ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 10 - ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ՝ ԻՄ ՄԵԾ ՍԷՐՍ…
Ինչպէս յիշեցի, հայոց լեզուի դասախօսներուս հետ բացի Ռաֆայէլ Իշխանեան մեծութենէն, նաեւ յարգանքս Յովհաննէս Բարսեղեանին, որ լեզուի պատմութիւն կը դասաւանդէր, հինգ տարի պատերազմի դաշտին վրայ գացինք-եկանք, յաղթեցինք ու նահանջեցինք։ Հայոց լեզուն իմ մեծ սէրս է, քաղցր արեւմտահայերէնը, որով առաջին անգամ թոթովեցին շրթներս եւ որուն ես երբեք չդաւաճանեցի…։
Բայց տարբեր էր գրաբարի դասախօսիս հետ յարաբերութիւնը։
Առաջին տարին երկու ամիս ուշ հասած էի համալսարան, անցաթուղթի եւ արտօնութեան հարցերու պատճառներով։ Առաջին պահը գրաբար ունէինք, բոլորովին անծանօթ միջավայր. համալսարանի եւ դպրոցի միջեւ լեռներ ու ձորեր կան։ Դասախօսը՝ ընկեր Շարաբխանեան կասկածանքով նայեցաւ ինծի.
-Երկու ամիս ուշացել ես, ոնց կը հասցնես։
-Աշխատելով…
-Սահուն կարդալ կարողանո՞ւմ ես…
Շատ վիրաւորական էր եւ անհաճոյ «Բարի եկար» մը։
-Կրնանք փորձել։
Այդ օրուան դասը «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»ն էր, որ անգիր պիտի ըսէին եւ թարգմանէին։
-Կարդալու պէտք չունիմ, ես անգիր գիտեմ արդէն ասիկա, նաեւ կրնամ երգել։
Շարաբխանեանին հաստ յօնքերը կամարաձեւ վեր բարձրացան, ժպիտ մըն ալ գծագրուեցաւ դէմքին։ Կա՛մ մեծխօսիկ եմ կարծեց, կամ ալ… Արդեօք հիացա՞ւ… Աստուած գիտէ։
-Հինգ տարի եկեղեցական երգչախումբի մէջ երգած եմ… Ծնունդի արարողութիւններուն մեր երգչախումբը կ՚երգէր Բեթղեհէմի Այրին մէջ։ Ես այս բոլորը գիտեմ։
-Թարգմանել ալ գիտես, թէ անգիր սովորել ես։
-Անշուշտ, մեր դպրոցը՝ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանը մեզի անգլիական G.C.E. քննութիւններուն կը պատրաստէ եւ մենք գրաբարէ-անգլերէն եւ անգլերէնէ գրաբար կը թարգմանենք։
-Կը թարգմանես՝ կը տեսնենք։
Փոխադարձ յարգանք եղաւ մեր միջեւ, նաեւ յաջորդ տարիներուն երբ այլեւս գրաբար չէինք անցներ, իսկ աւելի ուշ պրն. Շարաբխանեանը հրաւիրուեցաւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանն ու ընծայարանը դասաւանդելու եւ մենք արդէն հին ծանօթներ էինք։
Ընկեր Ռաֆայէլ Իշխանեանը շատ սիրեց զիս եւ ինչո՞ւ…
Օր մը լսարան մտաւ եւ ըսաւ.
-Աղջիկների մեծ մասը կ՚ամուսնանայ, երեխայ կ՚ունենայ, եթէ ամուսնու գործն էլ լաւ է եւ աշխատելու կարիք չունենայ, կը մոռանայ լեզուի օրէնքներն ու մանրամասնութիւնները։ Բայց երկու երգ կայ, որ ես ձեզի պիտի սովորացնեմ եւ դուք պիտի երգէք ձեր երեխաներին։
Լուրջ, խիստ Ռաֆայէլ Իշխանեանը պիտի երգէ…
-Անոր… Ո՞վ ծանօթ է անոր երգին։
Ես անմիջապէս մատս բարձրացուցի.
-Թլկատինցիի բառերն են եւ երաժշտութիւնը Համբարձում Պէրպէրեանին, որ ծնողքիս ծանօթ եղած է։ Եթէ կ՚ուզէք կրնամ երգել եւ նուագել։
Այդ նշանաւոր երգը իր պատմութիւնը եւ յատուկ տեղը ունի մեր ընտանիքին մէջ։ Աւելի ճիշդը ծնողքիս անձնական կեանքին մէջ, որ սկիզբ դրաւ մեծ սիրոյ մը, գեղեցիկ ընտանիքի մը եւ սիրոյ պտուղներու՝ եղբայրս ու ես։
Հայրս որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան, նաեւ երաժշտութեան ուսուցիչ կը դասաւանդէ Եաֆայի միակ դպրոցին՝ Սուրբ Գլխադիր վարժարանին մէջ, ուր մօրս ուսուցիչը կ՚ըլլայ։ Հանդէսի մը համար մօրս կը սորվեցնէ վերոյիշեալ երգը։ Հանդէսին մայրս կ՚երգէ, ինք ալ ջութակով կ՚ընկերանայ…
«Տեսնեմ կ՚ըսէի, ձեռքիս վարդը տամ,
Վարդ, որ նա չառնէ, ոսկի խնձոր տամ,
Խնձոր, որ չառնէ՝ մազերս քաշեմ տամ,
Այդ ալ որ չառնէ՝ հոգիս հանեմ տամ…»։
Խնձորի, վարդի, մազեր քաշելու պէտք չըլլար, առաջին վայրկեանէն հոգինին կու տան իրարու…
Ամէն տարի իրենց ամուսնութեան տարեդարձին ջութակը դուրս կու գար իր յատուկ պահուած տեղէն եւ նոր սիրահարուածի նման կ՚երգէին։ Իրենք միշտ ալ սիրահարուած էին… Ջութակը դեռ պահած եմ եւ շիրազեան մոլեռանդութեամբ չեմ ուզեր ձեռք տալ, որովհետեւ հօրս մատները դպած են վերջին անգամ։
Կրնայի՞ այս երգը իր հեղինակներով չգիտնալ…
Մինչեւ հօրս մահը Եաֆայէն Երուսաղէմ հաստատուած իր աշակերտուհիները՝ մօրս ընկերուհիները, երբ հաւաքուէին մեր տուն, հայրս կը ղեկավարէր եւ իրենք մեծ ախորժակով եւ երկձայն կ՚երգէին «Իմ չինարի եարը»։ Եթէ տղամարդիկ ալ մասնակցէին՝ կը դառնար քառաձայն։
Երկրորդ երգը «Էյ նաւավար ի՞նչ ես անում» երգն էր, որ նոյնպէս ծանօթ եւ սիրելի երգ էր ինծի համար։
Ծովուն խորութեան չափ խորունկ այս երգը շատ կը յուզէր եւ դեռ կը յուզէ զիս…
Ծնողքիս ձայնը ականջներուս մէջ՝ այսօր ալ նոյն յուզումով կ՚ունկնդրեմ կամ կ՚երգեմ այս երգը…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024