ՄԿՐՏԻՉ Յ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ԲՈԼՈՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ ՊԱԿՍԱԾ Է»

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան միջազգային տնտեսագիտութեան մէջ յայտնի անուն մըն է, որուն վստահուած էր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչի խիստ պատասխանատու պաշտօնը (1985-1990): Ան ներկայացուցած է Լիբանանը Միջազգային հիմնադրամին (IMF) մէջ, արժանանալով նշեալ հաստատութեան բարձր գնահատանքին: Այնպէս որ հեղինակը, երբ կը գրէ գիրքեր, ունի տնտեսագիտական հսկայ պաշար, գիտելիք ու միջազգային հարուստ փորձառութիւն: Հայ անուանի տնտեսագէտին հեռակայ դրութեամբ կատարեցինք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

-Պրն. Պուլտուքեան վերջերս հրապարակ հանուեցաւ ձեր «Armenian Bankers in the Ottoman Empire» հատորը։ Այս հրատարակութիւնը ինչո՞վ կը տարբերի ձեր միւս հատորներէն։ Ի՞նչ կրնաք ըսել գրքի բովանդակութեան մասին։

-«Armenian Bankers in the Ottoman Empire» անգլերէն հրատարակուած հատորը կը պարունակէ յաւելեալ տեղեկութիւններ իմ նախօրօք հրապարակած հայերէն ու արաբերէ հատորներէն։ Հատորին մէջ կան տեղեկութիւններ եգիպտահայ սեղանաւորներու՝ որոնք 1800-1870 թուականներուն, Մուհամմէտ Ալի իշխանի ժամանակաշրջանին կը համարուէին երկրի ամենավստահելի ելեւմտական գործիչները։ Այդ թուականներուն Եգիպտոսի տնտեսութիւնը վերելք մը արձանագրեց՝ շնորհիւ հայազգի ձեռնարկատէրերու եւ սեղանաւորներու, որոնցմէ ոմանք դարձան նախարարներ ու վարչապետներ: Եգիպտոսի մէջ է, որ 1906 թուականին հիմնադուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), շնորհիւ բարոյական կերպար հանդիսացող եւ նիւթապէս կայուն դիրք գրաւած ազգասէր ազգայիններու, որոնք կը հաւատային միասին գործակցելու սկզբունքին եւ կը դաւանէին «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանը:

Դժբախտաբար՝ այսօր արտերկրի մէջ չկայ այդպիսի համագործակցութիւն՝ ո՛չ ազգային գետնի վրայ եւ ոչ ալ ելեւմտական մարզին մէջ։

-Կ՚ըսուի յաճախ, որ հայ սեղանաւորները, տնտեսագէտները, տնտեսական ոլորտի գործիչները, դրամի եւ ելումուտքի աշխարհին հետ գործ ունեցող հայ քաղաքացիները Օսմանեան կայսրութեան մէջ կարեւոր դեր ունէին։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ մասին, արդեօք ճի՞շդ է այդ դիտարկումը:

-Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան ելեւմուտքի աշխարհը կը ներկայացնէին, յոյն եւ հրեայ Միլլէթներու (փոքրամասնութիւններու) հետ միասին:

Անոնք էին, որ կը ֆինանսաւորէին սուլթանները, Բարձր Դրան վեզիրները, փաշաները, բարձրաստիճան պաշտօնեաները. օրինակ՝ Ուրֆայի, Խրիմի, Գոնիայի, Վանի, Իզմիրի, Եգիպտոսի, Մուսուլի եւ այլ շրջաններու կառավարիչները, էֆէնտիները, քայմաքամները: Միայն հրեայ սեղանաւորները կը ֆինանսաւորէին ենիչէրիներու ցեղապետները: Հայ սեղանաւորները միշտ եղած են 1731-1850 թուականներու արհեստագիտական ընկերակցութեան նախագահները: Այս երեք ազգերու սեղանաւորներու իրաւունքները եւ ինչքերը ըստ տիրող պայմաններուն՝ յաճախ կը բռնգրաւուէին կամ կ՚իրաւազրկուէիէն Օսմանեան իշխանութեան կողմէ։

