ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԱՆՅԱՋՈՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԹԱՆԳԱՐԱՆ՝ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՄԷՋ

4 Յու­նիս 2016-ին Հո­լի­վու­տի մէջ «Ան­յա­ջող յա­րա­բե­րու­թեանց թան­գա­րան»ին (Museum of Broken Relationships) պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ, ո­րուն տէրն ու հիմ­նա­դիրն է Ճան Քուին ա­նու­նով ի­րա­ւա­բան մը։

Ան տա­րի մը ա­ռաջ Խրուա­թիոյ մայ­րա­քա­ղաքը՝ Զաղ­րէպի մէջ տե­սած էր նմա­նօ­րի­նակ թան­գա­րան մը եւ այդ գա­ղա­փա­րը հե­տաքրք­րա­կան գտ­­նե­լով, ո­րո­շած էր կապ­կել զայն Հո­լի­վու­տի մէջ։ Եւ ին­չու չէ, մա­նա­ւանդ որ Հո­լի­վու­տը ա­մուս­նա­լու­ծու­թիւն­նե­րով յղփա­ցած շրջան մըն է, ուր դե­րա­սան­ներ քա­նի մը ան­գամ կ՚ա­մուս­նա­նան եւ կ՚ա­մուս­նալու­ծուին...։­

Ար­դա­րեւ, Զաղ­րէպի թան­գա­րա­նը հիմ­նուած էր 2010-ին։ Ու­րեմն այս պա­րա­գա­յին Հո­լի­վու­տը ա­ռաջ­նա­հերթ չէ ե­ղած, հա­կա­ռակ որ ան նո­րու­թիւն­նե­րու եւ տա­րօ­րի­նա­կու­թիւն­նե­րու չա­փա­նի­շը միշտ կտրած է։

Վե­րա­դառ­նա­լով Հո­լի­վու­տի թան­գա­րա­նին, հոն ցու­ցադ­րու­թեան դրուած հարիւր ա­ռար­կա­նե­րը մնա­յուն չեն, այլ քա­նի մը ա­միսը ան­գամ մը կը փո­խա­րի­նուին ու­րիշ ա­ռար­կա­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ ա­ռար­կա­նե­րու քա­նա­կը պէտք ե­ղա­ծէն շատ ա­ւե­լի է եւ տա­կա­ւին օ­րըս­տօ­րէ կ՚ա­ճի։ Իսկ մուտ­քի վճարն է՝ 18 տո­լար։ Ա­նոնք ո­րոնք կ­­՚ու­զեն այ­ցե­լել այս թան­գա­րա­նը, հաս­ցէն է՝ 6751 Hollywood Blvd., Los Angeles:

Սա­կայն, ի՛նչ կը ցու­ցադ­րուի այդ թան­գա­րա­նին մէջ։ Ըստ ա­նոր վա­րիչ-տնօ­րէն Ա­լեք­սիս Հայ­տի, հոն կա­րե­լի է գտնել յի­շա­տակ­ներ՝ ա­մուս­նա­լու­ծուած զոյ­գե­րէ, յետս կո­չուած նշա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ եւ պարզ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք այս կամ այն պատ­ճա­ռաւ չեն յա­րա­տե­ւած։­

Օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար բաւ է յի­շել ա­մուս­նա­լու­ծուած կնկան մը հար­սա­նե­կան զ­­գես­տը, որ թխմուած է թթուա­շի փոքր շի­շի մը մէջ։ Իսկ մարդ մը թան­գա­րա­նին նուի­րած է Հա­լըուի­նի (Halloween) ա­ռի­թով իր նշա­նա­ծին հա­մար պատ­րաս­տած թի­թեռ­նի­կի թե­ւե­րով տա­րազ մը, մինչ ան ու­րի­շի մը հետ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ գտնուած է։

ՄԵԾՆ  ԲՐԻ­ՏԱ­ՆԻՈՅ ԻՇ­ԽԱՆ Հ­­ԵՐ­ԻԻ ԱՆ­ԶՈՒՍՊ ԳՐԱՒ­ՉՈՒԹ­ԻՒՆ­Ը ՄԱՆ­ՈՒԿՆ­ԵՐ­ՈՒ ՆԿԱՏ­ՄԱՄԲ

Գաղտն­իք մը չէ, որ պե­տա­կան մար­դիկ, սին­ե­մա­յի աստ­ղեր եւ մե­ծա­հա-րուստն­եր խոշ­ո­րա­ցոյց­ի տակ կ՚առ­նուին եւ ա­նոնց մէն մի քայլն ու խօսք­ը կը դառ­նան զգա­յաց­ունց լուր եւ կը սփռու­ին աշ­խարհ­ով մէկ՝ լրատ­ուա­կան բոլ­որ միջ­ոցն­եր­ով։

