ՌՈՒԲԷՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ

«Ժողովուրդներու բուն առաջնորդը իրենց մեռելներն են եւ ոչ թէ ողջերը»

Ռուբէն, «Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները» Ե. հատոր, էջ 146

Սահմանադրութեան հռչակման տարիներն են, զինադադար է. հայ գաւառները, գիւղերը, շրջանները լռութիւն կը տիրէ: Լռութիւն մը, որ սոսկում կը պատճառէ ամիսներ առաջ կենաց մահու պայքար մղող ֆետայիին, եւ կը փորձէ համոզել իր համակիրները. համոզել, ըսել, որ խաբուսիկ է այս բոլորը, պէտք է զինուիլ, զինել բոլոր գաւառները, գիւղերը, չհաւատալ կեղծ խոստումներու, չվստահիլ պատիր վարմունքներու: Ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ ամիս մը առաջ մեր արիւնը խմելու պատրաստ պէկերուն գոհունակութիւնը վայելել, յարգանքը՝ ֆետայիներուն նկատմամբ: Մեզ բանտարկող, մեր բազմաթիւ ընկերները սպաննողին ինչպէ՞ս հաւատալ...:

Կը շրջի ան վերջին հայեացքը նետելով այն շրջաններուն, ուր եղած էր ընկերներուն հետ ցուրտին, բուք ու բորանին ինքնապաշտպանութեան մարտեր մղած նոյն պէկերուն դէմ, նոյն հիմակուան ժպտուն դէմքերուն դէմ, որ ատենին զայրոյթ ու մահ կը բուրէին: Կը ժպտի ինք ալ իրենց, նոյն կեղծ ժպիտները կը փոխանակուին...:

Ներքին մաղձը կը թափէ բնութեան, լեռնաշղթաներուն հետ զրուցելով, այլ անոնց հասկցնելով՝ «Դուք ինչո՞ւ համար էք ստեղծուած. որպէսզի Հայաստան երկիրը եւ հայութիւնը երկու հատուածներո՞ւ բաժնէք...», կ՚ըսէ սահմանի Ծաղկանց եւ Թոնտուրեկ լեռներուն, ուրկէ անդարձ պիտի անցնի, անդարձ մարմնով. բայց յուզումի պարոյրը զինք հանգիստ չի թողուր ու՝ «Զագռոշն ու Տաւրոսը նորէն բանի մը պէտք կու գան իրենց ամպերու մէջ կորած կատարներով,- կ՚ըսէ,- գոնէ արգելք են դուրսի ներխուժման, գոնէ բնական սահմաններ են. դուք Հայաստանի մէջտեղէն կ՚անցնիք, ձեր երկար եւ անանցանելի շղթայով կը բաժնէք Արաքսը Վանի ծովէն եւ Արածանիի հայառատ հարուստ հովիտներէն...» (էջ՝ 323):

Ձիուն վրայ բազմած, լեռնանցքներուն մէջ շրջելով պատմութեան էջերուն մէջ կը գտնէ ինքզինք ու առասպելներ, աւանդապատումներ կը մէջբերէ, կը յօրինէ նաեւ խոկումով մը բարի, կը մտաբերէ հայրենիքին Մայրը՝ Արաքսը, կ՚ուզէ հայրը գտնել, եւ՝ «Բայց ո՞րն է հայրը, եւ գտայ, որ Հայաստանի հայրը Տուրուբերանի աշխարհն է իր Արածանիով: Գլխուս մէջ նստած էր այն միտքը, որ Արածանիի երկայնքին նստած է մեր Հայկ Նահապետը, իր մէջքը տուած է Սիփանին, Նեմրութին եւ ամբողջ Վասպուրականին. իր ձեռքին բռնած է հսկայ գայիսոն մը. գայիսոնի գլուխը Էրզրումն է, իսկ անոր փայտը Եփրատն է, որ կը հասնի ու կը միանայ Արածանիին» (էջ՝ 330):

Կը շարունակուի ճամբան, Արաքսի ափին են երկու ձիավարժ ֆետայիներ, երկու մտերիմներ երկար տարիներու, տուն ու ընտանիք են անոնք իրարու, սակայն ահաւասիկ կը վերադառնան իրենց լքած ընտանիքներուն մօտ, յուզումն ու ուրախութիւնը կը յաջորդեն իրարու, լեռներու առիւծները տուն կը վերադառնան, եւ դարձեալ պատմութիւնը կը թակէ միտքը հեղինակին, հրաժեշտի խօսքերով կը դիմէ հայրենի բնութեան՝ «Կ՚իջնենք դէպի Արաքսը եւ ես կը մտածեմ, որ այդ ջուրերու վրայ են հիմնուած մեր օրրանը, մեր մայրաքաղաքները, մեր պատմութիւնը Վանանդէն մինչեւ Սիւնիք: Անին, կամ Արմաւիր՝ անոր ստինքները, Վաղարշապատ, Արտաշատ՝ անոր կուրծքը. Վանանդ անոր գլուխը, Գուգարքէն Արցախ անոր թեւերը: Ինծի կը թուէր, որ ես կ՚իջնէի վերէն մեր մօր գիրկը, ինծի կը թուէր, որ ես կու գայի մեր ողջ հօր մօտէն. մեր մօրը լուրեր եւ համբոյրներ տանելու իր ամուսինէն՝ Երկրէն» (էջ՝ 340):

... Ու զայրոյթի ալիքը դարձեալ կը բարձրանայ եւ ան կը դիմէ սահմանի հասակին ծուարած լեռներուն, Արարատի ձիւնածածկ կատարին՝ «Դուք մեր երկրի անդամահատման պատճառ էք եւ այժմ թուրք եւ ռուս սահմանագիծը ձեր ողան վրայով կ՚անցնի, իսկ Արարատը իր բարձր հասակով չ՚ամչնար երեք սահմանները իր ճակատին վրայ կրելու» (էջ՝ 323)։

Իր անցեալն ու ներկան կը տեսնէ կայարանի հայելիին մէջ, Թիֆլիզ: Խռովայոյզ ապրումներ կը պատեն զինք ու կը խօսի ինքն իրեն՝ «...Ո՞րն է սահմանը անցեալի եւ ներկայի: Անցեալը՝ ներկայէն աւելի կենսատու չէ՞, քանի որ այժմ ես տասը տարի հինը կ՚ապրիմ: Եթէ այս ճիշդ է ինծի համար, բա, այն քարերը զորս տեսայ սեպագիր. այն վանքի քարերը, որոնք քանի մը տասնեակ դարերու հնութիւն ունին եւ անցեալ են, միթէ՞ անոնք ալ կրնան ներկայ դառնալ, եթէ ճար մը ըլլար անոնց յիշատակը բորբոքելու, ինչպէս ես բորբոքուած եմ տեսնելով Ճեմարանի լորիի ծառը, մեր մարգը, պատուհանները, աղբիւրը, Թումասը» (էջ՝ 349):

Երբ կազդուրուած, բարեկամներու հետ կը զրուցէ, կը պատմէ հայրենի իրադարձութեանց մասին, Սահմանադրութեան մասին կը յայտնէ՝ «Ցեխի մէջ կորած ադամանդը՝ ականջէն կախուած փուճ ապակի մը չ՚արժեր» (էջ՝ 382) ըսելով:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019