ԱՂՕԹՔ

Նախորդ գրութեան մէջ խօսեցանք ծածկաբար աղօթելու մասին: Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնանք աղօթքի ժամանակ չշատախօսելու մասին եւ թէ ի՞նչ կը նշանակէ հեթանոսներու նման չշատախօսել աղօթքի ժամանակ:

գ) Աղօթել՝ առանց շատախօսելու:

Մատթէոսի աւետարանին մէջ այսպէս կը կարդանք. «Տակաւին, երբ կ՚աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման, որոնք կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան» (Մտ 6.7):

Տէր Յիսուս Իր այս թելադրութեամբ յստակօրէն կը պատուիրէ աղօթքի ժամանակ չշատախօսել: Շատեր, մեր Տիրոջ այս թելադրութիւնը կը բացատրեն այնպէս, ըսելով՝ թէ աղօթքը պէտք է կարճ ըլլայ: Սակայն, մեր Տիրոջ թելադրութեան մէջ այդպիսի ակնարկութիւն չկայ, ընդհակառակը, այս թելադրութեան մէջ յստակ պատգամ կայ, աղօթելու այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ հաճոյ է եւ ո՛չ թէ ինչպէս որ մեզի՝ մարդոց հաճելի է:

Առաջին գրութեան մէջ մէջբերեցինք փարիսեցիին ու մաքսաւորին առակը: Ահա, հեթանոսի լաւագոյն օրինակը՝ փարիսեցին, որ իր աղօթքը վերածած էր ինքնագովութեան ու ինքնափառաբանութեան եւ Ամենատեսին ու Ամենագէտին կը պատմէր ու կը ներկայացնէր իր գործածներն ու չգործածները, անգիտանալով, որ Ան շատ լաւ գիտէ մեր իւրաքանչիւր քայլն անգամ, նոյնիսկ գիտէ՛ մեր միտքին մէջ տեղ գտնող մտածումը...

Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք սակայն հեթանոս ածականը այստեղ: Քանի մը իմաստներով.

ա) Հեթանոս են բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց աղօթքի կիզակէտը կը դարձնեն իրենց եսը եւ ամբողջ աղօթքի տեւողութեամբ կը զբաղին իրենք զիրենք ներկայացնելու Աստուծոյ:

բ) Հեթանոս են բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց աղօթքը վերածած են մի միայն խնդրանքներու շարան մը ներկայացնելու Աստուծոյ:

գ) Հեթանոս են բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ կը խնդրեն, որպէսզի պատժէ իրենց նմանները կամ կը խնդրեն Ամենակալէն, որպէսզի իրենց նմաններուն գործերը ձախողցնէ, իսկ իրենց գործերը՝ յաջողցնէ:

դ) Հեթանոս են բոլոր այն քրիսոտնեաները, որոնք իրենց աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ չե՛ն խնդրեր Անոր Արքայութիւնը, չե՛ն խնդրեր Անոր Սուրբ Կամքը, չե՛ն խնդրեր Անոր ողորմութիւնը, չե՛ն խնդրեր Անոր սէրը:

ե) Հեթանոս են բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց աղօթքներուն մէջ չե՛ն յիշեր կարիքաւորներն ու աղքատները, չե՛ն յիշեր բանտարկեալներն ու հիւանդները, չե՛ն յիշեր անօթիներն ու ծարաւները, չե՛ն յիշեր իրենց հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները, չե՛ն յիշեր անհաւատները, որոնք խաւարի իշխանին կողմէ մոլորուած են եւ հեռացած՝ Լոյսէն:

զ) Ի վերջոյ հեթանոս են բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց աղօթքներուն մէջ իրենց սեփական անձերը չեն մերկացներ Աստուծոյ առջեւ, այլ խօսքով, իրենց մեղքերուն մասին չեն խօսիր, վախնալով կամ ամչնալով, մոռնալով՝ որ վախնալ ու ամչնալ պէտք չէ, որովհետեւ Աստուած մեզմէ ա՛յդ է որ կ՚ուզէ, համարձակութիւն ունենալ մեր գործած սխալներուն մասին խօսիլ եւ ներում խնդրել Իրմէ:

Ի՞նչ կը նշանակէ «մի՛ շատախօսէք»:

1) «Մի՛ շատախօսէք» կը նշանակէ, աղօթքի երբ կը կանգնինք, պէտք է մեր միտքը պատրաստած ըլլանք՝ մաքրելով ամէն տեսակի կողմնակի մտածումներէ, որոնք կրնան շեղել մեր աղօթքը իր բուն նպատակէն:

2) «Մի՛ շատախօսէք» կը նշանակէ, մեր շրթները շարժելու փոխարէն, առիթ տանք մեր սիրտին ու հոգիին, որպէսզի անոնք արտայայտուին, անոնք խօսին, խօսին այն, ինչ որ մեզի համար օգտակար է եւ պիտանի:

3) «Մի՛ շատախօսէք» կը նշանակէ, մեր աղօթքները չծանրաբեռնել առօրեայ հոգերով եւ աշխարհիկ սին ու փուճ տարրերով, այլ՝ հոգեւորին ու յաւիտենականին մասին խորհինք եւ մեր աղօթքը առ այդ կառուցենք:

4) Ի վերջոյ «մի՛ շատախօսէք» կը նշանակէ, Աստուծոյ կամքը խնդրել եւ ականջ տալ Աստուծոյ ու լսել Անոր ձայնը, որովհետեւ աղօթքը ո՛չ թէ ինչ որ բան տալ կամ ըսել է Աստուծոյ, այլ՝ առնել ու լսել է: Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կ՚ըսէ. «Մենք կ՚աղօթենք ոչ թէ որէպսզի Աստուծոյ ըսենք, թէ Ան ի՛նչ պիտի ընէ, այլ՝ որպէսզի Աստուած մեզի ըսէ՝ թէ մենք ինչ պիտի ընենք»:

Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան իր «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին» աշխատասիրութեան մէջ, խօսելով աղօթքի ժամանակ չշատախօսելու մասին, այսպէս կը գրէ.

«Երբ կ՚աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման»: Հարցումը, որ կը դրուի այս պատգամին առիթով հետեւեալն է. աղօթքը կա՞րճ պէտք է ըլլայ:

Բայց Յիսուսի ըսածը կարճ աղօթք ընելո՞ւ կը վերաբերի:

Արդեօք Յիսուսի բացատրութիւններուն մէջ կա՞յ խօսք մը, որ մեզ կը լուսաբանէ:

Մատթէոսի 6.31-32-ին մէջ կը կարդանք. «Մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք: Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են»: Հետեւաբար, հեթանոսներուն նման շատախօսելը՝ երկար խօսիլը չէ, այլ՝ Աստուծմէ աւելորդ բաներ խնդրելն է:

Մեզի համար շատ կարեւոր է տեսնել, թէ Յիսուս ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն կ՚աղօթէր: Օրինակ Ղուկասի 18.1-ին մէջ կը կարդանք. «Պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու»: Անշուշտ այս պատուէրը չի նշանակեր, թէ առտու, կէսօր, իրիկուն գործ բան ձգած պէտք է աղօթել, այլ՝ ըսել կ՚ուզէ, թէ որեւէ մէկ ատեն, երբ որ ալ առիթը ներկայանայ՝ պէտք է աղօթելու յանձնել ինքզինք: Այլ բացատրութեամբ մը, Յիսուս կ՚ուզէ, որ աղօթքը մեր կեանքին մնայուն բաժինը դառնայ:

Աղօթքով է, որ Աստուծոյ հետ մեր սիրոյ կապը կը պահուի: Եւ աղօթքով է, որ քրիստոնեայ համայնքը մէկ ամբողջութիւն կը դառնայ:

Հիմա: Ոմանք կ՚առարկեն, որ եկեղեցւոյ արարողութիւնները երկար են: Թէ, Յիսուս ըսաւ՝ «կարճ աղօթեցէք»:

Բայց արդեօք եկեղեցւոյ արարողութիւնները երկա՞ր են. եւ Յիսուս՝ «կարճ աղօթեցէք» ըսա՞ւ:

Աղօթքը մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ սիրոյ կապն է: Անիկա Աստուծոյ գոհութեան յայտնութեան համար է: Այս կեանքին մէջ մեր վայելած բարիքներուն համար աղօթքով է, որ առ Աստուած մեր երախտագիտութիւնը կը բարձրացնենք:

Մեր կեանքի թէ՛ դրական եւ ուրախ, թէ՛ ժխտական եւ տխուր փորձառութիւններուն համար, երբ գոհութիւն կը յայտնենք, մենք մեզ Աստուծոյ նախախնամութեան յանձնած կ՚ըլլանք եւ Անոր հանդէպ միշտ երախտագէտ սիրտ կ՚ունենանք:

Մարդ արարածը ոչ թէ միայն աղերսներով, հայցուածներով, խնդրանքներով եւ աղաչանքներով Աստուծոյ պէտք է աղօթէ, այլ նաեւ Անոր տուած բոլոր բարիքներուն եւ իր ապրած բոլոր փորձառութիւններուն համար գոհութիւն պէտք է յայտնէ Աստուծոյ: Աղօթողը պէտք է գիտնայ մի՛շտ փառաւորել զԱստուած: Ոչ թէ որովհետեւ Աստուած փառաւորուելու կարիքը ունի կամ փառաւորուիլ կը սպասէ, այլ՝ անոր համար, որ արարչութեան բարիքները վայելող եւ կեանքի փորձառութիւններէն անցնող սիրող սիրտը, երախտագէտ սիրտը այլ ճամբայ չի՛ կրնար ունենալ:

Հետեւաբար, աղօթքը իբր սիրող եւ երախտագէտ սիրտի արտայայտութիւն՝ ժամանակով չի՛ սահմանափակուիր»:

Ի՞նչ կը նշանակէ՝ «կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան»:

ա) Կարգ մը մարդոց մօտ այնպիսի տպաւորութիւն գոյացած է աղօթքի մասին, որ կը կարծեն եթէ աղօթքի ատեն շատ շատ բան խնդրեն Աստուծմէ, լսելի կը դառնայ: Այստեղ պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ փորձենք ճիշդ հասկնալ ըսուածին իմաստը, որոհետեւ Աւետարանին մէջ այլ տեղեր կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութիւններուն. «Անդադար աղօթեցէք», «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տըր-ւի ձեզի», եւ այլն: Ոմանք կը փորձեն հակասութիւն գտնել այս արտայայտութիւններուն եւ Տէր Յիսուսի վերոյիշեալ արտայայտութեան մէջ: Բնականաբար հակասութեան խօսք չի՛ կրնար ըլլալ այստեղ, ընդհակառակը, յստակեցում եւ պարզացում է. աւելի՛ն. «Անդադար աղօթեցէք», «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի» արտայայտութիւններուն ձեւով մը բացատրութիւնն է, որ կու տայ մեր Տէրը, յստակ կերպով նշելով, որ անդադար աղօթքն ու խնդրանքը պէտք է ըլլան զուսպ, գիտակցուած, հոգեւոր եւ մաքուր սիրտէ ու հոգիէ բխած, այլ խօսքով, անդադար աղօթքն ու խնդրանքը իրենց մէջ պէտք է ունենան նախ եւ առաջ Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ իրենց խնդրանքները յանձնեն Աստուծոյ կամքին եւ ձգեն, որ Աստուած Ի՛նք որոշէ, թէ ի՛նչն է բարին մեզի համար:

