ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՐՑԵՐ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Կը շարունակենք անդրադառնալ միջազգային տնտեսական ոլորտի երկու հսկաներուն՝ հանքարդիւնաբերութեան եւ կազա-քարիւղագործման։ Այս կէտին պէտք է խոստովանիլ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ՝ ստեղծուեցաւ արդիւնաւէտ ու համակարգուած միջազգային տնտեսական համակարգ մը, որ այս երկու ոլորտները ներդաշնակեցուց ու կատարելագործեց։ Ներկայիս հանքարդիւնաբերութիւնն ու բնապահպանութիւնը այսպէս ձեւակերպած՝ ամենատաք նիւթերն են բազմաթիւ պատճառներով։
Բաց աստի, ներկայ դարուն ընկերային ազատականացման ու զարգացման կողքին, կրնանք յիշել տնտեսական զարգացման ամենահուժկու ճիւղին յայտնաբերումը, որ նոյնինքն արհեստագիտութիւնն է։ Արհեստագիտական յեղափոխութիւնը ընթացքի մէջ է եւ տակաւին իրագործումներու կը ձգտի։ Ան իր բնոյթով անսահմանափակ հասկացողութիւն մըն է (բացի զայն ուղեգծողներէն ու ղեկավարողներէն) եւ այս կէտին նորամուծութիւններու օգտագործումով արդէն փոխուեցան հանքարդիւնաբերութեան հին ու նախկին դարուն պատկանող ձեւաչափերը: Հաւանական է, որ հանքարդիւնաբերութիւնը կորսնցէ իր դասական էութիւնը. օրինակ՝ ոսկիի արտադրութեան մէջ արդէն իսկ ելեկտրոնիկ եւ արհեստագիտական տարբերակներ սկսան դուրս գալ, ուստի, ապագային կրնան ըլլալ բազմաթիւ ձեւափոխումներ: Բազմաթիւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու տարած գործունէութեան ընդլայման իբրեւ արդիւնք երեւան եկաւ հանքարդիւնաբերութեան բնապահպանութեան հետ յարաբերութիւնը։ Այս շարքին կրնանք յիշել նոյնիսկ կանաչներու կուսակցութիւնը, որ Եւրոպայի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն եւ հետեւորդ ունի եւ որուն խմբակցութիւնը Եւրոխորհրդարանի մէջ ամենամեծերէն մէկը կը համարուի։ Անոնք պայքար մը մղեն, որպէսզի ունենան աւելի մաքուր բնութիւն եւ ապագային տեսնեն աւելի թեթեւցած հանքարդիւնաբերական գործունէութիւններ:
Փաստուա՞ծ է հանքարդիւնաբերութեան բնութեան պատճառած վնասը։ Ահա՛, դէմ յանդիման կը մնանք մեծ հարցումի մը հետ։ Մարդկային տնտեսական ու անոր կենարար արդիւնաբերական գործունէութիւնը՝ քաղաքակրթութեան կազմաւորումներէն սկսեալ (ըլլան անոնք նախատիպերով քաղաքական միաւորներ, յետոյ պետութիւններ ու կայսրութիւններ) պայքար մղած են գերակայութիւն տարածելու եւ անոր զուգահեռ կամ միահիւսուած՝ շահ ապահովելու համար: Հարցերու հարցը շահի ապահովման հասկացողութեան ըմբռնումն է կա՛մ անհատական ու մանաւանդ հաւաքական բնոյթին խնդրականութիւնը ճանչնալու եւ զայն խորտակելու ապա բարելաւելու ջանքն է: Որքան մարդկային միտքն ու ոգեղէնութիւնը զարգանայ, աներկբայօրէն պիտի դիմագրաւէ մարդկային շահադիտականութեան խնդրականութիւնը:
Մենք ապականա՞ծ ենք տիեզերքն ու երկիր մոլորակը եւ որքան աշխատինք ու գերզարգանանք աւելի պիտի ապականե՞նք կա՛մ պիտի յաջողինք բնութեան հետ աւելի մաքուր ու համահունչ ապրուստ ապահովելու ճանապարհը։ Շատ դժուար հարցում մըն է, որուն պատասխանը չունի հաւաքական մարդկային կերպարը։
