ԲԱՆԵ՜Ր, ԲԱՆԵ՜Ր… ԵՒ ՇԱ՜Տ ԲԱՆԵՐ

Ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղողը չեմ: Ո՛չ թէ, որովհետեւ չեմ սիրեր, այլ անկեղծօրէն չեմ հասկնար: Եւ ամէն անգամ, երբ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի, եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուիլ ու վիճիլ, կարծես իրենք ըլլային աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու քաղաքականութիւնը գծողն ու ճշդողը. այսպիսի պահերու ես կը մնամ լուռ: Այլ խօսքով՝ անկարծիք եւ նոյնիսկ «չխօսկան», ինչպէս յաճախ կը կրկնէ երեւանցի հարեւանս:

Օ՜հ, կը ներէ՛ք, այս պահուն մեծ ու փոքր զանազան մտածումներ սկսած են մտքիս ծայրէն անցնիլ եւ գրիչս շեղել: Ուստի պիտի չերկարեմ:

Բայց կ՚ուզէի անպայման յիշել հետեւեալը. անցեալ դարու 70-ականներու վերջին քառորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մեզի մօտիկ խանութէն գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնելով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքին գտնուող, դրամի արկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ կինը շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ՞» էի:

«Ֆրամ Ալէփփօ», Հալէպէ՛ն, պատասխանած էի հպարտօրէն:

«Ուէր իզ Ալէփփօ», ո՞ւր է Հալէպը, հարցուցած էր այս օտարը՝ քիչ մը անտարբեր ոճով, միաժամանակ շարունակելով իր գործը:

«Ալէփփօ՛, Սիրիա՛», Հալէպ, Սուրիա, կրկնած էի արագ մը եւ աւելցուցած՝ «եու տոնթ նօ», չե՞ս գիտեր, ըսած էի՝ ձայնիս զարմանքի այնպիսի երանգ մըն ալ տալով, որ խորքին մէջ կար նաեւ «տըմպօ՛, այս տարիքին հասած ես եւ տակաւին Հալէպին ուր ըլլալը չե՞ս գիտեր…» բաժինն ալ:

Վայրկեանին կինս միջամտելով՝ բացատրած էր, որ՝ «Հալէպը կը գտնուէր Սուրիոյ մէջ, եւ թէ Սուրիա՛ն ալ՝ Միջին Արեւելքի մէջ…, եւ… եւ… Իսրայէլի հիւսիսը…»: Գիւտ մը: Այսքան: Կինը հազիւ Իսրայէլ բառը լսած էր, յանկարծ «օ՜հ», բացագանչած էր եւ՝ գլուխը շարժած, իբրեւ հասկնալու նշան եւ իր աշխատանքը շարունակած էր՝ առանց նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ գոնէ այդ օր աշխարհագրութեան նոր «դաս» մը սորված էր: Ձրի նոր գիտելիք մը, եթէ կ՚ուզէք: Ընդհանուր զարգացում:

Ու, ի՛նչ մեղքս պահեմ, վայրկեանին էրիկ-կնիկ իրարու երես նայած էինք եւ լռելեայն ու մտովի մեկնաբանութիւններ կատարելով՝ հեռացած:

Բայց՝ ինչո՞ւ այս օրինակը: Կը կարծեմ, որ դարձեալ նիւթէս շեղած էի:

Հա՛, յիշեցի:

Եթէ վերը յուշերս նուագած էի հին լարերուս վրայ, այժմ պիտի փորձեմ «նորերունը»:

