ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Առակաց 19.13-ին մէջ կը կարդանք. «Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է»: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք այս համարը:
Պատասխան. Այս համարը ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան վրայ ծանրացող իրականութիւն մը կը պարզէ մեզի: Առակագիրը երբ կ՚ըսէ, թէ անմիտ տղան իր հօր թշուառութիւնն է, ատով ըսել կ՚ուզէ, կամ ատով պէտք է հասկնալ, թէ այն ծնողները որոնք իրենց զաւակները չեն կրնար ճիշդ կերպով դաստիարակել, ապա իրենք իրենց վրայ թշուառութիւն կը բերեն, որովհետեւ իրենց զաւակներուն անմտութիւնը առաջին հերթին իրենց վրայ պիտի անդրադառնայ: Որպէսզի զաւակը անմիտ չըլլայ, ծնողները պէտք է ուշադրութեամբ դաստիարակեն իրենց զաւակները, զանոնք մեծնելով Աստուծոյ երկիւղին, Աստուածգիտութեան, առաքինութեան ու բարոյականութեան օրէնքներով ու կանոններով, որպէսզի կեանքին մէջ լաւն ու բարին տեսնելով, միշտ հետամուտ ըլլան լաւին ու բարիին, երբ դժուարութեան եւ նեղութեան մէջ յայտնուին եւ դէմ յանդիման գտնուին վատ բաներու, գիտնան ճիշդ ընտրութիւն կատարել, եւ իրենց այդ ճիշդ ընտրութեամբ կարենան յարատեւել ուղիղ ճանապարհին մէջ՝ առանց մոլորելու:
Զաւակ-ծնող եւ ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ, այլ խօսքով թէ՛ ծնողները եւ թէ՛ զաւակները պէտք է զիրար յարգեն, պէտք է լսեն զիրար եւ պէտք է վստահին իրարու: Ծնողները իրենք իրենց թոյլ պէտք չէ տան անտեսելու իրենց զաւակներուն կարծիքը, մտածելով կամ կարծելով որովհետեւ իրենք մեծ են, հետեւաբար իրենց ըսածը պէտք է ըլլայ, ո՛չ. մանաւանդ, ներկայ ժամանակներուն, ծնողները պէտք է ա՜յնքան ուշադիր ըլլան, որովհետեւ տարիներու այս արագ թաւալումին հետ շա՜տ բաներ փոխուած են, որով այն ինչ որ ծնողի մը երիտասարդութեան ժամանակին ճիշդ էր կամ պատշաճ էր, այսօր թէեւ դարձեալ կրնայ ճիշդ ու պատշաճ ըլլալ, սակայն ներկայացումի եւ մատուցումի ձեւերը փոխուած են, եւ ծնողները շա՜տ ուշադիր պէտք է ըլլան, որպէսզի յանկարծ ժխտական ազդեցութիւն չգործեն իրենց զաւակներուն վրայ: Միւս կողմէ, զաւակներն ալ պէտք է հնազանդ ու լսող ըլլան իրենց ծնողներուն, եթէ հարցեր կան որ համակարծիք չեն, պէտք չէ անպայման պնդեն՝ միշտ նոյնը ըսելով, այլ հանդարտութեամբ խօսելով պիտի փորձեն իրենց կեցուածքը, իրենց կարծիքը բացատրեն իրենց ծնողներուն, որպէսզի անոնց եւս հասկնալի դառնայ իրենց կեցուածքն ու կարծիքը, առանց անհամութիւններու եւ անախորժ երկխօսութիւններու եւ վիճաբանութիւններու մէջ մտնելու, որոնք ո՛չ մէկ կողմին համար կրնան դրական լուծում տալ, ընդհակառակը ա՛լ աւելի կը բարդացնեն վիճակը:
Ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան մասին, Թերթիս 31 մայիս 2018-ի թիւին մէջ ստորագրած ենք՝ «Ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւն» յօդուածը, ուրկէ կը կատարենք հետեւեալ մէջբերումը.
