ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ՝ ԼԱՒ ԱՊԱԳԱՅ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայ Եկեղեցին իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ տէր կանգնած է որբին, այրիին, կեղեքեալին եւ աղքատին։ Եկեղեցին թանգարանացած վայր մը չէ, այլ ան կենդանի, շնչող ու սփոփարար սպեղանի է իւրաքանչիւր հայորդիի համար։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը՝ գլխաւորութեամբ իր ժրաջան առաջնորդին՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեա-նին, բազմապիսի օժանդակութիւններով նեցուկ կը կանգնի հայ մանուկին, երիտասարդին ու ընտանիքին։ Այդ օժանդակութիւններէն մին կը հանդիսանայ «Էջմիածնի երեխաներու հիմնադրամ»ը, որ նիւթական օժանդակութիւն կը հայթայթէ Հայաստանի մէջ ապրող ծնողազուրկ եւ կարիքաւոր երեխաներուն։

Հիմնադրամը հիմնուած է թեմի նախկին առաջնորդներէն՝ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի օրօք, սակայն ան նոր թարմութեամբ աննախադէպ վերելք ապրեցաւ՝ վերջին տարիներու ընթացքին։ Հիմնադրամի ատենապետներն են Տէր եւ Տիկին Սայաթ եւ Հերմինէ Օրունճաքճըէլները։

2016 թուականին էր, երբ «Էջմիածնի երեխաներու հիմնադրամ»ը «Մանկապարտէզի ծրագրի»ն ծնունդ տուաւ, որուն գործունէութիւնը կը ծաւալի գիւղական շրջաններու մէջ մանուկներու համար առողջ կրթական միջավայր ստեղծելու կապակցութեամբ։ Օրինակ. հիմնադրամը կը հովանաւորէ Քարակերտի Գրիգոր Նարեկացի հոգեւոր-մշակութային կեդրոնի 30 երեխաներու սնունդի տարեկան ամբողջական ծախսերը։ Կեդրոնի տնօրէն Աննա Ղուկասեան մեզի հետ կատարած հարցազրոյցի ընթացքին դրուատելով հիմնադրամի գործունէութիւնը՝ ըսաւ. ««Էջմիածնի երեխաներու հիմնադրամ»ի շնորհիւ մեր երեխաները լիարժէք կը սնուցուին եւ իրենց առօրեան կ՚անցընեն աւելի ջերմ ու գունեղ միջավայրի մէջ։ Առ այդ, իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Յովնան Սրբազան Հօր, ողջ անձնակազմին, այս ծրագրին նպաստողներուն, որոնք իրենց ուժն ու կորովը ներդրած են այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար եւ այն բոլոր աստուածահաճոյ ծրագրերն ու նպատակները, որոնք ուղղուած են մեր հայրենիքի մատաղ սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ հայրենիքիս նկատմամբ նման մարդկանց գործունէութիւնը եւ երջանկութիւն պարգեւէ մեր մատաղ սերունդին»։

«Էջմիածնի երեխաներու հիմնադրամ»ը իր գործունէութիւնը ընդլայնած է նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Ջամբարակ գիւղին մէջ, որուն թիւ 5 մանկապարտէզը աղէտալի վիճակի մէջ յայտնաբերուած էր։ Նշենք, որ Ջամբարակ գիւղը Ատրպէյճանի սահմանէն ընդամէնը 1 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը համագործակցելով Գեղարքունիքի թեմին եւ քաղաքապետարանին հետ, 2017 թուականին մանկապարտէզի տանիքը հիմնովին նորոգեց։ 2018 թուականին, հիմնադրամը Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին նախաձեռնութեամբ, որոշած է նոյն մանկապարտէզի դռներն ու պատուհանները նորերով օժտել՝ մանուկները զերծ պահելու համար ցուրտ եղանակէն եւ անոնց տաքուկ «օճախ» մը պարգեւելու համար։

«Էջմիածնի երեխաներու հիմնադրամ»ը բարձր գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կը գործէ ու պիտի գործէ։ Գործունէութիւն մը, որ ազգանուէր ծառայութիւն մըն է իւրաքանչիւր հայ երեխայի նկատմամբ։ Նուիրատուութիւն կատարողը պէտք է գիտակցի, որ ան ո՛չ միայն անմեղ երեխաներու կեանքն է որ կը բարելաւէ եւ հանգստաւէտ պայմաններ կը ստեղծէ, այլեւ անոնց յոյս, հաւատք եւ սէր կը ներշնչէ։ Ահա այս «Հիմնադրամ»ի նախաձեռնած «Մանկապարտէզի ծրագիր»ը կը նպատակադրէ օգնել հայ դպրոցին ու աշակերտին, հաւատալով որ հայ դպրոցը սալ մըն է, որուն վրայ կը ծեծուի շիկացած եւ ձեւ չստացած երկաթը, որ շուտով պիտի վերածուի ձեւակերպուած գործիքի՝ հայու տիպարի։ Հնոց, ուր կը թրծուի կեանքը, որ պիտի դառնայ ընկերութեան շէնքը բարձրացնող աղիւսներէն մին։ Արուեստանոց մը, ուր մուրճի կոփիչ հարուածներուն տակ շունչ ու ոգի պիտի ստանայ մարդու իսկական կերպարը ներկայացնող քանդակը։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը գիտակից հայորդիներու հետ համագործակցելով ու նուիրատուութեամբ պիտի շարունակէ իւրաքանչիւր հայ մանուկի ժպիտ պարգեւել։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018