Այսպէս, դարձեալ անցեալ դարու 90-ականներուն, երբ ամերիկեան բանակը Քուէյթ եւ Իրաք մտած ու «նստած» էր, արդէն յաջորդող քանի մը ամիսներուն ամբողջ աշխարհը գրեթէ գոց սորված էր, թէ ո՛ւր կը գտնուէր Քուէյթը, եւ ապա՝ Իրաքը, ու մանաւանդ՝ անոր մայրաքաղաքը՝ Պաղտատը, ապա՝ Քերքուքն ու Պասրան, Մուսուլն ու այլ քաղաքները: Աւելի՛ն. աշխարհը նաեւ տեղեակ եղած էր, թէ ո՛վ էր քիւրտը, եւ կամ՝ ի՞նչ էր տարբերութիւնը իսլամ «սիւննի»ին եւ իսլամ «շիի»ին: Ահա քեզի քաղաքականութիւն:

Եկո՛ւր եւ հասկցի՛ր:

Բայց կը կարծեմ, որ գոնէ այս անգամ համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ ամերիկեան բանակին՝ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի ու յատկապէս Իրաքի մասին առատ եւ միեւնոյն ատեն ձրիօրէն նման տեղեկութիւնները «բաշխելուն» համար: Տեղեկութիւններ՝ սակայն արիւնոտ եւ ցաւալի, եւ որոնք միաժամանակ հազարաւոր անմեղ մարդոց արիւնով շաղախուած էին:

Ահա՛, հիմա կը կարծեմ, որ վերջապէս գոնէ նիւթիս մօտեցած եմ:

Իսկ հիմա, թէեւ չեմ կարծեր, որ նորութիւն մը ըսած պիտի ըլլամ, այս բոլորին վրայ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ասկէ շուրջ եօթը տարիներ առաջ, դարձեալ քաղաքականութիւն ըսուած խաղին պատճառով, այս անգամ աշխարհը շատ աւելի մօտէն ճանչցաւ եւ ծանօթացաւ Սուրիոյ, ո՛չ միայն անոր մայրաքաղաք Դամասկոսին, այլեւ՝ անոր գլխաւոր քաղաքներուն ալ: Այսպէս, ցանկին վրայ իրարու ետեւէ աւելցան՝ Ղութա, Լաթաքիա, Հոմս, Տէր Զօր, Համա եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր եւ ապա վերջին՝ մե՛ր Հալէպը ու մե՛ր Նոր Գիւղը, իսկ այս օրերուն ալ՝ Աֆրինը:

Իսկապէս՝ հիւանդագին երեւոյթ եւ վտանգաւոր: Համաճարակ հիւանդութիւններու նման վարակիչ: Հիւանդութիւններ, որոնցմէ վախը աւելի զոհ կը խլէ, քան՝ մանրէն:

Պրաւօ՛, կ՚ըսեմ, այս «ուսուցիչներուն», որոնց տուած աշխարհագրութեան նոր եւ ձրի դասերուն համար համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ:

Դասեր՝ օր ցերեկով եւ ան ալ՝ համայն աշխարհի աչքին առջեւ:

Դասեր, որոնց համար շատ սուղ գին վճարած էր ի՛նք՝ տեղացի ժողովուրդը, եւ նոյնիսկ մենք՝ իբրեւ այդ երկրի երկար տարիներու հաւատարիմ քաղաքացիներ:

Դասեր, որոնք տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլած էին, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներ՝ անտէր եւ անտիրական դարձուցած եւ աւերակներու եւ փլատակներու վերածած՝ անոնց բնակարանները: Այլ խօսքով՝ խառնաշփոթ քարտէս:

Ու այս իրադարձութիւններէն մեկնած՝ այս օրերուն շատ դժուար է աշխարհի վիճակը բնորոշել: Իսկ եթէ այս վարկածը ճիշդ էր, հապա՞… հայութեան վիճակը:

Արդէն մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը: Ու ամէն անգամ եւ ամէն առիթով կրկնած ենք, որ ազգովին ներկայիս կ՚ապրինք մեր պատմութեան ամենէն վտանգաւոր եւ ամենէն վճռական պահերը: Այս մասին պէտք է գիտակցինք: Լրջանանք: Հայու ոգին դժուար պայքարի մէջ է: Զգաստանալ է պէտք: Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը: Ահա թէ ինչո՞ւ կ՚այպանենք այս 21-րդ դարը, որ դարձած է ամեհի եւ խստաբարոյ, եւ որ ունի ջղային տրոփում: Հակասական եւ անհաւասար:

Ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, որ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին, կամ՝ կրնան ծնիլ: Աշխարհի մեծերուն դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը շատ յստակ է: Տեսանելի է:

Այս օրերուն նաեւ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ: Ա՛լ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է: Չենք կրնար ամէն բան բախտին ձգել: Չենք կրնար զիրար ատելով ապրիլ եւ կամ յառաջանալ: Լուրջ եւ խոհեմ ու մանաւանդ առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ: Պատասխանատու կեցուածք:

Ազգովին զոհն ենք աննպաստ պայմաններու: Մէկ կողմէ արտագաղթ, միւս կողմէ՝ անգործութիւն, իսկ այս կողմէն՝ լեզուի պահպանման լուրջ խնդիր: Վերջապէս, ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ միասնաբար պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Ասիկա կը նշանակէ չկորսնցնել միութիւնը ու արեան մէջ կրել մեր անցեալն ու ներկան: Այլեւս հաւատալու չենք մեզի պարտադրուած զինադադարներու եւ կամ դաշնակիցներու կեղծ խոստումներուն: Անոնք կը նմանին այն մերկացած ծառերուն, որոնք ժամանակ մը վերջ կրնան դարձեալ ծաղկիլ: Խաբուսիկ իրավիճակ:

Բայց…

Վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս բա՛յցը… ի՞նչ ըսել կ՚ուզուի…

Այսինքն… Վաղը քաղաքականութիւն «խաղացող» այդ մեծերը, որոնք մինչեւ հիմա տարբեր ձեւերով բեմ բարձրացած եւ կամ մէջտեղ եկած էին, հաւանաբար նոր քաղաքականութիւններ «ածեն» ժողովուրդներու գլխուն: Նոր ու ծանր «խաղեր» կրնան խաղալ ու դարձեալ երկիրները արիւնով «լուալ»: Ասոնք նորութիւններ չեն, կ՚ըսեն շատեր. անոնց արեան մէջն են, կ՚աւելցնեն ուրիշներ:

Հետաքրքրական է սակայն գիտնալ, թէ այս անգամ որո՞ւ «քիթը» պիտի արիւնի կամ պիտի արիւնեն: Հապա՞ մենք: Ա՜խ մե՛նք. այնպէս կ՚երեւի, որ մենք հեռու ենք այս բոլորէն: Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՚ապրինք: Ազգովին միշտ դժգոհ ենք իրարմէ: Զիրար չխաբենք: Բայց հիմա ատոր ժամանակը չէ, որովհետեւ վաղը, շատ հաւանաբար, երբ աշխարհը աշխարհագրութեան նոր դասեր ստանայ, մենք ո՞ւր կեցած պիտի ըլլանք: Արդեօք գիտե՞նք, թէ ո՛ւր… Արդեօք պատրաստ պիտի ըլլա՞նք այդ «դասերուն»: Հարկ է՝ մենք մեզի հարց տանք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը: Մէյ մը լաւ նայինք մեր շուրջը: Է՜հ, որքա՞ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը: Արդեօք «բան» մը սորվա՞ծ ենք կամ սորվեցանք Իրաքէն, Քուէյթէն եւ կամ ալ Սուրիայէն եւ կամ «Արաբական գարունէն»:

Ես Պիղատոս մը չեմ: Մեղա՜յ…

Ըսելիքս արդէն սիւնակներուս սկիզբին ըսած էի: Պարզ եւ յստակ: Բարձրաձայն կը կրկնեմ. «Ե՛ս քա-ղա-քա-կա-նու-թե-նէ բան չեմ հասկնար»: Իսկ եթէ դո՛ւք կը հասկնաք, պատասխանեցէ՛ք, այս հարցումներուն եւ կամ ալ՝ բացատրեցէ՛ք, կը խնդրեմ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018