Այո՛, կրնանք համարել նուաճում, որ ներկայիս մեծ գիտակցութիւն գոյացաւ արժեւորելու մարդկային տնտեսական գործունէութիւնը (որ յառաջ եկաւ ոգեղէն ու բարոյական զարթօնքով կամ նուազագոյնը զարգացումով), բայց միեւնոյն ատեն հակադրական ու բախումային իրավիճակը կը կայանայ այն տիլեմային մէջ, որ տնտեսական զարգացումը կամ յառաջդիմութիւնը կը համընկնի բարոյագիտական ու աննիւթական ըմբռնումին կամ անոր ճիշդ հասկացողութեան հետ:
Հանքարդիւնաբերութեան առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները վերջնականապէս ու լիակատարօրէն չենք կրնար բացայայտել եւ տոկոսային ու կառչելի արդիւնքներով գծել տուեալ տնտեսական գործունէութիւնը։ Կան բազմաթիւ գիտավաւերական ազդակներ, որոնք յարափոփոխ են համաշխարհային քաղաքա-տնտեսութեամբ կամ տնտեսա-քաղաքականութեամբ: Հանքարդիւնաբերութեան յառաջացուցած հարցերը կ՚երեւին աւելի փակ ու փոքր տարածքներու մէջ: Հոս կարեւոր է ակամայ բնապահպանութեան հարցերը կապել հանքարդիւնաբերութեան հետ, որ ներկայ դարուն ամենաշատը լուսարձակի տակ յայտնուեցաւ: Մեծ երկիրներու մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը մեծ հարցեր չի յարուցեր, իսկ փոքր երկիրներու մէջ յարաբերաբար մեծ հարցերու ու քաղաքական օգտագործումներու առիթ կը դառնայ: Վառ օրինակներէն մին է Հայաստանը, որուն փոքր տնտեսութեան ակներեւ մէկ մասը հանքարդիւնաբերութեան արդիւնք է եւ, բնականաբար, բնապահպանական քաղաքականութիւնը կամ քաղաքական բնապահպանութիւնը շատ աւելի մեծ է ու տիրական, քան ուրիշ երկիրներու մէջ:
Հանքարդիւնաբերութիւնը ունի չորս տեսակներ, որոնցմէ հայթայթուած եկամուտները ստացած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի քառասուն ընկերութիւններ։ Այդ եկամուտը 2020 թուականին 943 միլիառ տոլարի հասած է, իսկ 2010 թուականին նուազած է 25 տոկոսով։ Այս ցուցանիշը, հաւանաբար, բնապահպանները գոհացնէ, իսկ հանքարդիւնաբերութիւնը դնէ տարբեր մակարդակներու վրայ։ Հետաքրքրական կը համարուի, թէ աշխարհի ամենազարգացած եւ քաղաքակիրթ երկիրներէն մէկուն՝ Զուիցերիոյ կը պատկանի առաջնահերթ հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը՝ «Կլենքոր»ը:
Միւս կողմէ, աշխարհի վրայ 150 միլիոն հոգի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտով եկամուտ կը ստանայ, ինչոր հասարակութիւններու համար կարեւոր ցուցանիշ մըն է:
Ի վերջոյ, դժուար է ու տեղ մըն ալ անարդար՝ երկիր մոլորակը ենթաբաժնել կամ զատորոշել ըստ բնութեան մաքրութեան կամ բնապահպանական այսպէս ըսած՝ մաքրութեան աստիճանով։ Բայց պարզ իրականութիւն մըն է, որ մարդկային գործունէութենէն կախեալ է ամէն ինչ երկրի վրայ, թէեւ բնութիւնն ալ ունի իր կշռոյթն ու պարտադրանքը։ Միջազգային յարաբերութիւնները, քաղաքականութիւնը, համամարդկային մշակոյթը, արուեստը, ընկերաբանութիւնն ու ապրուստը՝ իրենց անհատական ու հաւաքական հենքերով առաքելութիւններ փնտռելու կը կոչուին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շար. շաբաթի թիւէն եւ վերջ
Սեպտեմբեր 2024, Երեւան