ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

Քորոնաժահրի համաճարակը կը շարունակէ գործել իր աւերը, որ առաւել նշանակալից քաղաքական հետեւանք պիտի ունենայ արեւմտեան, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրներու համար։

«Աներեւոյթ թշնամին» Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ իսկական ջարդ է, որ կը գործէ՝ օրական հնձելով բազմահազար քաղաքացիներու կեանքերը։ Կացութիւնը այնքան վատ է, որ երկիրի մը մէջ առօրեայ մահացածներուն թիւը 800-էն 500-ի սահմաններ նուազիլը կը շեփորուի իբրեւ դրական զարգացում մը՝ մոռնալով այն իրողութիւնը, թէ խօսքը թիւերու մասին չէ, այլ մարդոց, կորսուած կեանքերու։ Ինչպէ՞ս կարելի է այդ նուազումը ծափողջոյններով դիմաւորել, երբ մարդկային ողբերգութենէն ու անոր տարողութենէն ոչինչ կը փոխէ։

Բոլորը կը սպասեն «զերօ ժամին»՝ բնականոն կեանքի վերականգնումին։ Այդ «բնականոն»ը, սակայն, պիտի չըլլայ զերօ կէտ վերադարձ մը, որովհետեւ յետհամաճարակեան աշխարհը տարբեր պիտի ըլլայ նախահամաճարակեան աշխարհէն։ Հոնկ Քոնկի մէջ կրաֆիթի մը դիպուկ կերպով կը նշէր .«Բնականոնին վերադարձ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ բնականոնը ինքնին խնդիրն էր»։

Ժահրը աշխարհի վրայ այսքան արագ տարածուեցաւ համաշխարհայնացումին ու բաց սահմաններու ամբողջ համակարգին ստեղծած «բարենպաստ» պայմաններուն շնորհիւ, եւ յաջողեցաւ այսքան կեանքեր խլել, որովհետեւ պետութիւններ, այդ գաղափարները կրող ու այդ քաղաքականութիւնը կիրարկող իրերայաջորդ ղեկավարներ տասնամեակներ շարունակ առաջնահերթ նկատեցին տնտեսութիւնն ու անոր զարգացումը, իսկ իրենց երկրին առողջապահական համակարգը նկատեցին երկրորդական կամ երրորդական. իբրեւ հետեւանք ատիկա անկարող դարձաւ դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրը։

Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան  արտաքին գործոց նախկին նախարար Սիկմար Կապրիել ցաւ յայտնեց, որ իրենք 30 տարի արհամարհած են պետութիւնը, եւ նախատեսեց, որ յաջորդ սերունդը համաշխարհայնացումի նկատմամբ նոյնքան պարզամիտ պիտի չըլլայ։ Ծունկ ծեծելը, սակայն, արդէն անօգուտ է եւ ժամանակի կորուստ։ Այժմ բոլորը, բնականաբար, դաս պիտի քաղեն պատահածէն։

Ներկայ համակարգը, համարկումի քաղաքականութիւնն ու անդրազգային մարմինները չկրցան պաշտպանել քաղաքացիները, ընդհակառակը վտանգեցին զիրենք՝ նպաստելով քորոնաժահրին հեռաւոր Չինաստանի մէջ իր օճախէն արագօրէն Եւրոպա հասնելուն ու իրենց երկիրներուն մէջ տարածուելով աւերներ գործելուն։ Աւելի՛ն, անոնք նոյնիսկ չկրցան արագօրէն հակազդել՝ իւրաքանչիւր երկիր «աներեւոյթ թշնամի»ին դէմ պատերազմին մէջ ձգելով միայնակ։

Այդ բոլորը ստեղծեցին անվստահութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտ մը, որուն պատճառով իսկ յետհամաճարակեան հանգրուանին ականատես պիտի դառնանք Եւրոպայի մէջ ազգ-պետութեան գաղափարին յաղթական վերադարձին, ազգային արժէքներու վերածնունդին եւ զուգահեռաբար Եւրոպական Միութեան ու անոր ներկայացուցած արժեհամակարգին հակադրուած ալիքին հզօրացման եւ այդ թեզը որդեգրած քաղաքական ուժերու վերելքին։ Աշխարհի տարածքին այս համաճարակէն ամենէն շատ վնասուած Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթէն ի զուր չէր, որ զգուշացուց. «Պէտք է խուսափինք, որ Եւրոպան ցաւոտ որոշումներ տայ: Եթէ Եւրոպան չփաստէ, որ այս աննախադէպ մարտահրաւէրին մակարդակին է, ապա ամբողջ եւրոպական պլոքը, մեր քաղաքացիներու աչքին, կրնայ կորսնցնել իր գոյութեան պատճառը»։

Քորոնաժահրի համաճարակը որքան կը հեռանայ այդ որոշումներուն պահը նոյնքան կը մօտենայ։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2020