Եթէ կարդաք Gabor Agoston & Bruce Mastersի Encyclopedia of the Ottoman Empire Banking-ի հատուածները, հոն կը հանդիպիք եւրոպացի դրամատէրերու ներդրումներուն, ուր սեղանաւորներ եօթ անգամէ աւելի հիմնած էին դրամատուներ. ինչպիսին են՝ Smyrna Bank, Ottoman Bank, General Bank of Constantinople ու այլ դրամատուներ՝ անգլիացի, ֆրանսացի, աւստրալիացի, հոլանտացի, ռուս, ամերիկացի, իտալացի, սպանացի ներդնողներու կողմէ, որոնք բոլորը կա՛մ սնանկացան եւ կամ ալ վճարման պայմանաժամի յետաձգման կամ ջնջումի արժանացան: Կայսրութեան մէջ այդ սնանկացումները եղան յատկապէս 1853-1856 տարիներուն, այսինքն Խրիմի պատերազմի ժամանակ։

-Երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւիք Մեծ եղեռնի ճանաչման հոլովոյթին, նաեւ տարբեր առիթներով խօսած էք այդ ճանաչումէն դէպի հատուցում անցնելու ճանապարհի կարեւորութեան մասին: Արդեօք հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ լքուած եւ անտեսուած իրենց պատկանղ գոյքեր կամ կալուածներ ունի՞ն։ Այս առումով որեւէ տուեալ ունի՞ք, հնարաւո՞ր է հետաքննական նիւթեր պատրաստել:

-Նախապէս յիշած եմ այս կէտը՝ Մեծ եղեռնի հետեւանքով մեր ժողովուրդին կրած վնասները:

Հայ ժողովուրդին կրած վնասները կարելի չէ թուանշաններով գնահատել ո՛չ արհաւիրքի հետեւանքով եղած վնասները եւ ոչ ալ՝ 1915-էն առաջ դարերու ընթացքին կրած կորուստները՝ այն օրերէն երբ օսմանցիք տիրեցին Փոքր Ասիոյ հայութեամբ բնակուած տարածքաշրջանին:

Բաւական երկար պիտի ըլլայ թուել ձեր հարցադրած՝ «ինչպիսի՞ վնասներ»ու ցանկը, սակայն դիւրացնելու կամ գաղափար մը կազմելու նպատակով փորձենք միայն տնտեսական դիտանկիւնէն, գլխաւոր կէտերու մէջ ներկայացնել «վնասներ» կամ «կորուստներ» հասկացողութիւնը.

- Հայ սեղանաւորներուն չվերադարձուած փոխառութիւններն ու վարկերը

- Հայ սեղանաւորներուն գանձային պահեստներու բռնագրաւումը

- Կանխիկ գումարներու, հարստութիւններու, հաստատագրերու կողոպուտը

- Թանկագին մետաղներ, օտար դրամանիշ եւ արժեթուղթերու իւրացումը

- Ապահովագրական եւ կալուածային արժեթուղթեր

- Ձեռնարկային փաստաթուղթերու եւ արժեգրերու ոչնչացումը

- Դրամատուներու աւանդներ, վճարագրեր ու վարկագրերու անհետացումը

- Վանքեր, եկեղեցիներ, կրթական օճախներ, ամրոց դղեակներ, վաճառատուներ, արհեստանոցներ, առեւտրական եւ արհեստից հաստատութիւններ, բնակարաններ, պալատներ, կալուածներ եւ անոնց հարստութիւններուն ապօրինի տիրացումը

- Թեթեւ եւ ծանր արդիւնաբերական բնագաւառներ ինչպէս՝ բամպակի, ցորենի, գարիի, զանազան արմտիքներու, պտղատեսակներու, գիւղատնտեսական (այգիներ, խաղողի եւ գինիի արտադրութիւն), անասնաբուծական, արջառ, ագարակներ...

Երկար է շարքը...

