ՄԵՆՔ ԵՒ… «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՊԱՆՆԵՐ»Ը

Ինչքա՜ն չարաշահեցինք այս բառը, ինչքա՛ն տեղի-անտեղի գործածեցինք, ինչպէ՛ս այսքան շռայլ գտնուեցանք այս բառին հանդէպ ու յետոյ ալ ինչո՛ւ այսքան սպառեցինք։

Այո՛, հայկական օրակարգին մէջ յեղափոխութիւնը սպառած բառ մըն է այսօր։ Սպառած բոլոր առումներով, բոլոր վայրերուն մէջ, բոլոր թաղերուն, բոլոր մայթերուն ու բոլոր ծայրերուն վրայ։

Շատ-շատ մէկ երկու հոգի մնացին, որոնք իրենց ամերիկեան հանգիստէն կտրուելով «ծիկ» մը կ՚ընեն ու դիմատետրի անոպայ եթերներով կը շարունակեն գովերգել Հայաստանի մէջ եղած իրադարձութիւնները, զանոնք «տեղադրելով» յեղափոխութեան անուան տակ։

Տխուրն այն է, որ այդ մարդիկ մինչեւ հիմա ալ չեն ուզած հասկնալ, նաեւ ապագային ալ պիտի չուզեն հասկնալ, որ Հայաստանի մէջ եղած դէպքերը ո՛չ միայն արտաքին գորշ ծրագիրներու արգասիքն էին, այլ՝ իրողապէս պետութեան հիմքերը քանդող ահռելի դրուածքներ։

Նոյն այդ մարդիկ, որ 2018 թուականին Լոս Անճելըսի իրենց օդասուն բնակարանները թողեցին ու Երեւան հասան «պալէ» ընելու եւ մերժումի «քայլ արա»ներուն մասնակից դարձան, այս օրերուն կը շարունակեն անտեսել այն համազգային-համահայկական աղէտը, որուն մէջ կը տապլտկինք բոլորս։

Հարցը այն էր, որ եղածը յամառութեան ոգիով կատարուած բան մըն էր, որուն մէջ հարցերուն անձնաւորումը եւ հասարակական կեանքի վատ օրինակները եւ ձախորդութիւնները ի մի բերելը դարձաւ հաւաքական «հրամայական» եւ այդ անձնաւորումն էր, որ տապալեց ամէն ինչ։

Կայի՞ն սխալներ անցեալի այդ բովերուն մէջ, այո՛, կային։

Կայի՞ն վրիպումներ նախայեղափոխական Հայաստանի իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Անշուշտ, թէ կային։

Կա՞ր կաշառակերութիւն, վարչական չարաշահում, անարդարութիւն, անձնաւորուած տնօրինումներ... այո՛, կային։

Բայց այս բոլորէն անդին կար պետական համակարգ մը ունենալու մեծ յոյսը, որուն շնորհիւ ալ պահպանուեցաւ Հայաստանի անվտանգութիւնը առհասարակ ու նաեւ ձեւով մըն ալ հեռու պահուեցաւ Արցախը մեծ բռնկումներէ կամ մեծ եւ աղէտալի պատերազմներէ (ինչպիսին էր անցնող տարուան այս օրերուն եղած ահասարսուռ պատերազմը)։

Այդ ոլորտին մէջ եւս կային մեծ վրիպումներ, հարցադրումներ, կէս թողնուած պայմանաւորուածութիւններ, սակայն կար պետական ճիգ։

Հիմա մարդիկ, պահպանելու համար իրենց պաշտած յեղափոխութիւն բառը, այս բոլորը մէկ ջուրով կը լուան եւ կ՚անտեսեն այդ տարիներուն Հայաստանի համար ամենակարեւորը՝ նորին վսեմութիւն անվտանգութիւնը։

Լաւ, պահ մը ընդունինք, որ այս ալ հարց չէ մեզի համար, գերագոյն խնդիրը այսօր առկայ իրադրութիւնը ճիշդ գնահատելու ունակութիւն ունենալն է, որպէսզի կորուստները հաշուառելէ անդին, կարողանանք նախ ոտքի կանգնիլ ու յետոյ միասնաբար մտածել, որ ինչպէ՞ս կրնանք մեր տան ներքին գործերը դասաւորել։

Ընթերցողը յանկարծ մեզ կրնայ միամիտի տեղ դնել, պարզ անոր համար, որ մենք անտես կ՚առնենք, այն հրէշաւոր փաստը, ըստ որուն Հայաստանի մէջ եղած «չյեղափոխութիւն»ը ոչ թէ կը միտէր մեր երկիրը աւելի լաւ օրուան տանիլ, այլ պարզապէս վրէժ մը լուծել։

Փոքր վրէժներ, պզտիկ-պզտիկ վեր սողացող վրէժներ, փոքր նենգութիւններ, փոքր թախիծներ, որոնք ունէին մէկ միտում, որն էր պատժել Սերժ Սարգսեանը։ Այդ բոլորը տեղի կ՚ունենային մոռնալով, մէկդի դնելով, այրելով, վառելով անցեալի բոլոր դրական եղելութիւնները, դէպքերը, նոյնիսկ յաջողութիւնները։

Երեւի պատմութեան ընթացքին ալ միշտ այդպէս եղած է ու ամբոխներուն համար աւելի հաճելի եւ օգտակար է ամէն ինչ մէկ ջուրով լուալ, գտնել մէկ մեղադրեալ, խաչել այդ մեղադրեալը ու խմել եւ հարբենալ այդ վրէժի թարախով։

Այս բոլորը անշուշտ երէկ տեղի չունեցան, անոնք կուտակուած եւ երկար տարիներու վրայ լեցուած բաժակներէն յորդեցան ու գետին թափուեցան անդառնալիօրէն։

Ցաւոտ էր այդ թափուի՞լը. անշուշտ, ցաւոտ էր, մելամաղձոտութեան տարա՞ւ մեզ այդ բաժակներուն կոտրուիլը, այո՛, տարաւ...

Ու ամենակարեւորը յստակ էր, որ շրջանին մէջ ամուր ներկայութիւն ունեցող կողմեր շահագործեցին մեր «անմեղութիւն»ը, որ սոսկ անմեղութիւն չէր, այլ նաեւ դարանակալ մեղսակցութիւն։

Խնդիրը այն է, որ այսօր ալ այդ դարանակալ մօտեցումը ունողները կը շարունակեն իրենց անմիտ եւ հայրենաքանդ գործը։ Ուժգին հարուածներ տալով պետականութեան մը վերջին յենարաններուն։

Ուժգին կերպով փակելով դուռը հասարակութեան միաւորման համար ըլլալիք բոլոր ճիգերուն վրայ եւ պաշտպանելով միայն ու միայն իրենց «Հրեշտակ յեղափոխութիւն»ը, որ ամէն ինչ էր, բացի իրական յեղափոխութենէ։

Իսկ այն արժէքները, որոնք իբրեւ թէ պիտի ծաղկէին այդ «չյեղափոխութեան» առաջին ծաղիկներուն հետ, այսօր ցաւէն անձնասպան եղած են արդէն։

Ինչպէ՞ս պիտի աւարտի այս «սեւ գիշերը», ոչ ոք կրնայ կռահել, սակայն աւելի քան յստակ է, որ ամենապարզ քաղաքացիին համար ալ բաժակը յորդելու օրերը սարերուն ետեւը չեն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021