Այս դա­սա­կար­գին կը պատ­կա­նին մա­նա­ւանդ Մեծն Բրի­տա­նիոյ ար­քու­նի­քի ան­դամ­նե­րը­, ի մաս­նա­ւո­րի­՝ իշ­խա­նու­հի Քէյթն ու իշ­խան Հե­րի­ն։ Իշ­խա­նու­հի Քէյ­թը գե­ղե­ցի­կ է եւ յա­ճախ կը բաղդա­տուի կէ­սուր մօր, ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ շատ սի­րուած՝ հան­գու­ցե­ալ ի­շխա­նու­հի Տա­յա­նա­յին հետ։ Իսկ իշ­խան Հե­րի­ն ա­մու­րի է եւ քիչ մըն ալ ա­զա­տա­մի­տ՝ իր մտա­ծե­լա­կեր­պի­ն մէջ ու սան­ձար­ձակ՝ իր գոր­ծե­լա­կեր­պո­վ, թէեւ՝ հո­գա­ծու կա­րօ­տեալ ման­կանց նկատ­մամբ։

Իշ­խան Հե­րի­ի գե­ղե­ցկու­հի­նե­րո­վ շրջա­պա­տուած մերկ լո­ղա­լը, Լաս Վե­կա­սի պեր­ճա­շուք պան­դոկ­նե­րէ­ն մէ­կու մը բա­ցօթեայ ա­ւա­զա­նին մէջ, վստահ եմ տա­կա­ւին թարմ է բո­լո­րի­ն յի­շո­ղու­թեան մէ­ջ։­

Իշ­խան Հե­րի­ի մա­սի­ն վեր­ջե­րս հրա­տա­րա­կուե­ցաւ թուագ­րա­կան վի­ճա­կագ­րու­թի­ւն մը, ինչ որ գրա­ւե­ց ու­շադ­րու­թի­ւնս։ Հի­մա թոյլ տուէ­ք ներ­կա­յաց­նե­մ զայն ե­ւ դուք դա­տե­ցէ­՛ք, թէ որ­քա­նով ճիշդ կրնայ ըլ­լալ այդ թուա­բա­նու­թի­ւնը­։­

Ու­րե­մն իշ­խա­նը իբ­րեւ թէ քսաներեք ան­գամ գտնուած է ան­զուսպ գրաւ­չու­թե­ան դրու­թե­ան մէ­ջ, մա­նուկ­նե­րու նկատ­մամբ։ Յի­շե­ալ հրա­տա­րա­կու­թի­ւնը նկա­տե­լ կու տայ, թէ այս ը­նթաց­քը իշ­խա­նա­վա­յել չէ, այ­սինքն ան պէ­տք է ա­ւե­լի լուրջ կե­ցուածք մը ու­նե­նայ ե­ւ չհա­սա­րակ­նայ։ Ի­սկ պարզ ժո­ղո­վուր­դը գնա­հա­տե­լո­վ ի­րե­նց սր­տին մօ­տի­կ այս յատ­կու­թի­ւնը­, զայն կը վե­րագ­րեն մօր­մէ­ն ժա­ռան­գած ար­ժա­նի­քնե­րուն։

Ին­ծի հա­մար սա­կայն հար­ցը բո­լո­րո­վի­ն տար­բեր մեկ­նա­բա­նու­թե­ան դուռ կը բա­նայ։ Բա­րե­կա՛մ, լրա­տու­ա­կան մի­ջոց­ներ­ու աշ­խա­տա­կից­ներ­ը ու­րիշ կա­րեւոր գործ չու­նի՞­ն զիր­ենք զբա­ղեց­նող, որ կրցած են հա­շիւ պա­հել­, թէ իշ­խա­նը քա­նի՛ ան­գամ «ան­վա­յել» դրու­թեան մէջ գտնուած է.­..։

­Մին­չ աշ­խար­հը տակ­նու­վրայ է ծայ­րա­յեղ իս­լամ­նե­րու ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­ներ­ով ու Մեծն Բրի­տա­նիան մա­հու­կե­նա­ց պայ­քար կը մղէ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մէջ մնա­լու ա­ռըն­չութ­եամբ, լրա­տուա­կան մի­ջոցն­ե­րու հե­տաքրք­րու­թիւն­ը կը սե­ւե­ռուի մ­­ե­զի հ­­ա­մար ձանձ­րա­ցու­ցիչ՝ ար­քա­յա­կան պա­լա­տի ա­նդամ­նե­րուն ա­ռօ­րեայ զբա­ղում­նե­րուն։

Այս օ­րե­րուն պի­տի հ­­աս­նէինք։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016