Տակաւին չեմ ուզեր խօսիլ մարդկային կորուստներու, ու մատղաշ սերունդներու կորուստին մասին: Ամբողջ ժողովուրդ մը իր արդիւնաբերութեամբ ու տնտեսութեամբ, կալուածներով հարստահարուեցաւ, տեղահանուեցաւ եւ կոտորուեցաւ: Այո, հայ ժողովուրդը թալանուած էր դարերու ընթացքին, բայց Մեծ եղեռնը արմատախիլ ըրաւ մեր ժողովուրդը իր հողէն, հարստութիւններէն, կալուածներէն: Ֆիզիքապէս, բարոյապէս, տնտեսապէս ոչնչացնելու ծրագիր մըն էր այդ մէկը: Թալանուեցաւ այն, ինչ կը պատկանէր հայ ժողովուրդին: Իմ նշումներս աւելի պատկերաւոր գնահատելու համար պիտի թելադրեմ, որ մեր ընթերցասէր հասարակութիւնը կարդայ Տքթ. Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի «Հայ դրամագլուխին Ճակատագիրը Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան» արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը: Այնտեղ շատ յստակ եզրակացութիւն պիտի քաղէք Երիտթուրքերու եւ անոնց յաջորդող Հանրապետականներու ձեռամբ, 1915-1923 տարիներու մէջ ինկած ժամանակամիջոցին, մեր ժողովուրդին ֆիզիքական, տնտեսական, մշակութային ու ընկերային կորուստներուն մասին: Միաժամանակ պիտի թելադրեմ կարդալ «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքս (բազմալեզու հրատարակութիւն մը), որմէ օրինակներ կարելի է գտնել Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ:

-Հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ տագնապներու, Լիբանանի ելեւմտական եւ դրամատնային համակարգը ոչ միայն յաջողեցաւ պահպանել իր բոլոր հիմնակառոյցները, այլ նաեւ դարձաւ Միջին Արեւելքի ամենէն արդիական եւ փորձառու համակարգերէն մին։ Ի՞նչ բանի կը վերագրէք այս յաջողութիւնը, հակառակ անոր, որ այդ երկիրը անցաւ քաղաքացիական արիւնալի պատերազմէ մը։

-Լիբանանի դրամատնային համակարգը ունի մօտաւորապէս 150 տարուան պատմութիւն: Երբ Լիբանան 1864 թուականին ստացաւ որոշ ազատութիւն ու հաստատուեցաւ Մութասարիֆ (արաբերէն, որ կը նշանակէ՝ կառավարիչ) կոչուած ինքնավարութիւն մը, այդ ժամանակաշրջանէն ետք, սկսան գործել սարրաֆներ (լումայափոխներ), այսինքն՝ սեղանաւորներ, մինչեւ 1921 թուականը, երբ Լիբանան անցաւ ֆրանսական հոգատարութեան տակ եւ սկսան գործել չորս դրամատուներ, ու ժամանակի ընթացքին Լիբանանի ռազմավարական եւ տնտեսական կարեւորութիւնը՝ ուշադրութիւնը գրաւեց բազմաթիւ շրջանային եւ միջազգային դրամատուներու։ Դրամատնային համակարգի մը կարեւորութիւնը իր համբաւին ու սպասարկութիւններու ապահովութեան մէջ կը կայանայ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտաւ 1992 թուականին ու 1975 թուականէն մինչեւ 1992 թուականը, ոչ մէկ դրամատուն սնանկացաւ: Պատճա՞ռը: Դրամատնային համակարգի արմատներու զօրութիւնն էր:

1993 թուականին բոլոր լիբանանեան դրամատուներուն աւանդատուներուն գումարը մօտ 3 միլիառ տոլարի թիւ մը կը ներկայացնէր: Այսօր, յունիս 2018-ին այդ աւանդներուն գումարը 180 միլիառ տոլար է: Ինչպէ՞ս:

ա.- Նոր դրամատուն հիմնելու չափանիշներու ստեղծումը Կեդրոնական դրամատան կողմէ

բ.- Դրամատնային մշակոյթի խորաթափանց գոյութիւնը ու մշակումը

գ.- Լիբանանեան ու միջազգային օրէնսդրութեանց կիրարկումը ու վերահսկող մարմիններու գոյութիւնը

դ.- Համբաւը, ժողովուրդին վստահութիւնը ու աւանդներու կապուածութիւնը իրենց դրամատան:

ե.- Միջազգային Դրամատուներու հետ փոխյարաբերութիւնն ու թղթակցային գործունէութիւնը

զ.- Աւանդատուներու գաղտնիութեան սկզբունքը

է.- Աւանդները երաշխաւորող գործակալութիւնը

ը.- Արհեստավարժ անձնակազմ

թ.- Թափանցիկ բաժնետիրական կարգ ու սարք

ժ.- Կարող ու համբաւաւոր դրամատնային համակարգ

ի.- Ինչպէս նաեւ խիստ եւ կարող Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ ու անձնակազմ

-Լիբանանը շատ մեծ փորձ ունի տնտեսական ելեւմտական դրամատնային ոլորտին մէջ, Հայաստանը արդեօք որեւէ ձեւով կրնա՞յ օգտուիլ Լիբանանի փորձէն։

-Եթէ կ՚ուզէք, որ Հայաստանի դրամատնային համակարգի ու Կեդրոնական դրամատան մասին խօսիմ, ապա պարտիմ արձանագրել, որ Հայաստանի ելեւմտական համակարգի հիմքերը բաւականին բարդ են։ Այդ առումով Հայաստան երկար ճանապարհ ունի կտրելիք ու նաեւ պէտք է օգտուի Լիբանանի նման երկիրներու ունեցած փորձառութենէն։

Պետական հեղինակութիւնները 1991 թուականին զիս Հայաստան հրաւիրեցին՝ ելեւմտական եւ դրամտնային արդիական համակարգեր հիմնելու համար։ Ցաւօք այդ առաջարկը մնաց միայն խօսքի սահմաններուն մէջ ու ժամանակ մը ետք այդ առաջարկն ու ծրագիրը կարծէք «շոգիացան»։

Այդ ժամանակաշրջանին կառավարիչ, նախկին «Կօսպանք»ի ղեկավարն էր Իսահակով: Որքան որ մամուլէն նշմարած էի, Հայաստանի մէջ գործելու արտօնութիւն տրուած էր 69 դրամատուներու, որոնցմէ այսօր 20-էն պակաս դրամատուներ կը գործեն: Աւելի ուշ Կեդրոնական դրամատունը վարեցին գործէն անտեղեակ անհատներ, տնտեսութեան ֆինանսաւորումի եւ դրամատուներու ներգործութենէն չհասկցող մարդիկ:

Այս բոլորը պատճառ դարձաւ, որ դրամատնային համակարգը չյառաջանայ առողջ եղափոխութեամբ: Հոս այսքանով կը բաւականանամ: Խնդրեմ մի՛ վիրաւորուիք:

-Կը նկատենք, որ Լիբանան-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները բաւարար բարձրութեան վրայ չեն, վերջին տարիներուն միայն խօսքեր կը լսենք, թէ տնտեսական ձեռնարկութիւններ պիտի գոյանան, միջոցառումներ պիտի կատարուին, նոր գործարքներ պիտի կնքուին, բայց այս բոլորը խօսքի սահմաններուն մէջ կը մնան: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով։

-Լիբանան-Հայաստան տնտեսական համագործակցութեան իրավիճակը սահմանափակ արդիւնքներ տուած է վերջին քսան տարիներուն: Պետական որեւէ գործակցութիւն արդիւնաբեր չէ եղած:

Եթէ առնենք դրամատնային մարզը, այդքան ալ արդիւնաբեր չէ եղած, տրուած ըլլալով, որ երկու դրամատուներուն վարիչները ոչ-լիբանանցի եղած են, անհմուտ ու անփորձ: Ելեւմտական ոլորտէն բացի կան տարբեր ոլորտներ ալ, որոնց պարագային կարգ մը յաջողութիւններ արձանագրուած են, բայց ընդհանուր առմամբ երկու երկիրներու միջեւ առկայ տնտեսական յարաբերութիւններու մակարդակը այդքան ալ փայլուն ու նախանձելի վիճակի մը մէջ չի գտնուիր։

