ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

2. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՏԱՃՈՒՄԸ

Մինչեւ հիմա կը խօսէինք սիֆիլիսոտի ժառանգներուն մասնաւոր արատներուն եւ վատ աճումներուն մասին:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց ընդհանուր առողջութիւնը եւ անոնց արտաքինը (տեսքը):

1. ԴԷՄՔԸ ԵՒ ԿԱԶՄՈՒԱԾՔԸ

Երեխաները առհասարակ սաստիկ նուաղ կազմուածքով կը ծնին, այնքան թուլակազմ, որ ապրելու անկարող կ՚ըլլան:

Ահաւասիկ ինչո՞ւ գիտնական մը կ՚ըսէ.

- Այս երեխաները զարմանալի արագ եւ հեշտութեամբ կը մեռնին: Մի քանին հազիւ լոյս տեսած՝ կը մահանան. մի քանին՝ մի քանի րոպէի կամ մի քանի ժամուան մէջ: Միւսները 2-3 օր կը դիմանան, մի քանին ալ քիչ մը աւելի երկար: Բայց զարմանալին այն է, որ բոլորն ալ առանց որոշ պատճառի մը կը մահանան, ուղղակի այնպէս, առանց հիւանդանալու: Անոնց մասին կ՚ըսեն, որ ոչինչէն կը մեռնին: Իսկապէս անոնք ժառանգած թունաւորութենէն կը մահանան, որ անոնցմէ ապրելու կարողութիւնը խլած է:

Երեխաները յաճախ քիչ թէ շատ առողջ տեսքով կը ծնին. այն ատեն երեք տեսակ կ՚ըլլայ:

Կամ երեխան երթալով կը նուաղի, կը նիհարնայ, կարծես կը քամուի եւ կը մեռնի:

Կամ որոշ ժամանակ կանոնաւոր կերպով կը զարգանայ, նոյնիսկ կշիռքը կ՚աւելնայ եւ յանկարծ կը սկսի ետ երթալ, արագ ուժակորուստ կ՚ըլլայ եւ կը մեռնի, դարձեալ առանց որեւէ մէկ պատճառի:

Բայց յաճախ ալ մանուկը լաւ կը զարգանայ, առողջ կ՚երեւի, կը լեցուի եւ այլն: Բայց ատիկա մի քանի շաբաթ միայն կը տեւէ եւ աճումը կը կանգնի, երեխան ալ առաջ չ՚երթար, քաշը չ՚աւելնար եւ մարմինին վրայ զանազան բիծեր դուրս կու տան, բերանին մէջ խոցեր կը գոյանան եւ ներսի գործարանները կը հիւանդանան: Եւ խեղճ փոքրիկը արագութեամբ կը նուաղի, երեսի եւ մարմինի մաշկին (կաշիին) վրայ կնճիռներ կը գոյանան եւ վերջ ի վերջոյ կը հալի, կը մաշի եւ կը հանգչի։

2. ՄԱՆԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Ժառանգական սիֆիլիսոտներու մէջ յաճախ կը պատահին այնպիսիներ, որոնք չափազանց ուշ կը սկսին քալել, ուշ խօսիլ, անոնց ակռաները ուշ դուրս կու գան եւ փոքր կը մնան, սեռական գործարանները չզարգացած կը մնան, պեխերը եւ մօրուքը ուշ կը բուսնին եւ ցանցառ կը մնան, երբեմն ալ տղան քոսա է: Աղջիկները փոքր կը մնան, անոնց ստինքները մանր, դաշտանը հազիւ 18-20 տարեկան հասակին կը բացուի, որովհետեւ անոնց սեռական գործարանները ուշ կը զարգանան:

Ասոնք մշտական երեխաներ են, միշտ իրենց տարիքէն պակաս կ՚երեւին. անոնց հասակը կարճ, մարմինը սեղմուած, թեւերն ու ոտքերը բարակ, տարիքով պատանիները երեխաներու տեսք ունին, երիտասարդները՝ պատանիներու:

Այս դրութիւնը ընդհանուր անունով՝ մանկայնութիւն յայտնի է: Երբեմն երեխաները այնքան փոքր կ՚ըլլան, որ թզուկներ դուրս կու գան: Ասոնք ծնած ժամանակ հազիւ փոքրիկ նարինջի մը չափ գլուխ ունին, իսկ ոտքերն ու թեւերը հազիւ ճկոյտի հաստութիւն եւ երկարութիւն:

3. ՐԱԽԻՏ ԿԱՄ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՑԱՒ

Սիֆիլիսոտ ծնողներու զաւակները րախիտով (անգլիական հիւանդութեամբ) կը ծնին: Այս հիւանդութիւնը ընդհանուր կմախքի վատակազմութիւնն է: Ոսկորները կարծես փուխր, ճկուն եւ հեշտութեամբ կը ծռմռին, երեխաները հսկայ գլուխ ունենալէ բացի կուզ կ՚ըլլան, ողնաշարն ու կողերը ծռմռուած, ատկէ ալ ուսերը՝ բարձրացած, կողքերէն մէկը դուրս եկած, միւսը՝ ներս գացած: Այս վատ կազմուածքը ո՛չ միայն հրէշ կը դարձնէ երեխան, այլ՝ զայն դէպի զանազան հիւանդութիւններու կը տրամադրէ, որոնցմէ ամենէն գլխաւորը թոքախտն է:

Այս գիրքին փոքր ծաւալը թոյլ չի տար մեզի մէկ առ մէկ նկարագրել այն բոլոր այլանդակութիւններն ու հրէշաւորութիւնները, որոնք սիֆիլիս ունեցողներու զաւակներուն վրայ նկատուած են:

Լա՛ւ իմացէք, որ մարմինի ո՛չ մէկ մաս, ո՛չ մէկ գործարան թոյնի ազդեցութենէն ազատ կը մնայ: Սիրտը, երակները, թոքերը, փայծաղը, բերանը, քիմքը, քիթը, աչքերն ու ականջները, ստամոքսն ու աղիքները, սեռական գործարանները, բոլորը կրնան վատաճուած, այլանդակուած, հիւանդոտ ըլլալ:

Յանկարծ կը ծնի երեխայ մը, որուն արտեւանունքը ճեղքուած չեն եւ աչքերը փակ են, ականջներուն մէջ ծակ չկայ, դուրսի ականջը բացակայ է կամ քիմք չկայ: Մէկ ուրիշը, որուն սրբանը (յետոյքը) կաշիով գոց է։ Մէկ երրորդը՝ որուն աղիքները չափազանց կարճ են ու նեղ, սիրտը սիրտի նման չէ, փայծաղը՝ փայծաղի, կամ թէ չէ փորը բաց է (կարծես դանակով պատռած են) եւ աղիքները դուրս թափած, կուրծքը ճեղքուած է եւ թոքերը կ՚երեւին, կամ երեխան սեռական անդամ չունի, կամ ձուարաններ չունի, աղջիկը զաւակատուն չունի եւ նման հրէշաւոր պակասութիւններ:

Յաճախ, անշուշտ, յիշուած հրէշաւորութիւններէն շատերը մէկ երեխայի մէջ կը միանան եւ դուրս կու գայ իսկական հրէշ մը, գարշելի տձեւ էակ մը, որուն ծնունդը մեր պառաւները քաջքերու գործ կը համարեն: Մեր ժողովուրդին մէջ դեռ եւս չէ վերացած այն տխմար հաւատալիքը, թէ կինը կրնայ շուն, կատու, դեւ ծնիլ: Թերեւս այս հրէշաւոր ծնունդներն են, որոնք առիթ տուած են այդ վայրենի համոզմունքին մեր մէջ արմատանալուն…:

4. ՄՏԱՒՈՐ ՊԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հիմա քանի մը խօսք ալ ըսենք ժառանգական սիֆիլիսին երեխային մտաւոր աշխարհին վրայ գործած աւերումներուն մասին:

Ինչպէս մարմինը վատակազմուած է, նոյնպէս ալ երեխային խելքը, բանականութիւնը եւ ընդհանրապէս անոր հոգեկան եւ մտաւոր աշխարհը կրնայ թոյլ կամ արատաւոր ըլլալ:

Ընթերցողը կը սարսափէր, եթէ հնարաւորութիւն ըլլար պատմել այս սոսկալի դէպքերը, որոնք բժիշկները մինչեւ հիմա նկատած են:

Սիֆիլիսոտին զաւակը, եթէ կ՚ապրի ալ, եթէ ըստ երեւոյթին կանոնաւոր ալ ծնած է, այնուամենայնիւ անոր մտաւոր աշխարհը յաճախ խաւար կը մնայ:

Երեխաները իրենց առողջ ընկերներէն միշտ ետ կը մնան թէ՛ ուսման մէջ եւ թէ՛ ալ կեանքի ասպարէզին մէջ: Անոնք ուշ կը սկսին խօսիլ, ուշ հասկնալ, ուշ կարդալ-գրել: Անոնց միտքը գոց է, մանկական հասակին յատուկ աշխուժութիւնը, դիւրըմբռնողութիւնը եւ սրամտութիւնը չունին:

Ասոնք յետամնացներ են:

Բայց այս բոլորը չէ տակաւին:

Անոնց մէջ յաճախ դանդաղամիտ եւ ամէն բանի անընդունակ երեխաներ, ապուշներ, ջղայիններ կը պատահին, որոնք ո՛չ մէկ գործի ընդունակ են եւ ծանր բեռ կը դառնան իրենց ծնողներուն եւ հասարակութեան վիզին:

Սարսափելին այն է, որ միեւնոյն ընտանիքին մէջ մի քանիները այդպէս ապուշ, տխմար կամ միտքով հիւանդոտ կ՚ըլլան: Օրինակ՝ մէկը ընկնաւոր կ՚ըլլայ, միւսը՝ ապուշ, երրորդը՝ անբարոյական, չորրորդը՝ հիստերիկ (ջղային), եւ այլն:

Ջղային հիւանդութիւնները բազմաթիւ են՝ սկսած ամենէն թեթեւ բարկացկոտութենէն եւ լալկանութենէն, մինչեւ զարհուրելի ընկնաւորութիւնն ու կարկամումները: Այս վերջին հիւանդութիւնը (կարկամումը) շատ յաճախ կը պատահի: Յանկարծ մարմինին բոլոր մկանները (միսերը) կը լարուին, մէջքը կը պրկուի, վիզը, ոտքերն ու թեւերը կը սկսին ծռմռուիլ, ոսկորները՝ ջարդուիլ, երեխան գետին կը զարնուի, կը գալարուի, վեր-վեր կը թռչի, անդամները կը կծկուին եւ կ՚երկարին, մէջքի վրայ կ՚իյնայ, շուռ ու մուռ կու գայ կողքերուն վրայ՝ վզի երակները արիւն լեցուած ու պարաններու պէս լարուած, աչքերը՝ դուրս թռած, լեզուն՝ դուրս ինկած, շնչառութիւնը կապուած կ՚ըլլայ…: Այս զարհուրելի բռնկումները կրնան օրուան ընթացքին մի քանի անգամ կրկնուիլ, նոյնիսկ՝ մէկ ժամուան ընթացքին մի քանի անգամ եւ կը սպաննեն հիւանդին:

Լաւ պատկերացնելու համար, թէ սիֆիլիսոտին ընտանիքը ի՛նչ կ՚ըլլայ, յառաջ բերենք հազարաւոր պատմութիւններէն մէկը.

Պ… 65 տարեկան է: 27 տարեկան հասակին ան սիֆիլիս ստացած էր: Վեց տարի ետք (առանց բժշկուելու) ամուսնացաւ եւ ահաւասիկ անոր սերունդը.

Կինը 11 անգամ յղիացած էր:

Առաջին յղիութիւն. երեխան 19 ամսական ուղեղի բորբոքումէ մեռաւ:

2-րդ յղիութիւն. երեխան 18 տարեկան է, ընկնաւոր:

3-րդ յղիութիւն. երեխան շատ դանդաղ աճած է, ընդունակութիւններ չունի, ամէն ինչի հանդէպ անտարբեր է: Ամուսնացած է:

4-րդ յղիութիւն. երեխան րախիտ ունի եւ հիստերիկ է (ջղային):

5-րդ յղիութիւն. երեխան մինչեւ հիմա առողջ է:

6-րդ յղիութիւն. երեխան շատ բթամիտ է. 12 տարեկանին հազիւ կարդալ-գրել սորված է: Կազմուածքը մանկային մնացած է: 19 տարեկանին ինքնասպանութիւն կը գործէ:

7-րդ յղիութիւն. երեխան ուղեղի հիւանդութենէն 22 ամսականին կը մեռնի:

8-րդ յղիութիւն. երեխան վատ զարգացած էր, 6 տարեկանին ատամները կը թափին:

9-րդ յղիութիւն. եօթերորդ ամսուն կը վիժի մեռած երեխայ մը:

10-րդ յղիութիւն. դարձալ երրորդ ամսուն կը վիժի:

11-րդ յղիութիւն. երեխան աղաւաղուած ատամներ ունի, գանկը սեղմուած, ականջները դիք-դիք լեցուած եւ չափազանց ցած, տակի ծնօտը դուրս ելած:

Ահաւասիկ ուրիշ դէպք մը եւս:

Տ… սիֆիլիս ստացած է ամուսնութենէն հինգ տարի առաջ: Կինը առողջ մնացած է (չէ վարակուած) եւ 7 անգամ յղիացած է:

Առաջին յղիութիւն, երրորդ ամսուն վիժում:

2-րդ յղիութիւն, վիժում:

3-րդ յղիութիւն. մեռած ու խմորած երեխայ:

4-րդ յղիութիւն. երեխան 7 ամսական հասակին ջղային հիւանդութենէ կը մեռնի:

5-րդ յղիութիւն, երեխան 9 տարեկան չհասած, արդէն սեռական կիրք ունի (վավաշոտ է): Հիմա 22 տարեկան է եւ սաստիկ անբարոյական: Ասիկա կատարեալ հրէշ մըն է թէ՛ մարմինով եւ թէ՛ ալ վարք ու բարքով:

6-րդ յղիութիւն. երեխան ընկնաւոր է:

7-րդ յղիութիւն. երեխան ուղեղի անկանոնութիւններ ունի, հինգ տարեկանին միայն սկսած է խօսիլ. հիմա 9 տարեկան է եւ տակաւին կարդալ չէ սորված: Ապուշ է:

Այսքանը բաւարար է ցոյց տալու համար սիֆիլիսի թոյնին անողոք քանդիչ ազդեցութիւնը սիֆիլիսոտի զաւակներուն վրայ:

Բայց չկարծէք, թէ այս զաւակներով անոր զոհերը կը վերջանան:

Ո՛չ. սիֆիլիսի թոյնը տակաւին չէ սպառած: Ան աւելի հեռու կը տարածէ իր խեղդող ճանկերը…, ան նաեւ կը վատասերէ թոռները: Թոռներն ալ հիւանդոտ, արատաւոր, թուլակազմ կ՚ըլլան, անոնք եւս անընդունակներ, ապուշներ եւ ջղայիններ դուրս կու գան, անոնք եւս երկար չեն ապրիր, թոքախտով կը հիւանդանան, րախիտ կ՚ունենան եւ այլն, եւ այլն…

Օրինակ մը միայն.

Քիչ մը վերջը յառաջ բերած Պ…ի ընտանիքի զաւակներէն երրորդը, ինչպէս ըսինք, ամուսնացած է: Եւ ի՞նչ սերունդ դուրս բերած է: Երկու որդի միայն եւ երկուքն ալ կը մեռնին. մէկը ատամ հանած ատեն, միւսը՝ 7 ամսական հասակին, ուղեղի ջրգողութենէն…:

Այս ալ թոռնիկներուն վիճակը:

Չէ՞ որ զարհուրելի է այս բոլորը եւ ո՞ր բանական մարդը այս ահագին պատասխանատուութենէն չի սարսափիր, որ ան յանձն կ՚առնէ, երբ կը փափաքի ընտանիք կազմել: Սիֆիլիս ունեցողները թող լաւ խորհին այս դժուար քայլը առնելէ առաջ, թող լաւ հասկնան, որ իրենց անզգոյշ քայլով անոնք թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ՛ ալ թոռնիկներուն կեանքն ու երջանկութիւնը վտանգի կ՚ենթարկեն:

Իսկ իրե՞նք: Մի՜թէ իրենք գէթ մէկ օր կրնան երջանիկ ու հանգիստ ապրիլ: Չէ՞ որ իրենց համար եւս կեանքը դժոխք մը կը դառնայ, երբ կը տեսնեն, որ այս սոսկումներուն եւ աւերումներուն պատճառը իրենք եղած են, մի՛այն իրենք…

Սարսափելի կեանք, որմէ կրնային փրկուած ըլլալ խելացի բժշկութեամբ եւ բժիշկի խորհուրդով…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2022