ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
Երբ գրողները հաւաքուած են, կա՞յ ատկէ աւելի գեղեցիկ ու առինքնող բան աշխարհի մէջ:
Հայաստանի Գրողներու միութեան (ՀԳՄ) պատմութիւնը հետաքրքրական է ու պայծառ այն իմաստով, որ ըլլալով Խորհրդային Միութեան ժամանակներու ծնունդ եւ Հայաստան-սփիւռք ջրբաժանի ու հաշիւներու ականատես, ան մեր ժողովուրդին կողմէ համարուեցաւ այսպէս ըսած՝ շօշափելի պառնաս, որ հունաւորեց հայ գրական գործունէութիւնը եւ անոր դիմագիծ ու միասնութիւն տուաւ: Այն իր միաւորող ու առաքելապաշտ յատկութիւնը ստացաւ ինքնեկ, մեր չնաշխարհիկ լեզուէն ու գրականութենէն ոգի ու մարմին առնելով: Սփիւռքի գրական կեանքը եղած է միշտ տարողունակ ինքնին սփիւռքի բազմերեսութենէն մեկնած: Ան ներկայիս ալ չի պարզեր համայնական պատկեր մը, բայց կարելի է ըսել, որ առաջին օրէն իսկ Հայաստան-սփիւռք գրական քարտէսին երանգ ու թափ տուին ՀԳՄ-ի միջոցաւ իրականացած հանդիպումները: Այս միութեան յառաջացուցած փոխընդգրկումները այս կառոյցին թէ՛ դասական եւ թէ արդի մօտեցումներով տուաւ ժամանակասլացութիւն մը: Անկախացումէն վերջ երբ Հայաստանը համահայկական պետութեան վերածուելու հրամայականին դէմ յանդիման էր, ՀԳՄ-ը վեհօրէն այն կառոյցն էր, որ առաւելաբար մարմաւորեց մեր ազգային միասնութեան գաղափարը, մէկ գրականութեան տարազով, անկախ արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի տարբերութիւններուն: «Համահայկականութիւնը պետութեան ընդմէջէն» հայ գրականութեան վերանորոգ պատգամներէն էր եւ առօրեայ ու ստեղծագործական մարմնաւորումը այդ պատգամին ՀԳՄ-ի միջոցաւ զայն դրաւ նոր պատուանդանի մը վրայ:
Խօսելով Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու մասին, որոնք կը կազմէին սփիւռքի ողնաշարը (յատկապէս Սուրիա եւ Լիբանան), մեծ եղեռնէն վերջ վերընձիւղուելով ու կայանալով հանդիսացան արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ գրականութեան նոր կեդրոնները ու կենարար ուժ տուին հայ մշակոյթին, նաեւ անոր մաս կազմող գրականութեան, անշուշտ, առանց անտեսելու Պոլիսին ու Ֆրանսայի կատարած դերերը: Ժամանակի սղութեան ու խօսքիս սահմանուած կարգին հաւատարիմ մնալով եւ առանց մանրամասնօրէն ներկայացնելու սփիւռքի տարբեր շրջաններու գրական խմորումներն ու զարգացումները ու անոնց կապը Հայաստանին հետ, միայն պիտի ընտրեմ արդի մեր պատմութեան մէջ 2012 թուականը, երբ ստուար թիւով սփիւռքահայ գրողներ պաշտօնապէս անդամ դարձան ՀԳՄ-ին, անոնց ծանրակշիռ մասը Միջին Արեւելքէն էր: Մեծ ջանքեր գործադրեց այն ժամանակուայ ՀԳՄ-ի նախագահ հանգուցեալ Լեւոն Անանեան, նոյն ընթացքը շարունակուեցաւ նորընտիր նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի օրօք: ՀԳՄ-ի կազմակերպած համահայկական համագումարները նոր լիցքեր տուին Հայաստան-սփիւռք գրական կապերու համակարգման գործին: Այս ընդգրուածութիւնն ու միացնող ընթացքը, կարծեմ, ամենաբարձր մարմնաւորումներէն էր հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն յարաբերական կտրուածքով, որովհետեւ պատկանելիութեան արժէքին միացեալ առաքելութիւն տալը՝ մա՛նաւանդ մշակութային մակարդակով, պայծառութիւն կը պարունակէ: Նուաստս ալ ճիգեր գործադրեց, որպէսզի սուրիահայ գրողներու համախմբումին աշխատանքները հասու ու համակարգելի դառնան ՀԳՄ-ի հետ, նաեւ սուիրահայ գրողները անդամակցին սոյն միութեան: Կարծեմ՝ մեծ քայլ առինք բոլորս եւ այս ճամբան իրապէս ներշնչող է:
Անդրադառնալով մեր այս շէնքին, ըսել կ՚ուզեմ, որ այս կառոյցը իր քարեղէն ու ոգեղէն առանցքներով խորհրդանիշ մըն է, անկախ ժամանակներու բովէն, ան պէտք է մնայ գրողներու սեփականութիւնը եւ մշտապէս լծուած ըլլայ ի կատար հայ գրողի համայնական ու համադրուած տեսլականներու իրագործման:
Որեւէ մշակոյթ իր լեզուով, կառուցուածքով ու մանրամասնութիւններով խղճմտանքի ու հոգիի գոյակցութեան ու մարմնաւորման միջոցն ու արտացոլումն է: ՀԳՄ մեր միութիւնն է, հայ գրականութիւն ու լեզու ջամբող: Միութիւն մը, որ վեհագոյններէն է, քանզի, նախ եւ առաջ, գրողները ո՛ր ազգութեան ալ պատկանին, մարդկութեան ու մարդկայնութեան ամենապանծալի ջահակիրներէն են, իսկ հայ գրողներու հաւաքական կերպարը, առաքելութիւնն ու ոգին, առանց գովաբանութեան, թոյլ թող տրուի ըսելու, որ իւրայատուկ եւ գերառաքինի բան մը ունի իր մէջ:
Կարծեմ՝ Վարուժանի ու Չարենցի հոգիները հովացած են այսօր:
Շնորհաւոր 90-րդ տարեդարձդ Հայաստանի Գրողներու միութիւն:
15 նոյեմբեր, Երեւան