ԹՈՌՆԻԿԻՍ

Եթէ կեանքդ կապոյտ երկինքով լեցնեն, 
Փուշերուն տեղ, ճամբուդ վարդեր ալ փռեն,
Լեզուդ պահել, ազգդ սիրել խոստացիր։

Արագածին եւ Սեւանին գեղանի,
Նոյնիսկ դէմքդ սէգ Արարատին չյառես,
Գոնէ դո՛ւն քեզ, միշտ հայ պահել խոստացիր։

Տարեդարձիդ Մեսրոպաշունչ գիրքեր քեզ չնուիրեն,
Տարիներդ կանաչազարդ օրերով իսկ չզարդարեն,
Դարձեալ մայրենիովդ արտայայտուիլ խոստացիր։

Թէ գլուխդ դափնիներով զարդարեն,
Նոյնիսկ ժամերդ յաղթանակի փողերով լեցնեն,
Դուն կեանքդ, հայրենիքիդ նուիրել խոստացիր։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2022