• …Ծնողներու տարբեր տեսակները կան: Կան լաւ ծնողներ եւ հակառակը կան վատ ծնողներ (ընթերցողը կրնայ ըսել որ կարելի չէ որ վատ ծնող գոյութիւն ունենայ, բայց բաւարար է, որ մէկ անգամուան համար ուշադրութեամբ հետեւիք ձեր շրջանակին եւ անպայմանօրէն կը հանդիպիք այնպիսի ծնողներու, որոնք իրապէս որ կարելի չէ լաւ ծնող անուանել): Կան զաւակները սիրող ծնողներ եւ հակառակը՝ զաւակները չսիրող ծնողներ: Կան պարտաճանաչ ծնողներ, որոնք ամէն կերպ կ՚աշխատին իրենց զաւակներուն բարօր կեանք պարգեւել, եւ ասոր հակառակը ծնողներ կան, որոնք իրենց զաւակներուն շնորհիւ կը փորձեն բարօր կեանքով ապրիլ: Շարքը տակաւին կրնանք շա՜տ երկարել:
Այսօր, դժբախտաբար այնպիսի ծնողներ կան, որոնք կը կարծեն, թէ ինչքան ալ իրենց զաւակները մեծնան, աճին, ուսում ստանան, յաջողութիւններու հասնին, ծնող դառնան՝ միեւնոյնն է, իրենց համար կը մնան զաւակ միայն, եւ առ այդ իրենց համար իրաւունք կը վերապահեն ցանկացած առիթի կոպտելու, վիրաւորելու, յանդիմանելու, անարգելու եւ երբեմն նոյնիսկ անիծելու, մոռնալով, որ իրենց զաւակները արդէն չափահաս դարձած են՝ ծնող են արդէն, եւ նման վերաբերմունք իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան վրայ: Բնական է, որ որպէս ծնող իրաւունք ունին երբեմն յանդիմանելու, խրատելու, ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տալու, որովհետեւ իրենք իրենց զաւակներուն պատասխանատուներն են՝ վերակացուներն են, սակայն այդ իրաւունքը պէտք չէ անդրանցնի չափն ու սահմանը, զաւակներուն մօտ արթնցնելով վիրաւորուածութեան ու լարուածութեան զգացում, այդ իրաւունքը իրենց թոյլ պէտք չէ տայ անիծելու իրենց զաւակները: Այդ իրաւունքը իրենց թոյլ պէտք չէ տայ իրենց զաւակներուն հետ վարուելու որպէս իրենց տան մէջ ապրող վարձուորներ: Յանդիմանելը՝ իր տեղին, երբ յանդիմանութեան նախորդած ըլլան խրատն ու թելադրութիւնը, սակայն կոպտել, անարգել, յանդիմանել ու անիծել տեղի ու անտեղի, այդ մէկը արդէն մտածել կու տայ, որ տուեալ ծնողը հոգեկան լուրջ ու վտանգաւոր խնդիրներ ունի: Աւելին, այս ամէն մտածել կու տայ, որ տուեալ ծնողները ստրուկները դարձած են իրենց եսին եւ մոռցած են, որ իրենք իրենց զաւակներուն նկատմամբ ի վերուստ տրուած պարտաւորութիւններ ու պարտականութիւններ ունին:
Այժմ անդրադառնանք զաւակներու վերաբերմունքին: 21-րդ դարը իր հետ բարոյական արժէքներու անկում բերաւ: Անկում՝ գրեթէ ամէն մակարդակներու եւ ոլորտներու մէջ: Այդ անկումներուն ամենէն սարսափելին սակայն զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան խախտումն է: Այսօր, զաւակներ կան, որոնք այնպիսի առաքինի ծնողներէ սերած են, սակայն երբ ընկերութեան մէջ եւ փոխյարաբերական կեանքին մէջ անոնց հետ շփում ունենաս, ուղղակիօրէն կը զարմանաս ու կ՚ապշիս, եւ կը սկսիս մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ այսպիսի առաքինի ծնողէ մը կրնայ այսպիսի անառակ զաւակ մը յառաջ գալ: Գլխաւոր պատճառը այս երեւոյթին, զաւակներուն ծնողներուն նկատմամբ ունեցած անյարգալիր վերաբերմունքն է, իրենց ծնողներուն վարկն ու անունը շահագործելը, եւ այլն, եւ այլն: Նման զաւակներու համար, ո՛չ ընտանեկան յարկի հասկացողութիւն գոյութիւն ունի, ո՛չ ընտանեկան սրբութիւն եւ ոչ ալ ընտանիքի ըմբռնողութիւն: Նման զաւակներ հակառակ իրենց մաքրասէր մայրերուն՝ իրենք հակառակ պատկերը կը ներկայացնեն անհոգ, անմաքրասէր ու թափթփած: Հակառակ իրենց հիւրասէր հայրերուն, իրենք ագահութեամբ տառապած միայն իրենց եսին մասին կը մտածեն: Հակառակ իրենց առաքինի ծնողներուն, իրենք ճիշդ հակառակը անառակ ու անբարոյ կ՚ըլլան: Հակառակ իրենց ծնողներուն տուած դրական դաստիարակութեան, իրենք ճիշդ հակառակը՝ որովհետեւ յաջողած են իրենց ծնողները խաբել եւ իրենք զիրենք «առաքինի» ներկայացնել, կ՚ըլլայ անկիրթ, փողոցային, լկտի եւ ինչե՜ր չեն ըներ շահագործելով իրենց ծնողներուն բարեմտութիւնն ու առաքինութիւնը: Բնականաբար այս երեւոյթներուն մէջ շատ յաճախ ծնողներուն բարեմտութիւնն ալ կայ, որովհետեւ ծնողներ կան, որոնք կը կարծեն, թէ փոքր տարիքէն ամէն ինչ թոյլ տալը զաւակներուն լաւ է, այդպիսիով իրենց զաւակը կը սիրէ ու կը յարգէ զիրենք, բայց կը մոռնան որ նման վերաբերմունքով իրենց զաւակները կ՚առաջնորդեն դէպի եսապաշտութիւն եւ կամակորութիւն: Հետեւաբար ծնողները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ փոքր տարիքէն սկսին ճիշդ կերպով դաստիարակել իրենց զաւակները, որպէսզի երբ մեծնան անոնք իրենց գլխին թագն ու պարծանքը դառնան եւ ոչ թէ փուշն ու ամօթանքը: …
Այսօր, ծնողներ ու զաւակներ ամէն կերպ պիտի աշխատին այդ կապը վերականգնել իրենց միջեւ, որպէսզի առողջ եւ զօրաւոր ընկերութիւն, ազգ ու հայրենիք ունենանք: Եկեղեցին՝ իր հոգեւոր սպասաւորներով մեծ աշխատանք ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ, որ պէտք չէ զլանայ: Եկեղեցւոյ գլխաւոր եւ հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկն է իր համայնքներուն մէջ առողջ եւ հոգեւորապէս ու բարոյապէս ուժեղ ընտանիքներ ունենալ, որոնք հիմքն ու կորիզը պիտի կազմեն բարոյապէս մաքուր ընկերութեան մը:
***
Աւարտենք, մէջբերելով Խրիմեան Հայրիկի Ծնողական դաստիարակութեան մասին գրած հետեւեալ տողերով.
«Եւ ի՞նչ է ծնողական դաստիարակութիւնը, ուրիշ ոչինչ, այլ միայն կոյր ծնուած զաւակներուն աչքը դէպի բարին բանալ, սիրտն ու ոգին առաքինութեամբ կրթել, որպէսզի աշխարհը տեսնան, մարդոյն կեանքը տեսնան, լոյս ու խաւարը որոշեն, բարին ու չարը ճանչնան. եւ մեծ քան զամէն՝ զԱստուած ճանչնան ու հաւատան, կրօն եւ ճշմարտութիւն ընդունին։
Եւ իրա՞ւ է արդեօք որ մանուկներն առ հասարակ կոյր կը ծնին. ո՞չ, ահա կը տեսնամք որ պայծառ աչեր ունին. կը տեսնան ու կը խաղան հրապարակներու մէջ։ Եթէ մանուկներն ի ծնէ կուրին պէս աշխարհ կու գան, այլեւս ի՞նչ մեղադրութիւն կայ իրենց ծնողաց. միթէ ծնողք կարո՞ղ են Յիսուսին պէս ձեռք դնել եւ հրաշագործելով կոյրերը լուսաւորել։
Այդպէս է, հայրեր ու մայրերը հրաշագործ չեն, նոքա կարող չեն մարմնով կոյրերը բժշկել, այլ մեր խօսքը՝ մանուկներու մտաւոր կուրութեան վերայ է, որոց բժշկութեան լոյսը՝ ծնողաց դաստիարակութեան ձեռքն է. եւ այդ ձեռքը՝ պարտաւոր է, որ անդուլ անդադար գործէ ընտանեկան կեանքին մէջ, եւ մշակէ նորա դարաստանին նորատունկ ծաղիկները։ Այդ ձեռաց պարտիքն է այո՛ որ խլէ մանուկներու սրտէն անպիտան եւ խոտան բարքը, սերմանէ ու տնկէ նոցա տեղը ճշմարիտ բարին եւ օգտակարը»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 74
Վաղարշապատ