ՀԱՄԱՑԱՆՑ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐ, ԽՕՍՔԵՐ ԵՒ ԵԶՈՎԲՈՍԻ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ
Խօսքի ազատութիւնը ոչ թէ օրէնքով իրականացած է, այլ գիտական նուաճումով: Թէեւ գիտութեան ընձեռած ազատութիւնը ճշդումի կարիք ունի՝ չշփոթուելու համար խառնիճաղանճի, անհեթեթութեան եւ այլ բացասականութիւններու հետ:
Համացանց եւ ընկերային ցանցեր ազատ խօսքի սանձազերծ շրջանառութեան դաշտ են, ուր օգտակարը, անօգուտը, վնասակարը, ճիշդը, սուտը, սեւը, ճերմակը, լոյսը եւ մութը կը ծաղկին, կը մնան, չեն ջնջուիր: Եթէ տպուած թուղթը որակ կը պարտադրէր, ընկերային ցանցերը որակի հարկադրանք չունին: Ամէն մարդ ամէն բան կրնայ գրել եւ ըսել, դիմացէն գալիք դրական կամ բացասական պատասխան չ՚ակնկալուիր: Խօսքի եւ պատկերի բեմ վրայ ենք բոլորս:
Յիշեցի մանկութեան դասագիրքիս էջը Եզովբոսի մասին: Կ՚ըսուի, որ ան Փռիւգիացի ստրուկ մըն էր՝ կուզ, թոթով եւ կաղ: Հաւանօրէն ան առակագրութեան հիմնադիրն է: Եզովբոսի տէրը զինք շուկայ կը ղրկէ ճաշկերոյթի մը համար լաւագոյն ուտեստները գնելու: Ան կը վերադառնայ միայն լեզուներով: Կոչնականները սկիզբը կը գնահատեն, ապա կը զզուին: Տէրը կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ միայն լեզուներ գնեցիր», եւ Եզովբոս կը պատասխանէ. «Լեզուն ամէն բանի լաւագոյնն է, ընկերային կեանքի կապ է, գիտութիւններու բանալի, անով կ՚ուսուցանենք, կը համոզենք, կ՚իշխենք ժողովներու վրայ…»: Տէրը կ՚ըսէ. «Լաւ, վաղը նոյն անձերը պիտի գան, գնէ ամենէն գէշերը, կ՚ուզեմ որ փոփոխութիւն ըլլայ»: Եզովբոս կրկին լեզուներ կը գնէ եւ կ՚ըսէ, որ լեզուն ամենէն գէշ բանն է, մայր՝ վէճերու, դատերու, պատերազմի, չարախօսութեան, զրպարտութեան, սուտի:
Արդարեւ, լեզուով կը գովաբանենք, կը վատաբանենք՝ ըստ տրամադրութեան եւ պահու: Համացանց եւ ընկերային ցանցեր մեծ դահլիճներ են, ուր ըսուածները եւ տեսնուածները ակնթարթային են: Լեզուն մարմնի պզտիկ մասն է, նման է ղեկի եւ ուղղութիւն կու տայ նաւին: Բառերը կիրքեր կը հրահրեն կամ կը մարեն: Լեզուն զսպել գիտնալ առաքինութիւն է: Իմաստունը գիտէ, թէ ե՛րբ պէտք է խօսիլ եւ ե՛րբ լռել: Իսկ ընկերային ցանցերու վրայ ինչ որ կը կատարուի, կը նմանի հրավառութեան: Ամէն ոք կը խօսի: Շատախօսութիւն, զրպարտութիւն, չարախօսութիւն, վատաբանութիւն, ինչպէս որ կ՚ուզենք, որքան որ կ՚ուզենք, խոհանոցէն մինչեւ մեր շորերը, մեր պատկերի կամ կարծիքի ցուցադրութիւնը, մեր շունը, մեր տունը, մեր պտոյտը:
Իմաստասէր Հանրի Պերկսոն կ՚ըսէր, թէ գործիքը կը շարունակէ ձեռքը: Այսօր համացանցը կը բիւրապատկէ եւ կ՚երկարէ լեզուն: Գիրէն եւ գիրքէն ետք, համացանցը վարարող հեղեղ է, ամբարտակներ չկան: Կ՚ըսուի՝ յառաջդիմութիւն եւ զայն կարելի չէ կասեցնել: Բայց առնուազն կարելի է մտածել այս նոր տեսակի յեղափոխութեան մասին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՑԱՆՑԱԾ ԵՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Անոնք եւ կայքերը անարգել կը բազմապատկուին եւ կը դառնան անմիջական հաղորդակցական միջոց՝ մեր առջեւ փռելով ամէն կարգի տեղեկութիւն, դատում, պատկերներ: Ընկերութիւնները շատ աւելի քաղաքականացած են այսօր, քան մօտաւոր անցեալին: Համացանցը դարձած ըլլալով տեղեկատուական ազատ դաշտ՝ հարց պէտք է տալ, թէ ինչպէ՞ս կը գոյակցին քաղաքականութիւնը եւ ընկերային ցանցերը, այդ գոյակցութիւնը ինչպէ՞ս կ՚արժեւորուի. դրական, բացասական, օգտակար, վնասակար: Համացանցային քաղաքականութիւնը, նախագահներէն մինչեւ փողոց, կ՚ազնուացնէ՞ ինքզինք, թէ կը դառնայ անվաղորդայն փառասիրութիւներու, չարաշահումներու եւ հոգեբարոյական աւերներ գործելու անորակ միջոց:
Այսօր այն անձը, որ իր համակարգիչին առջեւ կը նստի եւ կապուած կ՚ըլլայ համացանցի, ինքզինք կը գտնէ տեսակ մը տիեզերքի առջեւ, զոր չէին կրնար երեւակայել անգամ դեռ միայն կէս դար առաջ ապրած մեր նախորդները, կը կարծեն տիրել ուժի մը: Տեսակ մը անսահմանութեան ճամբորդներ ենք, կը յաղթահարենք հեռաւորութիւնը եւ ժամանակը: Գտնուինք Պէյրութ թէ Փարիզ, Նիւ Զելանտա թէ Երեւան, Ալասքա թէ Գահիրէ, կրնանք տեսնել մեր ընկերը, զարմիկը եւ կամ մեր փնտռած չնաշխարհիկ գեղուհին եւ զրուցել անոնց հետ: Ե՞րբ պիտի գայ օրը, որ, հեռուն նստած, կարելի ըլլայ անոնց ձեռքը թօթուել, համբուրել-համբուրուիլ, նոյնիսկ՝ սերնդագործել…
Եթէ ուշիմութիւն ունեցող այլմոլորակային մը կայ տեղ մը, եւ եթէ մտնէ մեր ընկերային ցանցերու աշխարհին մէջ, պիտի զարմանայ որ ուշիմութիւն ունեցող արարածներ այսքա՜ն դատարկաբան եւ սին են:
Համացանցը եւ ընկերային ցանցերը հազար ու մէկ գիշերներու հեքիաթները գերանցած են: Լերան գագաթը թառած մեր առանձնատունը նստած, կրնանք հրահանգել, գնել, ծախել, համոզել, խաբել, կառուցել, քանդել: Նիցչէի երազած գերմարդը ոչինչ է մեզի բաղդատած, երբ «կը մտնենք» ընկերային ցանցերու մէջ:
Nasa-ի, Պայքոնուրի, Չինաստանի կամ այլ գիտական կեդրոններու մէջ գործող անձեր աստղահոյլերէ անդին գտնուող աշխարհներ կը գտնեն, կը տեսնեն, եւ եթէ հոն ուշիմութեամբ օժտուած էակներ ըլլան… պիտի խօսին անոնց հետ: Մենք ալ անոնցմէ ետ կրնանք չմնալ, մենք ալ ունինք մեր Բիւրականի աստղադիտարանը:
Այլեւս չենք ճամբորդեր միայն մեր քաղաքին եւ երկրին մէջ, այլ մեր գրասեղանին առջեւ նստած կ՚երթանք հեռուներ ոչ միայն երեւակայութեամբ, այլ նաեւ տեսնելով, դիտելով:
