ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑԻԿ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ. ԱԼԻԵՒԻ ԴՈՒՍՏՐԵՐԸ ՓՈՐՁԱԾ ԵՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ 76 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՏՈՒՆ ՄԸ ԳՆԵԼ
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը 21 դեկտեմբեր 2018-ի իր թիւով բացայայտեց նիւթական վերջին գայթակղութիւնը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն վերաբերեալ:
Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները Լոնտոնի մէջ ուզած են ձեռք բերել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ երկու շքեղ բնակարաններ՝ օգտագործելով գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը: Նշեալ գումարը կը ներառէր յաւելեալ 4 միլիոն տոլար՝ երկու տուները մէկ բնակարանի վերածելու համար: Բնակարանները կը գտնուին Պեքինկհըմ պալատի պարտէզին մօտակայքը, կը յայտնէ «Կարտիըն»ի թղթակից Լիւք Հարտինկ:
2016-ին Հարտինկի ստորագրած նախկին յօդուածին մէջ «Կարտիըն»ը հաղորդած էր, որ Ալիեւի դուստրերը ստեղծած էին գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներուն վրայ՝ բազմամիլիոն արժէք ունեցող իրենց կալուածներուն կառավարման համար:
Երկու դուստրերը «Էկզելթէյշըն լիմիթըտ»ի բաժնետէրերն են. ընկերութիւնը արձանագրուած է 2015-ին՝ «Մեծն Բրիտանիոյ սեփականութիւնը պահպանելու» նպատակով: Ստուերային ընկերութիւնը հիմնադրուած է Լոնտոնի «Չայլտ էնտ չայլտ» իրաւաբանական ընկերութեան կողմէ, որ խաբեբայութեամբ պնդած է, որ ալիեւեան կիները «քաղաքական կապեր չունին»: Այս տեղեկութիւնը քօղազերծուած է այն ատեն, երբ Փանամայի փաստաթուղթերը՝ ստուերային Mossack Fonseca-ի իրաւաբանական ընկերութեան գաղտնի տուեալները տարածուած են միջազգային լրատուական միջոցներով:
Ըստ «Կարտիըն»ի տուեալներուն, Ալիեւի դուստրերը «ստեղծած են սեփական գործարարութեան հսկայական կայսրութիւններ: Անոնք շքեղ բնակարաններ ունին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ շահաբաժիններ՝ հեռահաղորդակցութեան բնագաւառի մէջ եւ ոսկիի հանքերէ: Արդէն յայտնի էր, որ հիւսիսային Լոնտոնի մէջ Լէյլա Ալիեւա ձեռք բերած է 22 միլիոն տոլարնոց սեփական տուն՝ Համփսթետ լենի մէջ»: Բացի ասկէ՝ Ալիեւներու ընտանիքը 140 միլիոն տոլար արժող շքեղ բնակարաններ ունի ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ տուները միայն յայտնի սեփականութիւններն են՝ ըստ Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան հետաքննութեան ծրագիրին: Ալիեւները ունին նաեւ 8 միլիոն տոլար արժող բնակարան, որ բացուած է Լոնտոնի «Հայտ փարք»ի հռետորներու անկիւնին վրայ, 44 միլիոն տոլար արժողութեամբ ինն ծովեզերեայ բնակարաններ՝ Տուպայիի մէջ, ամարանոց Մոսկուայի մօտերը՝ նուազագոյնը 37 միլիոն տոլար արժողութեամբ, եւ 1.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ վիլլա՝ Չեխիոյ Քարլովի Վարի առողջարանային քաղաքի իւրայատուկ շրջանին մէջ:
Բրիտանական կանոններուն համաձայն, Ալիեւի դուստրերը կը դասակարգուին իբրեւ «քաղաքականապէս հանրաճանաչ անձեր» (PEP)՝ դրամատուներու կողմէ զանոնք ենթարկելով առաւել մեծ ուշադրութեան եւ արժանահաւատութեան ստուգումներու: «Կարտիըն»ը կը հաղորդէ, որ «Չայլտ էնտ չայլտ» ընկերութիւնը Բրիտանիոյ կառավարութեան չէ յայտնած այս երկու կիներուն բարձր կարգավիճակին մասին: Պաշտօնական թերթիկին վրայ, որուն մէջ կը հարցնեն, թէ արդեօք իրենք PEP-նե՞ր են, իրաւաբանական ընկերութիւնը գրած է «Ո՞չ»՝ «Այո»ի փոխարէն:
Բրիտանացի այլ փաստաբան մը՝ Տերիք Ֆրենչ, «հիմնած է երկրորդ գաղտնի փանամական հիմնադրամը՝ «Եունիվըրսըլ Ֆաունտէյշըն» (Եու. Էֆ.) անունով, «որ կը վերահսկէր Ատրպէյճանի ամենէն մեծ ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Աթա հոլտինկ»ի բաժնետոմսերուն մեծ մասը, կը հաղորդէ «Կարտիըն»ը: 2003-ին հիմնադրուած «Աթա հոլտինկ»ը կը պատկանի Ատրպէյճանի հարկային նախարար Ֆազիլ Մամետովի՝ 600 միլիոն տոլար արժողութեամբ ընկերութեան գաղտնի վերահսկիչ ծրագրով: «Աթա հոլտինկ»ի, Ալիեւի երեք զաւակներուն հետ միասին, կը պատկանին «երկու մեծ դրամատուներ, շինարարական ընկերութիւններ եւ Պաքուի հինգ աստղանի «Էքսելսիըր» պանդոկը»:
2005-ին UF Universe Foundation-ի կառավարումը անցաւ ուրիշի մը ձեռքը: Նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները՝ Լէյլա, Արզու եւ անոնց եղբայրը՝ Հէյտար, որ այն ատեն եօթ տարեկան էր, հիմնադրամին մէջ ունէին 50 տոկոս շահաբաժին: Անոնց մայրը՝ Մեհրիպան, «հովանաւոր»ի անանուն դերով կը վերահսկէր հիմնադրամը: Միւս «հովանաւորը» Մամետովն էր՝ իր 30 տոկոս բաժնեմասով: «Աթա»ի նախագահ Ահմէտ Էրենթոք կը ստանար 15 տոկոս: 2007-ին, UF Universe Foundation-ը փակուեցաւ, սակայն Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները նշուած էին իբրեւ «Աթա»ի հիմնական սեփականատէրեր՝ փանամական մէկ այլ՝ Hughson Management ընկերութեան մը միջոցով: Նախագահ Ալիեւի մտերիմ Ճեւատ Մարանտի Ալիեւա քոյրերը ներկայացուցած էր «Չայլտ էնտ չայլտ» իրաւաբանական ընկերութեան, կը հաստատէ բրիտանական դատարանը: «Չայլտ էնտ չայլտ»ի աւագ գործընկեր փաստաբան Խալիտ Շարիֆ այնուհետեւ երկու քոյրերուն անունով ստեղծած էր Exaltation Limited-ը՝ բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներու ընկերութիւնը:
Նախագահ Ալիեւի դուստրերուն՝ Լոնտոնի մէջ 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարանի ձեռքբերման գործով բրիտանական կարգապահական դատարանը Շարիֆը ենթարկած է 57 հազար տոլար տուգանքի եւ արձանագրած 51 հազար տոլար՝ իբրեւ ծախս՝ դրամի լուացման ստուգումներ չիրականացնելուն եւ իր մասնագիտական չափանիշները չպահելուն համար:
Պայմանագիրը կնքելէ ետք Ալիեւա քոյրերը սկսած են կատարելու լոնտոնեան երկու բնակարաններու գնման վճարումները՝ փոխանցելով 13 միլիոն տոլար: Սակայն «2016-ին գործարքը ձախողեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ անոնց սեփականութիւնը»:
Զարմանալի չէ, որ «Կարտիըն» թերթը բացայայտած է, որ «Միացեալ Նահանգներու գաղտնազերծուած դիւանագիտական հեռագիրներուն մէջ կ՚ենթադրուի, որ Ատրպէյճանի ամենէն հարուստ մարդը նախագահ Ալիեւն է…»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