ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՆՈՐԵԼՈՒԿ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ

Գի­տենք, որ ե­րա­խա­ներ ա­մե­նու­րէք անձ­կու­թեամբ կը սպա­սեն տա­րուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, որ­պէս­զի տես­նեն, թէ Կա­ղանդ պա­պան ի՞նչ նուէր­ներ պի­տի բե­րէ ի­րենց։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ եւ թե­րեւս ալ Եւ­րո­պա­յի մէջ ու այ­լուր՝ Կա­ղանդ պա­պան կը ժա­մա­նէ Դեկ­տեմ­բեր 24-ի գի­շե­րը, որ կը զու­գա­դի­պի ըստ Կա­թո­ղի­կէ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու՝ Քրի­սո­տո­սի ծննդեան նա­խոր­դող գի­շե­րուան։ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ սա­կայն, Կա­ղանդ պա­պան կը ժա­մա­նէ Դեկ­տեմ­բեր 31-ի գի­շե­րը՝ որ կը զու­գա­դի­պի Նոր տա­րուան նա­խոր­դող գի­շե­րուան։

Կա­ղանդ պա­պա­յի պատ­մու­թեան ծա­գու­մը կը վե­րագ­րուի ե­կե­ղե­ցա­կա­նի մը՝ Սուրբ Նի­քո­լաս (Saint Nicholas), որ ապ­­րած է չոր­րորդ դա­րուն՝ Փոքր Ա­սիոյ (այժ­մու Թուր­քիա) Մայ­րա քա­ղա­քին մէջ։ Կ՚ը­սուի, թէ ա­նոր ծնող­քը մա­հա­ցած են, երբ ան փոքր էր եւ ի­րեն թո­ղած են մե­ծա­գու­մար ժա­ռանգ մը։ Ան ազ­նիւ եւ մար­դա­սէր անձ մը ըլ­լա­լով, օգ­նած է աղ­քատ­նե­րուն եւ կա­րօ­տեալ­նե­րուն։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, Գո­հա­բա­նու­թեան օ­րուան (Նո­յեմ­բեր ամ­սուան չոր­րորդ Հինգ­շաբ­թին) յա­ջոր­դող օրն իսկ կը սկսին Կա­ղանդ պա­պա­յի գալս­տեան յա­տուկ պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։

Այս­պէս՝ շու­կա­նե­րու (malls) մէջ, տօ­նա­ծա­ռե­րով շրջպա­տուած՝ իր դղեա­կին մէջ Կա­ղանդ պա­պան կ՚ըն­դու­նի փոք­րիկ­ներ, ո­րոնք իր ծուն­կին վրայ նստած կը նկա­րուին եւ ա­նոր կը յայտ­նեն նուէրնե­րու ի­րենց ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Ան­շուշտ ա­նոնց ծնող­նե­րը պար­տա­ւոր են գնել այդ նկար­նե­րէն քա­նի մը տե­սակ­ներ… Սա ա­մե­րի­կեան «շու­կա­յա­կան խաբ­կան­քի» պարզ մէկ ե­րե­ւոյթն է լոկ, ո­րուն մար­դիկ կ՚են­թար­կուին՝ կա­մայ թէ ա­կա­մայ։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մե­ծա­գոյն շու­կան (mall) կը գտնուի Մի­նէ­սո­թա նա­հան­գի Պլու­մինկ­թըն քա­ղա­քին մէջ եւ կը կո­չուի Mall of America, որ հի­մնուած է 1992 թուա­կա­նին։ Ան ու­նի 400 խա­նութ­ներ, 12 հազար պաշ­տօ­նեա­ներ եւ ա­նոր տա­րե­կան այ­ցե­լու­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 35-40 մի­լիո­նի։

Այդ շու­կան այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով վար­ձած է սե­ւա­մորթ ա­մե­րի­կա­ցի մը՝ որ­պէս Կա­ղանդ պա­պա… Կրնա՞ք ե­րե­ւա­կա­յել այդ ա­րար­քին ստեղ­ծած հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Պէտք է ա­ւելց­նել, որ այս «Նո­րե­լուկ Կա­ղանդ պա­պան»՝ Լե­րի Ճե­ֆըր­սըն ա­նու­նով, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բա­նա­կէն վե­թե­րան մըն է, որ տասնեօթ տա­րիէ ի վեր կը գոր­ծէ, իբ­րեւ ար­հես­տա­վարժ Կա­ղանդ պա­պա, ու­րիշ շու­կա­նե­րու մէջ։

Իսկ ի՞նչ է պատ­գա­մը նո­րե­լուկ այս Կա­ղանդ պա­պա­յին՝ որ ընտ­րուած է հա­րիւ­րա­ւոր թեկ­նա­ծու­նե­րու մէ­ջէն։ Ան կ՚ու­զէ սփռել Յոյս, Սէր եւ Խա­ղա­ղու­թիւն՝ բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն։

ՊՈՒՊՐԻԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Գի­տենք, որ փոքր աղ­ջիկ­նե­րու նա­խընտ­րած խա­ղա­լի­քը պուպ­րիկն է, իսկ փոքր ման­չե­րու­նը՝ ինք­նա­շար­ժը։ Սա կար­ծես բնու­թեան տրա­մա­բա­նա­կան մէկ բ­­նո­րո­շումն է, ո­րով­հե­տեւ աղ­ջիկ­ներ մայ­րա­նա­լով հոգ պի­տի տա­նին ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն, մինչ­դեռ ման­չե­րու տնօ­րի­նուած է աշ­խա­տիլ եւ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վել, գէթ հին օ­րե­րուն։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ նշա­նա­ւոր է ի­գա­կան Պար­պի (Barbie) պուպ­րի­կը, որ շու­կայ ի­ջած էր 1959 թուա­կա­նին։ Իսկ ա­րա­կան Քեն (Ken) պուպ­րի­կը շու­կայ ի­ջած էր 1961 թուա­կա­նին։ Շի­տա­կը՝ ես ան­ձանբ չէի գի­տեր, որ ա­րա­կան պուպ­րիկ ալ կայ, ինչ մեղքս պա­հեմ…

Յամե­նայն­դէպս եւ ըստ ա­մե­րի­կեան ա­ռաս­պե­լա­կան հէ­քեա­թին, Քեն եւ Պար­պի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ծա­նօ­թա­ցած են 1961 թուա­կա­նին։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը կը հա­ղոր­դեն նաեւ, որ Քեն եւ Պար­պի դար­ձեալ հան­դի­պած են 2011 թուա­կա­նին եւ այս ան­գամ ի­րենց հան­դի­պու­մը ե­ղած է պտղա­բեր։ Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ։

Ու­րեմն ա­նոնք վեր­ջա­պէս ա­մուս­նա­ցած են եւ այդ առ­թիւ այս տա­րի շու­կայ ի­ջած է՝ Moschino ըն­կե­րու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուած ա­նոնց զոյգ պուպ­րիկ­նե­րը, որ կը վա­ճա­ռուի 254 տո­լա­րի։

Քա­նի որ կ՚ապ­րինք Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, ուր ա­մուս­նու­թիւն­նե­րուն 50 տո­կո­սը դա­տա­պար­տուած է ա­մուս­նա­լուծ­ման, հի­մա ես անձ­կու­թեամբ կը սպա­սեմ, թէ Քեն եւ Պար­պի պուպ­րիկ­նե­րը ե՞րբ պի­տի ա­մուս­նա­լու­ծուին…

Պուպ­րիկ­նե­րու ա­մուս­նու­թիւ՞ն, Աս­տ-ւած իմ՝ դեռ ին­չե՜ր պի­տի լսենք!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016