Վաղը հաւանօրէն մեր մոլորակի, աստղերու եւ միգամածներու շուրջ հիւսուած ցանցը այնպէս պիտի ընէ, որ ժամանակակիցներս պիտի համարուինք նախամարդ: Մեզ սքանչացնող նուաճումները վաղը նոյնքան բնական պիտի ըլլան, որքան այսօր բնական է նստիլ ինքնաշարժի ղեկի ետին:
Անցեալին տպարանները յեղափոխութեան առաջնահերթ գործիքներն էին: Այսօր համացանց եւ ընկերային ցանցեր մուտք գործած են քաղաքական կեանքի մէջ, երէկ ճիշդ համարուածը կրնայ հազարաւորներու կողմէ քննադատուիլ, աւելի վատ, խծբծուիլ, սեփականութիւնը դառնալ ընկերային ցանցերու զանգուածներուն, Քամչաթքա, Զանզիպար, Մարսէյլ, Այնճար, Կիւմրի: Ընկերային ցանցերու հասարակութիւն մը ստեղծուած է, որ դիւրաւ կը հետեւի կարգախօսներու եւ կրնայ վերածուիլ քաղաքական ճնշումի: Ընկերային եւ քաղաքական կեանքի մէջ կարծիքներ, տեսակէտներ, զանոնք չարաշահողներ, ստեղծած են ջրապտոյտի նմանող իրարանցումներ: Եւ հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս իրատեսութիւն եւ առարկայականութիւն պիտի պահենք, որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն: Այս այլեւս մոլորակային խնդիր է:
Միամիտ հաւատք էր, որ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ հիւլէական ռումբի տիրացումը հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան ազդակ էր: Զինեալ խաղաղութիւն: Բայց այդ սպառնալիքի բազմացումը արգելք եղա՞ւ պատերազմներու, որոնք իրենց գումարով, կը ներկայանան որպէս համաշխարհային: Նորութեան խանդավառութեամբ եւ միշտ միամիտ հաւատքով, կրնանք խորհիլ, որ համացանցը եւ ընկերային ցանցերը, տեղեկատուութեան դաշտի ընդարձակումով եւ անսահմանացումով, հաւասարութեան ազդակ կը դառնան։ Կը դառնա՞ն…
Կոյր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար, որ այդ հաւասարութիւնը, հաւասարեցումը, ե՛ւ դրական է ե՛ւ բացասական: Ընկերային ցանցերու վրայ անխափան զիրար կը հրմշտկեն ինչ որ գիտնականը կ՚ըսէ, ինչ որ տխմարը կ՚ըսէ:
Քանի որ զգայացունցը միշտ աւելի հետաքրքրական է, մոլեռանդներու, չարացածներու, հոգեկան հիւանդներու խօսքերը աւելի դիւրութեամբ կը տարածուին եւ կը տպաւորեն զանգուածները: Ընկերային ցանցերը ամբոխային դատարաններ են, կը բաւէ սուտ լուր մը տարածել, ամբաստանել, գայթակղութեան մը մասին խօսիլ, նորութեան եւ զգայացունցի սպասող զանգուածները կը տարածեն, կը վճռեն, կը դատապարտեն: Ընկերային ցանցերու վրայ անինքնութիւն ամբոխի կարճատես եւ կամ կոյր բռնատիրական դատարանը կը վճռէ: Ամբոխային տրամաբանութիւնը կեր կը գտնէ: Ժամանակ չկայ մտածելու: Նոյնիսկ քաղաքական գործիչներ, երկիրներու ղեկավարներ կրնան այս միջոցով ամբոխը գրգռել: Այդպէս ալ կ՚ընեն, երբ զիրար կը սեւցնեն:
Ընկերային ցանցերը իրարու կը կապեն նոյն միջավայրի մարդիկ, նոյն հետաքրքրութիւնները ունեցողներ, նոյն բարքերու տէրեր: Կը լսենք, կ՚արձանագրենք, կը մոռնանք: Տարբերութիւններ տեսնելու անատակ կը դառնանք: Բայց նաեւ փոխանակութիւններու համար տարբերութիւններն ալ կարեւոր են: Ընկերային ցանցերը չեն մոռնար, հոն կայ ամէն բան, երէկ ըսուածը, իսկ մարդ արարածը մոռնալով կը սորվի, կը ներէ, կը պատշաճի: Իսկ այս չմոռնալ-չմոռցուիլ դրութիւնը մնայուն հսկողութիւն է, բանտարկութիւն: Իսկ ինչ որ կը պահուի, ինչ որ չի մոռցուիր, հսկողութիւն է, մեր անհատական կեանքին եւ մտերմութեան մէջ ոտնձգութիւն:
Այս կացութիւնը մենք է որ կը ստեղծենք մեր մակերեսայնութեամբ, թեթեւամտութեամբ: Զարմանալի է, որ չենք անհանգստանար, երբ գիտենք, որ համացանցի եւ բջիջայինի միջոցով, մեր մտերմութիւնը նախայարձակման ենթակայ է, քանի որ հսկողութեան աչքը, պետութիւններ կամ սպասարկութիւններ, գիտեն թէ ո՛ւր կը գտնուինք: Համացանցի կապուած անձեր զզուանքով կը ստանան նամակներ, յայտարարութիւններ, ծանուցումներ, հրաւէրներ, ինչ որ մեր ազատութեան բռնաբարումն է: Բայց կը շարունակենք մեր կեանքը, մեր հարցերը, քէները, կագ ու կռիւը փռելով համացանցի ալիքներուն վրայ: Այսինքն մեր կեանքերու թատրոնը կը դնենք ալիքներու վրայ, մեր կօշիկը կամ պատրաստած ճաշը, մեր պտոյտը եւ հանդիպումը: Մեր մտերմութենէն կը հրաժարինք, կ՚ըլլանք ուրիշի սեփականութիւնը:
Համացանցը նաեւ որպէս հաղորդակցական միջոց պայքարներու, սուտի, մրցակցութեան բեմ կը դարձնենք: Այլեւս մտերմութիւն չունինք, գաղտնիք չունինք: Ինչ որ կ՚ընենք եւ կը մտածենք ընկերային ցանցերու արեւին տակ փռենք, աղտոտ լաթեր եւ լուացք: Մենք մեզ կը զրկենք մեր գաղտնի պարտէզներէն:
Ֆրանսացի մեծ գրող եւ մտաւորական Անտրէ Մալռօ ըսած է. «Մարդը, խեղճ կոյտը գաղտնիքներու… Կ՚աղաչեմ, զայն չսպաննենք, ան մարդկայնութեան եւ ազատութեան մեր մասն է»: Ընկերային ցանցերու վրայ մարդը կը մեռնի իր ինքնութեան գաղտնիքները կորսնցնելով:
Ընկերային ցանցերը երբ կը չարաշահուին, գինը կը վճարէ շարքային քաղաքացին: Այսօր մենք չենք իւրացուցած անոնց պարկեշտ գործածութեան ոճը: Անոնք նորութիւն են: Դեռ մեր կրթական-մշակութային քաղաքակրթութիւնը չեն:
Բարեկամ մը, որ ոչ գրող է եւ ոչ ալ լրագրող, իմաստութեամբ ըսաւ, որ այս «ցանցերը դադրեցան connecting people ըլլալէ, դարձան abusing people»:
Պէտք է յուսալ, որ օր մը ողջախոհութիւնը կ՚ըլլայ համատարած եւ կը յաղթէ…
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