ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԿԱՍԻԱ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ. «ՅՈՒՇԵՐ ԵՒ ԱՆՑԵԱԼ… ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱՄՊՐՈՒԿԻ ՄԷՋ ԴՐԻՆՔ ՈՒ ՔԱԼԵՑԻՆՔ…»
Մեծ է թիւը անոնց, որոնք ինչ-ինչ փոթորիկներու զարնուելէ ետք ոտքի մնացին ու այսօր կը շարունակեն քալել…
Քալել, թերեւս նոր ու անյայտ ճանապարհներէ, ունենալով մէկ իտէալ եւ մէկ նպատակ…։
Ընդամէնը հանգիստ սենեակ մը ունենալ, աշխատիլ, կտոր մը հաց բերել տուն եւ... գիշերը հանգիստ քուն մը քաշել...։
Հալէպի ծանր իրադարձութիւնները կրակ բացին նախ եւ առաջ այդ հանգստաւէտ եւ օդասուն սենեակներուն վրայ, յետոյ կտոր մը հացը գողցան, յետոյ ապահովութիւնը տարին ու աւարտին ալ հանգիստ քունն ու մաքուր բարձը հեռացուցին։
Կասիա Գալայճեան մէկն է այն հազարաւորներէն, որոնք ստիպուած եղան «օտար ափերուն» արեւ ու անձրեւ փնտռել…
Արեւ՝ ջերմանալու համար, իսկ անձրեւը ծանր օրուան աւարտին հանգիստ ու խաղաղ սենեակին տուած բերկրանքով ապրելու։
Պահը հիմա իրն է, լսենք Կասիային, որ ստիպուած եղաւ իր նախասիրութիւն համարուող հայագիտութիւնը մէկդի դնել ու նետուիլ կեանքի ասպարէզ։ Յանուն հացի եւ յանուն սիրոյ, յանուն խաղաղ սենեակի եւ յանուն… հանգիստ պատառ մը հացի։
-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն եւ այսօր ճիշդ կը համարէ՞ք այդ որոշումը:
-Նախ ըսեմ, որ ես այնքան շուտ չլքեցի իմ ծննդավայրը, մնացի պատերազմի ամբողջ հինգ տարիներուն, սակայն ելեկտրականութեան, ջուրի, ուտեստեղէնի չգոյութեան կողքին, երբ իմ բնակած շրջանը՝ Նոր Գիւղը ահաբեկիչներու մնայուն թիրախ դարձաւ, ստիպուած եղայ Հալէպէն հեռանալ։ Ես երկու անգամ փրկուած եմ մահէն, քանի որ երկու անգամ հրթիռը ինկած էր ճիշդ իմ կողքս, սակայն, երբ մօրս եւ ծեր մեծմօրս հետ տունն էի եւ հրթիռը ինկաւ մեր տան վրայ եւ մենք երրորդ անգամ ըլլալով փրկուեցանք, ալ ուրիշ ճար չունէինք, բացի Հալէպէն հեռանալը։
Սկզբնական շրջանին այդքան դիւրին չէր որոշում առնելը, դիւրին չէր հոն ձգել՝ ընկերներ, բարեկամներ, գործ, յուշեր՝ ըլլան անոնք մանկութեան կամ պատանեկութեան, եւ այս բոլորը հաւաքել երկու ճամպրուկի մէջ ու տեղափոխուիլ: Դիւրին չէր, բայց ինչպէս որ ըսի, այլընտրանք չունէինք, կամ պիտի ելլէինք եւ կամ ամէն օր մահուան պիտի սպասէինք:
-Ինչպէ՞ս էին առաջին վայրկեաններդ Գանատայի մէջ, ինչպէ՞ս դիմաւորեցին ձեզ, ի՞նչ կը յիշէք այդ առաջին հանդիպումէն:
-Երբ առաջին անգամ Գանատայի օդակայան հասայ, մեր երաշխաւորի կողքին ներկայ էր նաեւ «Հայ տուն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ մը, որ եկած էր անձամբ դիմաւորելու բոլոր այն ընտանիքները, որոնք Գանատա հասած էին իրենց միջոցաւ, կարծես անուղղակիօրէն մեզի կ՚ըսէին, որ դուք մինակ չէք, ինչ կարիք որ ունիք մենք ձեզի հետ ենք: Մէկ խօսքով, գնահատելի աշխատանք էր եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց։
-Գանատահայութեան վերաբերմունքը ինչպէ՞ս էր հալէպահայութեան հանդէպ:
-Գանատահայ ըսելով ես կը հասկնամ եգիպտահայերը, յունահայերը եւ աւելի ուշ լիբանանահայերը, որոնք մեզմէ առաջ, գրեթէ նմանօրինակ պայմաններով գաղթած էին Գանատա: Իրենց վարուելակերպը մեզի հանդէպ ընդհանրապէս դրական էր, որովհետեւ իրենք արդէն ապրած էին մեր նոյն ապրումները, զգացած էին մեր զգացածը եւ միշտ ալ մեզ կը քաջալերէին, ըսելով, որ դժուարութիւնները կ՚անցնին, մենք բոլորս ալ անցած ենք նոյն դժուարութիւններէն: Կրնամ ըսել, բոլորն ալ ընդհանրապէս դրական էին մեզի հանդէպ:
-Կ՚ըսուի որ Գանատայի պետութիւնը մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է սուրիացի գաղթականներուն, որոնց կարգին են նաեւ հալէպահայերը: Արդեօք այդ մէկը կը համապատասխանէ՞ իրականութեան, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:
-Չեմ կրնար ուրանալ Գանատայի պետութեան օժանդակութիւնը, որ իսկապէս շատ մեծ էր, որովհետեւ պետութիւնը իւրաքանչիւրիս օդակայանէն իսկ տուաւ աշխատանքի իրաւունքի թուղթ, տուաւ հինգ տարուան կեցութեան արտօնագիր։ Նկատի ունենալով, որ մենք երեք տարի վերջ արդէն կրնանք հպատակութեան դիմել, տուաւ առողջապահական գրքոյկ. բան մը, որ կը կարծեմ հիմնական օժանդակութիւններն են, ասկէ զատ, նաեւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց 18 տարեկանէն վար եղող փոքրերու եւ տարեցներու, նաեւ ամսական թոշակ տուաւ անոնց։
-Այսօր Գանատայի տարածքին հալէպահայութիւնը միակա՞մ է, կարողացա՞ւ մէկ մարմնի շուրջ բոլորուիլ, կամ թէ տարածուեցա՞ւ Գանատայով մէկ:
-Հարիւր տոկոսով կրնամ ըսել, որ սուրիահայութիւնը հոս միակամ է, որովհետեւ թէ՛ Քէպէքի, այսինքն Մոնթրէալի կամ Լաւալի, թէ՛ Թորոնթոյի մէջ հալէպահայերը կրցան համախմբուիլ մէկ շրջանի մէջ, ինչպէս, օրինակ, Լիբանանի մէջ համախմբուած են Պուրճ Համուտի կամ Հալէպի պարագային՝ Նոր Գիւղի մէջ: Մեծ առաւելութիւն է համախմբուիլը մէկ շրջանի մը մէջ, որ առիթ կու տայ իրարու շատ աւելի դիւրին հանդիպելու, մանաւանդ որ շրջանը կը գտնուի ընդհանրապէս եկեղեցիներու կամ հայկական դպրոցներու մօտակայքին: Հալէպահայերը նոյնիսկ Գանատայի մէջ կրցան հիեմնել հայրենակցական միութիւններ, որոնք շատ աշխոյժ ձեւով եւ յաճախակի կերպով ձեռնարկներ կը կազմակերպեն: Երբեք չեմ կրնար ըսել, որ ցիրուցան եղանք, միայն որոշ շրջաններու մէջ, օրինակ՝ Վանքուվըր, շատ քիչ թիւով հայեր գացին, շուրջ տասն ընտանիք, հետեւաբար անոնք են, որ քիչ մը իրարու հանդիպելու դժուարութիւն ունին:
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք գանատահայութեան ապագան, ի՞նչ տեսակէտ ունիք, ինչպէ՞ս է այնտեղի հայերուն վիճակը, ի՞նչ է իրենց մտահոգութիւնները ապագայի առումով:
-Գանատահայ ընտանիքներու զաւակները մեծ մասամբ հայկական վարժարան կը յաճախեն եւ այդ մէկը հայ մնալու մեծագոյն կռուանն է։ Անշուշտ կայ փոքր մաս մը, որ պետական դպրոցներ կ՚ուղարկէ իր զաւակները, որպէսզի աւելի լաւ տիրապետեն անգլերէնին կամ ֆրանսերէնին, սակայն անոնք ալ հեռու չեն հայկական միջավայրէն, կը յաճախեն ակումբ, կ՚երթան շաբաթօրեայ դպրոց, որպէսզի հայերէն գրել եւ կարդալ սորվին: Գալով սուրիահայերուն, ապա կրնամ ըսել, որ այս փուլին մեծ թիւով սուրիահայերու Գանատա գալը դրական երանգ մը բերաւ Գանատայի գաղութին։ Այս բոլորէն անդին ես վստահօրէն կրնամ վկայել, որ գանատահայերը շատ հեռու են ձուլուելէ, անոնք չեն ձուլուիր…
-Դուք որպէս հայագիտութիւն աւարտած անհատ, երբեւէ հայկական հաստատութիւն մը դիմեցի՞ք աշխատանք գտնելու նպատակով։ Ի՞նչ կը պատմէք այդ մասին։
-Ճիշդ է որ ես Հալէպի մէջ հայագիտութիւն ուսած եմ, բայց անկեղծ ըլլալու համար, ոչ մէկ ատեն մտածեցի հայկական դպրոց մը դիմում տալ, հակառակ անոր որ Մոնթրէալի մէջ երեք հայկական դպրոցներ կան: Չդիմեցի, որովհետեւ իմ հայկական վկայականը միայն բաւարար չէր աշխատանք ճարելու համար, այլ պէտք էր Գանատայէն վկայական մը ունենալ։ Որպէս նոր Գանատա եկած անհատ, քիչ մը դժուար պիտի ըլլար, ամէն ինչ շատ նոր էր. թէ՛ քաղաքը, թ՛է օրէնքները եւ թէ լեզուն, քիչ մը ժամանակ պէտք է անցնէր, որ ես դարձեալ դպրոց յաճախէի, որպէսզի վկայական մը ստանայի։ Անոր համար երբեք չդիմեցի, բայց ոչ մէկ ատեն իմ ասպարէզէն հեռու մնացի, որովհետեւ համոզուած էի, որ նոր սերունդին բան մը փոխանցելը պայման չէ վարժարանէն ներս ըլլայ, այդ մէկը ակումբներէն ներս ալ կրնայ ըլլալ։ Իբր այդ ալ, խիղճս հանգիստ է, որովհետեւ արդէն իմ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը փորձեմ մեր նորահաս սերունդին օժանդակութիւն ցուցաբերել։
-Օր մը օրանց եթէ Հալէպը լաւանայ եւ ամբողջական խաղաղութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ, կը մտածէ՞ք ձեր ծննդավայրը վերադառնալ։
-Կրնամ ըսել, եթէ Սուրիոյ մէջ այս արիւնալի եւ վայրագ պատերազմը չըլլար, ապա ես երբեք չէի մտածեր գաղթելու մասին…։ Իսկ հիմա, երբ արդէն գաղթելէս անցած են երեք տարիներ, ունիմ լաւ գործ, կեանքս դրած եմ հունի մէջ, դիւրին չէ անգամ մըն ալ երկու ճամպրուկ առնել եւ վերադառնալ, ու կրկին ամէն ինչին զերոյէն սկսիլ…։ Կը կարծեմ այլեւս դժուար է վերադարձը, մանաւանդ որ հոս ուրախ եւ հանգիստ եմ:
-Ի՞նչ ունիք ըսելիք սուրիահայութեան, մանաւանդ անոնց, որոնք հեռացան իրենց ծնդավայրէն եւ աշխարհով մէկ տարածուեցան:
-Եթէ հաշուի առնենք այլ երկիրներու պարագան, ապա կրնամ ըսել, որ Գանատան լաւագոյն երկիրն է, ուր այսօր մեծ թիւով սուրիահայեր կ՚ապրին։ Անշուշտ նաեւ կ՚ազդէ այն հանգամանքը, որ Գանատայի մէջ ապրող հայութեան թիւն ալ մեծ է եւ իրարու հետ կապ պահելու խնդիր չունին, բան մը, որ նոյնը չէ, օրինակի համար, Շուէտի, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։
Ասկէ զատ կրնամ ըսել, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է պայքարին եւ ընդունակ ըլլան։ Չմոռնամ նաեւ յիշեցնել, որ մենք գաղթականի ճամբան ստիպուած բռնեցինք ու ատոր համար ալ պէտք է պայքարինք։ Հայ պահենք մեր սերունդները եւ երբել չտկարանանք դժուարութիւններուն առջեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան