ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԲԱՆԱԼԻ…

Այս պատմութեան առանցքը կը կազմէ սովորականէն դուրս պանդոկ մը, որ կը գտնուի Քոլորատօ նահանգի Էսթէս Փարք քաղաքին մէջ։ Պանդոկը կառուցուած է 1917-ին, Չարլզ եւ Կորտըն Մէյս եղբայրներուն կողմէ եւ կոչուած է Պոլտփէյթ (Baldpate), «Պոլտփէյթի եօթը բանալիները» գաղտնի-ոստիկանական վէպին անունով, որուն հեղինակն է Earl Derr Biggers: Նշենք, որ վերոյիշեալ վէպը ապա վերածուած է թատրերգութեան եւ ֆիլմի։

Ուրեմն Պոլտփէյթ պանդոկը ունի 12 սենեակ եւ անոր տարածութեան մէջ մի քանի տնակներ ու կը գործէ տարին հինգ ամիս միայն, Յունիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր։ Այս պանդոկը հռչակ առած է, որովհետեւ տեղ գտած է «Պատմական վայրերու ազգային արձանագրութեանց» (National Register of Historic Places) մէջ:

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ ընդունելութեան սրահը կոչուած է «Բանալիներու սենեակ», որովհետեւ ան զարդարուած է աւելի քան 20 հազար բանալիներով։ Զանազան տեսակի այդ բանալիները պանդոկին նուիրուած են այցելուներու, պանդոկ իջեւանող հիւրերու եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ, որոնք եկած են աշխարհի չորս ծագերէն։

Իսկ պանդոկի ճաշասրահին մէկ անկիւնը զարդարուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն ոմանց մակագրուած պատկերներով։ Հոն կը գտնենք Թետի Ռուզուելթի, Թիատոր Ռուզուելթի, Ուտրօ Ուիլսընի եւ այլ նախագահներու պատկերները։ Սակայն յայտնի չէ, թէ այդ նախագահները հոն իջեւանա՞ծ են կամ ոչ, բայց, ըստ երեւոյթին, շատ ալ կարեւոր չէ այցելուներուն համար:

Առ ի գիտութիւն ըսեմ, որ այս պանդոկը իջեւանելու գինը բաւական սուղ է, բաղդատմամբ ուրիշ պանդոկներու։ Օրինակ՝ մէկ օր գիշերելու համար գինը 150 տոլար է։ Բայց սղութեան կողքին, հոն իջեւանելու գոհունակութիւնն է, որ այցելուն պիտի վայելէ, չէ՞ք խորհիր…

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ…

Այս իրական դէպքը մեզի կու գայ հարաւային Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Սան Տիեկօ քաղաքէն։ Այդ քաղաքի նահանգային համալսարանի (San Diego State University) դասընթացքներու ցանկին վրայ վերջերս աւելցած է մէկ վարկանիշով (credit) նոր դասընթացք մը՝ քննարկելու նախագահ Թրամփի ամբաստանութիւնը (impeachment):

Դասընթացքին անունն է «Քրէական արդարութիւն» (Criminal Justice 0596.01), իսկ միակ պարտադիր դասագիրքը՝ «The Case for Impeachment by Allan Lichtman»: Այս դասընթացքը պիտի դասաւանդէ Փրոֆ. Ճոզէֆ Քլիրի։

Դասընթացքին նիւթ պիտի ծառայեն նաեւ հետեւեալ առարկաները՝ նախագահի մը ամբաստանութիւնը, պաշտօնէ հեռացումն ու դատապարտութիւնը։ Ամբողջ կիսամեայի մը տեւողութեան պիտի արծարծուին Թրամփի ստախօսութիւնները, օրէնքը անտեսելու սովորութիւնը, կիներու հանդէպ ցուցաբերած գէշ վարմունքը եւ այլ մոլութիւններ, որոնք անվայել են նախագահի մը համար։

Չեմ զարմանար երբեք, որ նախագահ Թրամփը ամբաստանելու նիւթը պիտի դասաւանդուի Գալիֆորնիոյ մէջ, որ թէ՛ մեծաւ մասամբ կը բաղկանայ ռամկավարներէ եւ թէ ալ վերջին ծայր ազատականներէ… Բաւ է յիշել Գալիֆորնիոյ ընդդիմութիւնը նախագահ Թրամփի ձեռնարկած արշաւին, երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող 1.5 միլիոն անօրէն բնակիչներուն (undocumented aliens) դէմ։ Գալիֆորնիան այդ անօրէն բնակիչներուն համար դարձած է ապաստարան (safe heaven), հակաօրինական է։

Գալիֆորնիան ոչ թէ միայն ապաստան տուած է անոնց, այլեւ նոյնիսկ կը պաշտպանէ զանոնք երկրի դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնատարներէն, որոնք կ՚ուզեն երկրէն հեռացնել անոնցմէ ամբաստանուած եւ դատապարտուած ոճրագործ խաւը։ Հոս տեղին է յիշել այդ անօրէններէն մին, որ, քանիցս բանտարկուած եւ ազատ արձակուած ըլլալով, երիտասարդ մանկամարդուհի մը սպաննեց Սան Ֆրանսիսքոյի նշանաւոր կամուրջին վրայ…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018