Վերջերս ազատ ասպարէզի մէջ կարեւոր դիրք ունեցող լիբանանցի գործարարներ սկսան հողամշակութիւն ընել Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ, ցանելով ընկուզենիներ: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ հողին գիները շատ բարձր են ներկայիս, ինչ որ զարմանալի կը թուի իրենց:

Սակայն հայ ձեռնարկատէրեր, կը նախընտրեն ներդրումներ կատարել Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ, արդարացնելով, թէ իրենց գործարքները մեծ յաջողութեան կը հասնին։ Անշուշտ այս ալ մօտեցում մըն է, որուն մէջ երեւելի, բայց եւ այնպէս անհասկնալի վերապահութիւն մըն ալ կայ։

-Գիտենք, որ Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը այսօր յայտնուած է բաւականին լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ հիմունքներով եւ ինչպէ՞ս կարելի է վերականգնել Հայաստանի տնտեսութիւնը։

-Իմ կարծիքով, Հայաստան պէտք է որ քաջալերուի ներդնել ու գործակցիլ միջազգային հաստատութիւններու հետ՝ ինչպէս եւրոպական համայնքին, Ռուսաստանի եւ Եւրոասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն հետ, որպէսզի վերականգնէ իր տնտեսութիւնը: Փոխանակ հում նիւթեր ու մետաղներ արտածելու, հիմնել ձեռնարկներ, որոնք Հայաստանի մարդուժը կ՚օգտագործեն ու անգործութեան ծանր բեռը կը թեթեւցնեն: Ըստ տնտեսագէտ Արա Մարտիրոսեանի, Հայաստանի արդիւնաբերութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ: Ներկայիս Հայաստանի տնտեսութեան երկու շարժիչ մկաններն են զբօսաշրջութիւնն ու սպասարկութիւններու ոլորտները։

Եթէ Հայաստանի պետական համակարգը միջամուխ չըլլայ եւ «հանգիստ ձգէ» տնտեսութեան ու business-ի մարզերը (մանաւանդ միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւնները) երկիրը կրնայ տնտեսական աճ արձանագրել։

Նոյնը կարելի է ըսել օտար դրամագլուխներու եւ ներդրումներու պարագային։ Անոնք եւս կը յաջողին, եթէ պետական համակարգը «նրբանկատ» ըլլայ եւ արտաքին դրամգլուխներուն հետ վարուի «բաց» եւ թափանցիկ մօտեցումներով։

Անշուշտ պետութիւնն ալ կարեւոր ընելիքներ ունի. ինչպէս՝ պետական պիւտճէի համակարգումը, տնտեսական ու ընկերային մարզերուն մէջ օրէնսդրական բարեփոխումներ կատարելը, ու նաեւ ներքին ու արտաքին տնտեսական մարզերու կայունութեան ապահովումը։

Այդ առումով պետութեան պարտականութիւնները պէտք է ըլլան՝

ա.- Մենաշնորհեալներուն գործունէութիւնը կարգաւորել ու աստիճանաբար ջնջել: Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ 1890 թուականին Sherman Clayton Act-ով ջնջուեցաւ «Մոնոփոլ»ը: Քոնկրէսը, 1914 թուականին բարեփոխութեան ենթարկեց այս օրէնքը

բ.- Պատժել պաշտօնը չարաշահող անձերը, Չինաստանի, Ճաբոնի եւ կամ Հարաւային Քորէայի ոճով

գ.- Կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընել

դ.- Կեղծ աճուրդով ու չարաշահութեամբ զբաղողները պատժել

Այս եւ այլ բոլոր աննպաստ պայմանները չէզոքացնել, որպէսզի ստեղծուի այնպիսի մթնոլորտ մը, որ հանրութիւնը վստահի պետական իշխանութիւններու եւ հաստատութիւններու գործելակերպին:

Հայաստանի մէջ չկա՞ն Sherman-ի նմանող անհատներ: Վստահ եմ, որ կան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018