ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՓԱՓԱՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԿՐԻԱՆ

Կրիան զզուեցաւ իր դանդաղ քալուածքը ծաղրողներէն եւ աչքերը սեւեռած պտտեցաւ անտառին մէջ:

Տեսաւ նապաստակ մը, ուրախութեամբ հետեւեցաւ անոր եւ փափաքեցաւ իրեն պէս ըլլալ:

Նապաստակը խրատեց (զայն) եւ ըսաւ.

-Ես տկար արարած մըն եմ, չեմ կրնար հակառակորդներուս դէմ դնել, չեմ փրկուիր իրենցմէ, եթէ շատ արագ չվազեմ:

Կրիան տեսաւ մեծութեամբ սարսափեցնող փիղ մը եւ բարձրաձայն փափաքեցաւ իրեն պէս ըլլալ:

Փիղը դժգոհելով ըսաւ (կրիային).

-Փափաքդ ամբողջ կեանքիս ընթացքին լսուած ամենէն յիմար փափաքն է: Դուն կը տեսնես այս հսկայ մարմինը եւ կը մոռնաս, որ ամէն օր որքա՜ն ուտելիքի եւ ջուրի պէտք ունի: Ես կը ստիպուիմ գիշեր-ցերեկ աշխատիլ, որպէս ծառայ մը միայն այս մարմնին եւ կը հնազանդիմ անոր աւելի՛, քան իր հնազանդութիւնը ինծի: Իսկ դուն՝ բախտաւոր ես, քանի մարմինդ փոքր է եւ քիչ ճաշով կը բաւարարուիս:

Կրիան տեսաւ գեղեցիկ եղնիկ մը, որ տեղէ տեղ փութալով կը վազվզէր, կարծես զօրեղ ձեռքով նետուած քար մըն էր:

Ան փափաքեցաւ (եղնիկին) պէս ըլլալ, իսկ եղնիկը խրատելով ըսաւ.

-Երեւոյթներով մի հրճուիր, քանի կեանքս կ՚անցնի անընդհատ վախնալով՝ որսորդներէն, որոնց չի հետաքրքրեր գեղեցկութիւնս եւ գրաւչութիւնս, այլ անոնք կը տենջան միայն որսալ զիս:

Կրիան տեսաւ ինքնաշարժ մը, որ կը քալէր եւ կը կենար երբ ուզէր, անոր երկաթեայ, պինդ մարմինը կրնար յաղթել որեւէ ուժեղ կենդանիի, ուստի ան փափաքեցաւ ըլլալ ինքնաշարժ մը:

Ինքնաշարժը նեղսրտած ըսաւ (կրիային).

-Ես միայն այն ատեն կը քալեմ, երբ ամբարս լեցուի վառելանիւթով, որ աժան չէ. կեանքս կարճ է, իսկ երբ ծերանամ կը խորտակեն զիս ինքնաշարժներու աղբանոցին մէջ, ուր կը ճզմուիմ եւ կ՚առաքուիմ կարգ մը գործարաններ, որոնք կ՚օգտուին ունեցած մետաղներէս:

Կրիան խորհեցաւ բոլոր լսածներուն մասին եւ անոր բոլոր փափաքները ցնդեցան, բացի իրեն մնացած միակէն, թէ՝ ինք պիտի մնայ դանդաղ քայլերով կրիայ մը եւ անտեսէ բոլո՜ր ծաղրողները:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021