լսել:

Խօսք. «Եւ երբ գտաւ զայն» (Յհ 9.35):

Մեկնութիւն. ոչ պատահմամաբ, այլ՝ փնտռելով:

Քրիստոս չորս պատճառով Ինքզինք երեւցուց անոր. նախ՝ քանի որ հրեաները հեռացուցին՝ Քրիստոս ընդունեց զինք: Երկրորդ՝ որովհետեւ հաստատապէս եկաւ, եւ ո՛չ թէ հակառակորդներէն ծածուկ: Երրորդ՝ քանի որ Երախտագործէն կը գոհանար: Չորրորդ՝ որովհետեւ կամեցաւ ինչպէս մարմինը՝ այդպէս ալ հոգին լուսաւորել:

Եւ վեց բանով կը համեմատէ կոյրին [աչքերուն] բացումը եւ անդամալոյծին առողջութիւնը. նախ՝ քանի որ անիկա շաբաթ օրով էր, եւ այստեղ ալ շաբաթ կ՚ըսէ: Երկրորդ՝ այնտեղ ամբողջ անդամը անդամալուծուած էր, իսկ այստեղ ամողջ աչքը խաւարած էր: Երրորդ՝ [այնտեղ]՝ Պրոպատիկէին մօտիկ էր, իսկ այստեղ՝ Սելովամ ուղարկեց: Չորրորդ՝ այնտեղ ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, Ես ալ կը գործեմ» (Յհ 5.17). իսկ այստեղ. «Պէտք է գործեմ Աստուծոյ գործերը» (հմմտ. Յհ 9.4): Հինգերորդ՝ այնտեղ՝ հրաշքէն ետք փախաւ (հմմտ. Յհ 5.13), իսկ այստեղ՝ այդտեղէն գնաց: Վեցերորդ՝ զայն [անդամալոյծին] տաճարին մէջ գտաւ ու ըսաւ՝ այլեւս մի՛ մեղանչեր (Յհ 5.14), իսկ այստեղ կ՚ըսէ. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35), որպէսզի ամբողջ մարդը բժշկէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 91

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021