բ) Կարգ մը մարդիկ ալ կան, որոնց աղօթքներուն հիմնական մասը խնդրանքները կը կազմեն: Խնդրանքներ՝ հարստանալու, զարգանալու, իմաստուն դառնալու, բժիշկ դառնալու, փաստաբան դառնալու, հոգեւորական դառնալու...: Դառնալու, դառնալու եւ դառնալու...: Այս խնդրանքներուն մէջ ալ, մարդիկ իրե՛նցն է, որ կը մատուցեն Աստուծոյ, այսինքն՝ իրենց ուզածն ու փափաքածը եւ Աստուծոյ կամքը չե՛ն խնդրեր, չե՛ն խնդրեր Աստուծմէ, որպէսզի Ինք լուսաւորէ իրենց ճամբան, այլ իրենց խնդրանքները կը ներկայացնեն արդարացումներ տալով, թէ այսպէսով հայրս ու մայրս կ՚ուրախացնեմ, շրջապատիս աչքին լաւ կ՚երեւիմ, հարստութիւն կը դիզեմ, եւ այլ պատճառաբանութիւններ: Այստեղ սակայն, կը մոռնանք կարեւր մէ՛կ բան, թէ այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Աստուած, ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը եւ եթէ մեր բոլոր խնդրանքները կատարուին, ի՞նչ պիտի ըլլայ Աստուծոյ դերակատարութիւնը կամ ներկայութիւնը այդ ամէնուն մէջ:

գ) Կարգ մը մարդիկ ալ կան, որոնք իրենց աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ անդադար կը խնդրեն՝ որպէսզի պատժէ, ձախողցնէ կամ խանգարէ իրենց նմաններուն յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները: Այս խումբին պատկանողները նոյնիսկ զոհեր կը մատուցեն եւ մատաղ կը բաժնեն կարիքաւորներուն ու աղքատներուն՝ կարծելով, որ այդպէսով Աստուած պիտի լսէ եւ գործադրէ իրենց խնդրանքները, բայց չարաչար կը սխալին, որովհետեւ հոն ուր չկայ Աստուծոյ կամքը կամ համաձայնութիւնը, բնականաբար պատասխան չի՛ կրնար ըլլալ, նոյնիսկ իր աղօթքները անընդունելի կ՚ըլլան, որովհետեւ այդպիսիները մէկ կողմէն զրկանք կը պատճառեն իրենց շուրջիններուն, իսկ միւս կողմէ ուրիշներու աչքին կը փորձեն հաճոյանալ: Այս ուղղութեամբ լսենք սակայն, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Մակար Մեծը. «Երբ մարդ զգուշանայ զրկանքի մատնելէ իր ընկերը, այն ատեն կրնայ միայն մտածել, որ իր աղօթքները ընդունելի են Աստուծոյ առջեւ։ Իսկ եթէ իր ընկերը զրկանքի մատնէ, անոր աղօթքները գարշելի եւ անընդունելի կ՚ըլլան, որովհետեւ զրկուածին հեծկլտուքը թոյլ չի տար, որ զրկողին աղօթքը Աստուծոյ առջեւ հասնի։ Եւ եթէ չշտապէ իր ընկերոջ հետ հաշտուելու, իր մեղքերէն յաւիտեան չ՚ազատիր»:

Ամփոփելով, ո՛չ հեթանոսներու նման աղօթելը, ո՛չ աղօթքի ժամանակ շատախօսելը եւ ո՛չ ալ շատ խնդրելով լսելի կը դառնանք, այլ՝ երբ հաւատքով, յոյսով, սիրով, մաքուր, խոնարհ եւ անկեղծ սիրտով ու հոգիով, մեղքերէ սրբացած վիճակով կ՚աղօթենք, որովհետեւ «աղօթքը պէտք է հաւատքով կատարուի։ Մենք պէտք է հաւատքով խնդրենք, յոյսով հետեւինք, սիրով բախենք։ Յոյսով, հաւատքով եւ սիրով կատարուած աղօթքը, երկինքի բանալին է, որ Աստուծոյ ողորմութեան դուռը կը բանայ, ինչպէս որ Յիսուս մեզ յուսադրելով կ՚ըսէ. «Ինչ որ հաւատքով խնդրէք ձեր աղօթքին մէջ, կը ստանաք»։ Աղօթքը թոյլ է, եթէ հաւատքին վրայ չէ՛ յենուած։ Առանց հաւատքի, անյոյս եւ անսիրտ աղօթքը նման է առանց ծուխի խունկի եւ Աստուծոյ մօտ չի՛ կրնար բարձրանալ» (Էմմանուէլ Քհնյ. Նազարեանց):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ, 18 յուլիս 2018

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018